«ԱՆԳԼԵՐԷՆ» ԿԱՐԴԱՑՈՂՆԵՐԸ
Մեր թուականէն 83 տարիներ առաջ՝ կիրակի, 19 մարտ 1939 թուականի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Բ. էջին մէջ Յ. Ք. Սիլվան անունով հեղինակ մը «Ձայնասփիւռի ալիքներուն մէջէն» խորագրեալ յօդուածին մէջ հետեւեալ մտահոգութիւնը կը յայտնէր. «Եօհաննէս Կիւթէնպէրկի գիւտը նահանջելու վրայ է: Տպագրուած ու համր գիրքերը հետզհետէ տեղի կու տան...»:
Եթէ 83 տարիներ առաջ հոգեվարքի մէջ էին գիրքերը, այսօր պարզապէս անոնց հոգեհանգիստն է որ կ՚ընենք, որովհետեւ այդ նահանջին վերջ չդրուեցաւ, այլ աւելի զարգանալով հիւծող հիւանդութեան մը նման աւելի վատթարացաւ:
Թէեւ այսօր բացայայտ է կարդացողներու պակասը, սակայն ստեղծուած է այլ ախտ մը՝ մանաւանդ ներկայ հայ երիտասարդութեան մէջ: Ներկայ երիտասարդութեան մէջ ձեւով մը դարձեալ վարած է կարդալու հանդէպ սէրը, սակայն հետեւեալ պայմանով. անոնց կարդացածը պէտք է ըլլայ անգլերէն լեզուով: Հանրային փոխադրամիջոցներու, սրճարաններու մէջ սկսած եմ նկատել երիտասարդներ, որոնք կը կարդան, սակայն ո՛չ հայերէն: Անցեալ օր երիտասարդ մը իր անգլերէն գիրքը մոռցած էր իր հետ բերելու. Նեղացաւ: Կատակելով ըսի՝ «ըսէ ինչի մասին է, պատմեմ»: Ծաղրի առնելով ըսաւ՝ քու կարդացածներդ «հայերէն են». հեգնանք մը կար այդ տողերուն մէջ: Ուրկէ՞ այն համոզումը, որ հայկական գրութիւններն ու տպագրութիւններ անորակ են համեմատած այն օտար գրականութիւններուն հետ՝ որոնց որակէն աւելի անունը մեծ է պարզապէս:
Անոնց հայ գիրքի հանդէպ ատելութիւնը փաստերէ աւելի տպաւորութեան վրայ հիմնուած է. այս օրերուն անգլերէն կարդացող հայ մը իր շուրջիններուն «զարգացած» ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէ. Տան Պրաուն կարդալը աւելի տպաւորութիւն կը գործէ, քան Իսահակեան կամ Ահարոնեան կարդալը:
Առանց կարդացած կամ ծանօթացած ըլլալու անոնց մտային կարողութեան ու գրականութեան, «լաւ չէ»ի համոզում մը կայ այսօր նոր սերունդին մէջ: Այսօր Երեւանի մէջ փորձեցէք գրախանութներ երթալ. գիրքերուն մեծամասնութիւնը կա՛մ անգլերէն է եւ կամ անգլերէնէ հայերէն թարգմանուած գիրքեր:
Այսօր անոնք որոնք կը սքանչանան օտարին վէպերով, երբեւէ կարդացա՞ծ են «Լռութիւն»ը, «Խելագար հայուհին», «Խաչագողի յիշատակարանը», «Արեւելքի տղաքը», «Կրակէ շապիկ»ը եւ այլ վէպեր, որոնք եթէ թարգմանուին անգլերէն լեզուներու, կրնան մրցակիցը դառնալ այդ օտար «սիրուածներուն»: Անոնք որոնք կը սքանչանան օտարին փիլիսոփայական գիրքերով, երբեւէ կարդացա՞ծ են Դաւիթ Անյաղթ, Պարոյր Հայկազն, Գրիգոր Փեշտիմալճեան, Յովհաննէս Մրքուզ եւ ուրիշներ, որոնք նուազ խելացի չեն քան միւս «սիրուածները»: Անոնք որոնք կը սքանչանան օտարին բանաստեղծութիւններով, երբեւէ ըմբոշխնա՞ծ են Մեծարենցի կախարդական ապրումները, Դուրեանի հոգեկան տագնապներն ու պայքարները: Անոնք որոնք օտարին հոգեբանական վերլուծումներու վրայ կը սքանչանան, երբեւէ փորձա՞ծ են կարդալ Շահան Պէրպէրեան՝ որ շատ անգամ սքանչացում պատճառած է նաեւ օտարներուն: Կը լսեմ երիտասարդներու խօսակցութիւն. ի՞նչ գիրք կը կարդաս... եւ օտար գիրքի մը անուն կը հնչէ. դիմացինը սքանչացած «կարդացած չեմ...», կ՚ըսէ եւ իր կարգին ուրիշ օտար գիրքի մը անունը կու տայ եւ այս մէկը երկուստեք զարգացած ըլլալու պահ մը ստեղծել կը թուի...:
Մենք՝ հայերս կը նմանինք ա՛յն մանուկներուն, որոնք առանց ճաշին համին նայելու կ՚որոշեն, որ անհամ է... առանց գիտնալու, որ հաւանաբար աւելի՛ համով ըլլան՝ քան նախկինները:
Աշխարհով յայտնի BBC լրատուական կազմակերպութիւնը եւ կը յայտնէ, թէ այս օրերուն մարդիկ հանրութեան մէջ կը սիրեն գիրք՝ մանաւանդ դասական հեղինակներ կարդալ, որ դիմացինին վրայ զարգացած ու իմացապէս հարուստ մարդու տպաւորութիւն կը ձգէ: Կարդացած գիրքն ու մարդու իմացական կարողութիւնները կրնան զիրար չհամապատասխանել, որովհետեւ շատեր կրնան կարդալ՝ իսկ քիչեր հասկնալ, որովհետեւ ամէն կարդացուած բան չէ որ կ՚ընդունուի մարդու տրամաբանութեան կողմէ: Մտապէս աղքատ այնքա՜ն շատ ընթերցողներ կան այսօր աշխարհի վրայ:
Անցեալին կային հայ լեզուի ուսուցիչներ, որոնք իրենց աշակերտներուն պարտադիր հայերէն գիրքեր կարդալ կու տային, որ թէեւ չուզելով ու բողոքելով, աշակերտը կը մղէին ընթերցանութեան: Այսօր սփիւռքի կարգ մը դպրոցներ նոյնիսկ հայերէն դասապահերը հանելու եւ կամ պակսեցնելու ելքերուն մասին կը մտածեն. հայամերժութիւն սերմանելով հայ ազգ պահելու մասին կը մտածենք:
Այսօր մարտահրաւէր կը կարդամ բոլո՛ր այն օտարասէրներուն, որոնք կը կարծեն, թէ հայ գրականութիւնը այնքան հարուստ չէ՝ ինչքան օտարինը: Թող գտնեն ստեղծագործութիւն մը՝ որուն համարժէքը հայերէն լեզուով չկայ. թող գտնեն հոգեբանական, փիլիսոփայական ու գրական ժանր մը՝ որուն հայերէնը չկա՛յ:
Թէեւ ազգութեամբ փոքր ազգ, սակայն մեր գրականութեամբ կրնանք մրցիլ, ինչու նաեւ գերազանցել օտարը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱԶԳԷՆ ԱՄԻՐԲԷԿԵԱՆ
(1915-1984)
Մեր թուականէն 107 տարիներ առաջ՝ 24 մարտ 1915-ին Վանաձորի մէջ ծնած է արձակագիր, լրագրող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ Գրողներու միութեան անդամ Վազգէն Ամիրբէկեան:
Ամիրբէկեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրէն ներս. շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետք սկսած է ուսուցչագործել: Որոշ ժամանակ ետք դուրս գալով ուսուցչութեան պաշտօնէն որպէս քարտուղար աշխատած է «Քիմիայի ճակատում» թերթին մէջ. 1934-1940 թուականներուն եղած է «Ավանկարտ» թերթի վարիչ, 1940-1944 թուականներուն՝ Կիրովականի շրջանային կոմիտէի քարտուղար, իսկ 1944-1949 թուականներուն՝ «Սովետական Հայաստան» թերթի արդիւնաբերութեան բաժնի վարիչ:
Ամիրբէկեան երկու տարի՝ 1949-1950 թուականներուն եղած է «Բանուոր» քաղաքական թերթի խմբագիր: Որոշ ժամանակ եղած է Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան մամուլի վարիչ. 1960-1974 թուականներուն որպէս հայ պարբերական մամուլի պատմութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող աշխատած է Գիտութեան ակադեմիայի պատմութեան կաճառէն ներս:
Ամիրբէկեան 1965 թուականին պաշտպանելով «Սովետական տեղական մամուլը» խորագրեալ թեզը՝ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան:
Գիտական ուսումնասիրութիւններու կողքին Ամիրբէկեան գրած է նաեւ վիպակներ. անոր առաջին գործը՝ «Անքուն գիշերներ»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949 թուականին, որուն յաջորդած են «Վաչէ Չինարեան» վիպակը, «Մենաւոր ծառը» եւ ուրիշներ: Ամիրբէկեան 1958 թուականին դարձած է Գրողներու միութեան անդամ:
Արձակագիրը մահացած է 18 հոկտեմբեր 1984 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ