ՏԻՒԶԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Պո­լի­սի հա­րուստ հայ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր եւ յայտ­նի տեղ կը բռնէին կա­թո­լիկ Տիւ­զեան­նե­րը՝ Աբ­բա­յեան, այ­սինքն՝ Վե­նե­տի­կի Մխի­թա­րեան­նե­րու ժո­ղո­վուրդ եւ Միու­թեան գա­ղա­փա­րին ջերմ պաշտ­պան, այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ Գոլ­լէ­ճեան­նե­րէն ա­տուա՛ծ։

Տիւ­զեան­նե­րը Օս­մա­նեան Սուլ­թան­նե­րու եւս սի­րե­լի էին եւ ա­նոնց յանձ­նուած էր դրա­մա­հա­տու­թեան ընդ­հա­նուր վե­րա­տես­չու­թիւ­նը։ (Դրա­մա­հա­տու­թիւն=փո­ղե­րա­նո­ցի մէջ, այ­սինքն պե­տա­կան այն հաս­տա­տու­թեան մէջ՝ ուր մե­տա­ղէ դրամ­ներ կը կո­խեն, մե­տա­ղեայ դրամ­ներ կո­խել. «Տարբ­հա­նէ»)։

­Բայց այս պաշ­տօ­նին նա­խան­ձո­ղներ շատ կա­յին եւ ա­հա ա­նոնք չա­րա­խօ­սել սկսան, թէ «դրա­մա­հա­տու­թեան տան հա­շիւ­նե­րու մէջ զեղ­ծում­ներ կան…»։ Ան­սա­լով այս «լուր»ե­րուն՝ Օս­մա­նեան Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 19 Օ­գոս­տոս 1819 թուա­կա­նին հրա­մա­յեց Գրի­գոր, Սար­գիս եւ Մի­քա­յէլ չէ­լէ­պի Տիւ­լեան­նե­րը բան­տար­կել եւ հա­շիւ­նե­րը քննու­թեան են­թար­կել։

Այս քննու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ եւ ա­ղէ­տա­բեր ե­ղաւ Տիւ­զեան­նե­րու եւ ա­նոնց ազ­գա­կանն­ե­րուն հա­մար։

Գրի­գոր եւ Սար­գիս չէ­լէ­պի­նե­րը 4 Հոկ­տեմ­բեր 1819 թուա­կա­նին գլխա­տուե­ցան. իսկ միւս եր­կու­քը խեղ­թա­մահ ե­ղան, ո­մանք ալ բան­տար­կուե­ցան:

Այս դէպ­քը ա­մէն­քի վրայ սաս­տիկ մեծ ցնցում ա­ռաջ բե­րաւ։  Միայն Գոլ­լէ­ճեան­նե­րու ժո­ղո­վուրդ Տա­ւու­տեան Ան­տոն, Թըն­կը­րեա­նի Յա­կովբ եւ Յով­սէփ, Քըլ­ճեան Գրի­գոր եւ ու­րիշ­ներ ու­րա­խա­ցան ի­րենց «ա­տած» Աբ­բա­յեան Տիւ­զեան­նե­րու դժբախ­տու­թեան վրայ. ա՛յն­քան խոր էր այս եր­կու կա­թո­լիկ խում­բե­րու փո­խա­դարձ ա­տե­լու­թիւ­նը…։

Տիւ­զեան­ներ ու ի­րենց ազ­գա­կան­նե­րու տան կահ կա­րա­սի­նե­րը վա­ճա­ռե­լու ժա­մա­նակ՝ տես­նուե­ցաւ որ ա­նոնք առտ­նին պա­տա­րա­գա­մա­տոյց սե­ղան­ներ ու ե­կե­ղե­ցա­կան զար­դեր ու­նին, ուս­տի Կա­ռա­վա­րու­թեան պար­զա­պէս յայտ­նի ե­ղաւ, որ հա­յոց մէկ մա­սը կա­թո­լի­կու­թեան է յա­րած, եւ հա­յոց Պատ­րիար­քի ի­րա­ւա­սու­թիւնն ու իշ­խա­նու­թիւ­նը չի ճանչ­նար։ Եւ քա­նի որ Սուլ­թան Մահ­մուտ Բ­-ի (1808-1839) Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը խէթ աչ­քով կը նա­յէր եւ­րո­պա­ցի­նե­րու վրայ՝ «Ա­րե­ւե­լեան խնդիր»ի եւ իր հպա­տա­կեն­րուն ա­նընդ­հատ խլրտում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, եւ յու­նա­կան ապս­տամ­բու­թիւ­նը ար­դէն իսկ սկսած էր, ուս­տի «կա­թո­լի­կա­ցած հա­յեր»ու խնդի­րը Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց, պա­տուի­րե­լով միան­գա­մայն այդ պա­ռակտ­ման ա­ռաջ­քը առ­նել՝ որ եւ­րո­պա­ցի­ներ Օս­մա­նեան ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տե­լու ա­ռիթ չու­նե­նան։

Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը, որ Տէ­րու­թեան առ­ջեւ իր ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ էր՝ Կա­ռա­վա­րու­թեան այս ա­ռա­ջար­կու­թեան վրայ խորհր­դակ­ցու­թեան հա­մար պատ­րիար­քա­րան հրա­ւի­րեց Պէզ­ճեան Յա­րու­թիւն, Գրի­գոր, Ճա­նիկ ա­մի­րա­նե­րը եւ ու­րիշ­ներ՝ ա­նոնց խորհր­դով Հրով­մէա­դա­ւան Հայ իշ­խան­ներն եւս հրա­ւի­րուե­ցան Թա­գա­ւո­րա­կան հրա­մա­նը լսե­լու։ Թէեւ Գոլ­լէ­ճեան կրօ­նա­ւոր­նե­րու զայ­րոյ­թէն վախ­ցած Հայ կա­թո­լիկ­նե­րէն ո­մանք կը տա­տա­նէին, բայց իշ­խան­նե­րը՝ մա­նա­ւանդ Մա­թուս ա­ղա Ալ­լահ­վէր­տեա­նը, Աբ­բա­յեան ժո­ղո­վուրդ՝ Տիւ­զեան­ներ ա­ղէ­տի սար­սա­փի տակ յօ­ժա­րու­թիւն ցոյց տուին Տէ­րու­թեան ա­ռա­ջար­կու­թեան։ Կա­թո­լիկ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն այս ան­գամ ալ միու­թեան ջերմ պաշտ­պան դար­ձաւ Վե­նե­տի­կի Մխի­թա­րեան Հայր Մես­րովբ Վար­դա­պետ Ա­ղաչ­րա­խեա­նը՝ ո­րը 1 Յու­նուար 1820 թուա­կա­նին նախ գաղտ­նա­բար միու­թեան ձե­ւի մա­սին բա­նագ­նա­ցու­թիւն­նե­րու սկսաւ «Լու­սա­ւոր­չա­կան» հա­յե­րու հետ։ Միու­թեան միւս «հա­մա­միտ» ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը՝ թէ՛ Մխի­թա­րեան եւ թէ մէկ-եր­կու Գոլ­լէ­ճեան­ներ յայտ­նա­պէ՛ս միու­թեան կող­մը անց­նե­լու կը վախ­նա­յին. իսկ երբ Յով­հան­նէս ա­ղա Եօ­նու­զեա­նը յայտ­նեց՝ թէեւ ո՛չ ճշդու­թեամբ, թէ «Մօն­սի­նեօռ» Քո­ռե­սին հա­կա­ռակ չէ՛, որ Հայ վար­դա­պետ­նե­րը միու­թեան ձեռ­նար­կեն, այն ժա­մա­նակ հրա­պա­րակ ե­լան։

Մխի­թա­րեան­ներ եւ մի քա­նի Գոլ­լէ­ճեան­ներ այս­պէս յայտ­նա­պէս հրա­պա­րակ ե­լան՝ բա­ցի Հայր Մես­րո­պէն, ինչ­պէս նաեւ՝ Մխի­թա­րեան միա­բան­ներ՝ Հայր Գրի­գոր Վար­դա­պետ Խա­պա­րա­ճեան, Հայր Թով­մա Վար­դա­պետ Մաք­սէ­թեան-Հա­մա­լեան, Հայր Սե­րով­բէ Վար­դա­պետ Ճէօ­վա­հիր­ճեան, Հայր Թա­դէոս Վար­դա­պետ Աս­կէ­րեան եւ Հայր Քե­րով­բէ Վար­դա­պետ Ազ­նա­ւու­րեան. այլ եւ Գոլ­լէ­ճեան՝ Հայր Սա­հակ Վար­դա­պետ, Հայր Պետ­րոս Վար­դա­պետ եւ Հայր Պօ­ղոս Վար­դա­պետ եւ Ստե­փան Ե­պիս­կո­պոս Աւ­գեր, նոյն­պէս եւ Գոլ­լէճ­ցի։

Միու­թեան ար­գե­լա­ռիթ կրօ­նա­կան սկզբունք­նե­րը քննե­լու եւ հար­թե­լու հա­մար մաս­նա­ժո­ղով մը կազ­մուե­ցաւ՝ եր­կու կող­մէն ե­րե­քա­կան հո­գի։ Մաս­նա­ժո­ղո­վին կը նա­խա­գա­հէր Ստե­փա­նոս Ե­պիս­կո­պոս Աւ­գեր։

Կա­թո­լիկ վար­դա­պետ­նե­րը կը փա­փա­քէին, որ այս ժո­ղո­վին մաս­նա­կից ըլ­լայ նաեւ՝ Հայր Մի­քա­յէլ Վար­դա­պետ Չամ­չեա­նը, բայց վեր­ջինս, որ ծե­րու­թեան պատ­ճա­ռով հի­ւանդ պառ­կած էր, ա­ռան­ձին նա­մա­կով մը իր խնդու­թիւ­նը յայտ­նեց 18 Յու­նուար 1820 թուա­կա­նին, եւ կազ­մուած միու­թեան առ­թիւ, եւ թէ յոր­դո­րեց ազ­գի միու­թեան ու միա­բա­նու­թեան գոր­ծէն եր­բեք ետ չկե­նալ։

Ուս­տի Մաս­նա­ժո­ղո­վը՝ Ծննդեան ու­թե­րորդ օ­րէն սկսեալ մին­չեւ Ա­ւագ Չո­րեք­շաբ­թի օ­րը ա­նընդ­հատ ժո­ղով­ներ գու­մա­րեց եւ վէ­ճի ա­ռար­կայ խնդիր­ներ քննար­կուե­ցան…։

-Օգ­տուե­ցանք՝ Աբր. Զա­մի­նի «Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցու Պատ­մու­թիւն», 1908, Բ հա­տո­րէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 10, 2016, Իս­թան­պուլ

 

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016