ԳԱՂԱՓԱՐ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ընդհանրապէս կարելի է հանդիպիլ մարդոց՝ որոնք ամէն հարցի մէջ միջամուխ ըլլալու սովորութիւն մը ունին։ Ամէն ատեն, ամէնուրեք կարելի է տեսնել անոնք, որ տեւական «գաղափար» կը յայտնեն, շարունակ կը խօսին, կը քննադատեն, բայց երբ կարգը գործելու կու գայ՝ ո՛չինչ կ՚ընեն։
Անշուշտ խորհիլ, մտածում յղանալ եւ խօսիլ՝ ամէն բանաւոր էակի, այսինքն մարդու իրաւունքն է, ազատ է՝ կը խորհի եւ խորհածը կ՚արտայայտէ, կը խօսի, ասիկա բնական է։ Բայց այդ «ազատութիւն»ը որոշ չափ մը, սահման մը ունենալու է, ինչպէս ընդհանրապէս ամէն ազատութիւն սահման մը ունի եւ պէ՛տք է ունենայ։ Այս ազատութեան սահմանը կ՚որոշուի ուրիշ «ազատութիւն»ներու գոյութեամբ եւ ուրիշներու ազատութեան եւ իրաւունքի սահմանով։ Ո՛չ մէկ ազատութիւն եւ ո՛չ մէկ իրաւունք անսահման է. այլապէս «քաոս», այսինքն խառնակ դրութիւն մը կը ստեղծուի։ Եւ ո՛չ մէկ ազատութիւն ուրիշ ազատութենէ մը գերադաս է եւ նոյն կարգի ո՛չ մէկ իրաւունք նախամեծար է ուրիշ իրաւունքի մը նկատմամբ։ Իրաւունքը եւ ազատութիւնը կը հակակշռուի իրաւունքով եւ ազատութեամբ։
Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով, ազատութեան եւ իրաւունքի արգելակ մըն է՝ հանրային օգուտը, հանրային ապահովութիւնը։ Մտածում մը երբ կը վերածուի խօսքի՝ անիկա արտայայտելու ազատութեան եւ իրաւունքի սահմանն է՝ հանրային օգուտը։ Այդ խօսքը պէտք չէ վնաս պատճառէ հանրութեան, ընկերութեան։
Ազատութեան եւ իրաւունքի սահմաններէն մին ալ՝ անհատական արժէք մըն է. մարդկային արժանապատուութիւնը։ Մարդու արժանապատուութիւնը վիրաւորող ամէն խօսք ներհակ է ազատութեան եւ իրաւունքի վայելումին։ Մա՛րդ ազատութիւնը պատրուակելով չի՛ կրնար ուրիշի մը արժանապատուութիւնը վիրաւորել՝ անձնական իրաւունքի վնաս հասցնել։
Իրաւունքի եւ ազատութեան սահմանները կ՚որոշուին ընկերային ընդհանուր բարոյական-աւանդական կանոններով, օրէնքներով եւ խիղճով։ Ուստի բարոյական ընկերային սովորութիւնները եւ օրէնքներու կրնայ հակառակ չըլլալ ազատութեան մը գործածութիւնը կամ իրաւունքի մը վայելումը, բայց կրնայ խղճահարութիւն պատճառել ենթակային։ Այդ պարագային ալ ազատութեան եւ իրաւունքի շահագործում մը կարելի է նկատել եւ ետ քայլ առնել անոնց գործածութենէն եւ վայելումէն։ Արդարեւ, եթէ տարակուսելի վիճակ մը կայ, նախընտրելի է հրաժարիլ եւ չգործածել ազատութիւնը։
Թէ ի՛նչ է ազատութիւնը։ Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։
Մարդ էակին մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մարդուն երանութիւնը։
Արդարեւ, այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս հաստատուած չէ իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «բարին կամ չարը ընտրել»ու՝ բարիին կամ չարին միջեւ ընտրութիւն մը կատարելու, հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու։ Այս իմաստով, ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէ՛ս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի, արժանիքի եւ կամ անարժանութեան, օգտակարի կամ վնասակարի։ Ուստի մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, այնքան աւելի՛ ազատ կ՚ըլլայ, ինչպէս նաեւ որքան հնազանդ ըլլայ, ա՛յնքան ազատ կրնայ գործել եւ շարժիլ։
Բայց ազատութիւնը մարդս կը դարձնէ պատասխանատո՛ւ իր ամբողջ արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք կամովին են։ Յառաջդիմութիւնը առաքինութեան մէջ, ճանաչումը բարիին եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն ի՛ր արարքներուն վրայ։ Արարքի մը հանդէպ յանցապարտութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կրնան նուազիլ, նոյնիսկ ջնջուիլ տգիտութեան, անուշադրութեան, բռնութեան, վախի, սովորութեան, անչափաւոր հակումներուն եւ հոգեկան, անհատական կամ ընկերային այլ ազդակներու պատճառով։
Ազատութիւնը կը կիրարկուի մարդկային արարածներուն յարաբերութիւններուն մէջ։ Մարդ ի ծնէ ունի բնական իրաւունքը՝ ճանչցուելու իբրեւ «ազատ» եւ «պատասխանատու» էակ։
Ազատութեան, իրաւունքի մասին այս խորհրդածութիւններէն ետք, դառնանք մեր բուն նիւթին։ Մարդ, որոշ սահմաններու մէջ, անշուշտ ունի խորհելու եւ խօսելու, արտայայտուելու եւ կարծիք յայտնելու ազատութիւնը, որ իր բնական իրաւունքն է։ Սակայն այս մասին պէտք է նկատի ունենալ կարգ մը չափանիշներ եւ կարգաւորութիւններ։ Զոր օրինակ, սխալը կարելի չէ՛ սրբագրել ուրիշ սխալով մը, աղտը չի՛ մաքրուիր աղտոտ ջուրով, ծուռը չի շտկուի՛ր ուրիշ ծուռով մը։ Բոլոր այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ՝ մարդ երբ մէկը կամ իրողութիւն մը կը քննադատէ, նախ ինք պէտք է շիտակ ըլլայ, ինք պէտք է քննադատածէն աւելի լաւ, աւելի բարձր, գոնէ անոր չափ ու հաւասար ըլլայ՝ հակադրած նիւթին մասին դրական տեղեկութիւններ, ծանօթութիւն եւ գիտութիւն ունենայ։ Հոս մատնանշենք «գաղափար»ի եւ «կարծիք»ի տարբերութիւնը, թէ՝ գաղափարը, մտքի մէջ վերացական բանի մը պատկերացումն է, խորհուրդ է, միտք է։ Իսկ կարծիքը տեսակէտ մը՝ հայեցակէտ մըն է։
Այս իմաստով՝ գաղափարը առարկայական արժէք մըն է, իսկ կարծիքը՝ ենթակայակա՛ն։ Ուստի «գաղափար»ը աւելի լայն ընդունելութեան արժանի միտք մը, «կարծիք»ը՝ աւելի նեղ, աւելի՛ սահմանափակ մտածումի մը արտայայտութիւնն է։
Ուրեմն, գաղափար յայտնելու ատեն մարդ պէտք է ունենայ աւելի լայն գիտութիւն, մասնագիտութիւն, իսկ կարծիքը յայտնած ժամանակ՝ բաւարար տեղեկութիւն։
Ընդհանրապէս երբ ընկերային-հասարակական հարց մը ծագի, շատեր այդ մասին «կարծիք» կը յայտնեն, բնական է ասիկա։ Բայց կարծիքը երբեք հանգամանօրէն՝ իրաւասութեամբ խօսուած խօսք մը չէ՛, ինչպէս ըսինք, ենթակայական է եւ միայն ենթական կը հետաքրքրէ եւ թերեւս իրեն համակիր մի քանի հոգի։
Իսկ գաղափարի արտայայտութիւնը հանգամանօրէն, իրաւասութեամբ, մասնագիտութեան վրայ հիմնուելով խօսուած խօսք մըն է։ Գիտութիւն կը պահանջէ։
Այս իմաստով իրա՛ւ է այն խօսքը, թէ՝ առանց գիտութեան գաղափար գոյութիւն չ՚ունենա՛ր, մակերեսային տեղեկութիւններով գաղափար յայտնել, պարզապէս «յանդգնութիւն» է՝ չափ ու սահման չգիտնալ, ինչ որ վնաս կը պատճառէ ամբողջ հասարակութեան։
Ամբողջ կեանքին մէջ հազիւ մէկ կամ երկու անգամ եկեղեցի գացող մէկը, ան ալ պատահաբար, ընկերային-համայնքային գործունէութեան անծանօթ, հաստատութիւններու պատմութեան եւ գործելակերպին անտեղեակ մէկը կրնա՞յ գաղափար յայտնել անոնց մասին։ Ներկան գիտնալու համար, նախ պէտք է անցեալը գիտնալ, անցեալը գիտնալու համար պէտք է պատմութիւնը լաւ սերտած ըլլալ, այլապէս մակերեսային, հարեւանցի, հպանցիկ տեղեկութիւններով, պարզապէս լսուածներէ տպաւորուելով գաղափար յայտնել՝ հանգամանօրէն արտայայտուիլ, առնուազն գիտութեան հանդէպ անարգանք է եւ նախատի՛նք։
Բայց այս չի նշանակեր, որ անոնք չեն կրնար իրենց համեստ կարծիքը յայտնել, քանի որ անոնք ալ ընկերային հարցերու լուծման, իրենց չափով մասնակցելու եւ գործակցելու իրաւունքը ունին եւ խորհելու եւ խօսելու ազատութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։
Կարեւորը՝ ինքնաճանաչութիւնն է. գիտնալ իր չափն ու սահմանը, գիտակցութիւնը ունենալ գիտցածին եւ չգիտցածին եւ ըստ այնմ շարժիլ։
Եւ ինչպէս ըսինք, քննադատութիւնը պէտք է հիմնուի ճշմարիտ գիտութեան վրայ, երեւակայական եւ մակերեսային տեղեկութիւններով յայտնուած ամէն գաղափար եթէ ո՛չ վնասակար, բայց անօգուտ կը մնան եւ ժամանակի վատնում կ՚ըլլան եւ մանաւանդ իրապէս օգտակար գաղափարներու արգե՛լք կը հանդիսանան։
Մինչդեռ երբ մարդ միայն իր լա՛ւ գիտցած, փորձառութիւն ունեցած, մասնագիտութեանը սահմաններուն մէջ յայտնէ իր կարծիքը՝ որուն կարելի է ըսել «գաղափա՛ր», շատ աւելի օգտակար կը հանդիսանայ ընկերութեան, հասարակութեան։ Արդարեւ, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, հասարակական ծառայութեան մէջ ալ չափաւորութիւնը անհրաժե՛շտ է։
Հարցը, վերջապէս, ինքնաճանաչութեան եւ իրաւունքի եւ պարտականութիւններու ներդաշնակութեան խնդիր մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 18, 2017, Իսթանպուլ