ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆԻ ՃԱՌԸ՝ ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻՆ
Վարդանանց պատերազմը, ամբողջ ժողովուրդի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման իւրայատուկ տիպա՛րն է. ան, հոգեւոր ազատութեան, մարդկային արժէքներու, մշակոյթի՝ լեզուի, դպրութեան, հաւատքի պաշտպանութի՛ւնն է։ Արդարեւ, սխա՛լ է անիկա հասկնալ աշխարհային արժէքներուն նկատմամբ, քանի որ Վանդանանց ճակատամարտը բոլորովին գաղափարային, սկզբունքի հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներու պաշտպանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան արդար պայքա՛ր մըն է։
Աշխարհի չափանիշներով գնահատել՝ որքան սխալ, նո՛յնքան խաբէական է, քանի որ այս պայքարը բոլորովին հոգեմտաւոր արժէքներու վերաբերեալ է։
Արդարեւ, բարիի նուիրուած պատերազմ մըն է՝ հոգեւոր հայրերու բարոյական զօրակցութեամբ։
Հոգեւոր իրականութեան հաստատման համար բաւարար է յիշել, թէ՝ Վարդան, Սուրբ Սահակ Պարթեւի թո՛ռն էր աղջիկ զաւակին կողմէ։ Ուստի պատմութիւնը կը վկայէ, թէ «Վարդանանց շարժում»ը ի՛նչ ոգիի մը արդիւնք էր, եւ ի՜նչպիսի հզօր կամք եւ ինքնապաշտպանական, մանաւանդ հոգեւոր արժէքներու պաշտպանութեան գիտակցական ուժ կը բովանդակէր։
Եւ ամբողջ ժողովուրդ մը լեցուած էր հոգեւոր ազատութեան բարձրագոյն գաղափարով։
Բնական է, որ երեւոյթ մը, իրողութիւն մը լաւ եւ շիտակ հասկնալու կերպը, զայն ուղղակի ապրող անձերու վկայութեամբ լսելն է, ժողովրդական ասոյթով՝ «առաջին բերնէն» մտիկ ընել։ Ուրեմն, հետեւելով այս փորձուած ձեւին, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Վարդան Մամիկոնեանի խօսքը՝ Աւարայրի ճակատամարտէն անմիջապէս առաջ արտասանուած։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆԻ ՃԱՌԸ
«Շատ պատերազմներ մղած եմ, եւ դուք նաեւ ինծի հետ. տեղ կար, որ քաջաբար յաղթեցինք թշնամիներուն, տեղ ալ կար, որ յաղթեցին մեզի. բայց աւելի շատն այն է, որ յաղթական դուրս եղած ենք եւ ո՛չ թէ յաղթուած։
«Բայց այս բոլորը մարմնաւոր պարծանք էր, որովհետեւ անցաւոր թագաւորի հրամանով կը մարտնչէինք։ Ո՛վ որ կը փախչէր, վատանուն կ՚երեւէր աշխարհի մէջ եւ անոնց վատութիւնը կ՚ընդունուէր ամբողջ ժողովուրդին կողմէ, եւ անողորմ մահ կ՚ընդունէր անոնցմէ. իսկ ով որ քաջութեամբ առաջ կ՚իյնար, քաջ անուն կը ժառանգէր եւ մեծամեծ պարգեւներ կը ստանար անցաւոր եւ մահկանացու թագաւորներէն։ Եւ մեզմէ ամէն մէկս ալ ահաւասիկ շատ վէրքեր ու սպիներ ունինք մեր մարմիններուն վրայ, եւ ուրիշ շատ քաջութիւններ ալ եղած են, որոնց համար եւ մեծամեծ պարգեւներ ստացուեր են։
«Անարգ ու անօգուտ կը համարեմ այդ քաջութիւնները եւ ոչինչ բաներ՝ այդ բազմաթիւ պարգեւները, որովհետեւ բոլորն ալ ոչնչանալու դատապարտուած են։
«Իսկ արդ՝ եթէ մահկանացու հրամանատուի համար այսպիսի քաջ գործեր կը կատարէինք, ի՛նչքան աւելի եւս -պէ՛տք է կատարենք- մեր Անմահ Թագաւորին համար, որ Տէ՛րն է կենդանիներու եւ մեռելներու եւ բոլոր մարդիկը կը դատէ իրենց գործերուն համար, անոնց արդիւնքներուն համեմատ։ Չէ՞ որ եթէ խիստ շատ ապրելով ծերանանք, միեւնոյնն է՝ այս մարմինէն պէտք է բաժնուինք, որպէսզի մտնենք կենդանի Աստուծոյ մօտ, որմէ այլեւս պէտք չէ՛ որ բաժնուինք։
«Արդ, կ՚աղաչեմ ձեզի, ո՛վ իմ քաջ նիզակակիցներ, մանաւանդ որ ձեզմէ շատերը քաջութեամբ ինձմէ աւելի լաւ էք եւ հայրենական գահի պատուով աւելի բարձր. բայց երբ ձեր յօժար կամքով զիս կարգեցիք ձեզ առաջնորդ եւ զօրագլուխ, թող իմ խօսքերը ախորժալուր եւ բաղձալի թուին մեծերուդ եւ փոքրերուդ ականջներուն։ Չերկնչինք եւ չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն եւ ո՛չ ալ մահկանացու մարդու ահռելի սուրի դէմ թիկունքներս դարձնենք, որպէսզի եթէ Տէրը յաղթութիւնը մեր ձեռքը տայ, ոչնչացնենք անոնց զօրութիւնը, որպէսզի բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը, իսկ եթէ հասած է ժամանակը, մեր կեանքը Սուրբ Մահով աւարտելու այս պատերազմի ընթացքին, ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան եւ քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք։
«Մանաւանդ ես չեմ մոռցած եւ կը յիշեմ, թէ ինչպէս ես եւ ձեզմէ ոմանք այն ժամանակ անօրէն իշխանին պատճառով խաբուեցանք - մոլորեցանք, անպիտան մանուկ տղայի մը նման, երբ անոր երեսէն իր անբարիշտ կամքը կատարեցինք. բայց Տէրը Ի՛նք վկա՛յ է մեզի, թէ ծածուկ մտադրութիւններով ինչպէս անբաժան մնացած ենք Անկէ։ Այո դուք ալ գիտէք, որ հնարներ կը փնտռէինք ազատելու մեր սիրելիները, որոնք մեծ նեղութիւն կը կրէին, մեծ դժուարութիւններու մէջ էին, որպէսզի անոնց հետ միասին մարտի մէջ մտնելով՝ կռուինք անօրէն իշխանին դէմ հայրենի Աստուածատուր օրէնքներուն համար։ Եւ երբ անոնց չկարողացանք որեւէ կերպով օգնել, թող անհնար ըլլայ, որ մարմնաւոր սիրոյ համար Աստուծոյ պատկանածը մարդոց հետ փոխանակենք։
«Իսկ արդ՝ երկու կամ երեք կռիւներու մէջ Ինք՝ Տէրը մեծ զօրութեամբ օգնեց մեզի, այնպէս որ քաջութեան անունը ժառանգեցինք եւ արքունի զօրքը չարաչար հալածեցինք, մոգերն ալ անողորմ կերպով կոտորեցինք եւ կռապաշտութեան պղծութիւնը քանի մը տեղերէն սրբեցինք, մաքրեցինք, թագաւորի անօրէն հրամանը ջնջեցինք - ոչնչացուցինք, ծովու խռովութիւնը իջեցուցինք, լեռնացած ալիքները դաշտացան, բարձրադէզ փրփուրը սպառեցաւ, գազանացած զոյրոյթը ի վերջոյ դադրեցաւ։
«Ան, որ ամպերու վրայէն կ՚որոտար, ընկճուած՝ իր սովորական բնութենէն ալ վա՛ր իջաւ՝ մեզ հետ խօսելով։ Ան, որ կը կարծէր, թէ մենք քրիստոնէութիւնը հագած ենք որպէս զգեստ, ահաւասիկ հիմա մեզ չի կրնար փոխել, ինչպէս մարմնի գոյնը կարելի չէ՛ փոխել, գուցէ այլեւս չկարողանան ալ փոխել մինչեւ վերջը։
«Քանի որ քրիստոնէութեան հաւատքին հիմերը դրուած են անշարժ վէմի վրայ. ո՛չ թէ երկրի, աշխարհի վրայ, այլ՝ վերը գտնը-ւողին՝ երկինքի մէջ է անոր հիմերը, ուր ո՛չ անձրեւ կը տեղայ, ո՛չ քամիներ կը փչէ եւ ո՛չ իսկ հեղեղներ տեղի կ՚ունենայ։
«Եւ մենք ալ, թէպէտեւ մարմնով երկրի վրայ ենք, բայց հաւատով երկինքի մէջ հաստատուած՝ ուր ո՛չ ոք կրնայ հասնիլ Քրիստոսի անձեռագործ շինուածքին։
«Մեր անխախտելի Զօրագլուխին վրայ հաստատ մնացէ՛ք, որ երբեք չմոռնայ ձեր քաջագործութիւնները։
«Ո՜վ քաջեր, մեծ մասամբ մեծ շնորհ է ասիկա, որ Աստուած կատարեց մեր բնութեան միջոցով, որու մէջ եւ մեծապէս կը յայտնուի Աստուծոյ զօրութիւնը։ Քանի որ ուրիշները կոտորելով, պարտութեան մատնելով աստուածային օրէնքներու համար մեզի պարծանք ժառանգեցինք, եւ մեր ժողովուրդին քաջ անունը Եկեղեցիին թողուցինք, եւ վարձքի ակնկալութիւնը Տիրոջմէ ըլլալը ընդունեցինք, ինչ որ պահուած է մեզմէ ամէն մէկուն համար՝ իր սրտի յօժարութեան, կամաւորութեան եւ կատարած գործերուն համեմատ, որքան աւելի եւս, եթէ մենք մեռնինք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր վկայութեանը համար, որ նոյնիսկ երկնաւոր հրեշտակները կը ցանկան, եթէ կարելի ըլլար։ Եւ քանի որ այս պարգեւները բոլորին չի պատշաճիր, այլ անոնց՝ որոնց համար պատրաստած է Տէրը, եւ մեզի ալ պատահեցաւ ո՛չ թէ մեր արդար գործերուն համար, այլ աննախանձ Պարգեւատուին կողմէ, ինչպէս որ կ՚ըսէ Սուրբ Կտակարանի խօսքը, թէ՝ ուր աւելի մեղք կը գործուի, հոն կ՚աւելնայ Աստուծոյ շնորհները։
«Եւ շատ յարմար կը թուի այս պատգամը մեզի, ինչպէս որ մեծ մասամբ ամբարիշտ երեւեցանք մարդոց, կրկնապատիկ չափով արդարացած եւ իրաւացի կ՚երեւինք մարդոց եւ հրեշտակներուն եւ բոլորին Հօրը։ Քանի որ ո՛չ թէ այն օրը, երբ մարդիկ լսեցին մեր ամբարիշտ, անօրէն գործը, շատ արցունք թափուեցաւ Սուրբ Եկեղեցիին մէջ, եւ ա՛լ աւելի շատ՝ մեր սիրելիներուն մէջ։ Մինչեւ իսկ մեր ընկերները զայրացած՝ սուրով կը սպառնային մեզի եւ կ՚ուզէին դառն մահով պատժել մեզ, եւ մեր ծառաները խրտչած կը փախչէին մեզմէ։ Հեռաւոր մարդիկ ալ, որոնք լսած էին մեր քրիստոնէական անունը, տեղեակ չըլլալով մեր մտադրութիւններուն, կ՚ողբային եւ անդադար կը սգային մեզի համար եւ անգիտութեամբ շատ անարգական եւ նուաստացուցիչ բաներ կը խօսէին մեր մասին։
«Եւ ի՛նչ որ ամենէն կարեւորը եւ մեծն է, ըսեմ.- ո՛չ միայն մարդիկ երկրի վրայ, այլեւ հրեշտակները երկնքի մէջ իրենց երեսները դարձուցին մեզմէ, որպէսզի տխուր դէմքերով չնային մեզի եւ չզգացնեն իրենց տրտմութիւնը։
«Եւ ահա եկած հասած է ժամանակը, որ ամէն աղտոտ կոչուած բան հեռացնենք մեզմէ։ Այն ժամանակ իբրեւ վշտալից սգաւոր մը՝ հոգիով ու մարմինով տրտմած էինք, իսկ այսօր թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ մարմնով զուարթացած ու զգաստացած՝ ընդհանրապէս խելամիտ դարձած ենք, քանի որ բարերար Տէրը կը տեսնենք որպէս առաջնորդ մեզի. մեր Զօրավարը մարդ չէ՛, այլ բոլոր մարտիրոսներու Զօրագլուխը։
«Վախը թերահաւատութեան նշան է. թերահաւատութիւնը մենք հին ժամանակներէն մերժած, հեռացուցած ենք մեզմէ, անոր հետ թող վա՛խն ալ փախչի մեր միտքերէն եւ խորհուրդներէն»։
Ահաւասիկ, Վարդան Մամիկոնեանի խօսքերը՝ որոնք լաւագոյն կերպով կը բացատրեն «Վարդանանց շարժում»ին պատմական-ընկերային պատճառները, նպատակն ու իմաստը։ Արդարեւ, կեանքի մէջ, ինչպէս ամէն յաղթանակ լման յաղթութիւն չէ՛, ամէն պարտութիւն ալ չի նշանակեր դատը կորսնցնել։ Երբեմն մարդ ինքզինք շահած կը կարծէ, բայց կը կորսնցնէ, եւ փոխադարձաբար՝ կորսնցուցած կը կարծէ եւ կը շահի՛…։
Սկզբնաղբիւր.-
- Եղիշէ պատմիչ (410-475), «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմի»։
- Ղազար Փարպեցի (442-Ե. դար) «Պատմութիւն Հայոց», «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեանի» երկեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 15, 2017, Իսթանպուլ