ՔԻՉ ՄԸ ՅՂԻ Է…

Զարթօնքի սերունդի ծնունդէն ետք, մանաւանդ Յարութիւն Ալփիարով, Օտեանով, Պարոնեանով եւ ուրիշներով յառաջ եկաւ սերունդ մը, որ սուր քննադատութեան փոխարէն նախընտրեց գործածել երգիծանք ու հեգնանք՝ նոյնիսկ ամենէն զգայուն եւ վտանգ սպառնացող երեւոյթները ներկայացնելու համար: Զաւեշտալի երգիծանքը շատ անգամ շա՜տ աւելի ծանր ազդեցութիւն կ՚ունենայ ընթերցողին վրայ՝ քան քննադատութիւնը, որովհետեւ զաւեշտը ծիծաղելի թուալով հանդերձ ահաւոր վիշտ մը կը նկարագրէ, ինչ որ շա՜տ աւելին մտածել կու տայ՝ քան գրաւոր բռնադատութիւնը:

Երգիծանքը մեծագոյն ու ամենէն «անմեղ» զէնքն էր քննադատելու համար անձերը, բարքերը, նախապաշարումները, ժողովուրդը հարստահարողներն ու կեղեքողները, մինչե՛ւ իսկ ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները, առանց անուանականօրէն թիրախաւորելու անձ մը կամ կազմակերպութիւն մը: Սակայն վերոյիշեալ մեծութիւններէն շատ աւելի առաջ երգիծանքի սկզբնաղբիւրը կարելի է գտնել հայ առարակագիրներուն մօտ, որոնք շատ անգամ կենդանական աշխարհը խօսեցնելով փորձած են օրուան շատ մը սխալներն ու թերութիւնները մատնանշել եւ քննադատել:

Թէեւ առակներու մէջ շատ անգամ անասնական աշխարհը կը խօսէր, երգիծանքը մաս կը կազմէ իրապաշտ գրականութեան, որովհետեւ այդտեղ նկարագրուածները թէեւ ոչ անուանական, սակայն իրականութեան մաս կը կազմեն. օրինակի համար, «Մեծապատիւ մուրացկաններ» աշխատութեան մէջ նկարագրուած Աբիսողոմ աղան, խմբագիրը, բանաստեղծը, վարժապետը, նկարիչը, բժիշկը, դերձակը եւ բոլորը իրականութեան մէջ ունին իրենց իսկական ծածուկ անունները:

Այսպէս.- Աբիսողոմ աղան հայելին է այն բազմաթիւ վաճառական մեծահարուստներուն, որոնք հակառակ գիր-գրականութիւն եւ գիտութիւն չգիտնալնուն, շնորհիւ իրենց դրամներուն, յարգանք ու մեծարանք կը վայելէին հանրութեան կողմէ: Խմբագիրը հայելին է այդ ժամանակ Պոլսոյ մէջ գործող թերթերուն, որոնց ապրելու եւ գոյատեւելու միակ յոյսը Աբիսողոմ աղայի նման անձերու ներկայութիւնն էր: Բանաստեղծը հայելին է այն գրողներուն, որոնք Աբիսողոմ աղաներու կարիքը ունէին՝ որպէս գիրք հրատարակելու համար իրենց աշխատութիւնները: Վարժապետը հայելին է մանուկներու կրթութեամբ զբաղուող, սակայն իրենց կեանքը թշուառութեան մէջ անցընող անձնազոհ դասատուներուն եւ ուսուցիչներուն: Նկարիչը, բժիշկն ու դերձակը հայելին են այդ ժամանակուան աշխատող դասակարգին, որ իրենց լաւագոյնը շուկայ կը հանեն՝ անձը յարգել ձեւացնելով, իրենց հոգիին ու սիրտին մէջ ունենալով մի միայն դրամի հանդէպ սէրը:

Այդ իսկ պատճառով երգիծանքը վերացական վիպասանութենէ մը աւելի իր ծիծաղին մէջ անգամ քննադատող ճիւղ մըն է՝ որմէ կը սարսափէին ժամանակի գրեթէ բոլո՛ր հարուստներն ու ղեկավարները: Այս քննադատութեան իւրայատուկ ոճն է թերեւս, որ Պարոնեանն ու Օտեանը զատորոշեց ուրիշներէն եւ շա՜տ շատ աւելի համբաւ տուաւ անոնց գրական գործունէութեան՝ քան ուրիշներուն:

Ցաւ ի սիրտ, ներկայ ժամանակներուն մեր մէջ կը պակսին երգիծաբանները։ Երգիծաբան ըսելով պէտք չէ հասկնալ անձ՝ որ կրնայ իր գրութիւններուն ճամբով ծիծաղ պատճառել. եթէ երգիծանքը միայն ծիծաղ նկատի ունենանք, ապա կրնանք ըսել, որ Հայաստան եւ սփիւռք բոլո՛ր գրողներս երգիծաբաններ ենք՝ որովհետեւ մեր գրածները իրենց զաւեշտալի պատկերին մէջ արդէն ինքնին ծիծաղաշարժ երեւոյթ կը պարզեն: Անցեալին մեր մամուլին մէջ մեծ տեղ կը գտնէին թէ՛ երգիծանքը եւ թէ ծաղրանկարները, որոնք միւս յօդուածներէն ու գրութիւններէն շատ աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէին:

Յաճախ խօսած ենք օտար ամուսնութիւններու եւ անոնց վնասներուն մասին. տարբեր գրողներ տարբեր ձեւերով քննադատած են այդ երեւոյթը. սակայն անանուն գրողի մը կողմէ այս երեւոյթը երգիծականօրէն հետեւեալ ձեւով ներկայացուած է Փարիզի մէջ հրատարակուած «Խատոց» շաբաթաթերթի 2 հոկտեմբեր 1926-ի թիւին 4-րդ էջին մէջ (Ա. տարի, թիւ 4, էջ 4). ահաւասիկ ամփոփումը-

«Մեր կարապետը, որ ոտքը Մարսէյլ դրած օրն իսկ՝ Շառլի փոխուած էր, իրիկուն մը գործատունէն դարձին, իր բարեկամներուն հաղորդեց մեծ լուրը.

-Տղայք կը կարգուիմ կոր:

-Հա՞յ է:

-Աստուած չընէ...:

-Ինտո՞ր է, գողէ տե՞ղն է:

-Հա՛, աղուոր աղջիկ է... մինակ թէ...:

-Ի՞նչ, պատմէ՛ ծօ Շառլօ:

-Կարծեմ... քի՛չ մը յղի է...»:

Կարճ երգիծական պատմուածք մը, որ իր մէջ կը պարզէ օտարութեան մէջ գտնուող մեր երիտասարդներուն իրավիճակը, անոնց անունը փոխելու իրողութեամբ հայկականութենէ մերկացումը, օտար ամուսնութիւնը նախընտրելու օտարացման ուղին բռնելը, յղի կնոջ հետ պսակուելով անոնց ունեցած բարոյականութեան հանդէպ ըմբռնումը եւ այլն:

Երգիծանքը կարճ խօսքերու մէջ շա՜տ բան ըսելու արուեստն է՝ որ տրուած չէ բոլորին: Այսօր չունինք երգիծաբաններ, սակայն կը կարծեմ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր է, որ կարելի է երգիծաբան դառնալ, որովհետեւ թէ՛ քաղաքականութեան, թէ՛ մեր վարքին ու բարքին մէջ այնքա՜ն շատ են զաւեշտալի երեւոյթները, որ Օտեան կամ Պարոնեան եթէ ապրած ըլլային այսօր, իրենց աշխատութեանց վրայ մի քանի տասնեակ նորերը կրնային շա՜տ դիւրութեամբ աւելցնել:

Յոյսով եմ, որ իւրաքանչիւր երգիծանք իր հետ բերէ նաեւ բուժումը, որովհետեւ եթէ այդ մէկը միայն ծիծաղ պատճառէ, վերջաւորութեան մենք զմեզ պիտի գտնենք մեր սեփական գերեզմաններուն դիմաց՝ ծիծաղն ու ժպիտը մեր շուրթերուն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -149-

Խօսքի ազատութեան զոհերը վստահաբար շատ են. դժբախտութիւն է դառնալ զոհը խօսքի ազատութեան, սակայն բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ծանօթանալու այդ զոհերէն մէկուն։ Տարիներ առաջ եկեղեցական մը գրչանունով կը գրէ երգիծական գիրք մը՝ որուն մէջ կը քննադատէ մեր խոցելի երեւոյթները թէ՛ անհատական, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ քաղաքական գետնի վրայ: Հեղինակը այդ մէկը գրչանունով կը հրատարակէ երաշխաւորելու համար իր ապահովութիւնը, սակայն հակառակ բոլոր զգուշութիւններուն, ուշ կամ կանուխ, ոճէն ու գրուածներէն, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի խի՛ստ «գաղտնապահութենէն» կը պարզուի հեղինակին ինքնութիւնը:

Եկեղեցականը այդ բացայայտումէն ետք իր ամբողջ կեանքը կ՚անցընէ հալածանքով. կը զրկուի եկեղեցական աստիճանին մէջ բարձրանալու իրաւունքէն եւ տարիներու խաչակրութենէ ետք կը սկսի կորսնցնել իր գիտակցութիւնը... եւ խելագարի տեսք կը ստանայ: Երբեմնի իմաստուն ու բանիմաց եկեղեցականը անմիտի երեւոյթ կը ստանայ: Այս բոլորը ո՛չ թէ 19-րդ դարուն... այլ 21-րդ դարուն՝ ներկայ զարգացած աշխարհին մէջ կը պատահի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2023