ԱՅՍՕՐ ՍՈՒՐԲԵՐ ԿԱ՞Ն

Միշտ ալ հնչած է նահանջի ահազանգը եւ յաճախ մենք անոր արձագանգը եղած ենք, որովհետեւ ժամանակը իր հետ սկսած է մեր կեանքէն հեռացնել ամէ՛ն նուիրական արժէք ու սրբութիւն, լեզուէն մինչեւ մշակոյթ, մամուլէն մինչեւ ազգասիրութիւն. մեր կեանքին մէջ սկսած է արժեզրկուիլ ամէ՛ն բան, ինչ որ ինքնաբերաբար պատճառ դարձած է անցեալի մը փնտռտուքին, ուր ամէն բան կարծես մասամբ աւելի «լաւ» ըլլալ կը թուի:

Ժամանակին մեզմէ տարած արժէքներէն երկուքին մասին բարեկամ մը անցեալները հարցուց. «Անցեալին մենք սուրբեր ունեցած ենք. այսօր ինչո՞ւ չունինք»: Արդեօք ժամանակը պատճա՞ռ եղաւ այդ արժէքներու վերացման. ժամանա՞կը փոխեց մարդը եւ հեռացուց այդ արժէքներէն:

Հարցին ուզեցի այստեղ պատասխանել:

Այժմ ապրող սուրբեր գոյութիւն ունի՞ն: Նախ պէտք է յստակեցնել, թէ սուրբ ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք. մեզի համար ո՞վ է սուրբը: Ան՝ որ հրաշքներ ու բժշկութիւններ կը կատարէ, թէ ոչ ան՝ որ իր կեանքը անբծութեամբ ու անարատութեամբ կ՚ապրի: Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած նամակին 5-րդ գլխուն մէջ կը գրէ. «Պոռնկութեան, ոեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէս կը վայելէ Աստուծոյ սուրբերուն: Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղուիք. այլ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ» (Եփ. 5.3-4):

 Եթէ Պօղոս առաքեալի ապրելաձեւը որպէս սրբութեան բանաձեւ պիտի ընդունինք, այդ պարագային հրաշքները չեն որ մարդը սուրբ կը դարձնեն, իսկ եթէ անպայման հրաշքներով մարդ սուրբ պիտի դառնայ (այնպէս ինչպէս Կաթողիկէ եկեղեցին կ՚ընդունի), այդ պարագային հրաշքներու փաստարկումը պէտք է կատարել:

Ես կողմնակից եմ այն գաղափարին, որ սրբութիւնը հրաշագործութենէն անդին մաքուր ապրելակերպն է, որովհետեւ Աստուած մարդուն չպարտադրեց որ հրաշքներ գործէ, սակայն զինք իր մաքուր ապրելակերպին համար սուրբ կոչեց։ Առաքեալներու նամակներուն մէջ եկեղեցւոյ անդամները բազմիցս «սուրբեր» կոչուած են. անոնցմէ շատե՜ր հրաշագործելէ հեռու էին, սակայն իրենց ընդունած Լոյսին հետեւելով սուրբեր կը նկատուէին. նոյնպէս ուսումնասիրենք Քրիստոսի աշակերտները. աւետարաններն ու պատմութիւնը երբեւէ անոնց բոլորին հրաշագործ զօրութեան մասին տեղեկութիւն կը փոխանցէ՞. Յովհաննէս Մկրտիչ ծոմապահութեամբ կ՚անցընէր իր օրերը եւ մարդիկը մկրտութեան կը հրաւիրէր, սակայն հրաշագործութեան մասին երբեւէ տեղեկութիւն չի փոխանցեր Աստուածաշունչը, սակայն այն կը շարունակէ մնալ մեծագոյն սուրբերէն մին:

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի եւ ունեցած է երկու տեսակ սուրբեր. մին ճանաչելի եղած է մարդոց կողմէ, իսկ միւսը միայն՝ Աստուծոյ: Վստահ եղէք, պատմութեան ընթացքին գոյութիւն ունեցած են մեր լսած ու ճանչցած սուրբերէն շա՜տ աւելի անբիծ կեանք ապրած անհատներ, որոնք երբեւէ պատմութեան մէջ յիշուած չեն, սակայն մարդոց համար անճանաչելին Աստուծոյ համար ճանաչելի է ընդմիշտ: Հետեւաբար սուրբ ըլլալու համար անպայման եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասումը պարտադիր չէ, որովհետեւ սրբութիւնը պաշտօն մը չէ՛ որ մարդ արարածը կու տայ իր նմանութեամբ ստեղծուած մարդուն, այլ այդ մէկը Աստուածային պարգեւ է:

Հետեւաբար այսօր աշխարհի վրայ կա՞ն սուրբեր. ինչքան ալ անհաւատալի թուի, այո՛ կան սուրբեր, որոնք հակառակ աշխարհի քաոսային վիճակին կը շարունակեն ապրիլ մաքուր ու անբիծ. ինչքան ալ անհաւատալի թուի, այսօր տակաւին աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք սուտ չե՛ն խօսիր բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով:

Քրիստոս աղքատը կերակրողը, բանտարկեալին այցելողն ու կարօտեալին օգնողը իր եղբայրը կոչեց. այսօր մեր մէջ յայտնի թէ անյայտ կերպով այդ եղբայրութեան պայմանը կատարողները շատ են: Կը հաւատամ, որ սրբութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած մենաշնորհ մը չէ, այլ ընտրութիւն է, որովհետեւ բոլորս հրաւիրուած ենք սուրբեր դառնալու. հրաշագործ ու անբիծ կեանք վարող սուրբերը ո՛չ թէ ի ծնէ սուրբեր ծնած են, այլ իրենց գործով, իրենց կեանքով ու հաւատքով է, որ սրբացած են:

Այսօր համացանցի մէջ բազում անգամ կը տեսնենք տեսերիզներ, ուր մարդիկ կ՚օգնեն անօգնականին, կը կերակրեն զինք ու կը խնամեն. սուրբե՞ր են անոնք. այսօր համացանցի էջերուն եւ մեր կեանքերուն մէջ գրեթէ ամէն օր «Այրի կնոջ լուման ու փարիսեցին» թատրերգութիւնն է, որ տեղի կ՚ունենայ. շատե՜ր կու տան ու կ՚օգնեն, սակայն տէրը ի՛նք է, որ սրտերը կը քննէ:

Սուրբ ըլլալը այսօր այնքա՜ն դիւրին, սակայն միաժամանակ այնքա՜ն դժուար բան է. Կողոսացիներու նամակին մէջ կը կարդանք. «իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրեալներ, սուրբեր եւ սիրելիներ, գթասիրտ եղէք, եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար: Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք: Եւ այս բոլորին վրայ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կղ. 3.12-14):

Հետեւաբար սիրելի բարեկամ, եթէ վերը նշուածները առանց բացառութեան կատարել կարենաս, դուն երկրի վրայ ապրող սուրբ մըն ես. դո՛ւն ես որ սրբութեան պիտի ձգտիս ու սրբանաս, որովհետեւ սուրբ չեն ծնիր, այլ սուրբ կը դառնան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՇԱՐԹ
(1927-2011)

Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ՝ 22 դեկտեմբեր 1927-ին, Պէյրութի մէջ ծնած է նկարիչ եւ արուեստագէտ Շարթ (բուն անունով՝ Սարգիս Յարութիւնեան, ծանօթ նաեւ Արթինեան մականունով):

Շարթ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Լիբանանի Էշրէֆիէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն ներս եւ ապա իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու համար մեկնած է նախ Իտալիա եւ ապա Ֆրանսա, ուր հետեւած է գեղարուեստից դպրոցի դասընթացքներուն, միաժամանակ յաճախելով ֆրանսահայ նկարիչ Ժան Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան) արուեստանոցը: Շարթի մէջ նկարչութեան հանդէպ սէրն ու տաղանդը աչքի ինկած է փոքր տարիքէն. որպէս նկարիչ Շարթ իր առաջին ցուցահանդէսը կազմակերպած է Պէյրութի մէջ, 1952 թուականին: Այնուհետեւ ունեցած է աւելի քան երեսուն անհատական ցուցահանդէսներ՝ Փարիզի, Նիւ Եորքի, Միլանոյի, Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր: Շարթի աշխատանքները արժանացած են միջազգային մրցանակներու. ինչպէս՝ Շերպուրկի մրցանակը (1962), Պէյրութի միջազգային մրցանակը (1964), Տավեռնի մրցանակը (1967) եւ Պրաթանի մրցանակը (1967): Անոր յայտնի գործերէն են «Ճակնդեղ հաւաքողը» (1956), «Ծխամորճով երիտասարդ ձկնորսը» (1960), «Գլխարկով գիւղացին» (1962), «Նստած կինը» (1963) եւ ուրիշներ: Նկարիչին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Մեծ եղեռնը, որու ազդեցութեան տակ նկարած է «Կանայք գաղթի ճանապարհին» (1968), «Մտորում» (1968) եւ «Տէր Զօր» աշխատանքները:

Շարթ մահացած է 12 յունուար, 2011-ին, Փարիզի մէջ, «Կարմիր ջաղացք» անունը կրող գործը նկարելու ժամանակ՝ վրձինը ձեռքին:

Շարթի գործերը մինչեւ օրս կը գտնուին Փարիզի, Վենետիկի, Երուսաղէմի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր թանգարաններուն մէջ: Իսկ նկարներէն շատեր մինչեւ օրս աճուրդով վաճառքի կը դրուի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021