ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԴՊՐՈ՛ՑՆ Է

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց իրեն մեծագոյ նպատակը դարձուցած էր դպրոցներու հաստատումով՝ «Ճշմարտութիւն»ը եւ «Լոյս»ը նոր սերունդին հասցնելու պարտականութիւնը։

Թարգմաչաց շրջանը մեր պատմութեան գոհարն է. մեր հպարտութիւնը եւ պարծանքը՝ մեր գոյութեան կենսանիւթն է, եւ այսօր՝ մենք երկիւղածութեամբ եւ ակնածանքով միայն կրնանք կենալ անոր առջեւ այդ «Լոյս»ի առաքեալներուն՝ որոնք հասկցան եւ գնահատեցին ճշմարիտ «Լոյս»ը, երկնային Լոյսին իմաստը եւ արժէքը եւ ո՛չինչ խնայեցին այդ Լոյսը իր ամբողջ պայծառութեամբը մեզի հասցնելու։

Իսկ ի՞նչ է մեր կեցուածքը եւ գործը, երբ այդ մեծարժէք աւանդը ունինք մեր տրամադրութեան տակ։ Դժբախտաբար, այսօր հայ մշակոյթը պարպուած է Սրբոց Թարգմանիչներու աւանդած Ճշմարիտ Լոյսէն։ Ի՞նչ կ՚արժէ հազարաւոր էջեր մրոտել, սիւնակներ լեցնել, բանաստեղծութիւններ գրել, թերթ հրատարակել, երբ «Լոյս»ը եւ «Ճշմարտութիւն»ը՝ Յիսուս բացակայ է խօսքէն եւ գիրէն։ Եւ ի՞նչ է գրաւչութիւնը այն երգին՝ որուն խօսքը եւ ձայնը չեն արձագանգեր երկինքի հրեշտակներուն երգչախումբի խօսքը եւ ձայնը։

Գրականութիւնը, ընդհանրապէս եւ արուեստի գործերը այսօր գրաւուած են աշխարհիկ անցաւոր եւ վաղանցիկ նիւթերով՝ սէր, պայքար, ազատութիւն…

Ինչպէ՞ս, սակայն, կարելի է սիրել՝ առանց Աստուածային սիրոյ գիտակցութեան՝ սիրոյ աղբերակին, եւ ո՞րն է այն ազատութիւնը՝ որ գերեզմանով կը վերջանայ։

Մշակոյթի գործիքը՝ լեզուն է, հայ մշակոյթի առարկան՝ հայերէն լեզո՛ւն. ոսկեղնիկ լեզուն, որուն համը մեղրէն քաղցր է՝ եթէ այդ լեզուն Աստուծոյ փառքը գովերգէ, եթէ շարական եւ օրհութիւն արտասանէ։

Իւրաքանչիւր հայ՝ հին սերունդ, նոր սերունդ, անցնող սերունդ, ապագայ սերունդ, թող հայերէ՛ն խօսի Աստուծոյ հետ, թող հայերէնով արտայայտէ սէրը իր ընկերին, թող հայերէն Աստուածաշունչ կարդայ, հայերէն մտածէ եւ խօսի։ Մէկու մը իր արժէքները պահելը բնական պարտականութիւն եւ իրաւունք է։ Այս առթիւ, հարց է, թէ լեզուն միջո՞ց է, թէ՝ նպատակ։ Կարելի է վիճիլ այս մասին, բայց յատկապէս հայ մարդուն համար լեզուն նպատակ է, նպատակ պէտք է ըլլայ, քանի որ հետզհետէ ոչնչանալու վրայ է լեզուն՝ այս արժէքը։ Արդարեւ, ամէն աւանդ, որ տարրական եւ էական արժէքն է ազգի միութեան, պէտք է պահպանուի ամէն գնով…

Սրբոց Թարգմանիչներու պատգամը այսօր մեզի յստակ է, մշակոյթ առանց հոգեւոր արժէքներու՝ առանց Քրիստոսի դատարկ մշակոյթ է. հայերէն գիրերը հնարուեցան, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանուի եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութիւն, անտարբերութիւն եւ թշնամութիւն արտայայտենք։

Սրբոց Թարգմանիչներու կտակը՝ հայ մշակոյթի մարդոց, մտաւորականներու, հոգեւորականներու, արուեստագէտներու՝ ա՛յս է.

«Հրաւիրեցէ՛ք զԱստուած ձեր ստեղծագործական արտայայտութեան մէջ, Աստուածաշունչը թող ըլլայ ձեր ներշնչումի աղբիւրը, եւ դուք ալ համարձակեցէք Պօղոս Առաքեալի պէս աշխարհին շեփորելու. Վասն զի ինծի համար ապրիլը Քրիստո՛ս է եւ մեռնիլը օգուտ». (ՓԻԼ. Ա 21)։

Աստուածաշունչի առաջին համարը՝ որ թարգմանուեցաւ՝ Առակաց Ա 7 համարն էր. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։ «Վախ» բառին տեղ Թարգմանիչներ գրած էին «երկիւղ» բառը՝ որ շատ աւելի խորունկ նշանակութիւն ունի։ Տէրոջմէ չենք վախնար որպէս՝ ոեւէ չարագործէ մը կամ վայրենի գազանէ մը, այլ Տէրը Հա՛յր է եւ Տէրոջ հանդէպ երկիւղ ունինք, որ վախն է՝ սիրով, յարգանքով պաշտամունքով խառնուած։

Մեր նախնիները յստակ կերպով հասկցած էին Ճշմարտութիւնը եւ Աստուծոյ երկարած էին իրենց ձեռքերը՝ իմաստութեան, հանճարի, գիտութեան եւ լոյսի համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 22, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2024