ԱՂՋԻԿ ԿԱՄ ՄԱՆՉ՝ ՄԱ՛ՐԴ…

Պօղոս առաքեալ գաղատացիներու ուղարկած նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ այլեւս արուի եւ էգի խտրութիւն չկայ… որովհետեւ Քրիստոսի միանալով բոլորս ալ մէկ եղած ենք. (ԳԱՂԱՏ. Գ 28)։

Երբ մանուկ մը ծնի, սովորական է ըսել. «Աղջի՜կ է», եւ կամ «մա՜նչ է»։ Բայց ինչո՞ւ այս խտրութիւնը, այս դասաւորումը, քանի որ ծնածը «մա՛րդ» մըն է՝ մանուկ մը, կեանքի կոչուած հոգի մը։ Արդարեւ, հոգին ինքնին սեռ, այսինքն արու կամ էգ ըլլալու էութիւն մը չունի եւ մարդ որքան մարմնական, նո՛յնքան հոգեւոր էակ մըն է։ Անուրանալի է՝ անշուշտ որ արուի եւ էգի միջեւ մարմնական տարբերութիւններ, զանազանութիւններ, գործունէութիւններ կան, բայց այս բոլորը անոնց «մարդ» հանգամանքը չի՛ փոխեր։ «Մարդ» հանգամանքը հասարակաց եզրն է թէ՛ արուին, թէ՛ էգին. թէ՛ աղջիկին եւ թէ մանչուն։

Արդարեւ, արուի եւ էգի միջեւ մարմնական տարբերութիւնը, բնութեան մարդ էակներու միջեւ հաստատած ամենամեծ զանազանութիւնն է։ Բայց այս տարբերութիւնը պէտք չէ անջատող, այլ մանաւանդ ամբողջացնող, միացնող, բաղկացուցիչ եւ կազմիչ մը նկատել։ Արու եւ էգ, այս իմաստով «մարդ» ամբողջութիւնը կը կազմեն։ Անոնք ո՛չ թէ հեռացնող, այլ մօտեցնող, ամբողջացնող բաղադրիչներ են։

Աղջիկ կամ մանչ, ամէն մէկը իւրայատուկ հանգամանքներ, բարեմասնութիւններ ունին։ Բայց անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ միայն իգական սեռին, այսինքն էգ-մարդուն յատուկ է եւ արու սեռը երբեք չունի այդ յատկութիւնը. «մարդ» մը աշխարհ բերելու՝ ծնունդ տալու առանձնաշնորհը։

Ընդօրինակել եւ բարեփոխել տարբեր ըմբռնումներ են։ Ենթադրենք որ արուն կամ էգը մանրէներու կերպով կը բազմանան։ Այն ատեն բոլոր արուներ իրարու պիտի նմանէին եւ էգեր՝ էգերու։ Նմաններու մէջ որեւէ տարբերութիւն պիտի չըլլար։ Անոնք իրարու ծնային նմանները՝ իրարու «կրկնակէտ»ը պիտի ըլլային. «clone»։

Բայց անոնք՝ արու կամ էգ, մա՛րդ են։

Իւրաքանչիւր կրկնակէտ իրեն նման կրկնակէտերու ծնունդ կու տայ։ Բայց ստեղծումէն ի վեր ամէն ծնունդ «նոր մարդ» մըն է եւ անձ մը՝ որ ինքնութիւն ունի՝ աղջիկ կամ մանչ։ Մարդ, այս իմաստով, երբեք ընդօրինակութիւն մը չէ, եւ ո՛չ ալ կրկնակէտ, այլ ինքնութիւն մը՝ անձ մը։ Ծնող ամէն մանուկ «նորութիւն» մըն է եւ այս նորութիւնը արու կամ էգի խտրութիւն չ՚ընդունիր…

Մարդուն հասարակաց յատկութիւնն է ինքնութիւնը։ Այս ինքնութեան ապացոյցներէն մին է՝ մատներու հետքերու զանազանութիւնը։ Նախամարդէն մինչեւ այսօր, արու կամ էգ, մարդոց մատներու հետքերը տարբեր են եւ ոչ մէկուն, նոյնիսկ զուգակիցներու՝ երկուորեակներու մատներու հետքը իրարու նման են եւ ասիկա անիմանալի հրա՛շք մըն է՝ ամբողջ մարդկութեան մէջ այսքան յարափոփոխութիւն։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, որ ամէն մարդ արու կամ էգ, ինքնութի՛ւն մըն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 21, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023