ՉԷԶՈՔ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ՝ որեւէ գաղափար, որեւէ ըմբռնում կամ համոզում, ինքնին արժէք մը չի ներկայացներ, եթէ գործի չվերածուի, ուրիշ խօսքով կեանքի ապրում մը չներկայացնէ։ Բարութիւնն ալ ըստ էութեան լաւ բան մըն է, բայց եթէ բարեգործութեան չվերածուի, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ։ Նոյնն է սէրը. սէրը ինքնին միայն գաղափար մըն է, վերացական զգացում մը, եւ ան ալ եթէ կեանքի մաս չկազմէ, ի՞նչ բանի կը ծառայէ։ Բառարաններու մէջ հազարաւոր բառեր կան, եթէ անոնք միայն բառարաններու մէջ մնան, եւ կամ քայլ մը առաջ երթանք՝ միայն կարդացուին, ի՞նչ արժէք կ՚ունենան առանց խօսակցութեան մէջ գործածելու, կեանքի կոչելո՛ւ…
Ուրեմն, հարկ է «բարի»ին մասին գաղափար ունենալ եւ նաեւ սակայն «բարեգործ» ըլլալ։
Աւետարանին «բարի»ն հեզ անունին ներքեւ ծածկուած է. ահա թէ ինչո՞ւ համար Յիսուս, երանի կու տայ հեզերուն. «Երանի հեզոց, զի նոքա ժառանգեսցին զերկիր». (ՄԱՏԹ. Ե 5). Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։
Արդարեւ, խառնուածքի թուլութիւնը, կազմուածքի տկարութիւնը եթէ խնդրոյ առարկայ է, անոնց հետեւանքով եթէ բարութիւն մը կայ, այդ բարութիւնը հաւասար է իսկապէս դաշտի մը՝ ուր խոտերը ինքնաբոյս են, վաղն ալ կը չորնան եւ որեւէ օգուտ չեն ունենար՝ աննպատակ, աննշան կ՚անցնին կ՚երթան։ Ասիկա չէ՛ մեր նկատած բարին, եւ ո՛չ իսկ կեղծիքի քօղին տակ, գայլի հոգին՝ ոչխարի մորթին մէջ ծրարուած բարութիւնը։
Անգիտակից բարութիւնը որեւէ արժէք չունի բնաւ, հարկ է որ մարդ գիտակցօրէն գործէ «բարի»ն. իմաստուն չար մը աւելի նախընտրելի բարեկամ մը պիտի ըլլար այդ պարագային, քանի խոտի նման բարի մէկը։
Երբեմն կը լսենք մէկու մը մասին, որ կ՚ըսեն. «շատ բարի մարդ է, մարդո՛ւ գէշութիւն չ՚ըներ…»։ Լա՛ւ, այդ «բարի» մարդը բարիք կ՚ընէ՞։ Ահաւասիկ, չարիք չընել, բարի ըլլալ չի նշանակեր, որովհետեւ, արդէն պէտք չէ՛ չարիք ընել, բնական է ատիկա, առաւելութիւն մը չէ՛։ Ահաւասիկ, այդ «չէզոք բարի» մըն է, որ քրիստոնէական բարիք չէ ան։
Ուրեմն ճշմարիտ բարին՝ չարիք չընողը չէ՛, այլ՝ բարիք գործողը։ Այս պարագային դրական պէտք է ըլլալ՝ գործել, բարեգործ ըլլալ։
Աշխարհի տէ՛րն է մարդը. իր տրամադրութեան տակ դրուած տիեզերքին մէջ ամէն բան։ Ան իր հանճարով եւ իմաստութիւնով կը տնտեսէ ամէն բան։ Աստուած այնքան կարեւորութիւն տուաւ մարդուն, որ երկրի կենդանիներուն իւրաքանչիւրին անուն տալ առաջարկեց. բան մը որ մեծ նշանակութիւն ունենալու է մեզի համար։ Մարդ հաւատարիմ ըլլալու է այս կոչումին։
Բարի եւ չար գործերը մարդու խառնուածքէն կախում ունին, եւ մերթ իմաստուն եւ գիտակից չարերու գործերէն կը ծնի բարիք, մինչ տգէտ եւ անիմաստ բարի մարդուն բարի գործ կարծածէն յաճախ կը ծնին չարիքներ։
Աւետարանի «բարի»ն, սակայն, հեզը, գիտակցաբար, գիտակցական բարութեան կիրակումին հեղինակ մարդոց կը տրուի. «Երանի հեզոց. զի նոքա ժառանգեսցին զերկիր»։
Աստուած էապէս բարի՛ ստեղծեց մարդը, եւ անոր տուաւ ամէն տեսակ ազնիւ կարողութիւններ։
Անկումը, սակայն, փոխեց անոր «ճակատագիր»ը, չարին յաղթանակն էր այն, եւ այսօր աշխարհ «գերութեան շղթայ» մըն է մարդուն համար. կապանք մըն է դրուած հոգեկան ամէն ազնիւ ձիրքերուն վրայ, յաւիտենական ստրկութիւն մըն է, որուն ոչ ոք կրնայ ազատութեան ճամբով բանալ, բացի Քրիստոսէ որ տէրն է «ազատութեան» եւ «շնորհ»ներու։ Եւ որպէսզի երջանիկ ապրինք եւ զերծ այդ կապանքներէն եւ պրկումներէն, հա՛րկ է հաւատք ունենալ Անոր վրայ։ Տարտամ մտահոգութիւններ, եւ գռեհիկ պատահարներ, ճիւաղային գործեր եւ քստմնելի արարքներ, աշխարհի շրջանը կ՚ընեն, եւ մարդուն «ճակատագրին» վրայ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն։
Աշխարհ անիծուած թատերաբեմն է ամէն տեսակ չուառութիւններու՝ թշուառութիւններու՝ ուր հաճոյքները թունաւոր են, եւ ուր երջանկութեան մէջ իժեր բոյն դրած են։ Այդ ամէնուն մէջ՝ սակայն՝ հեզերը իրենց մասնաւոր դիրքը ունին, բնաւ չեն կորսնցներ իրենց հաւասարակշռութիւնը, իրենց պաղարիւնութիւնը. եւ քրիստոնէական ողջմտութիւնով կը հանդուրժեն ամէն փորձանքի. ահա այդ հեզերն են, որ բարի եւ բառին լայն առումով քրիստոնեաներն են որ պիտի ժառանգեն երկիրը։
Անդրադառնանք պահ մը մեր անձին վրայ. արդեօք մենք քրիստոնեա՞յ ենք թէ ոչ։
Խնդրական կը մնայ միշտ ան. ու ոչ ոք հաստատապէս կրնայ բան մը ըսել իր իսկ ներքին համոզումներուն մասին։ Մարդիկ միշտ կը սիրեն ծպտեալ պտտիլ, միշտ կեղծել ինքզինքնին, միշտ ուրիշներու առջեւ իրենց գոյնը կը պահեն քօղի տակ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը անոնց համար այնպիսի լոյս մըն է, որմէ կը տկարանան իրենց աչքերը։
Երբեք անձանձրոյթ տարա՞ծ ենք զրկանքներ յանուն ճշմարտութեան։
Խոնարհ եղա՞ծ ենք մեր նմաններուն հանդէպ։ Համբերա՞ծ ենք վիշտերու։ Եղա՞ծ ենք համբերատար եւ հեզ։ Վերջապէս նմանա՞ծ ենք մեր երկնաւոր Վարդապետին։ Թերեւս ո՛չ. եւ հոս է մեր դժբախտութիւնը, որ մեր դատապարտութեան քուէն մեր ձեռքով կու տանք։ Այս ինքնադատ խեցեվճիռը քստմնելի՛ է։ Հեզութիւնը հոգիի ազնուական պտուղներէն մէկն է։
Ո՛չ այն ամէնը՝ որոնք գիտե՛ն, թէ ո՞վ է Յիսուս, պիտի մտնե՞ն Անոր պատրաստած օթեւաններուն մէջ, այլ անո՛նք միայն՝ որոնք նմանած են Անոր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18 2022, Իսթանպուլ