ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ

«Բոլոր գետերը ծովը կը թափին, բայց ծովը չի լեցուիր»։

Ասիկա ճշմարտութիւն է հոգեւոր հասունութեան նկատմամբ։ Սիրելի՜ բարեկամ, պէտք է որոշ վերապահութեամբ մօտենալ Ժողովի Գիրքին։ Հոս կը գտնենք մէկը, որ լրջաբար մտահոգուած է անհասկնալի թուող կարգ մը բնական երեւոյթներով։

Սողոմոն անհաւատ չէր այս գիրքը գտած ատեն, բնութեան անկանոնութիւնները սրբագրելու չ՚աշխատիր, ոչ ալ կը քննադատէ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը, բայց որոշ յոռետեսութիւն մը կը տիրէ իր խորհելակերպին մէջ, եւ զգալի մելամաղձոտութիւն մը իր հոգիին մէջ։ Կարգ մը ճշմարտութիւններ որոնք յստակ են մեզի համար՝ յստակ չէին Հին կտակարանի շրջանին ապրողներուն, օրինակ՝ հոգիի անմահութիւնը։ Մինչդեռ, անմահութիւնը յաւիտենականութի՛ւն է։

Երբ կասկած կը յայտնէ այս մասին՝ այդ շրջանին տիրող գաղափարն է, որ կ՚արտայայտէ։ Ասոր հետ մէկտեղ՝ Ժողովը խորհրդածութեան առատ պաշար հայթայթող Գիրք մըն է։

Թովմաս Քարլայլ՝ 19-րդ դարուն ապրած սկովտացի պատմաբան եւ գրագէտ մըն է։ Ան կ՚ըսէ. «Մարդուն ապերջանկութիւնը վերագրելի է իր մեծութեան։ Իր մէջը կայ անհունութիւն մը, որ հակառակ խելացիութեան՝ չի կրնար զայն թաղել հունաւորին տակը։ Աստուծոյ անհուն տիեզերքը կ՚ուզէ՝ զայն վայելելու եւ գոհացնելու իր փափաքները։ Տուր իրեն տիեզերքին կէսը՝ միւս կէսին տիրոջը հետ պիտի վիճի, եւ ինքզինք յայտարարէ մեծագոյն անիրաւուած մարդը»։

Պարզ լեզուով՝ ըսել կ՚ուզէ, որ մարդ արարածը իր Արարիչէն որոշ անհունութիւն մը ժառանգած է եւ կ՚ուզէ իրականացնել այդ անհունութիւնը, բայց իր միջոցներուն հունաւոր՝ այսինքն սահմանափակ ըլլալը՝ կ՚արգիլեն զինք զայն իրականացնելէ։ Սակայն, այնքան ատեն՝ որ վանդակին մէջ բանտարկուած թռչունը կը փափաքի ազատիլ՝ իր պարտականութիւնը կատարած կը սեպուի։

Աւելի լա՛ւ է մագլցիլ եւ մասամբ յաջողիլ՝ քան թէ լերան ստորոտը նստիլ եւ միւս մագլցողները դիտել։

Այս պատգամը կարելի է ներկայացնել իբրեւ կեանքի դաս մը։ Ծովը կրնանք նկատել իբրեւ խորհրդապատկեր մեր տենչանքներուն, եւ ծով թափուող գետերը՝ իբրեւ այն միջոցները՝ մեր տենչանքներուն հասնելու համար։

Լաւ է ատեն ատեն կենալ եւ աչքէ անցընել մեր պարտութիւնները եւ թէ մեր յաղթութիւնները, մեր ձախողութիւնները եւ մեր յաջողութիւնները։ Կեանքը գործնական դպրոց մըն է, եւ դէպքեր՝ յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ, առաւելութիւններ եւ թերութիւններ, տկարութիւններ եւ զօրութիւններ դասեր կը սորվեցնեն. ամէն դէպք դաս մը՝ փորձառութիւն մըն է։ Ձախողութիւններն են որ մեզ յաջողութեան կը տանին։ Այս մասին, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս սապէս կ՚ըսէ. «Ձախողութիւնները մեզի յաջողութեան տանող սանդուխի մը աստիճաններն են։ Ուստի մեր շուրջը կը գտնուին բազմաթիւ ազդակներ, որոնք մեզ կը դաստիարակեն՝ եթէ աչքեր ունենանք զանոնք տեսնելո՛ւ։ Տեսնելու համար պէտք է դիտել, բայց դիտելու համար պէ՛տք է աչք ունենալ։ Բայց գլխաւոր միջոցը մեզ դաստիարակելու՝ Աստուծոյ հոգին եւ Աստուծոյ խօսքն են։

Կեանքի դէպքերը՝ մեր սորվածները եւ փորձառութիւնները գործնականի վերածելու կը ծառայեն։ «Բոլոր գետերը ծովը կը թափին, բայց ծովը չի լեցուիր»։ Մենք մեր փափաքած տեղը չհասանք տակաւին, մեր երազները չիրականացան տակաւին, սակայն, պատճառ չկայ որ անոնք չիրականանան։

Ասիկա ճշմարտութիւն է մեր ընդհանուր գիտութեան նկատմամբ։ Մարդկային ուղեղը ծով մըն է, որ կ՚ուզէ իմանալ, կ՚ուզէ գիտնալ, կ՚ուզէ ամբարել։ Ինչպէս որ գետերը ծովը կը հոսին, ա՛յնպէս ալ ուղեղը կ՚ուզէ, որ տեղեկութիւններ իր մէջ հոսին։ Ան երբեք քիչով չի գոհանար։ Աչքը տեսնելով չի կշտանար, ականջը լսելով չի կշտանար, միտքն ալ սորվելով չի կշտանա՛ր։

Ուրեմն, պէտք է պաշար հայթայթենք մեր ուղեղին։

Հաւասարակշռեալ հաւատացեալը այն է՝ որ հոգեւոր գիտութեան առընթեր՝ կ՚աշխատի նաեւ աշխարհային գիտութեան տիրանալ։ «Ես միայն Սուրբ Գիրք կը կարդամ»ի դարը անցած է։ Աշխարհ այնքան յառաջացած է բոլոր մարզերու մէջ՝ որ անցած դարձած բաներէն լուր չունենալ՝ մեր արժէքը զգալի կերպով կ՚իջեցնէ մարդկային ընկերութեան մէջ, եւ կը սահմանափակէ մեր օգտակարութիւնը։

Ուրեմն, ընդլայնենք մեր գիտութեան հորիզոնները, եւ քայլ պահենք 21-րդ դարուն հետ։

Գիտութիւն կը նշանակէ՝ բնութիւնը ճանչնալ, եւ բնութիւնն ալ Աստուծոյ յայտնութեան միջոցն է եւ ուրեմն՝ բնութիւնը ճանչնալ, Աստուած ճանչնալ կը նշանակէ։ Գիտութեամբ ալ Աստուծոյ հասնիլ կարելի է։ Կեանքը՝ փողոց մըն է, չարն ալ, բարին ալ կ՚անցնի, կարեւորը բարի՛ն կարենալ ընտրելն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 20 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2023