ԲԱՐԻՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐԸ
Ամէն մարդ գիտէ, թէ ի՛նչ է «բարի»ն եւ ի՛նչ է «արդար»ը։ Եւ դարձեալ կը կարծուի, թէ բարին եւ արդարը համընթաց արժէքներ, առաքինութիւններ են։
Արդարեւ, չեն սխալիր անոնք, որ բարին եւ արդարը իրերամերձ առաքինութիւններ կը նկատեն։ Անշուշտ արտաքնապէս եւ առարկայական չափանիշներով այս երկու արժէքները համընթաց են։ Բայց մարդ կրնայ վարանիլ ճշգրիտ պատասխան մը տալու, երբ հարցուի, թէ՝ ամէն բարի արդա՞ր է, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն արդար բարի՞ է։ Պահ մը եթէ խորհիլ փորձենք այս մասին, արդէն կը նշմարենք, թէ «բարի»ն եւ «արդար»ը շատ տարբեր արժէքներ են եւ եթէ փորձենք քիչ մըն ալ խորանալ հարցին մէջ, թերեւս կը տեսնենք, թէ երբեմն իրերամերժ արժէքներ են այս երկուքը։
Հարցումը տարբեր կերպով մը հարցնենք. մարդ բարի՛ ըլլալու համար կրնա՞յ զոհել արդարութիւնը, եւ կամ մարդ արդա՛ր ըլլալու համար կրնա՞յ հեռանալ բարիքէն։ Արդարեւ, «բարի» մարդը այն չէ՛ որ չարիք չի գործեր, եւ «արդար» մարդը այն չէ՛ որ անիրաւութիւն չ՚ըներ։ Ուստի «բարիք» եւ «արդարութիւն» դրական գործ եւ աշխատութիւն կը պահանջեն եւ երբեք չէզոք, անշարժ եւ անգործ վիճակներ չեն։
Արդարութի՞ւնը բարիք է, թէ՝ բարի՞քը արդարութիւն։ Ահաւասիկ այս հարցումներուն կարենալ պատասխանելու համար պէտք է գիտնանք, թէ ի՞նչ է իսկական իմաստը «բարիք»ին եւ նշանակութիւնը՝ «արդարութեան»։ Իր ամենալայն իմաստով, բարիքը՝ ուրիշին ի նպաստ կատարուող գործ մըն է՝ օգտակար արարք մը՝ որ բարոյական օրէնքներու կը համապատասխանէ։ Իսկ արդարութիւնը՝ արդար ըլլալ, այսինքն՝ օրէնքներու եւ պատուիրաններու պահպանման բծախնդիր ըլլալ կը նշանակէ։
Այս ընդհանուր գիտելիքներուն մէջ երբ քիչ մը խորանանք, ինչպէս աւելի առաջ յիշեցինք, արդարութիւնը եւ բարիքը շատ անգամ կրնան հակադրուիլ եւ պարտաւորուիլ մէկը զոհել միւսին համար։
Աշխարհի վրայ եթէ ամէն ինչ բարի ըլլար եւ մարդիկ միշտ բարիք գործէին, այլապէս «արդարութեան» գաղափարին պահանջքը պիտի չզգացուէր, եւ ո՛չ իսկ անոր գործադրութիւնը պիտի տեսնուէր։
Արդարեւ, աշխարհ, քանի որ իմաստութեամբ է ստեղծուած, ուրեմն արարչագործութիւնը էապէս բարի՛ է եւ բարիք է ստեղծուած։ Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն եւ կեանքը իր ընթացքը կը ստանայ բարութեան մէջ։ Ուրեմն, արդարութիւնը ծագած է բարիին բացակայութեան պատճառով։
Պողոս առաքեալ, Փիլիպպեցիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ի վերջոյ, եղբայրներ, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի», (ՓԻԼԻՊ. Դ 8)։ Առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնը իր անձին։ Զգայնական եւ հոգեւոր իր ամբողջ ուժերով, առաքինի անձը կը ձգտի դէպի բարին. կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն շօշափելի եւ տեսանելի, զգալի գործերուն մէջ։
Առաքինութիւն է նաեւ «արդարութիւն»ը։ Այլ խօսքով՝ բարին եւ արդարութիւնը ըստ էութեան առաքինութեան ստորոգելիները՝ յատկութիւններն են։ Այս իմաստով, արդարութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։
Արդարութիւնը մարդոց նկատմամբ մեզ տրամադիր եւ յանձնառու կ՚ընէ յարգելու իրաւունքը իւրաքանչիւրին եւ հաստատելու մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ ներդաշնակութի՛ւնը, իրաւունքի եւ պարտքի հաւասարակշռութիւնը, որ կը հրահրեն արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։
Այս իմաստով, արդարութիւնը բազմակողմանի արժէք մըն է եւ առաւել չափով բծախնդրութիւն կը պահանջէ։ Եւ եթէ բաղդատենք բարիքին հետ՝ բարիքը միակողմանի է, որոշ անհատ մըն է անոր գործադրութեան դաշտը, մինչդեռ արդարութիւնը կը հետաքրքրէ բազմաթիւ մարդիկ եւ մինչեւ իսկ ամբողջ հասարակութեան օգուտը եւ իրաւունքը, նաեւ պարտաւորութիւնները։
«Արդար մարդ»ը կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, իր շուրջիններուն, իր նմաններուն հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ։
Ինչպէս ուրիշ առիթներով ալ յիշեցինք, արդարութեան սահմանումը կը տեսնուի Ղեւտացիներու Գիրքին մէջ, իր բովանդակալից իմաստով, ուր կ՚ըսէ.
«Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ. արդարութեա՛մբ պիտի դատես ընկերդ», (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։
Եւ ահաւասիկ, այս կէտին է, որ բարիքը եւ արդարութիւնը կը հեռանան իրարմէ եւ մինչեւ իսկ կը հակադրուին։ «Աղքատին հանդէպ աչառութիւն չընել». ահաւասիկ բան մը՝ որ կ՚արգիլէ մարդս բարիք ընելէ, կեցուածք մը՝ որ կը պահանջէ չխղճալ, չմեղքնալ, թերեւս չափազանցութիւն համարուի, բայց անգութ ըլլալ։ Եւ ահաւասի՛կ բարի ըլլալու եւ արդար ըլլալու տեսանելի եւ զգալի հակադրութի՛ւնը։ Կարօտեալին, եթէ նոյնիսկ դատապարտելի է, «աչք գոցել», ներել, կերպով մը անտեսել իր անիրաւութիւնը եւ ներել՝ արդարութեան չափանիշը ո՛չինչ համարել՝ թէեւ «բարիք» մըն է չքաւորին, կարօտեալին, բայց անարդարութի՛ւն. անհաւատարմութի՛ւն արդարութեան սկզբունքին։ Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կը տեսնուի, որ երբեմն բարիք եւ արդարութիւն, այս հիմնական առաքինութիւնները կը հակադրուին եւ մարդ կը պարտաւորուի ընտրելու իր վիճակը՝ արդա՞ր ըլլալ, թէ՞ բարի՛։
Կոնֆիկիւս կ՚ըսէ, թէ՝ ուղղամիտ մարդը՝ իր զաւկին յանցանքը ստանձնող հայրը եւ իր հօր սխալը գաղտնող զաւակն է։ Մինչդեռ Շիհ արքայ կ՚ըսէր թէ՝ երբ հայրը յանցանք գործէ, զայն անմիջապէս մատնող զաւակն է ուղղամիտ մարդը։
Անշուշտ արդարութեան, ուղղամտութեան, ողջամտութեան չափանիշները շրջաններու եւ վայրերու նկատմամբ կրնան փոփոխութիւններ ցոյց տալ, բայց էականը, սկզբունքայինը միշտ անայլայլելի է եւ մշտնջենաւոր։ Այս ուղղութեամբ, մանրամասնութիւններու եւ երկրորդական տարրերու մէջ որքան ալ տարբերութիւններ եւ փոփոխութիւններ ըլլայ՝ բարիքը եւ արդարութիւնը՝ թէեւ սկզբնական առաքինութիւններ, կու գան կը հասնին կէտի մը՝ ուր կը հակադրեն զիրար եւ զայն գործադրողը կը պարտաւորուի ճակատագրական ընտրութիւն մը ընել՝ ընտրել բարին եւ զոհել արդարութիւնը, եւ կամ ընտրել արդարութիւնը, զոհել բարիքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ, 18, 2018, Իսթանպուլ