ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ

Բնութիւնը կարծես արտատպուած նկա՛ր մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Մարդն ալ իր հոգիին մէջ ունի լեռներ, լեռնագագաթներ, լեռնադաշտեր, ձորեր, հովիտներ, ծովեր, ծովակներ, լիճեր, ցամաքներ, փոթորիկներ, մրրիկներ, եղանակներ՝ գարուն, ամառ, աշուն ու ձմեռ, եւ այն ամէն ինչ որ կայ բնութեան մէջ… եւ այս իմաստով ահաւասիկ, մարդուս հոգին պատկերն է բնութեան, որոնք կը ներկայանան իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ որպէս «բնութի՛ւն»։

Բնութեան մէջ պատահածներ նոյնութեամբ եւ նմանութեամբ կը պատահին մարդկային հոգիին մէջ, որոնք մարդուս մտածումներուն թռիչքներն են՝ իտէալները, գաղափարները, սէրերը, ատելութիւնները, ըմբռնումները եւ հասկացողութիւնները էակի մը մասին՝ որ Տիեզերքի Ստեղծիչը, Նախախնամը, Կառավարիչը եւ մարդկային կեանքին եւ անոր ընթացքին՝ որ ընդհանրապէս սովորութիւն է եղած «ճակատագիր» անուանել, բացարձակ Տէ՛րը։

Արդարեւ, Ստեղծիչը իր ստեղծագործութիւնը կատարած է որոշ «ծրագիր»ի մը իրականացման եւ կատարելագործման համար։ Ստեղծագործութիւնը, ուրեմն «ծրագի՛ր» մը ունի եւ «նպատա՛կ» մը՝ որ պիտի կատարելագործուի ծրագրի՛ն համեմատ, ծրագրին հետզհետէ իրագործման համաձայն։ Եւ ուրեմն այս «ծրագիր»ին մաս կը կազմեն բնութիւնը եւ մարդիկ՝ որոնց տրուած է որոշ պարտականութիւններ եւ դերեր՝ ծրագրին իրականացման համար։ Եւ «ճակատագիր» ըսուածը, ահաւասիկ, այդ պարտականութեան եւ իւրաքանչիւրին տրուած դերին դերակատարման համար պահանջուած գիծը եւ կամ ըսենք՝ ճամբա՛ն է։

«Ճակատագիր» ըսուածը՝ իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնն է, որուն միջոցով պիտի կատարելագործուի «ծրագիր»ը եւ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ «նպատակ»ին։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ աստուածային ստեղծագործութիւնը ժամանակներու, շրջաններու մէջ կը կատարելագործուի եւ թէ տակաւին կը շարունակուի եւ չէ՛ վերջացած։ (Kelly James Clark, «Religion and the Sciences of Origins. Historical and Contemporary Discussions» 2014), (Emile Boutroux, «Science et Religion dans la Philosophie Contemporaine», 1908) եւ (Emile Boutroux, «De L'idée de la Loi Naturelle dans la Science et la Philosophie Contemporaine» 1893)։

Մարդ, իր հոգւոյն կատարներուն վրայ կեցած՝ փոթորիկներուն դէմ կանգնած՝ կ՚ապացուցանէ եւ կը վկայէ, թէ «Աստուծոյ պատկերը կը կրէ», թէ՝ Սաղմոսերգուին բացատրութեամբը. երկինքի հրեշտակներէն քիչ մը միայն վար դրուած է։

Բնութիւնը ո՛չ թէ առարկայական՝ անձէն դուրս իրողութիւն մը, այլ անձին մէջ ապ-րըւած իրականութիւն մըն է. ուրիշ խօսքով՝ բնութիւնը ի՛նչ որ է «դուրսը», նո՛յնն է ան «ներսը». կամ, «զգայարանական» փորձառութիւնը նաեւ հոգեկան փորձառութիւն մըն է ամէն մարդու համար։ Արդարեւ ոմանք կ՚անդրադառնան, ոմանք ալ բոլորովին անտարբեր են այս իրողութեան, եւ սակայն մարդիկ անդրադառնան կամ ո՛չ, բնութիւնը միշտ իրենց մէջ կը ներգործէ եւ իր երեւոյթներով կը նոյնանայ հոգիին հետ՝ ինչպէս արտաքին աշխարհի մէջ, նաեւ ներաշխարհի մէջ։ Բնութիւնը, ինչպէս ըսինք, ունի իր շրջանները, եղանակները. ձմրան մէջ ինչ որ է բնութիւնը, նոյնը չէ միւս եղանակներուն մէջ. յայտնի է, թէ ո՛րքան տարբեր է բնութիւնը եղանակէ եղանակ։ Այսպէս է նաեւ մարդուս «հոգեւոր բնութիւն»ը։ Մարդն ալ ունի իր ձմեռնային փորձառութիւնը, ապրումները, ինչպէս նաեւ գարնանայինը, ամառնայինը, աշնանայինը։ Մարդ միշտ չի խնդար, այլ նաեւ՝ երբեմն կու լայ եւ կը սգայ։

Անշուշտ տարբեր նիւթ մըն է թէ՝ մարդկային կեանքի մէջ «խնդալ»ը աւելի շատ կ՚ապրուի, թէ՝ «լալ»ը։

Յաջողութիւնները՝ աշնանային տերեւներու պէս՝ յաճախ կը թօշնին, կ՚իյնան, կը կորսուին։ Նոյնն է պարագան առողջութեան, երջանկութեան, ներքին խաղաղութեան համար…։ Հարուստը կրնայ աղքատանալ, եւ կամ, հակադարձաբար, աղքատը՝ հարստանալ, առողջը՝ վատթարանալ եւ փոխադարձաբար՝ հիւանդը առողջանալ։ Ինչպէս որ երկնակամարը միշտ կապոյտ չէ, նո՛յնպէս ալ «սեւ եւ մութ ամպ»եր ցաւերու, յուսախաբութիւններու, անյաջողութիւններու, յուսալքումներու՝ կու գան մռայլ վիճակի մատնել մարդուս հոգին։ Եւ այսպէս, մարդուս տրամադրութիւնը կը փոխուի օրէ օր, ժամէ ժամ…։ Մարդուս հոգիին մէջ ալ փոթորիկներ կը ծագին, եւ երկրաշարժներ՝ որոնք հիմնովի՛ն կը յեղափոխեն մարդկային կեանքը, կեանքին պայմանները եւ սովորական ընթացքը. կամ կը կործանեն փայփայուած յոյսերը, երազները, խաւարի մէջ թողլով հոգիին լոյսը։

Ուրեմն, մարդուս «հոգեւոր աշխարհագրութիւն»ը նմանութիւններ եւ երբեմն նոյնութիւններ ունի, մերձաւոր գիծեր ունի արտաքին աշխարհի աշխարհագրութեան հետ։

Եւ ինչպէս բնութիւնը իր արեւը ունի, մա՛րդն ալ ունի իր հոգեւոր մշտափայլ արեւը՝ որ է Աստուծոյ Սիրոյն յայտնութիւնը յանձին Յիսուս Քրիստոսի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 12, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019