ՄԵՌՆՈՂ ՃԻՒՂ ՄԸ՝ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գրականութեան հարուստ պատմութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու կամրջման մէջ կարեւոր դեր ունեցած են թարգմանիչները, որոնք լեզուական սահմանները անցնելով կարեւորած են գաղափարն ու փիլիսոփայական մտածողութիւնը. անոնք միակ միջոցն էին օտար աշխարհը ծանօթացնելու ուրիշներուն. անոնց թարգմանական աշխատանքն էր հայելին Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մտածողութեան եւ այդ իսկ պատճառով գրականութեան, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ կարեւոր դեր մը ունէին, սակայն այսօր կը տեսնենք, թէ նուազած է անոնց ունեցած կարեւորութիւնը, չըսելու համար ընդհանրապէս վերացած:

Այսօր ազգագրագէտ, պատմաբան, բանասէր, մանկավարժ ու թարգմանիչ Ստեփան Լիսիցեանի ծննդեան 159 ամեակն է. անձ, որուն կարեւոր գործերէն է լեհ գրող եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Հենրիկ Սենկեւիչի «Յո՞ երթաս» պատմավէպի թարգմանութիւնը (մօտաւորապէս 575 էջ)։ Լիսիցեան պարզապէս մէկն է այն հազարաւորներէն, որոնք այսօր մոռցուած են, որովհետեւ թարգմանութիւնը կորսնցուցած է իր նախկին նշանակութիւնը. կարդացէ՛ք հիները եւ պիտի տեսնէք, թէ անոնք օտար լեզուի չտիրապետելով հանդերձ ինչպէս քաջածանօթ են գերմանացի եւ կամ ֆրանսացի այս կամ այն գրողի աշխատութեան ու մտածելակերպին, որովհետեւ օտար մտածողութիւնն ու փիլիսոփայական մօտեցումները ճանչնալու համար անհրաժեշտ էր թարգմանութիւնը. աւելին, ո՛չ միայն օտար գրականութեան պատկանող գոհարներ հայերէնի կը թարգմանուէր, այլ շատ մը հայերէն աշխատութիւններ կ՚արժանանար օտար թարգմանութիւններու. օրինակի համար՝ 1847 թուականին ռուսեր հայերէնէ ռուսերէնի կը թարգմանէին «Եօթն իմաստասէրի» անուամբ աշխատութիւն մը, որ գրուած է 1666-1694 թուականներուն միջեւ:

Եթէ ուսումնասիրենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս նախնական շրջանին մարդիկ կը թարգմանէին փիլիսոփաներու գործերը. օրինակի համար՝ յոյն փիլիսոփայութիւնը թարգմանուած կը տեսնենք արաբերէնի. այս թարգմանութիւնները կարեւոր էին, որովհետեւ անոնց շուրջ կը կազմուէր ու կը ձեւաւորուէր հասարակութիւնները ու կը զարգանար մարդկային մտածողութիւնը. Արիստոտէլի աշխատութիւնները հին յունարէն էին, սակայն անոր գործերը յայտնի էր գրեթէ բոլոր աշխարհին եւ պատճառը թարգմանիչներն էին. այդ իսկ պատճառով թարգմանիչները կարեւոր դեր ունեցան համաշխարհային գրականութեան ձեւաւորման ու տարածման մէջ: Իրականութեան մէջ թարգմանութիւնը արուեստ մըն էր, որովհետեւ միայն բառերու թարգմանութիւն չէր, որ կը կատարէին. անոնք կը թափանցէին գրողի ներաշխարհը եւ բառերու կողքին կը փոխանցէին ոգին, մշակոյթն ու մտածելակերպը, որպէսզի ընթերցողը աւելիով աղերսուի ստեղծագործութեան միտքին, յոյզերուն ու նպատակին հետ:

Գրականութեան մէջ մենք ունեցած ենք փայլուն դէմքեր, որոնք յաճախ այնպիսի հմտութեամբ թարգմանած են օտար աշխատութիւններ, որոնց թարգմանութիւնը աւելի հարազատ ու գրաւիչ եղած է՝ քան մայր օրինակը. օրինակի համար՝ ո՞վ չէ լսած Մուշեղ Իշխանի կատարած «Եթէ» բանաստեղծութեան թարգմանութեան մասին, որ աւելի հարազատ է՝ քան մայր գրութիւնը. տակաւին կարելի է յիշել բազմաթիւ ուրիշներ. ինչպէս՝ գրող ու մանկավարժ Խաչատուր Աբովեանը, որ թարգմանած է յոյն էպոսագիր Հոմերոսի, գերմանացի գրող Կէօթէի, գերմանացի բանաստեղծ Եոհան Շիլլէրի եւ բազմաթիւ ուրիշներու աշխատանքները: Սակայն այս բոլորի կողքին պէտք է հպարտ զգալ նաեւ հակառակ կողմով. օրինակի համար՝ ռուսերէն, վրացերէն եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու թարգմանուած է Խաչատուր Աբովեանի երկերը. ռուսերէնի թարգմանուած է հայ բանաստեղծ Վահան Միրաքեանի, Յովհաննէս Շիրազի եւ բազմաթիւ ուրիշներու աշխատութիւնները:

Կար ժամանակ, որ թարգմանիչը համազօր էր գրողին, որովհետեւ իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւերով իրենց կարեւոր ներդրումը ունէին թէ՛ գրականութեան եւ թէ ընկերային կեանքին մէջ. այսօր եթէ ուզենք, այստեղ կրնանք յիշել մի քանի տասնեակ հայ թարգմանիչներ, որոնք կարեւոր գործ կատարած ու մեծ ներդրում ունեցած գրականութեան մէջ:

Հպարտութեան առիթ պէտք է ըլլայ, երբ տեսնենք հայ գրողի մը աշխատութիւնը արժանանայ օտար թարգմանութեան. օրինակի համար՝ մենք այսօր ինչո՞ւ համար չենք ճանչնար Աղաւնին (Աղաւնի Գրիգորեան), արձակագիր ու բանաստեղծ, որուն աշխատութիւնները արժանացած են ռուսերէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներու թարգմանութեան, որոնց շնորհիւ արժանացած է «Պատուոյ նշան» եւ «Աշխատանքային կարմիր դրօշ», ինչպէս նաեւ «Ժողովուրդներու փարեկամութեան» շքանշաններուն: Ինչպէ՞ս չյիշել Աշոտ Գրաշին, որուն երկերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու:

Յոյսով ենք, որ մեր կրթութեան նախարարութիւնը, Լեզուի կոմիտէն եւ բոլոր միւսները ունենան գիտակցութիւնը դարձեալ բարձրացնելու եւ շեշտելու թարգմանիչներու ունեցած արժէքը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Թարգմանիչն ու գրողը հաւասա՞ր են:

Պատասխան. Թարգմանիչն ու գրողը հաւասար են, որովհետեւ երկուքն ալ կը զբաղին հաղորդակցման արուեստով։ Իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ դերը, որ զիրար կը լրացնէ: Գրողը կը ստեղծէ ինքնատիպ բովանդակութիւն, արտայայտելով գաղափարներ եւ յոյզեր, իսկ թարգմանիչը այդ բոլորը կեանքի կը կոչէ այլ լեզուով, պահպանելով ստեղծագործութեան էութիւնը: Առանց թարգմանիչի գրողի հասանելիութիւնը կը սահմանափակուի, իսկ առանց գրողի՝ թարգմանիչը թարգմանելու աղբիւր չ՚ունենար: Անոնք իրարու հետ կը կամրջեն մշակոյթները եւ կ՚ընդլայնեն մարդկային ըմբռնման հորիզոնները, հանդէս գալով որպէս հաւասար գործընկերներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024