ԱՐԴԻՒՆԱԼԻ ԱՊՐԻԼ

«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը». (Բ ՏԻՄ. Դ 7-8)։

Յաճախ կը խորհինք, թէ՝ ի՞նչ է կեանքին նպատակը։ Ինչո՞ւ կ՚ապրինք կեանքը։ Եւ շատ անգամ անպատասխան կը մնան այս հարցումները։ Յետոյ, թերեւս կը զզուինք այլեւս այս հարցումները հարցնելէ, անոնց մասին խորհելէ, եւ կը շարունակենք ապրիլ մեր կեանքը։ Կեանքը՝ ինչպէս որ կը ներկայանայ մեզի՝ ուրախութեամբ կամ տրտմութեամբ։

Բայց «կեանք»ը նպատա՛կ մը ունենալու է, քանի որ ամէն էութիւն, ամէն արդիւնք, ամէն գոյութիւն անպայման պատճառ մը ունի։ Այս իմաստով, կեանքն ալ պատճառ մը ունի։ Եւ ահաւասիկ, այդ «պատճառ»ն է կեանքին բուն «նպատակ»ը։ Կեանքը, էապէս, արդիւնքի եւ պատճառի միջեւ, պատճառը արդիւնքի հասցնող միջոց մը, ժամանակաշրջան մը, ընթացք մը եւ պատրաստութեան ժամանակի որոշ տեւողութիւն մըն է։ Եւ ուրեմն «կեանք»ը առիթ մըն է լաւը ընելու՝ լաւագոյնին հասնելու համար…

Կեանքը, մեզի տրուած շնորհ մըն է, աւանդ մը, որ պարտինք լաւագոյնս օգտագործել, արդիւնաւորել եւ զայն պահպանել, հետզհետէ բարեփոխել եւ աճեցնել։

Ուրեմն, այս երկրային կեանքի նպատակն է՝ երկնային կեանքը, ուրիշ խօսքով՝ ժամանակաւոր կեանքէն անցնիլ անժամանակ, յաւիտենական կեանքին։ Եւ այս ալ կը նշանակէ՝ մահէն անմահութիւն։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ կարեւորը երկար կամ կարճ ապրիլը չէ՛, այլ՝ լա՛ւ ապրիլ, նպատակայարմար եւ բարի ապրիլն է։ Ի՜նչ կը նշանակէ երկար ապրիլ, երկար կեանք ունենալ բայց անօգուտ, հոգեւոր իմաստով անշահ ապրիլ, արդիւնաւոր չըլլալ, օգտակարութիւն մը չունենալ մարդկութեան, գոնէ իր շուրջիններուն, մերձաւորներուն։

Մարդուն ինքն իր համար ըրածները չեն նշանակեր լաւ ապրած ըլլալ, մարդ պէտք է ապրի եւ արդիւնաւոր ըլլայ նաեւ իր նմաններուն նկատմամբ, այն ատեն միայն կրնայ «լաւ կեանք» մը ապրիլ։ Մարդ իր ստացածին, իր ունեցածին վրայ երբ բան մը կ՚աւելցնէ՝ ուրիշին օգտին համար, այն ատեն միայն լաւ բան մը ըրած կ՚ըլլայ։

Չարին նկատմամբ չէզոք մնալ բարի ըլլալ չի նշանակեր։ «Սա մէկ մարդը ոչ մէկուն չարիք կ՚ընէ», ըսել, այդ մարդուն «բարի» ըլլալը չի նշանակեր։ Ուրեմն լաւ կեանք ապրելու, կեանքը իր նպատակին յարմար ապրելու համար չի բաւեր չարիք չգործել, պէ՛տք է բարիք գործել։ Քրիստոնէութիւնը դրական վարդապետութիւն մըն է. չգործելիքը ըսելէ աւելի՝ կ՚ըսէ այն ի՛նչ որ պէտք է ընէ մարդ։ Զոր օրինակ, յայտնի խօսք մըն է. «Մի՛ ըներ այն՝ ինչ որ չես ուզեր որ քեզի ընեն»։ Հեռաւոր Արեւելքի յատուկ վարդապետութիւն մը, ուսուցում մըն է ասիկա։ Ասոր փոխարէն քրիստոնեան կ՚ընէ այն ինչ որ պէտք է ընել. «Ըրէ՛ այն՝ ինչ որ կ՚ուզես որ ուրիշները ընեն քեզի»։ Այսինքն՝ փոխանակ չէզոք, այլ դրական «բարի մարդ» մը ըլլալ։ Վիրաւորի մը վրայ վէրք մը աւելցնել որքան որ չարիք է, նոյն աստիճան չարիք է վիրաւորի մը, կարօտեալի մը չօգնել, ձեռք չերկարել։

Կեանքը, այս իմաստով, առիթ մըն է բարիք գործելու, բարին ընելու՝ շուրջը, շուրջինները դիտելու, անոնց հետ հետաքրքրուելու, պէտք եղած ատեն անոնց ձեռք երկարելու՝ առանց խտրութեան սիրելո՛ւ։ Սիրելու ամէն ինչ, քանի որ անոնք Սիրոյ արտադրութիւններ են՝ Աստուծոյ արարածնե՛ր։ Աստուած սիրել կը նշանակէ Անոր արարածները սիրել՝ ո՛չ միայն մարդը, այլ այն բոլորը որոնք Անոր ձեռքով ստեղծուած են։ Եւ քանի որ ամէն բանի Արարիչն է Ան՝ Աստուած, ուրեմն պէտք է սիրել ամէն բան՝ ասուն-բանաւոր, անասուն-անբան, կենդանի-անկենդան՝ ամբողջ տիեզերքը…

Մեզ սիրողը սիրել՝ իսկական առումով «սիրել» չի նշանակեր։ Ուստի, Քրիստոս կը պատուիրէ սիրել թշնամին իսկ։ Եւ միայն այս մտածումով եւ ոգիով ապրող մէկը կրնայ լաւ եւ արդիւնաւոր ապրած ըլլալ կեանքը։

Ինքնամոլ, անձնակեդրոն, ինքն իրմով հպարտ մարդը երբեք «բարի» մարդ չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն որ չփոխուի՝ «նոր մարդ» չըլլայ։ Իսկ «նոր մարդ» ըլլալու համար պէտք է ընդունիլ եւ գործադրել Քրիստոսի պատուէրները՝ խոնարհ ըլլալ, համեստ ըլլալ, գոհանալ, անկեղծ ըլլալ, եւ անպայմա՛ն սիրել։

Ուրեմն, կը հետեւի, թէ լաւ ապրելու, արդիւնաւոր ապրելու ապահով ճամբան Սէ՛րն է. անկեղծ եւ աստուածային, անշահախնդիր սէրը։ Եւ այս կերպով կրնանք համեստ պատասխան մը գտնել այն անվերջ հարցումներուն, թէ՝ ի՞նչ է կեանքը, ի՞նչ է կեանքին նպատակը։ Կեանքը այն ժամանակաշրջանն է՝ ուր սիրել կը սորվինք, սիրոյ մէջ կ՚աճինք, եւ ի վերջոյ մեր սէրը երկնային քննութեան մը կ՚ենթարկուի եւ ըստ այնմ, մեր յաջողութեան կամ ձախողութեան չափով կը ստանանք մեր փառքը կա՛մ անարժանութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 22, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2023