ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդկային բնութիւնը եւ կրօնը համապատասխան ըլլալու եւ համընթաց ընթանալու համար պայմա՛ն է ներդաշնակել այս երկուքը, եւ այն ատեն է, որ կրօնը օգտակար տարր մը կ՚ըլլայ մարդուն համար։ Կրօնին նպատակայարմար գործածութիւնն է, որ մարդս կ՚երջանկացնէ հոգեպէս եւ ան կը ծառայէ մարդուն վերջնական երանելութեան։ Ուստի կրօնի աննպատակ եւ սխալ գործածութիւնը՝ փոխանակ օգտի, վնաս կը պատճառէ մարդուս, քանի որ ան հակառակ դիրք կը գրաւէ մարդկային բնութեան։
Ուրեմն կ՚արժէ՛ խորհիլ եւ խորհրդածել, թէ ինչպէ՞ս քակելու է մարդկային ընկերութիւնը. զոր օրինակ, ամուսիկը թողո՞ւ իր կինը, եւ կամ լուսաւոր քաղաքներ ամայանա՞ն եւ ընկերական քաղաքակիրթ կեանքի հանգստաւէտութիւնը, վայելքը եւ ուրախութիւնները մոռնա՞ն՝ անապա՞տ վազեն՝ նախնական ու վայրենի կեանք մը ապրելու համար հոն։ Ա՞յս է որ կը պատուիրէ կրօնը մարդուս՝ որպէսզի երջանիկ ըլլայ, երանելի՜ կեանք մը ապրի։ Անպայման նեղութեան ու զրկանքի մէջ պէտք է փնտռէ՞ մարդ երջանկութիւնը։
Երբ այսպէս կը հասկցուի կրօնը, ուրեմն այս կեանքի ուրախութիւնները եւ վայելքն ալ մարդու համար չե՞ն։
Բնութիւնը, ստեղծագործութեան շրջանէն իսկ չի՞ հրաւիրուիր, որ այս երկրի վրայ պատրաստած կերակուրները եւ ամէն ինչ մարդը օգտագործէ եւ վայելէ։ Եւ բռնակալ մը չէ՞ այն, որ կ՚ուզէ մարդը չքաւոր եւ անօթի, նստեցնել բնութեան այս մեծ ու ճոխ սեղանին շուրջ։
Սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ իր բանականութեամբ պէ՛տք է զանազանէ օգտակարը եւ վնասակարը. աստուածպաշտութեան երեւոյթին տակ այնպիսին, բնութեան սուրբ դիտաւորութեան դէմ չի՞ մեղանչեր։
Թերեւս կրօնը ա՛յս կերպ կ՚անպատուուի, կ՚անարգուի մէկէ մը՝ որ զայն սխա՛լ հասկցած է եւ նոյն սխալը կը շարունակէ զայն սխալ գործադրելով։
Եւ ահաւասիկ հոս կը յայտնուի «չափաւորութեան» կարեւորութիւնը։ Ուստի ի զուր չէ ժողովրդական իմաստութեան արտայայտութիւնը երբ կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւնը կէս աստուած է»։ Այս կը նշանակէ՝ թէ չափաւորութիւնը Աստուծոյ նկարագիրն է, բնութեան պահանջքը եւ ուրեմն երջանկութեան ազդա՛կը։
Կրօնը երբ սխալ կը հասկցուի, երբ կը շեղի իր իսկական նպատակէն, ինչպէս ըսինք, այլեւս օգտակար չի կրնար ըլլալ մարդուն, այլ վնաս կը պատճառէ։
Սա պէտք է նկատի ունենալ. կրօնը մարդուն երջանկութեան համար «միջոց» մըն է եւ ըստ այնմ պէ՛տք է օգտագործել զայն, բայց երբ ան կը վերածուի նպատակի, եւ մարդը կրօնին առարկան կ՚ըլլայ, մարդը կրօնին համար գոյութիւն ունի, կը կարծուի, ահաւասիկ հոն կը յայտնուի ամենէն վտանգաւոր ու վնասակար երեւոյթը մարդկային ընկերութեան համար, որ է կրօնամոլութիւն՝ մոլեռանդութի՛ւն։ Եւ ճշմարիտ կրօնին ամենէն շատ վնաս պատճառողները զայն սխալ գործածող կրօնամոլները եւ մոլեռանդներն են։
Ճշմարիտ կրօնը կը պաշտպանէ մարդկային արժանապատուութիւնը, կը յարգէ մարդը, քանի որ ան ի վերջոյ աստուածային է՝ Արարչին արարածը, ստեղծուած Իր նմանութեամբ եւ Իր պատկերով։
Ճշմարիտ կրօնը հանդուրժողութեան կարեւորութիւն կ՚ընծայէ, քանի որ ան ո՛չ թէ մարդը կորսնցնելու, այլ զայն ապրեցնելու համար կա՛յ։ Կրօնը պատիժներ սահմանող դրութիւն մը չէ, այլ ուղեցոյց մը, բացատրագիր մը, եւ կամ դեղագիր մըն է, եւ նպատակ ունի կեանքը պահպանելու, բարելաւելու՝ փոխանակ զայն քանդելու, կործանելու։ Եւ երբ կրօնը կ՚ըմբռնուի իր իսկական ու ճշմարիտ իմաստով՝ այն ատեն է որ կը հասնի իր նպատակին եւ օգտակար կը հանդիսանայ մարդուն՝ որ կրօնին նպատակն է։
Մոլեռանդութիւն եւ կրօնամոլութիւն ամենամեծ ու ամենավտանգաւոր թշնամիներն են ճշմարիտ կրօնին՝ արգելքներ, խոչընդոտներ։ Մոլեռանդութիւն եւ կրօնամոլութիւն կը խափանեն ճշմարիտ կրօնին շիտակ ճամբաները, կը մերժեն եւ կ՚ուրանան անոր բարիքները։ Եւ ուրեմն «չափաւորութի՜ւն…»։
Չափաւորէ՛, ո՜վ մոլեռանդ, ո՜վ անհամբեր, այս անմիտ տրտունջները. պէտք է անդրադառնաս, որ ճշմարիտ կրօնը կը կատարելագործէ եւ կը սրբացնէ բնութեան օրէնքները, զանոնք ո՛չ կը խորտակէ, ո՛չ ալ կը վերցնէ։
Եւ դարձեալ, ճշմարիտ կրօնը լուսաւորութիւն է մարդկային հոգիներու, միտքերու, իսկ կրօնամոլութիւնը եւ մոլեռանդութիւնը մարդս կը տանի խաւարամտութեան եւ անորոշութեան՝ ուր հոգիներ ու միտքեր կը խորտակուին, կը խաւարին ու ի վերջոյ կորուստի կը մատնուին։
Սակայն «բնութիւն» պէտք չէ կոչել, ի՛նչ որ սխալը եւ յանցանքն է մարդո՛ւն։ Զոր օրինակ. բնութիւնը կը յորդորէ, թէ ո՛վ որ անօթի է եւ ծարաւ, պէ՛տք է նորոգէ իր մարմինին տկարացած ուժերը։ Ուստի «վերանորոգում»ը բնական է եւ պայմա՛ն կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար։ Աստուած երբեք չ՚ուզեր որ կորստեան մատնուի մարդը, այլ կ՚ուզէ որ ապրի եւ կեանքը շարունակէ, ինչպէս ամէն հայր կը կամենայ իր զաւկին համար։ Ո՞ր հայրը կ՚ուզէ որ նեղութեան մատնուի եւ կորսուի իր զաւակը, հապա Աստուա՞ծ…։
Եւ ահաւասիկ հոս է դարձեալ «չափաւորութեան» կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։
Մարդ անյագօրէն կ՚ընտրէ կերակուր մը, որ շատ հաճելի է իրեն, որ սակայն զինք կը հիւանդացնէ, ծայրայեղութեամբ՝ ըմպելին ալ թոյնի կը վերածէ, այս կերպով մարդ կրնայ վնասի փոխել այն ամէն ինչ, որ բնութիւնը տուած է իրեն օգտագործելու համար, որոշ սահմաններու մէջ՝ չափաւորութեա՛մբ։
Արդ, մարդ եթէ գանգատի «անմեղ» բնութեան դէմ, ասիկա արդարութի՞ւն է, իրաւացի՞ է, քանի որ բնութիւնը տուած է ամէն բարիք, տրամադրած է ամէն միջոց, որպէսզի օգտագործուի մարդ, բայց միայն այն պայմանով, թէ ան պէտք է պատշաճօրէն, չափ ու կշիռ ունենալով, օգտակարին ու վնասակարին սահմանները լա՛ւ ճանչնալով՝ առանց չափազանցութեան եւ առանց ծայրայեղութեան։
Եւ ահաւասի՛կ, երբ կը բոլորենք Մեծ պահքի շրջանը՝ զայն օգտագործենք չափաւորութեան սահմաններուն մէջ, առանց ծայրայեղութիւններով տարուելու, օգտուելու համար եւ ո՛չ վնասուելու։
Դարձեալ յիշենք ճշմարիտ կրօնով ապրելու եւ կրօնամոլութեամբ ու մոլեռանդութեամբ բնութեան վայելքներէն զուրկ մնալու տարբերութիւնը։
Անգամ մըն ալ խորհինք այս մասին՝ սիրելի՜ներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 15, 2016, Իսթանպուլ