ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԷ.)
Այս յօդուածաշարքին երկարութեան պատճառը այն է, որ յաջողութիւնը հիմնուած չէ մէկ արժէքի կամ երեւոյթի վրայ. յաջողութիւնը բազմաթիւ արժէքներու միախմբումն է. երեւոյթ մը բաւարար է մարդը ձախողութեան առաջնորդելու, սակայն բազմաթիւ երեւոյթներ ու արժէքներ պէտք են մարդը յաջողութեան հասցնելու համար. ձախողելու ճամբուն մասին խօսիլը շատ աւելի դիւրին է, քան յաջողութեան, որովհետեւ մարդկային կեանքին մէջ միշտ ժխտականը աւելի դիւրին է քան դրականը։ Արժանապատուութեան կորուստին մասին այսօր խօսիլը շատ դիւրին է, սակայն դժուար է բացատրել, թէ ինչպէս կարելի է զայն ձեռք բերել:
Յաջողութեան համար անհրա-ժեշտ երեւոյթներէն են կարգապահութիւնը եւ ինքնատիրապետումը։ Յաջողութեան հասնելու համար պէտք է վերահսկել շատ մը ազդակներ. ինչպէս՝ տրամադրութիւնը, բնաւորութիւնը, սովորութիւնները, նախասիրութիւնները. այս բոլորէն վեր պէտք է դասել յամառութիւնը եւ կամքի ներկայութիւնը, առանց որոնց կարելի չէ յաղթահարել մարտահրաւէրները՝ նպատակները իրականութիւն դարձնելու համար: Յաջողութեան հասնիլը եւս մարդուն բնաւորութեան մաս կը կազմէ. մեր այսօրուան բնաւորութիւնը մեր ապագայի յաջողութեան ու ձախողութեան մեծագոյն հայելին է. այս բնաւորութեան պէտք է մաս դարձնել ինքնակառավարումը, որովհետեւ այն մարդը, որ կրնայ ինքզինք ու իր յոյզերը կառավարել, կը յաջողի կառավարել ամէն բան, որովհետեւ ամենէն դժուար բանը նախ սեփական անձը՝ իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ կառավարելն է: Հաւատացէք, որ բնածին տաղանդները եւս մարդը յաջողութեան չեն առաջնորդեր՝ եթէ այդտեղ տեղ չգտնէ աշխատանքը, յամառութիւնն ու պայքարը։ Յաջողութիւնը տրուած է անոնց՝ որոնք ո՛չ թէ բախտին, այլ մարտահրաւէրները յաղթահարելու իրենց ուժերուն կը վստահին. անոնց՝ որոնք առաջին իսկ դժուարութեան դիմաց ընկրկելու փոխարէն ո՛չ թէ ողբալը, այլ պայքարիլը որպէս միջոց կ՚ընտրեն:
Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի ամենէն խելացի մարդիկը չեն, որ յաջողութեան տէր են. այսօր աշխարհը լեցուն է թշուառութեան մէջ տառապող խելացիներով, որովհետեւ խելքը եւս առանձին բաւարար չէ յաջողութեան հասնելու համար. եթէ մարդ խելք ունի՝ սակայն ոչ կամք, իսկ անդին ուրիշ մը կամք ունի՝ սակայն ո՛չ խելք. երկուստեք ձախողներ են: Հաւատացէք, որ աշխարհի վրայ շատ շատեր նահանջած են իրենց յաջողութենէն հազիւ մի քանի քայլ առաջ. պայքարի ամենէն վերջին պահերուն յուսահատելով ձգած են պայքարը, առանց գիտակցելու, որ լուսաբացին մնացած էր շա՜տ քիչ։ Կարողութիւնը յաջողութեան չափանիշն է, սակայն նոյնքան յամառութիւնը, որովհետեւ յաջողութիւնը առաջին վայրկեանէն շատ քիչերու կը տրուի, այդ իսկ պատճառով պէտք է անդադար ուզել ու պայքարիլ:
Ձախողութեան մեծագոյն պատճառներէն մէկը անցեալի յաջողութիւններուն վստահիլն է. նոյն այդ սխալին մէջ գտնուեցայ նաեւ ես. առիթով մը յաջողեցանք մեծ քանակութեամբ պարսկական ապրանք ծախել Հայաստանի մէջ. այդ մէկը տուաւ այն ինքնավստահութիւնը, որ կարելի է ծախել ամէն տեսակ ապրանք՝ նկատի ունենալով որ մէկ անգամ յաջողեցանք. ու այդ անցեալի յաջողութեան վրայ վստահիլը պատճառ եղաւ, որ փորձենք այլ ապրանքատեսակներ. սակայն արդիւնքը նոյնը չէր, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր քայլ կը պահանջէ նոր պայքար, նոր յամառութիւն ու մարտահրաւէրներ. անցեալի յաջողութեան վստահիլը եւ նորին ձախողութիւնը տեսնելը յաճախ մարդը կ՚առաջնորդէ յուսահատութեան. սակայն կը յաջողի ան, որ պայքարելով յարմարագոյն միջոցը կը փնտռէ կացութիւնը փրկելու: Անցեալը պէտք չէ ապաւէն ըլլայ. սակայն յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունի անցեալը՝ եթէ մարդ յաջողած է դասեր քաղել. անցեալը պէտք է ծառայէ որպէս փորձ՝ ներկայի հնարաւորութիւնները աւելիով հասկնալու համար:
Պէտք է համոզուիլ, որ յաջողութիւնը ուրիշները գերազանցել չի նշանակեր. այսօր կը տեսնենք, որ մարդիկ յաջողութեան կը ձգտին պարզապէս այս կամ այն արիւնակիցը եւ կամ բարեկամը «նախանձի» մղելու համար, որովհետեւ մեր յաջողութեան ձգտումը եւս տեղ մը ուրիշը նախանձելէն ծնունդ կ՚առնէ. այդ յաջողութիւն չէ. ճշմարիտ յաջողութիւնը ո՛չ թէ ուրիշներու համար, այլ սեփական անձին արժեւորումին համար կատարուած պայքարն ու ձեռքբերումն է. մարդ պէտք է ինքզինք գերազանցէ եւ ոչ ուրիշները:
Յաջողութեան հասնելու համար պէտք է որոշ աստիճաններ բարձրանանք, սակայն պէտք է գիտակցինք, որ այդ աստիճաններու շինարարները մենք ենք. աստիճանի ամրութիւնն ու թուլութիւնը կախուած է մեզմէ. մենք պիտի բարձրանանք այն աստիճանին վրայ, որ օր մը առաջ շինեցինք, հետեւաբար մեր այսօրը աստիճանն է մեր վաղուան եւ հետեւաբար այսօր ինչքան լաւ պայքարինք ու զարգանանք, աստիճանը այնքան ամուր պիտի ըլլայ. հետեւաբար աստիճանի թուլութեան համար պէտք չէ մեղադրել ուրիշը. պէտք է սեփական անձը մեղադրել ու լաւագոյնը ընել՝ որպէսզի յաջողինք փշրուած աստիճանը դարձեալ վերականգնել ու բարձրանալ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ամէն բան ճիշդ կ՚ընեմ, սակայն դարձեալ կը ձախողիմ. ինչո՞ւ:
Պատասխան. Նոյնիսկ եթէ ամէն բան ճիշդ ընենք, յաճախ ձախողութիւնը անխուսափելի կ՚ըլլայ, որովհետեւ յաջողութիւնը հաստատուած չէ միայն մեր ջանքերուն վրայ. անոր վրայ ազդեցութիւն ունի նաեւ ժամանակն ու հանգամանքները: Անոր մէջ եղած դասերը պէտք չէ փնտռել արդիւնքին մէջ, այլ ընթացքին մէջ պէտք է գտնել զանոնք։ Ձախողութիւնները փաստեր չեն, որ դուք անյաջող էք. ամէն բան ճիշդ ընելով հանդերձ եթէ կը ձախողիք, կը նշանակէ կեանքը բարդ է եւ պէտք է յամառութեամբ պայքարիլ կեանքին դէմ, բազմաթիւ անորոշութիւններ անցընելէ ետք հասնելու համար յաջողութեան:
•շարունակելի…
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024