ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անցնող շաբթուան ընթացքին ներկայ գտնուեցայ Էջմիածնի Երուանդ Օտեանի անուան թիւ 7-րդ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան մը, ուր խօսուեցաւ ընդհանուր Հայաստանի Խորհրդային Միութենէն դուրս գալուն եւ կամաց կամաց կազմակերպուելուն մասին: Դասախօսութեան մէջ յատկանշական տեղ գտան հայ բարերարները՝ Քըրք Գրիգորեան, Կիւլպէնկեան, Մանթաշեան, Նուպար Փաշա եւ ուրիշներ: Ներկաներէն շատեր գնահատելով հանդերձ մեծ բարերարներու ունեցած ներդրումները մեր կեանքէն ներս, հարցականի տակ դրին բացայայտօրէն բարերարութիւն կատարելու երեւոյթը. որքանո՞վ ճիշդ է բարերարութիւն կատարել՝ ու բարձրաձայնել:

Այսօր գրեթէ ամէն տեղ նոյն հարցին շուրջ կարելի է լսել երկու հակառակ կարծիքներ. ոմանք հարազատ մնալով Մատթէոսի Աւետարանի խօսքերուն՝ կ՚ուզեն ձախը չգիտնայ աջին ըրածը, իսկ ուրիշներ կ՚ուզեն ձախին գիտցնել այդ մէկը, այն համոզումով, որ ձախը տեսնելով աջինը ի՛նք եւս կը մղուի բարիք գործելու եւ այսպիսով տարածում կը գտնէ «բարեգործութիւն»ը:

Իրականութեան մէջ այս հարցին վերջնական լուծում մը տալը գրեթէ անհնար է, որովհետեւ երկու պարագաներուն ալ մարդ արարած պիտի շարունակէ բողոքել. օրինակ այսպէս. եթէ Հայ Եկեղեցին իր աղքատներուն օգնութիւն ցուցաբերէ եւ այդ մէկը պահէ գաղտնի եւ մարդիկ չգիտնան, բնական է որ շատեր պիտի արտայայտուին. «այնքա՜ն դրամներ ունին, թող օգնեն մարդոց...»: Եթէ օգնեն մարդոց ու այդ մէկը բարձրաձայնեն, այդ պարագային մարդիկ պիտի ըսեն «ցուցադրութեան համար կ՚ընեն, որպէսզի իրենց անունը ելլէ... փայլիլ կ՚ուզեն»: Եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրենց ընելով ու չընելով երբեք ալ պիտի չկարենան հեռու մնալ քննադատութիւններէ, որովհետեւ ամբողջ հայութեան գոհացում տալ էշին գրել սորվեցնելու համազօր բան մը եղած է միշտ:

Եթէ բանանք Կիւլպէնկեանի ժամանակաշրջանի մամուլը, պիտի տեսնենք, թէ բազմաթիւ խմբագիրներ քննադատած են բարերարը. «կրնար շա՜տ աւելին նուիրել եւ օգնել Հայութեան»: Եթէ Կիւլպէնկեան ամբողջութեամբ չօգնէր, դարձեալ պիտի քննադատուէր. իր տուածէն աւելին ալ տար՝ դարձեալ պիտի քննադատուէր, որովհետեւ մեծ հաւանականութեամբ այդ աւելիին աւելին պիտի պահանջուէր իրմէ:

Թէեւ Քրիստոնէական օրէնքին հակառակ, համամիտ եմ բարեգործութեան բարձրաձայնման, այն պարզ նպատակով, որ մարդու անունը կենդանի պահողը իր գործերն են. պատմութիւնը կը փաստէ, թէ Պոլսոյ եւ Թիֆլիզի տարածքին ունեցած ենք բազմատասնեակ մեծահարուստներ, որոնք իրենց հարստութիւնը օգտագործած են պարզապէս իրենց հաճոյքներուն ու մսխումներուն. այսօր ո՞վ կը յիշէ անոնց անունը, ո՞ւր են անոնց մեծամեծ գումարները: Մանթաշեան, Պօղոս Նուպար Փաշա, Կիւլպէնկեան եւ ուրիշներ եթէ իրենք եւս իրենց հարստութիւնը պահէին անձնական հաճոյքներու համար, այսօր միւս մոռցուածներու շարքին մոռցուած մըն ալ իրենք պիտի ըլլային:

Բարեգործութիւն մը իր արժէքը կը ստանայ նպատակէն. պէտք է պարզապէս ուսումնասիրել այդ նպատակը: Օրինակ՝ Պօղոս Նուպար Փաշա կամ Կիւլպէնկեան փայլելու կամ երեւելու համար պէտք չունէին մեծամեծ բարերարութիւններ կատարելու. անոնք արդէն իրենց ժամանակաշրջանի ամենէն յայտնի ու սիրուած մարդոցմէ էին. այդ բարերարութիւններուն համբաւը չէր, որ զիրենք պիտի հասցնէին այն փառքին՝ որոնք արժանի են այսօր, եւ այս ճշմարտութեան փաստը օտար մամուլի եւ օտար գրականութեան մէջ անոնց ունեցած վարկն ու համբաւն է:

Բարերարութիւնը բարերարութիւն ըլլալէ կը դադրի, երբ այդ մէկը օգնութիւն ցուցաբերելու կողքին երեւելու, փայլելու միտում ունենայ իր մէջ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը գրուած է գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին, որ ապրած են Պօղոս Նուպար Փաշան, Կիւլպէնկեանը եւ ուրիշներ. կ՚արժէ՞ նժարի վրայ դնել յիշուած երկու բարերարները եւ Աբիսողոմ Աղան. վերջապէս բոլորին ըրածը «բարերարութիւն» անունը կը կրէ չէ՞:

Կիւլպէնկեան եւ ուրիշներ օրինակ են այն ճշմարտութեան, որ ճոխութեան մէջ ապրելով չէ, որ մարդ կ՚անմահանայ, այլ ճոխացնելով կարելի կ՚ըլլայ այդ մէկը:

Ազգովի մեր մէջ գոյութիւն ունի նախանձ մը՝ հանդէպ յաջողին. մեր շրջանակներու փոխանակ գնահատելու անոնց կատարած բարեգործութիւնները, ժամանակ կը վատնենք «ուսումնասիրել»ու այդ հարստութեան աղբիւրն ու ենթահողը: Նման պարագաներու մեր ժողովուրդին որակումը մէկ է. «գողցուած դրամ է». յանկարծ կը մոռնան սփիւռքի տարածքին Հայ Եկեղեցւոյ կատարած զոհողութիւնները, կը մոռնան այն դժուարութիւնը, որ օտար հողի վրայ եկեղեցին եղաւ առաջին դպրոց, հիւանդանոց ու մարդաբնակ վայրեր հիմնողը. եկեղեցին եղաւ զանոնք խնամողը: Այդ ամէնը մոռցած եկեղեցին գող հանելու «սրբազան» առաքելութեամբ տարուած են, որովհետեւ մեր ազգին մէջ կատարուած մէկ սխալ մը կրնար ջնջել տալ բազմահազար ճիշդերն ու ծառայութիւնները:

Ցուցադրութեան համար թէ բարերարութեան՝ չեմ գիտեր, սակայն պարզ է, որ Հայրենիքը տակաւին կարիքը ունի Պօղոս Նուպար Փաշաներու, Կիւլպէնկեաններու եւ ուրիշներու:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ
(1869-1955)

Մեր թուականէն 153 տարիներ առաջ՝ 23 մարտ 1869-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է գործարար եւ բարեգործ Գալուստ Կիւլպէնկեան (ծանօթ է «Պարոն 5 տոկոս» ածականով):

Գալուստ Կիւլպէնկեանի հայրը եղած է Սարգիս Կիւլպէնկեան, որ սեփականատէրն էր շարք մը նաւթային ընկերութիւններու Կովկասի եւ մանաւանդ՝ Պաքուի մէջ: Գալուստը ծնած է Սկիւտարի մէջ եւ նախնական կրթութիւնը ստացած Գատըգիւղի հայկական Արամեան-Ունճեան դպրոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք անցած է ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ քոլէճ: Կիւլպէնկեան իր միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ռոպերթ քոլէճէն ներս, որ ներկայի վերածուած է համալսարանի: Պատանի տարիքին իր ֆրանսերէն լեզուի գիտութիւնը զարգացնելու համար մեկնած է Ֆրանսա, ուրկէ անցած է Լոնտոն՝ ուսումը շարունակելու «Թագաւորական քոլէճ»էն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է ճարտարագէտի եւ կիրառական գիտութիւններու մասնագիտութեամբ:

Ուսումը աւարտելէ ետք հօր թելադրութեամբ Կիւլպէնկեան մեկնած է Պաքու՝ նաւթի վերաբերեալ իր ունեցած գիտութիւնը հարստացնելու: Իր այս ճամբորդութեան ու փորձառութեան մասին Գալուստ Կիւլպէնկեան գրած է «Նաւթը կենսուժի աղբիւր» աշխատութիւնը, որ հրատարակուած է ֆրանսական յայտնի «Երկու աշխարհամասերու անձնագիր» ամսագիրին մէջ: Իր ճամբորդութիւններուն մասին Գալուստ Կիւլպէնկեան գրած է նաեւ «Ճամբորդական յուշեր» աշխատութեան մէջ:

Որոշ ժամանակ ետք Կիւլպէնկեան ամուսնանալով հարուստ ընտանիքի դուստր Նուարդ Եսայեանի հետ տեղափոխուած են Լոնտոն: Այդտեղ Կիւլպէնկեան ձեռք բերած է նաւթի արդիւնաբերութեան ընկերութիւն հիմնելու արտօնագիր. կարճ ժամանակ ետք Կիւլպէնկեան դարձած է Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի դեսպանատուներու նաւթի գծով խորհրդական:

Լոնտոնի մէջ որոշ յաջողութիւններ ունենալէ ետք Կիւլպէնկեան հիմնած է «Թիւրքիշ Փեթրոլիում Քամփընի» (Turkish Petroleum Company) ընկերութիւնը, որուն բաժնետոմսերու 15 առ հարիւրը պատկանած է Կիւլպէնկեանին: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Կիւլպէնկեանի կազմակերպութիւնը վերածուեցաւ «Իրաք Փեթրոլիում»ի, որուն ամբողջ եկամուտներուն 5 առ հարիւրը կը պատկանէր Գալուստ Կիւլպէնկեանին, որու շնորհիւ ստացած է «Պարոն 5 տոկոս» ածականը: Գալուստ Կիւլպէնկեան նաւթային տարածքներ ունեցած է Վենեզուելայի, Իրանի, Իրաքի, Արաբական Էմիրութիւններու եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ:

Կիւլպէնկեան Պօղոս Նուպար Փաշայի մահէն ետք, 1930 թուականին ստանձնած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ղեկավարութիւնը, որ վարած է մինչեւ 1932 թուականը: Կիւլպէնկեան զբաղած է բարերարութեամբ. իր ջանքերով ու հովանաւորութեամբ Հաղբատի վանքի նմանութեամբ կառուցուած է Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ մինչեւ օրս Լոնտոնի ամենէն գեղեցիկ կառոյցներէն մէկն է: Բարերարի հովանաւորութեամբ Երուսաղէմի հայոց վանքի հարեւանութեամբ կառուցուած է Կիւլպէնկեան մատենադարանը: Բարերարը մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է նաեւ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին: Հսկայական օգնութիւնը տուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին:

Կիւլպէնկեան եղած է իր ժամանակաշրջանի ամենէն հարուստ մարդոցմէ մին. Կիւլպէնկեանի մահէն ետք 840 միլիոն տոլարի հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր բարեգործութիւնները, մանաւանդ արեւմտահայերէնի ոլորտէն ներս:

Կիւլպէնկեան մահացած է 20 յուլիս 1955 թուականին, Լիզպոնի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2022