ՍԻՐՏԸ ԿԵԴՐՈ՛ՆՆ Է ԿՈՐՈՎԻՆ

Սիրտը կեդրո՛նն է այն թաքուն ուժին՝ որ կը կառավարէ մարդուս ամբողջ կեանքը՝ անոր խորհուրդները, գաղափարները, զգացումները, կիրքը, կամքը եւ կորովը։ Այս իմաստով, սիրտը մարդուն գաղտնիքներուն, անծանօթութիւններով լեցուն տիեզերքին բովանդակութիւնն է՝ որուն մէջ է պահուած ուժերը, որոնք աւելի զօրաւո՛ր են, քան մարդուս ծանօթ բնական աշխարհի ուժերը։

Արդարեւ «սիրտ ծով»ուն մէջ տեղի ունեցած փոթորկումները աւելի՛ ուժգին, աւելի՛ կատաղի են, քան ովկիանոսներու մռնչող ալիքները, քան անապատներու մրրիկները։ Ուստի «սիրտ-աշխարհ»ը աւելի ընդարձակ է եւ տարածուած, քան երկրի վրայ ամէն տարածութիւն։ Եւ այդ ընդարձակութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ ի՜նչ հակոտնեայ կէտերու՝ յեղակարծիք իրադարձութիւններու, ներհակ եւ աններդաշնակ հակապատկերներու, հոգեբանական ի՜նչ զարհուրելի երեւոյթներու, կարծես մարդ կը գտնուի վայրի, ամեհի անտառներու եւ լեռներու վրայ։ Սիրտին մէջ է, որ կը բնակին կատաղի կիրքեր, անկուշտ շահասիրութիւններ, ցանկութիւններ…։

Եւ մինչեւ որ Յիսուս Քրիստոսի կեանքէն եւ սիրտէն սիրոյ արեւը չճառագայթէ, չլուսաւորէ մարդուս սրտին այն գաղտնի՝ ներսի կողմը, եւ մարդ, երկնային լոյսով որոշակի եւ յստակ կերպով չտեսնէ, չճանչնայ Անոր լոյսը եւ չլսէ Անոր ձայնը, տակաւին նորոգուած կամ վերստին ծնած չի համարուիր։ Փոթորիկէն փրկուելու եւ խաղաղ նաւահանգիստ հասնելու միակ ճամբա՛ն է անդրադառնալ լոյսին եւ ձայնին՝ որ միա՛կ ճամբան է խաղաղ կեանքին։

Մաքուր եւ սուրբ սիրտ մը կը նմանի պայծառ հայելիի մը՝ ուր ամէն ինչ որոշ եւ յստակ կ՚երեւի, կամ ջինջ եւ վճիտ լճակի մը՝ ուր կը պատկերանայ, կը ցոլանայ ամբողջ երկինքը։ Ուստի, բարքի եւ բարոյականութեան ապականութիւնը մահացո՛ւմն է սրտին. ան է, որ կը պղտորէ, կ՚աղտոտէ մարդուն սուրբ եւ նուիրական զգացումները եւ անոնց բո՛ւն աղբիւրը։

Քրիստոնեային սիրտը պէտք է ըլլայ ա՜յնքան մաքուր, ա՜յնքան ջինջ՝ որ առաքինութիւններու գեղեցկութիւնները նկարուին հոն երկնային սիրոյ ցոլքերը, եւ հոն պատկերանայ նոյնիսկ սիրոյ Աստուածը։ «Երանի՜ անոնց, որոնք սրտով սուրբ են, քանի որ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (ՄԱՏԹ. Ե 8)։

Դեռ սակայն կոյր կիրքերու խաւարին ամպերը պատեր են մարդուս սիրտերու աշխարհին հորիզոնը՝ ուր Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող խաղաղութեան, արդարութեան, սրբութեան, ազնուութեան եւ սիրոյ արեւին մէկ փոքրիկ նշոյլը հազիւ թէ մուտ գտնելով կը պլպլայ աղօտ կերպով. ինչպէս՝ աշնան սեւ եւ թխպոտ ամպերու ճեղքուածքէն արեւին տկար եւ անզօր մէկ ճառագայթը կ՚իյնայ երկրի վրայ։ Ուստի, մարդ դեռ պէտք ունի եւ կարօտ է բո՛ւն «քրիստոնէական արեւ»ին ամբողջութեանը։ Պէ՛տք է, որ ան իր յորդ եւ կենսատու ճառագայթներովը ողողէ, տաքցնէ մարդուս սիրտերու սառնապատ աշխարհը։

Սա իրողութիւն մըն է, թէ մարդիկ երկու կերպ ծնունդ ունին՝ մարմնական եւ հոգեկա՛ն։

Առաջինը մեղանչական մասն է եւ մահացո՛ւ, որ ենթակայ է ապականութեան։ Երկրորդը՝ անմեղութեան եւ սրբութեան, որ ո՛չ մահ ունի եւ ո՛չ ալ ապականութիւն։ Քանի որ «Մարմինէն ծնածները մարմին են եւ հոգիէն ծնածները՝ հոգի՛»։

Այս մասին Պօղոս առաքեալ աւելի լայն բացատրութիւնով մը կ՚ըսէ. «Անոնք որ մարմինի կեանքը կ՚ապրին՝ մարմինի վերաբերեալ բաները կը խորհին, իսկ հոգիի կեանքը ապրողները՝ հոգիի վերաբերեալները. քանի որ մարմնին խորհուրդը մա՛հն է, եւ հոգիի խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութի՛ւն»։

Մարմնական տասնեօթ երկրաքարշ եւ աղտոտ կիրքերու դէմ՝ որ հոգին կը նուաստացնեն, ջլատելով ազնիւ զգացումները մարդուն, Պօղոս առաքեալ ինն առաքինութիւնները կը դնէ եւ կ՚անուանէ զանոնք «նորէն ծնած հոգիին պտուղը»։

Եւ այս բոլոր հոգեկան առաքինութիւններուն մէջ ամենէն էականը եւ գլխաւորը սէ՛րն է։

Արդարեւ, սիրոյ ծոցէն չե՞ն բղխիր գութը, քաղցրութիւնը, համբերութիւնը, հեզութիւնը, հաւատքը, խաղաղութիւնը։ Եւ սէ՛րն է, որ կը կատարելագործէ մարդը։ Սէրը կ՚աստուածանայ մարդուն սրտին մէջ եւ կ՚աստուածացնէ. չէ՞ որ Աստուած ալ բացարձակ ՍԷՐ է, եւ սիրոյ Աստուածը, շատ բնական է, որ սրբութիւն պահանջէ։ Երբ մարդ կը սիրէ՝ սիրով կը լեցուի՝ աստուածանման կ՚ըլլայ՝ աստուածամերձ, ինչպէս ստեղծուեցաւ Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Աստուծոյ պատկերին համաձայն։

Կատարեալ սիրոյ եւ սրբութեան մէջ, կատարեալ գթութեան եւ ներողամտութեան մէջ, կատարեալ խաղաղութեան մէջ ապրիլ Քրիստոսի կեանքը՝ նմանիլ չի՞ նշանակեր Աստուծոյ, այն որ մարմնացո՛ւմն է սիրոյ, սրբութեան, գթութեան, ներողամտութեան, խաղաղութեան…։

Ուստի մարդուս մէջ կան երկու հզօր ուժեր՝ որոնք կրնան բարոյական աշխարհներ կանգնել կամ կործանել։ Այս երկու հզօր ուժերն են՝ «շահ»ը եւ «սէր»ը։ Առաջինը միշտ իրենինը կը փնտռէ, եւ զայն ձեռք անցընելու՝ անոր տիրելու համար ոտնակոխ չ՚ընե՞ր մարդկային ամենէն սուրբ եւ նուիրական զգացումները։

«Շահ»ու համար մարդ չի՞ զոհեր իր պաշտած «շահի կուռք»ին առջեւ՝ ո՛չ միայն իր ընկերոջ կեանքը, այլ նոյնիսկ  իր պատիւը եւ կեանքը։

Շահամոլը իր փափաքած փառքին՝ դիրքին եւ աստիճանին տիրանալու եւ հասնելու համար, իր ինկած ընկերոջ մարմինէն չի՞ շիներ շատ անգամ սանդուխներ ան-խըղճօրէն՝ բարձրանալու համար։

Ուստի, Քրիստոս ուզեց, որ «հին մարդ»ուն մէջ դադրի այլեւս «մարմինի կեանք»ը եւ անոր տեղ ինք՝ «սիրոյ նո՛ր մարդ»ը ապրի։ Ան ուզեց, որ այլեւս ուղղուած՝ ճշդուած ըլլան «հին մարդ»ուն միտքին մտածումները՝ պայծառ եւ նոր կեանքի մը հորիզոնին, կանոնաւորուած եւ սանձուած ըլլան անոր կամքին կորութիւնը եւ կիրքերուն մոլեգին ընթացքը։

Սիրոյ կոչուած է մարդ՝ սէ՛րը կը վայելէ անոր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 20, 2018, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018