ԱՅՍՈՒՀԵՏ ՔԵԶ ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ ԿԸ ՍԻՐԵՄ

Կայծը պիտի դառնար հուր, աւա՜ղ մարեցին:

Մեծաւ մասամբ վստահ էինք, որ մեր հոգիները պիտի տաքնան, քանզի նախընտրական քարոզարշաւի արդիւնքները խոստմնալից էին: Յունիսի 18-ին հրապարակի մէջ զգացինք աննկարագրելի ջերմութիւն: Հանրապետութեան հրապարակը լեփլեցուն էր: Գրեթէ հարիւր հազար հայեր հաւաքուեցան սատարելու Ռոպերթ Քոչարեանին: Շատերու աչքեր տամկացան ուրախութենէ: Հեռուէն կ՚առնէինք յաղթանակի՝ Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան հոտը: Աւա՜ղ, առանց Տիրոջ օրհնութեան ու միջամտութեան անկարելի եղաւ յաղթել սատանային: Նենգութեամբ չարը հասաւ իր նպատակին:

Դիմատետրի մէջ թեւաւոր խօսք դարձաւ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Քնացանք յունիսի 20-ին, արթնցանք նոյեմբերի 10-ին»: Շատեր նոյն զգացումն ու ապրումները ունեցան, ինչ որ նոյեմբերի 10-ին:

Իսկ ե՞ս, ի՞նչ զգացի ես...

Իմ մղձաւանջը սեպտեմբերի 27-ն էր: Երբ մայրս առաւօտեան կանուխ զանգեց ու յայտնեց չարաբաստիկ լուրը՝ պատերազմ է: Իմ առաջին արցունքները գլորուեցան Արցախիս համար: Հայրենիքիս բան մը չպատահի, Արցախիս մազը չծռի: Ոտքերս թուլացան, սրտիս մէջ զգացի սուր ցաւ մը՝ Արցախս վտանգի մէջ է:

Նոյեմբերի 10-ին չարթնցայ. ողբերգական լուրը առինք կէսգիշերին: Արայիկը ցասումի մէջ զանգեց ու յայտնեց, որ պատերազմը վերջացած է, Արցախն ալ յանձնած: Ահաւասի՛կ, իմ կեանքի երկու վատթարագոյն օրերը:

Յունիսի 21-ին ես զարմանալիօրէն հանգիստ էի ու խաղաղ: Աստուած զիս խնայեց հերթական ծանր հարուածէն: Տխրելու, յուսահատելու փոխարէն անասելի ուժ ու խաղաղութիւն զգացի՝ հոգիով զօրացայ: Սկսայ շուրջիններս մխիթարել, գօտեպնդել: Սակայն երկուշաբթի երեկոյեան, երբ արեգակն այլեւս դադարեց ջերմացնել, օրը մօտեցաւ աւարտին, մթութեան մէջ տխրութեան քօղ մը թակեց իմ դուռը:

Մեր ժողովուրդի մասին միշտ ունեցած եմ շատ բարձր կարծիք: Սակայն ճշմարտութիւնը զիս բաւականին յուզեց. կը դժուարանամ ընդունիլ:

Արցախն ու Հայաստանը ստացան հերթական ծանր հարուածը: Մեր երկու հայրենիքները ծանր կը տնքան ցաւի մէջ: Արնաքամ եղող դրախտավայրս մնաց մեն-մենակ:

Այսուհետ քեզ աւելի շատ պիտի սիրեմ, քանզի դուն ունիս իմ ու մեր օգնութեան, սիրոյ, ուշադրութեան կարիքը: Յունիսի 21-ին իմ սէրը բազմապատկուեցաւ: Քեզ հեռուէն կամ քովէն պիտի չսիրեմ: Մենք բոլորս գործ ունինք ընելու, աւա՜ղ ժամանակը սուղ է եւ երթալէն կը սեղմուի վտանգի օղակը: Հայաստանը դէպի կործանում տանող ուժերու երեսուն տարուայ անխոնջ աշխատանքը տուաւ իր պտուղները: Հերոսներու, հայրենասէրներու անունները, յանձինս Ռոպերթ Քոչարեանի, մրոտած է: Յերիւրանքներու  պատճառաւ ժողովուրդը լեցուած է ատելութեամբ: Եւ այդ ատելութիւնը կուրացուցած է մեր բազմաթիւ հայրենակիցները:

Մեր ժողովուրդը զարմանալի ժողովուրդ մըն է: Մեր աչքի առջեւ հինգ հազար եւ աւելի զոհ տուած, երկիրը յանձնած դաւաճանը կը համարէ փրկիչ, իսկ ան, որ անգամ մը մեր երկիրը դուրս բերած է դժուար կացութենէ, փրկած կործանումէ, հազարաւոր հայորդիները՝ զոհուելէ, որեւէ ապացոյց տասնեակ տարիներով չկայ եւ չի կրնար գտնուիլ, թէ մարդասպան է կամ խոշոր թալանող... անունը դրած էք մարդասպան, թալանիչ: Եւ կուլ տալով Հայաստանի արտաքին թշնամիներու մատուցած խայծը, գացած եւ ընտրած էք իրական մարդասպանը, հայասպանը, դաւաճանը ու անձնատուրը:

Մեզ միշտ կ՚ուրախացնէր այն փաստը, որ մենք աշխարհի հինաւուրց ժողովուրդներէն մին ենք, որ հայ ժողովուրդը առաջինն է, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը: Իսկ այսօր աշխարհի մէջ մենք դարձանք առաջին ժողովուրդը, որ վերընտրեց պատերազմի մէջ պարտուած առաջնորդը, որ կը շարունակէ պաշտել արեան մէջ թաթախուած, երկիր յանձնած, հայոց պետականութիւնը վտանգի ենթարկած դաւաճանը:

Ինչպէս վկայած է Գարեգին Նժդեհ. «Ժողովուրդը արժէքներ պահել ու հերոսներ գնահատել չի գիտեր: Ազգն է արժէքները կրողն ու յաւերժացնողը»:

Ամէն բան կորած չէ: Աստուծոյ տուած հնարաւորութիւնները պէտք է ճիշդ գործածենք:

Դիմացի՛ր Հայաստան, դիմացի՛ր Արցախ:

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021