ՍԷՐԸ ԱՂԲԻ՛ՒՐ ՄԸՆ Է
Աղբիւր մըն է սէրը՝ անվերջ ու անդադար հոսող աղբիւր մը մարդուն սրտէն։ Ոմանք չեն անդրադառնար անոր, կը վատնեն, ոմանք կը զգան անոր գեղեցկութիւնը, բարութիւնը եւ կ՚օգտուին անկէ՝ կ՚երջանկանան ու կ՚երջանկացնեն իրենց շուրջինները։ Այո՛, սէրը անդադար հոսող աղբիւրի մը կը նմանի՝ որուն ակն է սիրտը։ Բայց երբ ցամքի այդ աղբիւրը, անապատի մը կը նմանի մարդուս կեանքը՝ անիմաստ եւ աննպատա՜կ…։
Ճշմարիտ ու անկեղծ սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ՝ սիրոյ անզգայութեամբ կը դադրի զոհողութիւնը։
Եւ ո՛ւր որ զոհողութեան ոգին կը պակսի՝ կը պակսին նաեւ պարտականութեան գիտակցութիւնը եւ յարգանքը մարդկային արժանապատուութեան։ Սէրը ամէն մարդկային յարաբերութիւններու հիմնակա՛ն տարրն է, մանաւանդ ընտանիքի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ ազդակ մըն է։ Սէ՛րն է որ ընտանիքի անդամներ իրարու կը կապէ եւ հետզհետէ կը զօրացնէ այդ կապը՝ հաւատարմութեան, զոհողութեան առաքինութիւններու օգնութեամբ։ Սէ՛րն է որ առողջ յարաբերութիւններու մշակման պատճառ կ՚ըլլայ, մարդկային բոլոր հաւաքական կեանքին մէջ։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, դիտեցէք ձեր շուրջը, հոն պիտի հանդիպիք խաթարուած, պառակտուած, եւ նոյնիսկ քանդուած ընտանիքներու, դժբախտաբար։
Ինչո՞ւ։ Պա՛րզ է պատասխանը. քանի որ ընտանիքը անկեղծ, ճշմարիտ սիրոյ վրայ չէ հաստատուած։
Արդարեւ ընտանիքը, ամուսնութիւնը, տան մը կազմութիւնը երբեք չի նմանիր առեւտուրի նման փոխադարձ շահու վրայ հաստատուած միութեան մը, հապա ընտանիքը կեա՛նք է՝ ապրումներու համադրութիւն մը, սրբազան ու նուիրական միութի՛ւն մըն է։ Անոնք որ այս մտադրութեամբ չեն կազմեր ընտանիք մը՝ ի վերջոյ դատապարտուած են պառակտուած ընտանիքի մը անդամը ըլլալու…։ Մինչ պառակտուած ընտանիքը ոտնակոխ կ՚ընէ ամէն սրբութիւն, ազնուութիւն եւ կը սրբապղծէ բարոյականութիւնը։
Խորհեցէ՜ք, սիրելիներ, որքան ցաւալի՛ է մանուկի մը համար երբ իր իսկական հայրը կամ մայրը չի ճանչնար եւ կամ օտարի նման հեռու կը զգայ իրմէ եւ իր մանկութիւնը կ՚ապրի խորթ մայրով կամ խորթ հայրով։ «Կեանքի իրականութիւնը ա՛յս է» ըսողներ, բնական կը տեսնեն այս երեւոյթը։ Բայց խնդրեմ, իրատես ըլլանք՝ ո՞րն է բնականը, հարազատ ընտանիք մը ունենալ, թէ խաթարուած ընտանիքի մը մէջ չճանչնալ իր հայրը կամ մայրը, օտարներու նման հեռո՜ւ ապրիլ անոնցմէ…։ Երբ կա՛յ «միութիւն» հապա ինչո՞ւ բաժանում։ Ի՜նչ կը զգայ երիտասարդ մը, երբ չի գիտեր թէ՝ ո՛վ է իր հարազատ մայրը կամ հայրը։
Կատարուած վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ մեծամասնութիւն կազմելու բնոյթ ունին այն ընտանիքները՝ որոնք պառակտուած են, քանդուած եւ փոքրիկներ, դժբախտաբար խորթ հայր կամ մայր ունին…։
Այս պարագան, որքան ներկայիս, նո՛յնքան ապագային համար մեծ վտանգ կը սպառնայ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական-ընկերային կեանքին համար։ Ուստի եւ առո՛ղջ սերունդ մը կը հասնի խաղաղ ու ներդաշնակ ընտանիքի մը մէջ՝ միութեան մը մէջ, ուր համաձայնութիւնը եւ մանաւանդ սէրը տիրակա՛ն է։
Արդարեւ հոն՝ ուր սէրը կը պակսի, խաղաղութիւնը կը բացակայի, հոն կարելի չէ՛ որ կազմուի «ժառանգական բարոյական նկարագիր»։ Եւ երբ չկա՛յ ժառանգական բարոյական նկարագիր, ապա ուրեմն անհատը կ՚ենթարկուի «բախտ»ին եւ միջավայրին ազդեցութեան։ Առողջ անհատականութեան եւ հաստատ նկարագրի մը համար անհրաժե՛շտ է՝ խաղաղ եւ սիրով զօրացած միջավայր մը, որուն տիպարն է՝ ընտանի՛քը։
Հարց է, թէ՝ ինչո՞ւ կը քայքայուին ընտանիքները եւ ինչո՞ւ չեն կրնար պահել իրենց միութիւնը։
Անոնք կը քայքայուին, քանի որ չեն հաստատուած հաստատուն հիմերու վրայ։ Թէ որո՞նք են այդ հաստատուն հիմերը. հաւատարմութիւն, համբերատարութիւն, հանդուրժողութիւն, փոխադարձ զոհողութիւն, փոխադարձ յարգանք եւ անպայմա՛ն սէր։ Ուստի այս բոլորը պէտք է ըլլայ տեւական, յարատեւ, թէ ոչ՝ ժամանակաւոր կամ պատեհական սէրը չի կրնար հաստատ պահել ընտանիքը՝ այդ սրբազան ու նուիրական միութիւնը։ Ընտանիքի մէջ երբ անդամներ ունին եսասիրութիւն, մոլութիւններ, անհաւատարիմ են, ինքնամոլ եւ չունին պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, ապա ուրեմն դատապարտուած են պառակտելու եւ քայքայուելու։ Կարեւոր է նաեւ ուրախութիւնը բաժնել՝ անդամի մը ուրախութիւնը եթէ փոխանցուի միւսներուն, որախութիւնը հասարակաց զօրութեան մը՝ ուժի մը կը վերածուի եւ կը զօրանայ ընտանիքը։ Արդարեւ, «բաժնել»ը նախապայմա՛նն է «միութեան»։ Առանց բաժնելու միութիւն կարելի չէ կազմել։ Զոր օրինակ, ճաշասեղանի վրայ գտնուող հացը բաժնել՝ կը նշանակէ սեղանակիցներու միութիւնը կազմել։ Արժէք մը բաժնել՝ աւելի եւս կ՚աւելցնէ յարգը արժէքին, տկարութիւններ կը զօրացնէ, թերութիւններ կը կատարելագործէ։
Բաժնելու գիտակցութիւնը համազօր է զոհողութեան զգացումին։ Բաժնողը կը զոհէ ուրիշին ի նպաստ եւ կը զոհուի իրմէ տալով։ Արդարեւ տալը միշտ կ՚երջանկացնէ մարդը՝ քան առնելը…։
Ընտանիքի մը մէջ եթէ կը պակսի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, կը տիրեն պարտազանցութիւններ, անհաւատարմութեամբ կ՚անտեսուին ընտանիքի անդամներուն իրաւունքները եւ կը վիրաւորուին արժանապատուութիւններ, կարելի չէ՛ խաղաղ միջավայր մը ստեղծել եւ անշուշտ անհաւանական չէ որ ի վերջոյ քանդուի ան։
Անգամ մը որ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն, այսինքն ամուսիններու մէջ սէրը ցամքի, ընտանիքը կը կիսուի՝ երկու մասի կը բաժնուի, կը պառակտուի։
Այնուհետեւ գոյութիւն կ՚առնէ «երկու» անհատ՝ երկու կամք, երկու միտք, երկու հակոտնեայ տեսակէտ։
Մինչդեռ «միութիւն»ը կը պահանջէ համաձայնութիւն, հասարակաց կամք, հասարակաց միտք եւ նոյն ուղղութեամբ տեսակէտ։ Միութիւնը, հասարակաց էութիւն մըն է, անկախ անհատներէ, ուր պէտք է լսուի մէկ ձայն՝ սիրո՛յ ձայնը միայն…։
Եւ այսօր դատարաններ զբաղած են ամուսնալուծման հարցերով։ Տարօրինակ պիտի թուի, բայց կարծես մարդիկ կ՚ամուսնանան ամուսնալուծուելու համար։ Միութիւնը բնական է՝ աստուածային, իսկ պառակտումը, անբնական է եւ սատանայակա՛ն։
Պառակտումը արդիւնք է՝ կամազուրկ, տեսլազուրկ եւ մարմնապաշտ, տկար նկարագիրներու։ Որեւէ նկատում կ՚աւրէ ամուսնութեան նուիրական միութիւնը։
Իսկական ընտանիքը հոգեկան ճարտարապետութեամբ կառուցուած աննիւթական սրբազան կառոյց մըն է։ Խրիմեան Հայրիկ, ընտանիքը կ՚անուանէ առանց ոստիկանի եւ առանց զինուորի թագաւորութի՛ւն մը՝ ուր օրէնքի տեղ, կանոններու փոխարէն սէ՛րը կ՚իշխէ։ Եւ դարձեալ, մեր բանիմաց նախնիները, ընտանիքը կը նկատեն որպէս «առտնին եկեղեցի»՝ ուր դարձեալ կը տիրէ սէր, իմաստութիւն եւ հաւատարմութիւն, այսինքն՝ Աստուա՛ծ Ինք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024