ԻՍԿ ԻՆՉ ՈՐ ՄԷԿԸ ԱՅՆՏԵՂ ՃԱՌՈՒՄ Է...
Երէկ համացանցը ողողուած էր Արցախի հետ կապուած հայրենասիրական նկարներով. ամէ՛ն մէկը բան մը ունէր ըսելիք, ամէն մէկը ունէր կարծիք մը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Բոլորն ալ կ՚ուզէին կռուիլ ու պայքարիլ. ինչո՞ւ չէ... չէ՞ որ ամուրիին համար կնիկ ծեծելը դիւրին է. բոլո՛րն ալ առանց պատերազմի դաշտ երթալ ուզելու քաջարի մարտիկներ ու հրամանատարներ դարձած են:
Բոլորը կը ճառեն ու կը խօսին ու այս ցաւալի երեւոյթին դիմաց կը յիշեմ տարիներ առաջ կարդացած մէկ բանաստեղծութեան տողերը.
«Հասէ՛ք, մեռնում եմ մարդիկ,
Իսկ ինչ որ մէկը այնտեղ ճառում է...»:
Մեր օրերուն կարելի է ըսել, որ «բոլորն են ճառում». մեռնող Արցախը մեր աչքերուն դիմաց, փոխանակ գործնական օգնութիւններու կը բաւարարուինք ճառելով, առանց հասկնալու, որ այնպէս ինչպէս մինչեւ օրս այդ ճառերը մեզ չփրկեցին, նոյնպէս պիտի չփրկեն այսօր. քառասնօրեայի ժամանակ ալ ճառեցինք, սակայն չհասանք արդիւնքներու, հետեւաբար ինչո՞ւ համար կրկնել երեւոյթ մը՝ որ իրականութեան մէջ ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգի:
Իր կարգին, մի քանի օրեր առաջ ճառ մը կարդաց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որուն վերլուծութիւնը պիտի կատարենք այսօր:
Ա.- Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին սկզբնամասին մէջ հետեւեալը ըսաւ. «Վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրատարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն, սակայն ոչինչ փոխուեցաւ. ոչ ոք լսեց մեզ, ոչ ոք բաժնեց մեր մտահոգութիւնները եւ զօրակից եղաւ մեր իրաւունքներուն»:
Ահաւասիկ ճառերու ամբողջական երեւոյթը. բանակցութիւններ, յայտարարութիւններ, դատապարտութիւններ, դիմումներ... սակայն ոչ մէկ արդիւնք: Մեր կարծիքով, կարելի չէ մեղադրել մեզ չլսողներն ու մեր մտահոգութիւնները չբաժնողները, որովհետեւ գուցէ այդ բոլորը չենք կատարած արժանաւորապէս: Գուցէ Կաթողիկոսէ մը կարելի չէ սպասել պետական մակարդակով բանակցութիւններ (այնպէս ինչպէս կ՚ընէր Խրիմեան), սակայն նուազագոյնը ակնկալելի էր, որ եկեղեցական մակարդակով կատարել այդ մէկը. թող Հայ Առաքելական Եկեղեցին պահ մը նստի եւ մտածէ, թէ «քոյր եկեղեցի»ներ կոչուածներէն ինչպիսի՞ զօրակցութիւն ստացան. գումարուած համաշխարհային եկեղեցական ժողովներէն քանի՞ն դատապարտեց հակառակորդին արարքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախին. անոնցմէ քանի՞ն քրիստոնէական սիրով իրենց հաւատքի եղբայրներուն համար մտահոգուեցան: Անցեալին խաչակիրներ իրենց հաւատքի եղբայրները պաշտպանելու համար նոյնիսկ արիւն կը թափէին. ո՞ւր էին այդ «խաչակիր»ները:
Նուազագոյնը Վատիկանի Պապը քանի՞ յայտարարութիւն կատարեց ի զօրակցութիւն Արցախի. թող մեր եկեղեցական դասը լրջօրէն մտածէ այս հարցերուն մասին. ի հարկին որպէս բողոք դուրս գայ անոնց շրջանակներէն եւ այդ անտարբերութեան դիմաց ունենայ իր դիրքորոշումը:
Պետական պաշտօնեաներու համար գուցէ կարելի չէ մեղադրել կաթողիկոսները, սակայն նուազագոյնը եկեղեցական մակարդակով պէտք է բարձրացնէին այդ բոլորը, որովհետեւ այդ բոլորը ազդու են աւելի քան արտասանուած խօսքերը:
Բ.- Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ դատապարտեց օտարներու անտարբերութիւնը.- «Միջազգային համայնքը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն մինչեւ Եւրոպական միութիւն բաւարարուեցան լոկ կոչեր հրապարակելով, հետեւաբար ցարդ ոչ մէկ գործնական քայլ»:
Ինչո՞ւ մեղադրել զանոնք, երբ մենք՝ ճառասողներս գործնական ոչ մէկ քայլի դիմած ենք. թէ՛ որպէս պետութիւն, թէ՛ որպէս եկեղեցի եւ թէ՛ որպէս ժողովուրդ այս բոլորը կանխելու համար գործնական ո՛չ մէկ քայլի դիմեցինք՝ բացի քննադատելէ եւ դատապարտելէ: Ինչո՞ւ համար մեղադրել Եւրոպական միութիւնը, երբ Հայաստանի պետութիւնը գործնական ոչ մէկ քայլերու դիմեց: Կոչերը, քննադատութիւններն ու դատապարտութիւնները գործնական քայլ չենք նկատեր, որովհետեւ այս բոլորը ձեւական ու անիմաստ կը նկատենք եւ գետնի վրայ շօշափելի ու տեսանելի քայլեր կ՚ուզենք տեսնել: Գործնական քայլ կ՚ըլլար, օրինակի համար, հայոց բանակին քով ըլլալը՝ ո՛չ միայն բարոյական, այլ նաեւ նիւթական ձեւով եւս, ըլլալ անտուն դարձած բազմահազար ժողովուրդին քով, դարձեալ ո՛չ միայն բարոյապէս, ալ նաեւ նիւթապէս:
Անցնող մէկ տարուան ընթացքին եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու իրենք զիրենք գաղութներու ղեկավար նկատող անձինք նիւթապէս ի՞նչ օժանդակութիւն տրամադրեցին մեր բանակին եւ կամ ժողովուրդին՝ որպէս գործնական քայլեր: Հետեւաբար օտարներուն ինչ ըրածները քննելէ առաջ պէտք է լրջօրէն նստիլ ու քննարկել, թէ մենք ինչ ըրինք ո՛չ թէ օտարին, ալ մեզի համար:
Գ.- Արամ Ա. Կաթողիկոս Արցախի վիճակը առաջնահերթութիւն նկատեց հայութեան համար, սակայն պարտաւորութիւն՝ միջազգային համայնքին համար: Իր խօսքերով. «Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միջազգային համայնքին պարտաւորութիւնն է»:
Կը կարծենք, թէ հակառակ պէտք է որ ըլլայ. Արցախի վիճակը պէտք է պարտաւորութիւնը ըլլայ հայ ժողովուրդին, եւ առաջնահերթութիւնը միջազգային հանրութեան համար, որովհետեւ այդ մէկը մեր ցաւն ու վէրքն է եւ ո՛չ ուրիշինը: Օտարը մարդկայնօրէն պարտի ցաւիլ եւ զօրավիգ կանգնիլ մեզի, սակայն այդ մէկը ընելու ո՛չ մէկ պարտաւորութիւն ունի, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ իր ցաւերուն եւ վէրքերուն դարմանը սեփական ուժերով գտնելու պարտաւորութիւնը ունի. օտարինը պարզապէս օժանդակութիւն մը կրնայ ըլլալ: Օտարէն քայլեր պահանջելէ առաջ մենք մեր պարտաւորութիւններն ու անոնց թերացումները պէտք է քննութեան ենթարկենք, որովհետեւ որպէս ժողովուրդ պարտաւորութիւնը մեր վիզերուն վրայ կը գտնուի:
Դ.- Արամ Ա. Կաթողիկոսին ճառին ամենէն ճիշդ մասը գուցէ այս տողերն են. «Արդ, չենք կրնար այլեւս հանդիսատես մնալ ներկայ ահաւոր ու անկանխատեսելի վտանգներով լեցուն կացութեան դիմաց»:
Տեղին կը նկատենք «այլեւս» բառը, որովհետեւ մինչեւ օրս որպէս ազգ, պետութիւն ու եկեղեցի հանդիսատես ըլլալէ բացի այլ բան մը չըրինք. ա՛յն աստիճան, որ Հայաստանի վարչապետը «լուրերը լրատուական միջոցներէն տեղեկացայ» ըսելու չափ անտարբեր գտնուի: Կարելի չէ մեր ժողովուրդին վիճակը բացի հանդիսատեսէ այլ ձեւով բացատրել, որովհետեւ մենք կատարուած «պատկերները» քննադատելով լոկ կրնայինք դիտել ու խօսիլ՝ այնպէս ինչպէս կ՚ընեն թատերախաղի մը հանդիսատեսները՝ սիրելով կամ քննադատելով թատրերգութիւնը:
Ե.- Արամ Ա. Կաթողիկոսը համազգային զօրաշարժի մը կոչը ուղղեց: Կը կարծենք, թէ նման զօրաշարժ մը պէտք է տեղի ունենար երբ տակաւին հանգուցեալը մահամերձ էր՝ նուազագոյնը զինք փրկելու յոյսով մը գոնէ: Պէտք է նման զօրաշարժ մը կատարուէր տակաւին ամիսներ առաջ՝ երբ մեր ժողովուրդի զաւակները շրջափակման մէջ էին. պէտք է զօրաշարժ մը կատարուէր, երբ Արցախը բուռն կռիւներու մէջ էր:
Զօրաշարժ մը մեր ազգին համար իրականութենէն հեռու կը թուի, որովհետեւ զոյգ եկեղեցիները, կուսակցական բոլոր շարժումներն ու պետական գործիչները մէկ նպատակի համար նոյն յարկին տակ հաւաքելը էշու մը լեզու դուրս գալէն տարբեր երեւոյթ մը չէ. մենք չենք կրնար միանալ ու մէկ ուժ դառնալ՝ այնպէս ինչպէս դարերու ընթացքին չենք յաջողած ըլլալ: Վկայ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, ուր այլազգէն բան մը կ'ուզէր՝ սակայն ուզուածը անյստակ էր թէ՛ հայութեան եւ թէ միջազգային հանրութեան համար:
Վերջապէս ի՞նչ զօրաշարժ. պատկերացնենք, թէ այսօր Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մի քանի տասնեակ երիտասարդներ պատրաստ են հայրենիքի սիրոյն կռուելու. ո՞վ պիտի հոգայ անոնց Հայաստան երթալու ծախսերը, ո՞վ զէնք պիտի տրամադրէ եւ պատերազմական ամէն անհրաժեշտութիւններ ապահովէ անոնց համար:
Թող աշխարհի երեսին բոլոր ճառասացները իրենց նիւթական հարստութեան նուազագոյնը կէսը տրամադրեն Արցախին՝ եթէ իրապէս այնքան մտահոգուած են Արցախով եւ արցախահայութեամբ, որովհետեւ մեր օրերուն հայրենասիրութիւնը գործով կը չափուի եւ ո՛չ խօսքով:
***
Որպէս եզրակացութիւն յայտնենք, որ տակաւին պիտի ջարդուինք ո՛չ միայն հակառակորդին կողմէ, այլ մենք մեզ եւս պիտի ջարդենք. մենք մեր ձեռքով պիտի կորսնցնենք մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր արժէքներն ու սրբութիւնները եւ գուցէ օր մը կատարուի երազանքը՝ մէկ հայ, այն ալ թանգարանին մէջ: Մեր ներկայ վիճակը դէպի թանգարան կ՚առաջնորդէ մեզ եւ ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ:
Ու այդ թանգարանին մէջ դրուած հայուն ոտքերուն տակ թող գրեն.
«Հասէ՛ք, մեռնում եմ մարդիկ,
Իսկ ինչ որ մէկը այնտեղ ճառում է...»:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -350-
Ամէն անգամ երբ Արցախի պայքարին մասմակից տեսնէի, կպուզէի պատմէր յաղթանակի զգացումը, դէպքերն ու եղելութիւնները։ Այսօր մարզական խաղի մը յաղթութիւնը ինչքա՜ն ուրախութիւն կը պատճառէ, ինչքան աւելիով պիտի ըլլայ ազգի մը յաղթութեան պարագային։
Սակայն մեր վիճակը տարբեր է. մեր ապագայ սերունդը մեզի պիտի հարցնէ պարտութեան զգացումին մասին։ Ի՞նչ պիտի պատասխանենք, չեմ գիտեր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան