ՀԱՅՈՒ ԱՆՈՒԱՄԲ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ
Կը ճանչնա՞ք հայ մը՝ որուն անունով Ֆրանսայի մէջ ամբողջ թանգարան մը գոյութիւն ունենայ. կը ճանչնա՞ք հայ մը, որ ֆրանսական պետութեան կողմէ արժանացած ըլլայ Պատուոյ Լէգէոնի ասպետ կոչումին. կը ճանչնա՞ք հայ մը, որ 1903 թուականին Վենետիկի մէջ արժանացած ըլլայ Ոսկէ Մեծ Մրցականի եւ շքանշանի: Եթէ պատասխանը ոչ է՝ ապա պէտք է ճանչնաք զինք:
Մեր ազգի դժբախտութիւններէն մին այն է, որ մենք լաւապէս չենք ճանչնար մեր արժէքները. իրականութեան մէջ մեր ընդհանուր գիտցածը մի քանի տասնեակ բանաստեղծներ, գրողներ, նկարիչներ ու երգիչներ են. նոյն անձերն են անոնք՝ նկարիչ՝ Մարտիրոս Սարեան, երաժիշտ՝ Կոմիտաս, բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւակ: Անոնց մեծութեան դիմաց պարզապէս կրնանք խոնարհիլ, սակայն պէտք է գիտնալ նաեւ, որ հայ մշակոյթն ու արուեստը անոնցմով չէ որ վերջ կը գտնէ. որպէս ազգ ունեցած ենք այնպիսի արուեստագէտներ ու մշակութային գործիչներ, որոնք հսկաներ եղած են՝ այնպէս ինչպէս վերոյիշեալ անունները, սակայն դժբախտաբար դատապարտուած են մոռացութեան:
Այս հայ արուեստագէտը, որ այսօր պիտի ներկայացնենք, իր ժամանակի օտար մամուլի մէջ միշտ ներկայութիւն եղած է. անուն՝ որ մոռցուած է մեր օրերուն. Էտկար Շահին. օտարներ սքանչացումով արտայայտուած ու գրած են անոր գործունէութեան մասին. անոր ժամանակակից Մաքս Ռոժէ կը գրէ. «Այն հարստութիւնը՝ ինչ որ մեզի պարգեւեց Շահին, կը պարտաւորեցնէ աւելիով գնահատելու անոր տաղանդին հզօրութիւնն ու հմայքը»: Իտալացի արուեստաբան մը սքանչանալով Շահինի գործերով կ՚ըսէ. «Շահինը ոչ միայն նրբաճաշակ արուեստագէտ է, այլ նրբազգած հոգեբան եւ պատմագէտ»։ Ուրիշ մը Շահինը արուեստի փառքերէն մին կը նկատէ:
Էտկար Շահինի կողքին գոյութիւն ունին այլ անուններ եւս, որոնք Եւրոպայի մէջ հայ արուեստը ապրեցուցին եւ մեր մշակոյթը ամենալաւ ձեւով ներկայացուցին օտարներուն. ինչպէս՝ Վարդան Մոխոխեան, Տիգրան Փոլատ, Յակոբ Կիւրճեան եւ ուրիշներ, որոնց անունները արդէն իսկ մոռացութեան տրուած են երախտամոռ մեր ազգին կողմէ:
Էտկար Շահին երիտասարդ տարիքէն արուեստասէրներու կողմէ աչքի կը զարնէ. անոր մասին սքանչացում բուրող յօդուածներ առաջին անգամ լոյս կը տեսնեն, երբ Շահին տակաւին 23 տարեկան էր: Մենք Շահինը ճանչնանք թէ ոչ, ան կը նկատուի 20-րդ դարու գեղանկարչութեան կարեւոր վարպետներէն մին. անոր գործերը մինչեւ օրս տեղ կը գտնեն իտալական, ֆրանսական եւ այլ եւրոպական թանգարաններու մէջ եւ կը շարունակեն արուեստի գլուխ գործոցներ ցուցադրել արուեստասէր հանրութեան: Անոր գործերուն կարելի է հանդիպիլ Լոնտոնի Գեղարուեստի թագաւորական թանգարանին, Հռոմի Իտալական գեղարուեստի ազգային թանգարանի, Փարիզի Ազգային գրադարանին, Մոսկուայի Փուշկինի անուան կերպարուեստի եւ այլ թանգարաններու մէջ: Բարեբախտաբար անոր գործերէն կարելի է տեսնել Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս:
Էտկար Շահին ծնած է Վենետիկի մէջ, սակայն փոքր տարիքէն մեկնած է Պոլիս, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք մեկնած է Փարիզ, ուր կատարելագործած է իր արուեստի գիտութիւնը: Տակաւին աշակերտ եղած տարիներէն իր «Մարդկային թշուառութիւն», «Փողոցի մը անկիւն», «Մուրացկանը» եւ այլ աշխատութիւններով մասնակցած է ցուցահանդէսներու: Նկարչութեան կողքին Շահին մեծ համբաւ ձեռք բերած է իր փորագրութեան արուեստին ճամբով եւ 1900 թուականին համաշխարհային ցուցահանդէսի մը ընթացքին արժանացած է առաջնութեան ոսկէ մետայլին. երեք տարիներ ետք՝ 1903 թուականին դարձեալ արժանացած է առաջնութեան՝ Վենետիկի մէջ կազմակերպուած համաշխարհային ցուցահանդէսի մը ընթացքին:
Բարեբախտաբար Շահին չմոռնալով իր արմատները պատրաստած է նաեւ հայութիւն բուրող գործեր, որոնցմէ է «Ալեւոր հայը» աշխատութիւնը. Շահին պատրաստած է նաեւ Պօղոս Նուպար փաշայի եւ անոր կնոջ եւ այլ յայտնի հայերու դիմանկարները:
Հակառակ Հայաստանէն դուրս ապրելուն, 1928 թուականին ընտրուած է Հայաստանի Կերպարուեստի միութեան պատուաւոր անդամ: Շահին ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ հայրենիքէն ներս եւ որպէս ազգային ժառանգ Հայաստանի նուիրած է աւելի քան 160 աշխատութիւններ: Նոյնիսկ յետ մահու Հայաստանի մէջ մի քանի անգամ նշուած է մեծ արուեստագէտին ծննդեան 100, 120 եւ 130 ամեակները:
Ֆրանսացի ժողովուրդը այնքան սիրած ու մեծարած է մեծ արուեստագէտի գործերը, որ Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմտեան շրջանի Ժիզիօ քաղաքին մէջ հիմնած է Էտկար Շահինի անուան թանգարան:
Առաւելագոյնս կը կարեւորենք նման մեծերու յիշատակումը, որովհետեւ հայ արուեստը միայն մի քանի անուններու շուրջ չէ՛ որ կը դառնայ. տակաւին ինչքա՜ն շատ են մոռացութեան տրուող մեծերու թիւը. Էտկար Շահինը այսօր յիշողներ քիչ են. մի քանի տասնամեակ ետք աւելիով մոռացութեան պիտի տրուին անոնք: Նման մեծերու կեանքին մասին խօսած ժամանակ անպայմանօրէն կը յիշեմ Կոմիտասի ցաւոտ խօսքը. «Օտարներ աւելիով կը հետաքրքրուին մեզմով՝ քան մենք»:
Իւրաքանչիւր հայ որ այսօր կ՚այցելէ Ֆրանսա, Վենետիկ կամ Իտալիա պէտք է հպարտութեամբ պահ մը կանգ առնէ հայ արուեստագէտին գործերուն դիմաց եւ զգայ հայու այն զգացումը՝ որ ազգութիւն կը բուրէ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -298-
Նկարչութիւնը իր մէջ ունի բազմաթիւ ճիւղեր եւ անոնցմէ մէկն է վերացական նկարչութիւնը: Այս ճիւղին հետեւողները անյստակ գիծերու մէջ դէմքեր, երեւոյթներ եւ պատմութիւններ կը տեսնեն եւ պատահական գիծեր յիշեցնող կտաւ մը կը վերածուի արուեստի:
Աշակերտ եղած ժամանակ որպէս դասախօս հիւր եկաւ հայ արուեստագէտ մը, որ կը զբաղուի վերացական նկարչութեամբ: Դասախօսութեան ժամանակ իր մօտ կանչեց մի քանի աշակերտ եւ հետեւեալ հարցը տուաւ. «այս պատին վրայ ի՞նչ կը տեսնես». Սովորական ճերմակ պատ մըն էր. պատանի աշակերտը տատամսած «ոչ մէկ բան» պատասխանեց, ինչ որ դասախօսին համար «սխալ պատասխան» էր եւ դասախօսը նայելով ճերմակ պատին սկսաւ տեսնել այնպիսի բաներ՝ որ գունաւոր կտաւի մը վրայ տեսնել կարելի չէ: Սպիտակ պատին մէջ տեսաւ դէմքեր, տեսաւ վրէժ ու կռիւ, տեսաւ կիներ ու մանուկներ, իսկ մենք բոլորս ապշած դիտեցինք այն պատը՝ որուն վրայ կարծես ժապաւէն մը կը դիտէր արուեստագէտը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան