ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ

Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ՝ պահանջք մը անոր բնութեան։ Փոխանակութեամբ ուրիշին հետ, փոխադարձութեամբ ծառայութիւններու եւ երկխօսութեամբ իր եղբայրներուն հետ, մարդը կը զարգացնէ իր զօրութենականութիւնները եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին։ Մարդկութեան կոչումն է արտայայտել Աստուծոյ պատկերը եւ կերպարանափոխուիլ Հօր միածին Որդիին պատկերին։ Այս կոչումը կը ստանայ անձնական հանգամանք, քանի որ իւրաքանչիւր մարդ կոչուած է մտնելու աստուածային երանութեան մէջ։ Ան կը հայի նաեւ մարդկային հասարակութեան ամբողջութեան։ Բոլոր մարդիկ կոչուած են միեւնոյն նպատակին, որ Աստուա՛ծ է։ Որոշ նմանութիւն մը գոյութիւն ունի աստուածային Անձերուն միութեան եւ այն միութեան միջեւ, զոր մարդիկ պարտին հաստատել իրարու միջեւ, սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։ Մերձաւորին սէրը անբաժանելի՛ է Աստուծոյ սէրէն։

«Ընկերութիւն» մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու անդամական կապով, պատկանելիութեամբ՝ «միութեան» սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։

Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր համախմբում մը, կը համընթանայ ժամանակին մէջ, ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։

Ընկերութեան եզրով, իւրաքանչիւր անհատ «ժառանգորդ» կարգուած է, կ՚ընդունի «մնաս»ներ, որոնք կը ճոխացնեն իր ինքնութիւնը եւ զորս պարտի օգտագործել։ Իրաւամբ ուրեմն, իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր անձ պարտի անձնուիրում ունենալ այն հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնց մաս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն իշխանութիւններուն, որոնք պատասխանատու են «հասարակաց բարիք»ին։

Իւրաքանչիւր հասարակութիւն կը սահմանուի իր նպատակով եւ հետեւաբար կը հանզանդի յատուկ կանոններու, սակայն «մարդկային անձ»ը՝ է՛ եւ պէ՛տք է ըլլայ նախասկիզբը, ենթական եւ նպատա՛կը ընկերային-հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն։

Ընկերային հաստատութիւններու մէջ «ընտանիք»ը աւելի անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդկային բնութեան։ Արդարեւ, ընտանիքը անհրաժե՛շտ է մարդուն։ Ընկերային կեանքին աճումը եւ զարգացումը կախում ունի ընտանիքէն։ Ընկերային կեանքին ապահովութիւն կ՚ապահովուի մեծագոյն թիւով անձերու մասնակցութեամբ, որուն կորիզն է ընտանիքը, եւ այս իսկ պատճառով հարկ է քաջալերել ընտանիքներու կազմութիւնը՝ անշուշտ օրինաւոր պայմաններու տակ։ Զօրաւոր ընտանիքն է, որ կը պատրաստէ զօրաւոր ընկերութիւն մը։ Ընտանիքին արժէքը միշտ բարձր բռնել՝ ամէն «մարդկային անձ»ի առաջնակարգ պարտականութիւնը եւ ընկերութեան հանդէպ պատասխանատուութիւնն է։

Արդարեւ, Աստուած չէ ուզած միայն Իրեն պահել բոլոր իշխանութիւններուն գործածութիւնը։ Եւ այս իմաստով Աստուած վստահած է մարդո՛ւն։ Ան իւրաքանչիւր արարածին կը յանձնէ եւ կը վստահի պաշտօններ, պարտականութիւններ՝ զորս ան կարող է կատարել իր բնութեան կարողութիւններուն համեմատ։ Աստուած ո՛չ մէկ արարածին իր կարողութենէն եւ տարողութենէն վեր պարտականութիւն կու տայ եւ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ, քանի որ Աստուած արդա՛ր է։ Ուստի կառավարումի այս գործելակերպին պէտք է հետեւիլ ընկերային կեանքին մէջ։ Ընկերային կեանքի մէջ իւրաքանչիւր մարդկային անձ, անհատ պէտք է չափէ եւ կշռէ իր տարողութիւնը եւ կարողութիւնը, եւ ըստ այնմ պաշտօն եւ պարտականութիւն ստանձնէ…։

Աշխարհը կառավարելու Աստուծոյ վարուելակերպը՝ որ ցոյց կու տայ ա՜յնքան մեծ նկատառութիւն մարդկային ազատութեան եւ իրաւունքի հանդէպ, պէտք է ներշնչէ անոնց իմաստութիւնը՝ որ կառավարել կը փորձեն մարդկային հասարակութիւնները։ Արդարեւ, մարդկային հասարակութիւններ կառավարողներ պէտք է վարուին իբրեւ պաշտօնեաներ աստուածային նախախնամութեան։

Ընկերութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդկային կոչումին իրականացումին համար։ Այս նպատակին հասնելու համար, հարկ է որ յարգուի արդար դասակարգումը արժէքներուն՝ որոնք մարմնական եւ բնազդային տարածքը կ՚ենթակարգեն ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Կեանքը հասարակութեան մէջ պէտք է նկատի առնել որպէս «հոգեւոր կարգի իրականութիւն» մը։ Ան ճանաչումներու փոխանակում մըն է՝ ճշմարտութեան լոյսին տակ, եւ ան գործադրութիւնն է՝ իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու կատարումին. ան մրցակցութիւն մըն է բարոյական բարիքին որոնումին մէջ։

Ընկերային կեանքը՝ միջոցներու եւ նպատակներու հաւասարակշռումը եւ հակաշրջումը, արժէքներու՝ անհատական եւ հասարակական բարիքին եւ օգտին ներդաշնակութիւնը կը պահանջէ։ Այս կերպով կը դասաւորուի «վերջնագոյն արժէք»ը. այս կէտին ահաւասիկ, անձերը կը նկատուին իբրեւ «պարզ միջոց»ներ՝ հասնելու համար նպատակի մը՝ որ ծունդ կու տայ անարդար կառոյցներու, որոնք կը դժուարացնեն եւ գործնականապէս անկարելի կը դարձնեն այնպիսի վարք մը՝ որ համապատասխան ըլլայ «Աստուածային Օրէնք»ին պատուիրաններուն։ Քրիստոնեայ կեանքը կը ձգտի ապահովել այդ ներդաշնակութիւնը, հաւասարակշռութիւնը եւ հակաշրջումը։

Այն պարագային հարկ է կոչ ուղղել անձին հոգեւոր եւ բարոյական կարողութիւններուն եւ «ներքին հոգեփոխութեան» մնայուն պահանջքին, ձեռք ձգելու համար ընկերային փոփոխութիւններ, որոնք իրապէս ըլլան ի սպաս անոր ծառայութեան։

Արդարեւ, ընկերային կեանքի մէջ ուղին՝ սիրոյ ուղին է, այսինքն Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրոյ ուղի՛ն։ Սէրը կը ներկայացնէ ընկերային ամենամեծ եւ ամենակարեւոր պատուիրանը։ Սէրը կը յարգէ ուրիշը եւ անոր իրաւունքները։ Ան կը պահանջէ արդարութեան գործադրութիւնը եւ միայն ինք մեզ անոր ատակ կը դարձնէ։ Սէրը կը ներշնչէ ինքնանուիրումի կեանք մը. «Ո՛վ որ փնտռէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ կորսնցնէ իր կեանքը պիտի փրկէ զայն». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 33)։

Ընկերային կեանքը, անհատներու զոհողութեան գիտակցութիւնը կը պահանջէ. սիրոյ եւ զոհողութեան մէջ միայն կարելի է ապրիլ երջանիկ ընկերային կեանք մը։ Ուստի անհատը պէտք է գիտնայ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել անձնական շահը կամ բարիքը հասարակաց բարիքին հետ։ Անձնական բարիքը պէտք է համապատասխանէ հասարակաց բարիքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 19, 2021, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021