ՍԵՌԵՐՈՒ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկացի հայր մը վերջերս կը բողոքէր, թէ իր հարազատ դուստրը 21 տարեկան ըլլալով հանդերձ կը շարունակէ իրենց հետ նոյն տան մէջ ապրիլ եւ որոշ կարծիքներ կը խնդրէր հանրութենէն, թէ ինչ ձեւով կրնայ համոզել, որ կա՛մ դուրս գայ եւ կամ ալ որպէս չափահաս հաւասարապէս մասնակից դառնայ տան ծախսերուն...։ Եւ չկարծենք, թէ այս մէկը հեռու է մեր իրականութենէն. տարի մը առաջ Հայաստանի գիւղերէն Երեւան ուսումի եկած աղջնակ մը անպայմանօրէն կ՚ուզէր ամուսնանալ, որովհետեւ «ամօթ» մըն էր ուսումը վերջացնելէ ետք դարձեալ հայրական տուն վերադառնալ եւ այդ իսկ պատճառով կատարեց չմտածուած ամուսնութիւն մը, որուն դժբախտութիւնը կ՚ապրի մինչեւ օրս, սակայն հայրական տուն վերադառնալու ամօթէն սարսափելով կը շարունակէ ապրիլ իրեն համար արդէն իսկ իմաստը կորսնցուցած այս կեանքը։

Դժբախտաբար 21-րդ դար ըլլալով հանդերձ նոյնիսկ զարգացած շատ մը երկիրներու մէջ գոյութիւն ունի նախապաշարումներ ու որոշ կաղապարներ, որոնք շատերու կողմէ կ՚ընդունուին իբր անփոփոխ «օրէնք» եւ կը մոռնան, որ կեանքի ընթացքը պնդացած օրէնքներով չէ՛, այլ ազատ ու ինքնակամ որոշումներով կ՚առաջնորդուի։

Առաջին հերթին պէտք է վերացուի յստակ խտրութիւնն ու տարբերութիւնը տղայ եւ աղջիկ զաւակներուն. հակառակ աշխարհի «զարգանալ»ուն տակաւին մարդոց մօտ գոյութիւն ունի այն մտածումը, որ տղայ զաւակն է հիմնականն ու կարեւորը, իսկ աղջիկ զաւակը «բոյն»էն երթալու դատապարտուած է։ Կայ նաեւ հակառակ մէկ կարծիքը, որ աղջկան պէտք է շատ աւելի լաւ նայիլ, որպէսզի «բոյն»էն երթալը արգիլող պատճառ մը չըլլայ եւ այս մէկը մեր՝ հայերուս մէջ եւս գոյութիւն ունի։

Վերջերս հայ մայր մը կը պատմէր իր աղջկան անցուցած դժբախտ մէկ պատահարին մասին ու կ՚եզրակացնէր. «...բարեբախտաբար աչքին բան մը չեղաւ, մանաւանդ որ աղջիկ զաւակ է...»։ Հիմա հարց. եթէ տղուն պատահած ըլլար ոչ մէկ հա՞րց, իսկ եթէ աչքին Աստուած մի արասցէ բան մը պատահած ըլլար... յետոյ ի՞նչ։ «Մանաւանդ որ աղջիկ զաւակ է» արտայայտութեան ետին թաքնուած է հետեւեալ մտածումը. «Եթէ աչքին բան մը պատահէր ու դէմքին վրայ անջնջելի հետք մը ձգէր... ո՞վ անոր հետ պիտի ամուսնանայ», որովհետեւ տակաւին մեր ընկերութեան մէջ ընկալելի չէ այն գաղափարը, որ կեանք մը առանց ամուսնութեան եւս կրնայ գոյատեւել։ Շատ մը ծնողներ համոզուած են, թէ պարտաւորութիւնը ունին իրենց տղայ զաւակներուն ապագան «ապահովելու», որմէ զուրկ կը մնան աղջիկ զաւակները. թիւով շատ են անոնք, որոնք իրենց ամբողջ հարստութիւնը իրենց տղաներուն ժառանգ կը ձգեն՝ հեռու պահելով իրենց աղջիկները այդ բարիքներէն։

Յաճախ հանդիպած եմ ընտանիքներու, որոնք միայն աղջիկ զաւակներով բախտաւորուած են, ինչ որ քիչ մը անբախտութեան տպաւորութիւն ձգած է իրենց վրայ, իսկ անդին հանդիպած եմ ընտանիքներու, որոնք հպարտացած են երեք-չորս տղայ զաւակ լոյս աշխարհ բերելով։

Ծնողներ պարտին իրենց զաւակներուն միջեւ սեռի խտրականութիւն դնելու փոխարէն զանոնք ընդունին որպէս նուէր ու պարգեւ։

Մեր աղջիկ կամ տղայ ծնիլը մեր կամքէն կախեալ իրողութիւն մը չէ։ Բոլորս ալ աղջիկ կամ տղայ ըլլալէ առաջ հոգի ենք եւ մարդ եւ հո՛ն է որ սկիզբ կ՚առնէ մեր հաւասարութիւնը։

Մեր հայ մայրերէն շա՜տ լսած եմ «տղայ զաւակ է, ուզածը կ՚ընէ» արտայայտութիւնը. տեսած եմ, թէ ինչպէս այդ մայրերը ատելութեամբ մօտեցած են իրենց հարսերուն, սակայն նոյն մօտեցումին զոհը երբ իրենց աղջիկները դարձած են՝ սրտնեղած են։

Փորձեցէք բանալ ու կարդալ թրքական ասացուածքները աղջիկ զաւակներու մասին գրուած, որոնցմէ կ՚ուզեմ տալ մի քանի օրինակներ.

1- Աղջիկը չծեծողը ծունկերը կը ծեծէ (Kızını dövmeyen dizini döver)։ Ինչո՞ւ համար «աղջիկ»ը ծեծողը եւ ո՛չ թէ զաւակը. այս առածը կու տայ այն գաղափարը, որ տղան պէտք է ձգել ազատ, ամէն բան կարելի է անոր համար, սակայն աղջիկ զաւակը պէտք չէ ազատ ձգել... ծունկերը խնայելու համար։

2- Տղայ ծնողը թող հպարտանայ, աղջիկ ծնողը թող ողբայ (Oğlan doğuran övünsün, kız doğuran dövünsün). նման տրամաբանութեամբ հասակ առած ժողովուրդ մը ինչպէ՞ս կրնայ գնահատել իր աղջիկները...

3- Տղուն սատանան կինն է (Erkeğin şeytanı kadındır), որովհետեւ տղաները Աստուծոյ «պարգեւ»ն են փաստօրէն։

Ցաւ ի սիրտ, կ՚ապրինք այպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ հինգլուխն ու լայնախոհ մարդը կրնան դուռ-դրացի ապրիլ։ Անցեալին կար հաւաքական-ընդհանուր կարծիք մը... այսօր նոյն տան մէջ իսկ կարելի է գտնել տարբեր համոզումներ ու մօտեցումներ։

Այս բոլորին հակառակ կ՚ըսեմ, թէ երանելի է ան՝ որուն Աստուած աղջիկ զաւակ կը պարգեւէ։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -128-

Ամիսներ առաջ քոյրս նշանեցինք. առաջին իսկ օրէն յայտնեցի, թէ նուազագոյնը երեք-չորս տարի ետք կրնան պսակադրութեան մասին խորհիլ։ Փեսային կողմը քիչ մը զարմացաւ։ Բացատրեցի, թէ աղջկայ մը համար շատ աւելի կարեւոր է ուսումը՝ քան ամուսնութիւնը, որովհետեւ այսօր աշխարհի մէջ շատ են դժբախտ կիները, որոնք ուսում կամ արհեստ չունենալով պարտաւորուած կը շարունակեն ապրիլ իրենց դժոխքին մէջ։

Մինչեւ օրս շատեր կ՚ըսեն «ո՞ւշ չէ...»։ Քոյրս 23 տարեկան է. աւելի լաւ չէ՞ «ուշ»՝ 26-27 տարեկանին ինքնավստահ ատամնաբոյժ որպէս պսակադրուի՝ քան շուտի սիրոյն կորսնցնէ ոսկի ապարանջան։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022