ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐՕՆՔ

Գիտութիւն-կրօնք յարաբերութիւնը, անկասկած, մարդկային միտքը ամենէն շատ զբաղեցնող հիմնական հարց մըն է եղած ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Ուստի այս հարցը ուսումնասիրուած է բազմաթիւ մտաւորականներու կողմէ։

Այս մասին Renovier (1815-1903), H. Spencer (1820-1903), Buchner (1824-1899) եւ բազմաթիւ հեղինակներ այս մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած եւ հրատարակած են։ Եւ Emile Boutroux (1845-1921) իր «Science et Religion Dans la Philisophie Contemporaine»՝ «Ժամանակակից Իմաստասիրութեան մէջ գիտութիւն եւ կրօնք» գիրքին մէջ ընդարձակ կերպով ուսումնասիրած է։

Հետեւելով վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւններուն կը շարունակենք ուսումնասիրել եւ խորհրդածել այս մշտնջենաւոր հարցը։

Faust, Méphistophélès-ին սապէս կ՚ըսէ. «Քու ոչնչութեանդ մէջ ամէն ինչ գտնել կը յուսամ»։ (Կէօթէ)։

«Ոչնչութեան մէջ ամէն ինչ գտնել յուսալ». կարծեմ այս խօսքը յայտնի հարցին մեկնակէտն է։ Այն ինչ որ գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ, ըստ էութեան ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ նպատակի մը համար նախատեսուած ծրագրի մը համար։ Ասիկա կրնայ ըլլալ նիւթական կամ բարոյական, երեւելի կամ աներեւոյթ, զոր օրինակ՝ ծառ մը, կամ իմաստութիւն, արտաքնապէս զգալի կամ գաղտնի։ Իմաստութիւնը գիտութեան կ՚առաջնորդէ, ինչ որ մարդ արարածին վերապահուած յատկութիւն մըն է։ Այս իրականութենէն կը հետեւի, որ «ոչնչութիւն» գոյութիւն չունի, եւ ամէն ինչ պատճառ մը, նպատակ մը եւ վերջապէս արդիւնք մը ունի։ Այս ուղղութեամբ, մարդ ոչնչութեան մէջ չէ, եւ պէտք չէ որ ճշմարտութիւնը փնտռէ ոչնչութեան մէջ։ Ուստի, որքան ալ մերձիմաստ ըլլան՝ իրականութիւնը (réalité) եւ ճշմարտութիւնը (vérité) տարբեր վիճակներ կ՚արտայայտեն։ Եւ մարդուն պարտականութիւնն է՝ իրականութեան մէջ ճշմարտութիւնը փնտռել եւ գտնե՛լ։

Երբ «գտնել» կ՚ըսենք, այս կէտին կը դիմաւորուինք գիտութեան հետ։ Գիտութեան նպատակն է՝ ճշմարտութիւնը գտնել եւ հասնիլ ճշմարտութեան։ Կրօնքն ալ մարդուս ճշմարտութեան հասնող ճամբան ցոյց կու տայ որոշ համակարգի մը մէջ։ Կը տեսնուի որ թէ՛ գիտութիւնը, թէ՛ կրօնքը երկու դրութիւններ՝ որոնք կը ձգտին ճշմարտութեան։ Եւ քանի որ նոյն նպատակին կը ձգտին, ապա ուրեմն պէտք է միասին գործեն, համընթաց ըլլան, իրարու օգնեն ճշմարտութեան ճամբուն վրայ։

Արդէն, չէ՞ որ մարդ մարմնի, հոգիի եւ մտքի ամբողջութիւն մըն է։ Այս կը նշանակէ, որ ան նիւթականի, ֆիզիքականի հետ որքան զբաղի՝ նո՛յնքան հետեւի բարոյականի, հոգեւորի։ Ըսենք երկու ճամբայ՝ որ մեզ կ՚առաջնորդեն վախճանին՝ ճշմարտութեա՛ն։

Ընդհանրապէս կրօնական ծէսեր, նիւթի եւ բարոյականի եւ հոգեւորի եւ նիւթականի միջեւ պատճառ-հետեւանքի կապակցութիւն մը կայ, ինչ որ մարդուն համար կը մնայ միշտ որպէս «խորհուրդ»։ Կրօնական իրադարձութիւններուն առարկայական ուսումնասիրութիւնը մարդս այս արդիւնքին կ՚առաջնորդէ։ Կրօնքի զգացումին պատմական զարգացումին ընթացքը տեսնելու համար, պէտք է այս ուղղութեամբ ուսումնասիրել եւ պատասխաններ ստանալ։

Եթէ հոգի եզրը չըլլար, հոգեբանութիւն, այսինքն հոգիի գիտութիւն տեղի կ՚ունենա՞ր։ Եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար, աստուածաբանութիւն, այսինքն Աստուծոյ գիտութիւն պիտի ըլլա՞ր։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ կրօնքը այնքան անհրաժեշտ է մարդուն համար, ո՛րքան գիտութիւնը։ Գիտութիւնը իր նպատակին հասնիլ կ՚աշխատի փորձելով, իսկ կրօնքը՝ կը հասնի հաւատքով։ Այս իմաստով, թէ՛ գիտութիւնը, թէ՛ կրօնքը իրարու հանդէպ ազատութիւն եւ անկախութիւն կը հռչակեն։

Բայց իրականութիւնը սա է, որ գիտութիւն եւ կրօնք անբաժան են։

Հոգեբանութիւն. բարոյագիտութեան, ընկերաբանութեան զիրենք նիւթական գիտութեան կապերը առանց ուրանալու իւրայատուկ սկզբունքներ կ՚ընդունին։ Ուրեմն բարոյական-հոգեւոր երեւոյթներ, միայն մարդկային կեանքին ֆիզիքական եւ բնախօսական պայմաններով չէ, այլ գիտակցութեան, խելքի, կամքի, մտածումի եւ հակումներու ազդեցութեամբ անձնականութիւն, երջանկութիւն, պատասխանատուութիւն, պարտականութիւն, հաւասարութիւն, ազատութիւն, աւանդութիւն, հասարակաց միտք, մարդասիրութիւն, համերաշխութիւն, յառաջդիմութիւն եւ բարձրանալ եւ այլն, կարգ մը գաղափարներու նման, իրական առումով բարոյական եւ հոգեւոր պատճառներով կը բացատրուի։

Սկզբունքներ. գիտութեան տեսակէտէ մերժում (négation) են։ Ասոնք մարդկային մտքին համար անիմանալի, ըստ էութեան անըմբռնելի, առարկայական պատճառներուն տեղը գրաւող ուրուականներ, ոգիներ (fantôme) են։

Այս հարցով, մտային աշխարհի մէջ, պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ գաղափարներ, տեսութիւններ յայտնուած է, բնական է, քանի որ մարդ բանաւոր արարած մըն է, բայց սա անվիճելի է, որ գիտութիւն եւ կրօնք իրարմէ անբաժան են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 21 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023