ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ (Բ.)
Նախորդ մեր գրութեան մէջ խօսեցանք վստահութեան եւ մարդկային առողջ ու որակեալ հաղորդակցութեան ու յարաբերութեան մասին, սակայն այս բոլորը կրնան բաւարար չըլլալ բազմութեան մէջ գտնուելով հանդերձ առանձնութիւն զգացող անձը իր յոյզերէն դուրս բերել. ուրիշ համոզումներ, ուրիշ ձգտումներ եւ ուրիշ առաջնահերթութիւններ ունեցող մարդոց ներկայութեան գտնուիլը առողջ յարաբերութիւն հաստատելու արգելք մըն է պարզապէս:
Դժբախտաբար մեր նորապսակ զոյգերուն մեծամասնութիւնը ամուսնալուծութեան առաջնորդողը այս մէկն է, որովհետեւ նախքան ամուսնական շրջանը շատ անգամ այդ յարաբերութիւնները կրնան «կատարեալ» թուիլ, սակայն ամուսնական կեանքէն յետոյ է որ ճշմարտութիւնը ի յայտ կու գայ եւ կը պարզուի, որ անոնց համոզումներ, առաջնահերթութիւններն ու ձգտումները ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ եւ հետեւաբար կը ստեղծուի հեռաւորութիւն մը եւ իր կողակիցին քով ըլլալով հանդերձ անոնց մէջ կը ստեղծուի առանձնութեան զգացում մը՝ որ առիթ կու տայ զգալ որ շուրջինները ձեզ չեն հասկնար, ձեր յոյզերն ու զգացումները չեն կիսեր: Այդ առանձնութիւնը կը ստեղծուի, որովհետեւ ամուսնական կեանքը միատեղ նպատակներու հետապնդում կը պահանջէ եւ եթէ անոնց նպատակներն ու մտածումները ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ՝ այդ մէկը կը մնայ կիսատ ու մարդը կը դժբախտացնէ: Փոխընբռնման ու հասկացողութեան պակասը մարմնական վէրքի մը չափ եւ աւելի կրնայ ցաւ պատճառել մարդոց եւ զիրենք հեռացնել ընկերային միջավայրէն:
Ընկճումն ու հոգեկան անկումը զգալի ազդեցութիւն կ՚ունենայ մարդուն կեանքին մէջ. այդ զգացումը կրնայ մարդը առաջնորդել ինքզինք «անկարեւոր» զգալու եւ բազմութեան մէջ առանձնութիւն զգալու «մեղաւորութիւն»ը վերագրել ինքն իր անձին. մարդ կը սկսի ինքզինք անարժէք զգալ, ինքնավստահութեան հետ լուրջ խնդիրներ ունենալ, ինչպէս նաեւ յուսահատութեան առաջնորդուիլ. այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ յաճախ դրական փոխազդեցութիւնները նոյնիսկ ընկալէ որպէս բացասական, ինչ որ հոգեկան լուրջ անհանգստութեան դուռ կը բանայ:
Հոգեկան վատառողջ ընթացքը կը խաթարէ մարդկային յարաբերութիւնը։ Վերոյիշեալ բոլոր բացասական ազդեցութիւնները կը դժուարացնեն առանձնութեան զգացումը հեռացնել: Անշուշտ պէտք է նկատի ունենալ, որ վերոյիշեալ յոյզերը իւրաքանչիւրին մօտ տարբեր ձեւով ընդունելութիւն կը գտնեն։ Խօսելով յոյզերու եւ զգացումներու մասին կարելի չէ ընդհանրացնել, որովհետեւ նոյն երեւոյթին դիմաց ես ու դուն կրնանք ամբողջութեամբ տարբեր ապրումներ ու զգացումներ ունենալ. մին ամենէն դժուար պահուն կը յաջողի յաղթահարել առանձնութեան զգացումը, սակայն ուրիշ մը փոքր երեւոյթի մը դիմաց ծայրայեղ յոյզեր ապրիլ: Նման ազդեցութիւններէ ազատելու միջոցներէն մէկը դիւրագրգիռ չըլլալն է:
Միւս կարեւոր կէտը ակնկալութիւններն են. մարդկային ակնկալութիւններու սակաւութիւնը կը նուազեցնէ նաեւ յուսահատ ըլլալու հնարաւորութիւնը, որովհետեւ պարզ է, որ հանրութեան մէջ, մարդոցմով շրջապատուած վիճակին նոյնիսկ առանձնութիւն զգացող անձեր դժբախտներ են՝ յուսահատներ, որոնք դժբախտ ըլլալու խոր զգացումը ունին ընդհանրապէս: Նման պարագաներու մարդը կարելի չէ՛ փոխել. պէտք է փոխել շրջապատը. օրինակ՝ պատկերացուցէք, որ աշխատանքային շրջանակ մը ունիք, ուր բացի ձեզմէ կ՚աշխատի երեք անձ. այդ երեք անձերը իրարու հետ խորհրդակցելով կը քննարկեն հարցեր, պտոյտներ կը կազմակերպեն, սակայն այդ բոլորէն դուրս կը մնաք դուք. իրականութեան մէջ իրենց ըրածին մէջ սխալ բան մը գոյութիւն չունի, որովհետեւ ընկերային կեանքին մաս կը կազմեն այդ բոլորը եւ ո՛չ աշխատանքային, սակայն այդ «անտեսում»ը կը սկսի պատճառ դառնալ, որ այդ շրջանակին մէջ դուք ձեզ օտար եւ առանձին զգաք. մարդ ինքզինք առանձին կը զգայ այն շրջանակին մէջ՝ ուր ազդուօրէն ներգրաւուած չէ:
Առանձնութեան զգացումին հիմնական պատճառներէն մէկն ալ պատկանելիութեան խնդիրն է. մշակութային տարբերութիւնը առանձնութեան յոյզի ծագումին մէջ մեծ դեր ունի եւ այս մէկը առաւելաբար կարելի է ուսումնասիրել մանուկներու վրայ. օրինակի համար, տասն տարեկան մանուկ մը իր շրջապատէն բաժնելով տարէ՛ք ամբողջութեամբ օտար միջավայր մը՝ այլ երկիր մը. անոր նոր դպրոցը ինչքա՛ն ալ շատ հասակակիցներ ըլլան, ան ինքզինք առանձին պիտի զգայ, որովհետեւ շրջապատը որուն մէջ կը գտնուի, իրը չէ. տարբեր են անձերը, տարբեր է մշակոյթը, տարբեր է մտածելակերպը: Այդ օտար միջավայրին մէջ է, որ մարդ կ՚ունենայ անհատականութեան բախումներ ու իր մէջ հինը խեղդել փորձելով նորին վարժուիլ կը սկսի:
Այս բոլորը հոգեկան ապրումներ են, սակայն պէտք է անպայմանօրէն բուժել այդ բոլորը, որովհետեւ հոգիի առողջութեան վրայ կրնան ազդեցութիւն ունենալ. այս բոլորը լուծելու համար կարեւոր է գտնուիլ հոն՝ ուր պատկանելիութեան զգացումը գոյութիւն ունի. վստահաբար ժամանակ մը ետք մարդ կը սկսի վարժուիլ այդ բոլորին, որովհետեւ ժամանակը բուժումն է բոլոր հարցերուն. պէտք է պարզապէս դիմադրել՝ մինչեւ անցնի ժամանակը եւ մարդ կամայ թէ ակամայ վարժուի բոլոր այն ապրումներուն՝ որ կեանքը կը պարտադրէ:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է մեծագոյն չարիքը մանուկներուն համար։
Պատասխան. Մանուկներուն համար մեծագոյն չարիքը մարդկային իրաւունքներու զրկումն է, ներառեալ ֆիզիքական անվտանգութիւնը, յուզական անվտանգութիւնը, կրթութեան եւ առողջապահութեան անհասանելիութիւնը: Չարաշահումը, անտեսումը, շահագործումը եւ խտրականութիւնը կրնան խոր եւ երկարատեւ ազդեցութիւն ունենալ մանուկի ֆիզիքական եւ հոգեբանական բարեկեցութեան վրայ: Նման չարիքներ կը վտանգեն մանուկի արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը, խոչընդոտելով անոնց բարգաւաճումն ու հասարակութեան դրականօրէն նպաստելու կարողութիւնը: Մանուկները այս վտանգներէն պաշտպանելը եւ անոնց ամբողջական զարգացումը ապահովելը պէտք է առաջնահերթ մտահոգութիւն ըլլան ամբողջ աշխարհի մարդկութեան համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան