ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Բ -

 

Ինչ­պէս ը­սինք, ան­հա­տը «ա՛նձ» է եւ ինք­նու­թիւն կը ստա­նայ իր ա­նու­նով։ Մէկ խօս­քով մէ­կու մը ա­նու­նը «ի՛նք»ն է եւ ան­բա­ժան իր ինք­նու­թե­նէն։

Ու­րեմն կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ընդ­հան­րա­պէս գոր­ծա­ծուած ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը, օգ­տուե­լով «Հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րու բա­ռա­րան»էն, «Անձ­նա­նուն­նե­րու բա­ռա­րան»էն եւ «Dictionnaire de la Bible»էն ՝ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի, Ար­տա­շէս Տէր Խա­չա­տու­րեա­նի եւ André-Marie Gerard-ի գոր­ծե­րէն։

Ա­րիս­տա­կէս= յու­նա­րէն «Ա­գա­թան­գե­ղում» բա­ռին տա­ռա­դար­ձու­թեամբ կազ­մուած է. Ա­րիս­տակ, Ա­րիստ, Ա­րիս, Տա­քէս ձե­ւե­րով։ Պա­հլա­ւի «ristak» բա­ռը, կը նշա­նա­կէ՝ շի­նա­կան, գիւ­ղա­ցի, ինչ­պէս հա­յե­րէն՝ մշակ, որ ստա­ցած է «էս» վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը

Ար­ծիւ= «ար­ծիւ» հա­յե­րէն բա­ռէն ա­նուն

Ար­ման= փա­փաք, կա­րօտ. (պարս­կա­կան «arman»)

Ար­մա­նոյշ= Ար­մէն եւ ա­նոյշ բա­ռե­րէն. Ար­մէ­նի դուստր ի­մաս­տով

Ար­մա­ւե­նի= հա­մա­նուն հա­յե­րէն ծա­ռի ա­նու­նէն

Ար­մե­նակ= Խո­րե­նա­ցիի հնա­րած ա­նուն մըն է՝ «Նա­հա­պետ Հայ­կա­զեանց» ի­մաս­տով

Ար­մե­նու­հի= «Ար­մէն» բա­ռէն կազ­մուած ա­նուն

Ար­մէն= Ար­մե­նակ ա­նուան կրճատ ձեւն է եւ կը գոր­ծա­ծուի «Ար­մե­նակ»էն ան­կախ կեր­պով

Ար­մի­նէ= «Ար­մէն» ա­նու­նէն կազ­մուած ա­նուն՝ «Վեր­գի­նէ», «Եւ­գի­նէ», «Ադ­րի­նէ» ա­նուն­նե­րու ձե­ւով, կամ ձայ­նա­կան նմա­նու­թեամբ

Ար­շա­լոյս= հա­յե­րէն «ար­շա­լոյս» բառն է, ո­րուն փա­ղաք­շա­կան ձե­ւերն են՝ Ար­շալ, Շա­լու, Ար­շիկ, Ար­շօ, Ա­լօ

Ար­շակ= արջ, ար­ջուկ. («Arsaka», «Arsus», «Ursula» - փոք­րիկ արջ)

Ար­շա­կու­հի= «Ար­շակ» ա­նուան ի­գա­կան ձե­ւը

Ար­շամ= ար­ջի ոյժ ու­նե­ցող, ար­դա­րա­զօր, ա­րու, քաջ, յո­վա­տակ՝ ա­րու ձի, ձիու քու­ռակ

Ար­շա­նոյշ= ար­քա­յա­դուստր, ո­րուն կրճատ եւ փա­ղաք­շա­կան ձեւն է՝ «Նու­շիկ»

Ար­շա­ւիր= տղա­մարդ, այր մարդ. փա­ղաք­շա­կան ձեւն է՝ «Ար­շէն»

Ա­րուս= կազ­մուած է ի­րա­նա­կան «arus» բա­ռէն, որ կը նշա­նա­կէ՝ հարս

Ա­րու­սեակ= «Ա­րու­սեակ» մո­լո­րա­կի ա­նու­նէն հա­յե­րէն բառ

Ար­սէն= այր մարդ, տղա­մարդ (յու­նա­րէն բառ)

Ար­տակ= «Artak» պահ­լա­ւի ա­նու­նէն. կը գոր­ծա­ծուի «Ար­տա­ւազդ» ա­նուան որ­պէս փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Ար­տա­շէս= ար­դա­րու­թեամբ իշ­խող՝ այն որ ար­դա­րու­թեամբ կ՚իշ­խէ. «au règne conforme à la loi». նաեւ՝ «Ար­տա­շիր»

Ար­տա­ւազդ= ո­րուն ար­դա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տուն է եւ տե­ւա­կան

Ար­տեմ= հա­մա­պա­տաս­խան՝ «Յա­րու­թիւն» ա­նուան (ռու­սե­րէ­նէ փո­խա­ռու­թիւն)

Ար­տե­միս= կը ներ­կա­յաց­նէ՝ լու­սի­նը եւ լոյ­սը՝ ջու­րե­րու եւ պար­կեշ­տու­թեան չաս­տուա­ծու­հին. ա­նու­նը կը ծա­գի «ա­ռողջ» բա­ռէն (յու­նա­րէն ծա­գու­մով բառ). գոր­ծա­ծուած է նաեւ՝ «Ա­նա­հիտ»ի փո­խա­րէն «Ար­տե­մի» ձե­ւով

Ար­տէն= փա­ղաք­շա­կան ձեւն է՝ Ար­տա­ւազդ, Ար­տա­շէս ա­նուն­նե­րուն

Ար­փե­նիկ= «ար­փի», «ա­րե­գակ» հա­յե­րէն բա­ռեր. կրճատ ձեւն է՝ «Ար­փիկ»

Ար­փի­նէ= ար­փի, ա­րե­գակ հա­յե­րէն բա­ռեր

Ար­քայ= «ար­քայ», «թա­գա­ւոր» հա­յե­րէն բա­ռե­րէն կազ­մուած ա­նուն. յու­նա­րէն «Վա­սիլս», «Բար­սեղ», ա­րա­բե­րէն «Մե­լիք», պարս­կե­րէն «Խոս­րով», հա­յե­րէն «Թա­գա­ւոր» նոյ­նի­մաստ ա­նուն­ներ են

Ա­ւագ= ե­րէց, անդ­րա­նիկ, մեծ (հա­յե­րէն բառ) կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ՝ «Max», «Maximus»

Ա­ւան= «Յով­հան­նէս» ա­նուան գա­ւա­ռա­կան ձե­ւը

Ա­ւա­տար= հա­ւա­տա­րիմ ըն­կեր, բա­րե­կամ, պաշտ­պան, գա­ւա­ռա­կան «հա­ւա­տար» բա­ռը

Աւ­գեր= Ա­ւա­գեր= ա­ւագ բա­ռէն՝ «ա­ւագ էր» ի­մաս­տով ա­նուն

Աւ­դալ= սուր­բե­րու աս­տի­ճան­նե­րէն մին. կը նշա­նա­կէ նաեւ՝ ճգնա­ւոր, տեր­վիշ

Ա­ւե­տա­բեր= «ա­ւե­տիս բե­րող» (հա­յե­րէն բառ)

Ա­ւե­տա­ւոր= «ա­ւե­տիս՝ բա­րի լու­րով ե­կող», բա­րի լուր ու­նե­ցող եւ բե­րող

Ա­ւե­տիք= «բա­րի լուր» (հա­յե­րէն բառ)։ Գոր­ծա­ծա­կան է նաեւ՝ «Ա­ւե­տիս» ձե­ւով, որ ա­նոր հայ­ցա­կանն է, իսկ սե­ռա­կա­նը՝ Ա­ւե­տեաց, Ա­ւետ

Աւ­րամ= «Աբ­րա­համ» ա­նու­նէն, կը հնչուի՝ «Ավ­րամ» կամ «Աւ­րամ». (յու­նա­րէն ծա­գում ու­նե­ցող ա­նուն)

Աֆ­լա­թուն= «Պղա­տոն» ի­մաս­տա­սէ­րի տա­ռա­դար­ձու­թեան ձեւն է այս ա­նու­նը

Բաբ­կէն= «Բաբ» կամ «Բա­բիկ» ա­նուն­նե­րու՝ ի­րա­նեան «էն» փա­ղաք­շա­կան մաս­նի­կով կազ­մուած ա­նուն. ճիշդ ձե­ւը՝ «Բաբ­կէն» է եւ եր­բեմն կը գրուի «Բաբ­գէն» որ­պէս «բ­»ի յա­ջոր­դող «գ». «Բաբ» կը գոր­ծա­ծուի «հայր» բա­ռի տեղ

Բա­գա­րատ= «Միհր» չաս­տուա­ծի տուա­ծը կամ ստեղ­ծա­ծը. կա­րե­լի է հա­մե­մա­տել «Աս­տուա­ծա­տուր» ա­նու­նով

Բա­զուկ= թեւ՝ հա­յե­րէն բա­ռէն. հա­մա­զօր կա­րե­լի է նկա­տել՝ «Թա­թուլ» եւ «Ձե­ռէս» ա­նուն­նե­րուն

Բա­թիկ= հա­յե­րէն «բադ» բա­ռէն՝ նաեւ «Բա­դիկ» ձե­ւով

Բա­լա­սան= «Բա­լաս», «Բա­լաս­բէգ» որ կը նշա­նա­կէ՝ ա­նու­շա­հոտ ծա­ղիկ եւ ան­կէ պատ­րաս­տուած ըն­տիր, ազ­նիւ իւղ՝ որ միւ­ռո­նի մէջ ալ կը գոր­ծա­ծուի

Բախտ= հա­յե­րէն «բախտ» բա­ռէն ա­նուն

Բախ­տամ= իմ Աս­տու­ծոյ հետ

Բաղ­դա­սար= Պաղ­տա­սար= ար­քա­յին կեան­քը պա­հէ՛ (Baltasaşşar)

Բամ­բիշ= հա­յե­րէն «թա­գու­հի» բա­ռէն

Բառ­նա­բաս= մխի­թա­րու­թեան որ­դի. (ֆրան­սե­րէն՝ «Barnabas»)

Բա­սիլ= Բա­սի­լիոս= թա­գա­ւոր, տա­ռա­դար­ձած է «Բար­սեղ» եւ յու­նա­րէն «Վա­սիլ» ա­նուն­նե­րով

Բա­սում= գա­ւա­զան

Բա­րա­ղամ= ժո­ղո­վուր­դի որ­դի (ֆրան­սե­րէն. «Barlaam» ձե­ւով)

Բա­րա­քիա= Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը

Բա­րե­մա­նուկ= բա­րի զա­ւակ, բա­րի մա­նուկ

Բար­թո­ղի­մէոս= զարմ, այ­սինքն՝ ազ­գա­տոհմ, Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուրդ (ֆրան­սե­րէն «Barthelemy» ձե­ւով)

Բա­րի= «բա­րի» հա­յե­րէն բա­ռը

Բա­րի­լոյս= բա­րի եւ լոյս բա­ռե­րէն կազ­մուած հա­յե­րէն ա­նուն

Բա­րու­նակ= ճիւղ, ոստ հա­յե­րէն բա­ռը

Բար­սեղ= թա­գա­ւոր (յու­նա­րէ­նէ առ­նուած)

Բե­նիա­մին= աջ ձեռ­քի զա­ւակ, այ­սինքն յա­ջո­ղակ, բախ­տա­ւոր (եբ­րա­յե­րէն «Binyamin»)

Բե­նիկ= Բե­նիա­մին ա­նուան կրճատ ձե­ւը

Բերկ­րու­հի= հրճուանք, ու­րա­խու­թիւն, բերկ­րիլ (հա­յե­րէն բա­ռէ կազ­մուած)

Բէ­գի= իշ­խան

Բիւ­զանդ= Բիւ­զան­դիոն (Կ. Պո­լիս) քա­ղա­քի հիմ­նա­դիր

Բիւ­րեղ= «բիւ­րեղ»՝ թան­կա­գին քար (հա­յե­րէն բա­ռէն ա­նուն)

Բու­նիաթ= գտած, այ­սինքն՝ փա­փա­քին հա­սած

Բու­նիկ= փոք­րիկ բոյն

Բուտ= ե­կե­ղե­ցա­կան տե­սուչ

Բու­րաս­տան= ծաղ­կա­նոց

Բրա­բիոն= յաղ­թու­թեան մրցա­նակ, պսակ, նաեւ՝ ա­նու­շա­հոտ ծա­ղիկ մը

Բրքի­շոյ= Յի­սու­սի օրհ­նու­թիւ­նը կամ օրհ­նեալ է Յի­սուս (ա­սո­րե­րէն)

Գաբ­րիէլ= Աս­տու­ծոյ մարդ. այր Աս­տու­ծոյ, տղա­մարդ, (եբ­րա­յե­րէն «Geber» բա­ռէն՝ «Gabriel» ա­նու­նը)

Գա­գիկ= ա­սո­րա­կան «Gagu» ա­նու­նը՝ «Գագ»ի փա­ղաք­շա­կան ձեւն է

Գա­զան= հա­յե­րէն «գա­զան» բա­ռէն ա­նուն. նման ա­նուն­ներ են՝ Գայ­լուկ, Եզ­նիկ, Կո­րիւն, Մրջե­նիկ, Ճնճղուկ, ե­ւայլն

Գա­լուստ= Հո­գե­գա­լուստ բա­ռին կրճա­տուած ձեւն է, բա­րի գա­լուս, «Bonaventura». նման ա­նուն­ներ են՝ Զա­տիկ, Յա­րու­թիւն, Համ­բար­ձում, Ե­րե­ւում, Ըն­ծայ, ե­ւայլն

Գա­մա­ղիէլ= աս­տուա­ծա­գործ (եբ­րա­յե­րէն՝ «Gamliel» ա­նունն է)

Գա­մեր= լու­սին

Գա­յիա­նէ= Գա­յան, Գա­յա­նոյշ ձե­ւե­րը ու­նի (յու­նա­լա­տի­նա­կան ա­նուն՝ լա­տին «Gaianus»ի ի­գա­կան ձե­ւը)

Գայլ= «գայլ» հա­յե­րէն բա­ռէն ա­նուն

Գան­ձի= «գանձ» հա­յե­րէն բա­ռէն ա­նուն (յու­նա­րէն՝ «Թե­սաւ­րոս»)

Գառ­նիկ= գառ­նուկ, գառն հա­յե­րէն բա­ռէն

Գաս­պար= մո­գե­րու ա­նու­նէն. (ֆրան­սե­րէն «Gaspar» ա­նու­նը)

Գա­րե­գին= «Գա­րիկ»ին փա­ղաք­շա­կան ձեւն է, ո­րուն ծա­գու­մը ան­յայտ է

Գա­րուն= «գա­րուն» հա­յե­րէն բա­ռէն

Գե­դէոն= ջախ­ջա­խել, խոր­տա­կել (եբ­րա­յե­րէն)

Գե­ղամ= գեղ՝ գե­ղեց­կու­թիւն

Գե­ղա­նոյշ= «գեղ» եւ «ա­նոյշ» հա­յե­րէն բա­ռե­րէն

Գե­ղե­ցիկ= «գե­ղե­ցիկ» հա­յեր­նէ բա­ռէն

Գե­ղու­հի= «գե­ղեց­կու­հի» հա­յե­րէն բա­ռէն

Գէորգ= երկ­րա­գործ, հող մշա­կող, մշա­կուած արտ. կազ­մուած՝ «եր­կիր, հող» եւ «գործ» բա­ռե­րէն (յու­նա­րէն ա­նուն), (ֆրան­սե­րէն՝ «George», «Georges»)

Գինդ= ա­կան­ջի օղ՝ «գինդ» հա­յե­րէն բա­ռէն

Գի­նե­վարդ= գի­նիի գոյ­նով վարդ (հա­յե­րէն)

Գի­ներ­բուկ= վայ­րի ծա­ղիկ մը՝ «գի­ներ­բուկ». հա­ճե­լի եւ ա­նու­շա­հոտ, կապ­տա­կար­միր տե­սակ մը ծա­ղիկ

Գի­սակ= գի­սակ, «վարս» հա­յե­րէն բա­ռէն (լա­տի­նե­րէն՝ «Cincinnatus» գանգ­րա­հեր)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Նո­յեմ­բեր 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016