«ԷՆ ՏԽՈՒՐ ԲԱՆԸ ԿԵԱՆՔԻՆ»
Այսօրուան գրութեան վերնագիրը կը պատկանի Տքթ. Վարդ Շիկահերի շահեկան յօդուածներէն մէկուն։
Արդարեւ, կեանք մը որ կ՚ապրի մարդ, շատ անգամ տխրութիւններ, նեղութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր կը պատճառէ մարդուս։ Արդեօք յոռետեսութի՞ւն պէտք է համարուի, եթէ ըսուի, թէ կեանքը աւելի լեցուն է տխրութիւններով քան ուրախութիւններով։ Բայց եթէ այդպէս չըլլար, մարդ ինչո՞ւ տեւապէս երջանկութիւն փնտռեր է դարերու, շրջաններու ընթացքին եւ թէ տակաւին կը փնտռէ այդ «երջանկութիւն»ը։ Եւ սա իրողութիւն մըն է, որ մարդուս տխուր օրերը աւելի շատ են քան ուրախ օրերը։ Կարծես էականը տխրութիւնն է, եւ ուրախութիւնը՝ բացառութի՛ւն։
Արդէն, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, «Աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» ըսած է Յիսուս, եւ ինչպէս ինքն ալ նեղութիւններ ունեցած է իր երկրաւոր կեանքին մէջ։ Եւ ասիկա կը նշանակէ թէ՝ աշխարհը ուր կ՚ապրի մարդ՞ երբեք բուրաստան մը չէ՛։ Եւ այս իմաստով, բնական է, որ կեանքի մէջ տխրութիւնները էական, իսկ ուրախութիւնները բացառութիւն ըլլան։ Ուստի ժամանակաւոր կեանքը երբ կը վերջանայ, ահաւասիկ այն ատեն է որ մարդ կը տիրանայ կատարեալ երջանկութեան՝ ուր այլեւս չկա՛յ ոչ տխրութիւն, ոչ նեղութիւն եւ ոչ ալ ցաւ եւ վիշտ։ Բայց անշուշտ այդ երջանկութեան կարենալ տիրանալու համար մարդ պէտք է լաւ ապրած ըլլայ իր երկրաւոր կեանքը, հետամուտ եղած ըլլայ բարութեան եւ ճշմարտութեան։
Ահաւասիկ, այս խորհրդածութիւններով կը ներկայացնենք Տքթ. Վարդ Շիկահերի յօդուածը, միշտ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
«ԷՆ ՏԽՈՒՐ ԲԱՆԸ ԿԵԱՆՔԻՆ»
Հետաքրքրուիլ շրջապատով, անտարբեր չմնալ միջավայրի եւ բոլորտիքի նկատմամբ, շրջադիտել, շրջահայիլ՝ կեանքի ինքնե՛կ մղումներն են։ Հետաքրքրուիլ անցքերով ու դրուագներով, որոնք ամէն օր կը հոլովին մեր շուրջ, սովորութական վա՛րք մը ընել զայն, չըսել՝ «ասոնք չե՛ն շահագրգռեր զիս», ընթա՛ցք մըն է, որ զօրեղ կը պահէ սէրն ու աշխոյժը կեանքին։
Հոգեբաններ կը յանձնարարեն շահագրգռուիլ շրջանակի իրադարձութիւններով, յարադէպերով, որոնք մեր «առօրեայ»ն կը կազմեն։ Կը նշեն, թէ ա՛սով կարելի է ծերացման գնացքը դանդաղեցնել, կեանքի հանդէպ հետաքրքրութեամբ՝ կեա՛նքը երկարել։ Կը պարզեն իրենց տեսութիւնը, յայտնելով, թէ երբ մարդն հետաքրքրուի հարցով մը կամ անցքով մը, կ՚աւելնայ բնախօսական գործունէութինը ուղեղի հիւսուածներուն, արեան մէջ կը հոսին ա՛ւելի քանակով գեղձանիւթեր։ Յիշողութիւնը կը զօրանայ, կը շեշտուի տրամաբանելու ընդունակութիւնը, կը պայծառանայ մտածումը, կը յստակի ճանաչումը կեանքի արժէքին։
Հետաքրքրութիւնը սորվելու եւ զարգանալու միջոց է, աղբի՛ւր է մտածումի եւ մտածումը լո՛յս է ըստ ինքեան։ «Երիտասարդ մնալ կը նշանակէ, ամէն օր նոր բան մը սորվիլ», կ՚ըսէ Սողոն Իմաստասէր։
Պարզ է, թէ մարդկութիւնը քաղաքակրթութեան յատուկ բո՛լոր նուաճումներն ու նորարարութիւնները իրագործեր է շնորհիւ իր դիտելու եւ սորվելու հետամտութեան, քննասէր ու հարցասէր բնութեան։ «Գլխի լինել» կ՚ըսէին, գաւառիկ արտայայտութեամբ, որ իմաստն ունի գիտակցելու, հասկնալու, իմանալու՝ հարցի կամ բանի իսկութիւնը, էութիւնը։
Հետաքրքրութիւն բառն առնուած է իր դրական ու լաւագոյն իմաստով, սրբուած՝ սին բաներով զբաղելու, տարուելու տրամադրութենէն։ Դիտել, նայիլ զննելով, սեւեռիլ՝ ուշադիր, ա՛յդ է որ կ՚իմաստաւորէ։ Բուսաբանը տարբե՛ր հայեացքով կը դիտէ մարգերն ու սարալանջերը, աստեղագէտը տարբեր կեդրոնացումով կը հայի գիշերուայ ջինջ երկնակամարին։ Շա՜տ մարդիկ տեսեր են, թէ ինչպէս կ՚օրօրուի ու կը խաղայ թէյամանի կափարիչը, ջրաշոգիի վերմղումով, եռացող ջուրի մրմուռին հետ։ Ճէյմս Վաթ է՝ որ մտածեր է ջրաշոգիի ոյժին մասին։
Գիտունը ուրեմն՝ կը քաղէ հետաքրքիր սեւեռումով։ Կը քաղէ տարրերն ու գործօնները հաշուելու, չափելու, բաղդատելու կարելիութիւններուն։ Այս ուղիով է որ մշակեցին, իրենց ձիրքերն ու շնորհները՝ Բասթէօր, Հարվէյ, Ճէննըր, Քոխ, Ֆլէմինկ, Այնշթայն եւ ուրիշներ, յօգուտ մարդկութեան։ Ձիրքերն ու շնորհները կը զարգանան շատ անգամ, ընտանեկան նախատրամադրութեան մը երանգներով։ Ինչպէս՝ Կոպեռնիկոսի ընտանիքը աստեղագիտութեան, Տարվինի ընհանիքը բնապատմութեան, Տիւմայի ընտանիքը գրականութեան, Պախի ընտանիքը երաժշտութեան ուղիներու մէջ տաղա՛նդ ցոյց տուած են։
Անօրինակ արագութեամբ կ՚առաջդիմէ գիտութիւնը, զարմանք ու հիացում առթելով։ Պարտաւոր ենք մօտէն, հեռուէն հետաքրքրուիլ անոնցմով։ Ապրիլը ճանա՛չել է ու գիտնալ, քա՛յլ յարմարցնել ու պատշաճիլ է կեանքին։ Հակառակը՝ կ՚ենթադրէ վիճակը մտքով ու հոգիով կոյրի մը, որ ցուպն ի ձեռին գետնաշօշափ կը թարթափի մշուշի մէջ, մութի մէջ։
Յիշենք Վ. Թէքէեանը պատառիկով մը, քաղուած՝ իր գողտրիկ մէկ քերթուածէն.
«Է՛ն տխուր բանը կեանքին,
Տխո՛ւր, քանզի ծաղրելի
Անցնիլը չէ՛, աւելի՝
Կենա՛լն է իր տեղը հին։
Մտքո՛վ կենալն է այնտե՛ղ,
Ուր կոխեցինք ատենով,
Կառչիլ՝ լաստի մ՚ապահով
Կամ թէ փոկի մը ուժեղ»։
***
Ուրեմն կը տեսնուի որ կեանքի մէջ կան զանազան տխրութիւններ, որոնք աստիճանաբար աւելի եւ կամ նուազ տխուր են, որոնց մէջ կայ նաեւ «է՛ն» տխուրները…։
Սերունդնե՜ր շատ բան սորվեցան Տքթ. Վարդ Շիկահերէ եւ դարձեալ սերունդներ տակաւին շա՜տ բան ունին սորվելիք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 20, 2020, Իսթանպուլ