ՏՈՒԳԱՆԵԼՈՒ ԼԱ՛Ւ ԱՌԱՋԱՐԿ

Մեր Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, հակառակ յայտարարելով թէ «ժողովուրդը տուգանքի առարկայ չէ՛», կը շարունակէ ամէ՛ն ձեւով տուգանել արդէն իսկ թշուառութեան մէջ ապրող իր քաղաքացիները, որոնք «շունչ քաշել»ու համար կը սկսին երկրէն դուրս՝ դէպի «ազատութիւն» ու «հանգստութիւն» տանող ճամբան փնտռել:

Չեմ գիտեր դուրսի երկիրներու մէջ ինչ է պարագան, սակայն Հայաստանի մէջ ոստիկանի ներկայութիւնը ակամայ վախ կը յառաջացնէ՝ փոխան ապահովութեան ու հանգստութեան, որովհետեւ անոնք սխալը չեն տեսներ՝ այլ կը ստեղծեն:

Երկու շաբաթ առաջ պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեան Ազգային ժողովի մէջ յայտարարեց, թէ աւելի քան 500 հազար վարորդ տուգանուած է անցնող տարուան ընթացքին. 2.9 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրի մը մէջ 500 հազար տուգանք. եթէ պահ մը պատկերացնենք, թէ մէկ միլիոնը տարեցներ են, միւս կէս միլիոնը երեխաները. մնացած մէկ միլիոնն ալ իգական սեռի պատկանող կամ մեքենայ չունեցողներ. փաստօրէն ամէ՛ն մարդ տուգանուած է Հայրենիքի մէջ:

Ներկայ պետութիւնը կը տուգանէ հայհոյելու համար, փակ տարածքներու մէջ ծխելու համար, Երեւանի որոշ հատուածներու մէջ մեքենան կեցնելու համար՝ նոյնիսկ մարդ իջեցնելու նպատակով:

Տուգանքներ մի՛շտ ալ եղած են. գրեթէ ամէն պետութիւն ունեցած է իր տուգանելու պատճառը, որ սխալը կանխելէ աւելի պետութիւնը հարստացնելու կը ծառայէ: Սակայն շատ անգամ կը հանդիպինք հետաքրքրական օրէնքներու. անոնցմէ մէկուն հանդիպեցայ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի երեքշաբթի, 12 յունուար 1926-ի Ա. էջին մէջ. թերթը «Թուրքերէնի տպաւորիչ հանգամանքը» խորագիրին տակ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը կը փոխանցէ. «Փողոցներուն մէջ թուրքերէն պիտի խօսուի. Ազգային մեծ ժողովին յղուած օրինագիծ մը. անսաստողներէն տուգանք պիտի առնուի»:

ԺԱՄԱՆԱԿ կը յայտնէ. «Ազգային մեծ ժողովին յանձնաժողովները այս պահուս ուսումնասիրելու վրայ են Ուրֆայի երեսփոխան Րէֆէթ Պէյի ներկայացուցած մէկ օրինագիծը, որով պարտաւորիչ կը հռչակուի թուրքերէն խօսիլ: Օրինագիծը կ՚ըսէ.-

«Թուրք Հանրապետութեան փողոցներուն մէջ թրքահպատակներուն գործածած լեզուն թուրքերէն պէտք է ըլլայ: Փառաւոր պարտականութիւն մըն է ապահովել այս նուիրական լեզուին գերակշռութիւնը եւ տարածումը: Բայց ցաւով կը դիտուի որ մեր հայրենիքին շատ մը վայրերուն, նոյնիսկ Էնկիւրիի մէջ տարբեր լեզուներ կը խօսուին: Աններելի է ուրիշ լեզու գործածել թուրքերէն գիտնալէն ետքը: Բնական է որ հանրապետական կառավարութիւնը աչք չպիտի գոցէ այսպիսի պարագաներու առջեւ, որ կը վիրաւորեն ազգային գիտակցութիւնը: Մեր պարտականութիւնն է, եւ մեր գոյութեան տեսակէտով, բացի հարկեցուցիչ պարագաներէ, թոյլ չտալ թուրքերէնէ զատ ուրիշ լեզուի գործածումը: Քաղաքապետական շրջանակներուն կողմէ գանձուելիք տուգանքները պիտի ապահովեն այս նպատակը: Հետեւաբար ձեզի կը ներկայացնեմ հետեւեալ օրինագիծը.-

«Յօդ. Ա.- Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ, բացի հարկեցուցիչ պարագաներէ, արգիլուած է Թուրքերէնէ զատ ուրիշ լեզու գործածել:

«Յօդ. Բ.- Անսաստողները ամէն անգամուան համար, իբր պատիժ պիտի վճարեն մէկ ոսկիէն մինչեւ 20 ոսկի:

«Յօդ. Գ.- Այս առթիւ գանձուած տուգանքի գումարները կը պատկանին տեղական թաղապետական շրջանակներուն»:

Իւրաքանչիւր տուգանքի նպատակ ո՛չ թէ հարստանալ, այլ բան մը սրբագրել պէտք է ըլլայ. երանի՜ 1926 թուականին Թուրքիոյ մէջ քննարկուած այս օրէնքը ի գործ դրուէր մեր Հայրենիքին մէջ. սկսելով ազգային ժողովի ադամներէն մինչեւ պետական մարմնի ներկայացուցիչներ ամսեկան դրութեամբ մեծամեծ գումարներ վճարելու պարտաւորութիւնը կ՚ունենային, եւ գուցէ այդ ժամանակ սորվէին որ հայերէն «հիւանդանոց» բառը գոյութիւն ունի՝ «հոսպիտալ»ի տեղ:

Նման օրինագիծի մը դիմաց կը սնանկանայինք, որովհետեւ մեր խօսած հայերէնին կէսը թրքերէն, արաբերէն, ռուսերէն ու ի՛նչքան լեզու որ գիտէք է՛:

Յունաստան ապրած ժամանակ ներկայ գտնուած եմ հայկական գաղութին առընչուող ժողով-հանդիպման, ուր հայ գաղութի մտահոգութիւններն ու խնդիրները արծարուած են յունարէն լեզուով. օտարին լեզուով ու մտայնութեամբ կառավարուող գաղութ մը ինչքանո՞վ հայ կրնայ մնալ:

Եթէ հայերէնը աղաւաղող ամէն անձէ տուգանք վերցուէր եւ այդ հաւաքուած գումարը ի գործ դրուէր հայ լեզուի ու գրականութեան զարգացման, այսօր շատ աւելի տարբեր ու փայլուն պիտի ըլլար մեր մշակութային արժէքներու վիճակը, որովհետեւ այսօր գրեթէ ամէ՛ն բանի համար գումար կայ, սակայն երբ հերթը հասնի գիր-գրականութեան, մամուլի ու արուեստի, կ՚անյայտանան այդ գումարները:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԼԱԼԱՅԵԱՆ
(1864-1931)

Մեր թուականէն 91 տարիներ առաջ՝ 24 փետրուար 1931-ին Երեւանի մէջ մահացած է ազգագրագէտ, բանահաւաք եւ հնագէտ Երուանդ Լալայեան:

Լալայեան ծնած է 13 մարտ 1864-ին, Կիւմրիի մէջ. նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա մեկնած Թիֆլիզ՝ Ներսիսեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1885 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Կիւմրիի մէջ: Բարձրագոյն ուսումը վերջացնելու համար մեկնած է Ժընեւ, ուր աւարտած է տեղի համալսարանի հասարակագիտական բաժինը։ Այդտեղ Լալայեան ստացած է ընկերային գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան: Բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, 1895-1897 տարիներուն մեկնած է Շուշի եւ տեղի թեմական դպրոցներէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն: Լալայեան ժամանակի յայտնի դէմքերու՝ Մանուկ Աբեղեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Թորոս Թորամանեանի եւ ուրիշներու հետ 1896 թուականին հիմնած է «Ազգագրական Հանդէս»ը, որմէ չորս տարիներ ետք՝ 1900 թուականին Թիֆլիզի մէջ հիմնած է Ազգագրական հրատարակչական ընկերութիւնը: «Ազգագրական Հանդէս»ի մէջ Լալայեան հանդէս եկած է «Վարանդա», «Սիսեան», «Ղափան», «Գանձակի գաւառ», «Վայոց Ձոր», «Վասպուրական», «Զանգեզուր» եւ այլ աշխատութիւններով եւ յօդուածներով: Լալայեան եղած է յայտնի բանահաւաք. զանազան վայրերէ հաւաքած ու հրատարակած է արժէքաւոր բանահիւսական նիւթեր, որոնք տպուած են «Ազգագրական Հանդէս»ի մէջ եւ ապա առանձին հրատարակութիւններով լոյս տեսած։ Անոնցմէ են «Ջաւախքի բուրմունք»ը, «Մոլլա-Նասրէտտինը», «Պառավաշունչ»ը եւ ուրիշներ: Շրջելով Հայաստանի գաւառներն ու գիւղերը գրի առած է բազմաթիւ հեքիաթներ, առակներ ու առածներ:

Լալայեան գրական ստեղծագործութիւններուն կողքին կատարած է նաեւ պեղումներ, որոնց մասին կատարած ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած է «Դամբարանների պեղումները Խորհրդային Հայաստանում» աշխատութեան մէջ: Կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ, հայերէնի թարգմանելով ֆրանսացի եւ ռուս գրողներու շարք մը գործերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022