ԻՋՆԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է ՔԱՆ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼԸ

Մար­դիկ միշտ կեան­քի դիւ­րին եւ հա­ճե­լի կող­մը կ՚ու­զեն ապ­րիլ։ Բնա­կան է այս, քա­նի որ դիւ­րին ու հա­ճե­լի վի­ճակ մը ա­ւե­լի հրա­պու­րիչ է, քան դժուա­րին ու տա­ժա­նե­լի, խրթին կա­ցու­թիւն մը։ Բայց պէտք է խոր­հիլ, թէ՝ ար­դեօք ա­մէն դիւ­րին ու հա­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւն օգ­տա­կար եւ բա­րե­բեր կրնա՞յ ըլ­լալ։ Խնդրա­կա՛ն է։

Դիւ­րին ձեռք ձգուած յա­ջո­ղու­թի՞ւն մը, թէ ծանր աշ­խա­տան­քի, տքնա­ջան ու տա­ժա­նա­գին զբա­ղու­մի ար­դիւնք յաղ­թա­նակ մը ա­ւե­լի հեշ­տա­լի է։

Դիւ­րի­նը՝ միշտ ներ­կա­յին հա­մար, այդ պա­հուն հա­ճե­լի է, իսկ դժուա­րը՝ ա­պա­գա­յին հա­մար, գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մար, ու­րիշ խօս­քով՝ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ եւ լայն ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը հա­մար ար­ժէք կը ստա­նայ եւ ա­ւե­լի օգ­տա­բեր կ՚ըլ­լայ։ Եւ ու­րեմն «դիւ­րին»ը խա­բէա­կան է եւ անս­տոյգ, իսկ «դժուար»ը՝ ա­պա­հով եւ հա­ւաս­տի, ա­ներկ­բա՛յ։ Դիւ­րին ձեռք ձգուած յա­ջո­ղու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւոր է՝ միայն ա­տե­նի մը հա­մար, իսկ դժուա­րու­թեամբ ձեռք բե­րուա­ծը՝ մնա­յուն, կա­յուն եւ մշտնջե­նա­ւո՛ր։

Ար­դա­րեւ կեան­քը՝ զայն ապ­րի­լը, ա­նընդ­հատ եւ ան­վերջ տքնա­ջան ըն­թացք մըն է, եր­կունք մըն է։

Եւ ե­թէ շի­տակ կը դի­տենք ու կը բա­ցատ­րենք, կը մեկ­նա­բա­նենք ի­րե­րը, ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ե­րե­ւոյթ­նե­րը, կեան­քը դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ցա­ւի եւ վիշ­տե­րու, ան­գութ ու­ժե­րու եւ մա­նա­ւա՛նդ մա­հուան դէմ պայ­քա՛ր մըն է։

Դժուա­րու­թիւն­ներ եւ նե­ղու­թիւն­ներ չեն պակ­սիր այս ըն­թաց­քին մէջ։ Բայց ան­գամ մըն ալ երբ այդ դժուա­րու­թիւն­ներն ու նե­ղու­թիւն­նե­րը վեր­ջա­նան եւ յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ յաղ­թա­նա­կը գայ՝ կա­րե­լի է ե­րե­ւա­կա­յել ա­ւե­լի մեծ հա­ճոյք, ու­րա­խու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն։

Երբ բնու­թիւ­նը կը սկսի նոր օ­րուան մը, առ­տուն, մութ­նու­լու­սուն, թռչուն­ներ եւս կը սկսին ճռուո­ղիւ­նով դի­մա­ւո­րել զայն։ Բայց նաեւ անձ­կու­թեան շեշտ մը կայ այդ ճռուո­ղիւն­նե­րուն մէջ։ Նե­ղու­թիւն մը՝ որ քօ­ղար­կուած է ու­րա­խու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ու­րա­խու­թեան ե­տեւ կա՛յ տրտմու­թիւն մը, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ա­մէն տխրու­թիւն ու­րա­խու­թիւն մը ու­նի իր խո­րը։ Եւ կար­ծեմ, «յոյս» ը­սուածն է այդ քօ­ղար­կուած զգա­ցու­մը։ Ա­մէն խա­ւա­րին կը յա­ջոր­դէ լու­սա­ւո­րու­թիւն, եւ ինչ­պէս բա­նաս­տեղ­ծը կ՚ը­սէ. «Չկա՛յ մութ՝ որ չպա­րուա­նա­կէ իր մէջ լո՛յս…»։­

Եւ ան, որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ լոյ­սին, ա­հա­ւա­սիկ ան կը զգայ յոյ­սին զօ­րու­թիւ­նը իր մէջ։

Ա­մէն կեն­դա­նի էակ ու­նի իր մէջ ա­պա­հով եւ անվ­տանգ ըլ­լա­լու փա­փա­քը եւ կը վա­զէ դէ­պի ա­պա­հով ա­պաս­տան մը՝ հա­լա­ծան­քի եւ նե­ղու­թեան վա­խի բնազ­դէ մը, ո­րուն դէմ պաշտ­պա­նու­թիւն, վստա­հու­թիւն կը փնտռէ յա­րա­ժամ։ Եւ այս ցոյց կու տայ՝ թէ բո­լոր կեն­դա­նի էակ­ներ՝ ա­սուն կամ ա­նա­սուն, բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած կամ ան­բան, վե­րապ­րե­լու՝ գո­յա­պահ­պա­նուե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու ան­վերջ պայ­քա­րի մը մէջ են։

Իսկ երբ շնչա­ւոր կեան­քէն՝ ան­շունչ բու­սա­կան կեան­քին կ՚անց­նինք - հոս «ան­շունչ» բա­ռը կը գոր­ծա­ծենք, պար­զա­պէս բոյ­սե­րը զա­նա­զա­նե­լու հա­մար միւս կեն­դա­նի-ապ­րող էակ­նե­րէն, քա­նի որ բո՛յ­սերն ալ կը շնչեն ի­րենց կար­գին - դար­ձեալ նո՛յն ե­րե­ւոյ­թը կ՚ել­լէ մեր դէ­մը։ Ծա­ռեր, ծա­ղիկ­ներ, թու­փեր, մին­չեւ իսկ խո­նարհ խո­տը, ի­րենց «պայ­քար»ը կը մղեն՝ դժուա­րու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու դէմ, ապ­րե­լու եւ կա­րե­նալ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց ինք­նու­րոյն «կեանք»ը։

Զոր օ­րի­նակ, վար­դը կը բող­բո­ջի, բայց իր փառ­քին լիու­թեան մէջ՝ իր նե­ղու­թիւ­նը, իր եր­կուն­քը կը շա­րու­նա­կէ ծայ­րա­յեղ անձ­կու­թեամբ մը՝ քա­նի որ գու­ցէ «ի՛նչ որ ծնաւ ինք, թշնա­մին փճաց­նէ, ոչն­չաց­նէ…»։­

Եւ այս մշտնջե­նա­ւոր տիե­զե­րա­կան պայ­քա­րին մէջ են նաեւ մար­դիկ՝ մարդ էա­կը՝ ան­հա­տա­պէս եւ հա­ւա­քա­պէս, որ­պէս ըն­կե­րու­թիւն, որ­պէս մարդ­կու­թի՛ւն։

Պահ մը խոր­հինք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ չըլ­լար այդ «պար­քար»ը՝ կեան­քը «կեա՛նք» պի­տի ըլ­լա՞ր։

Այդ «պայ­քար»ն է որ մարդս կեան­քի կը կա­պէ, նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ են որ ապ­րե­լու ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն կու տայ։ Ե­թէ ա­մէն ինչ դիւ­րին ըլ­լար, ա­մէն ինչ կար­գին ըն­թա­նար, մարդ միշտ ու­րախ ու եր­ջա­նիկ ըլ­լար, ա­պա ու­րեմն «եր­ջա­նիկ կեանք»ը ի­մաստ մը, ա­ւե­լին՝ ար­ժէք մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ՞ր։ Չեմ կար­ծեր, քա­նի որ ե­թէ ար­ժէ­քի մը հա­կա­դի­րը չըլ­լայ՝ ար­ժէ­քը ի­մաստ չ՚ու­նե­նար։ Ինչ­պէս՝ ե­թէ մու­թը չըլ­լար լոյ­սին ար­ժէ­քը պի­տի չյայտ­նուէր։ Քա­նի որ մարդ էա­կը միօ­րի­նակ ե­րե­ւոյթ­նե­րու շատ ար­ժէք չ՚ըն­ծա­յեր, այլ միշտ փո­փո­խու­թիւն, տար­բեր վի­ճակ­ներ կ՚ու­զէ, որ­պէս­զի բաղ­դա­տէ զա­նոնք եւ ընտ­րու­թիւն մը ը­նէ ա­նոնց մի­ջեւ։ Մու­թը եւ լոյ­սը, սե­ւը եւ ճեր­մա­կը, դժուա­րը եւ դիւ­րի­նը, չա­րը եւ բա­րին, ե­ւայլն, այս բո­լոր հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րը՝ մէ­կը միւ­սին ա­պա­ցոյցն են։

Ար­դա­րեւ կեան­քը հա­մայ­նա­պար­փակ ի­րե­րու խա­նութ մըն է՝ ո­րուն բո­լոր ապ­րանք­նե­րը ե­թէ մէկ մէկ փոր­ձուին, այն ա­տեն կը հասկ­ցուի ա­նոր ի­մաս­տը, բուն ար­ժէ­քը։ Եւ ի­րա­պէս աշ­խարհ «վար­դաս­տան» մը չէ, ա­մէն տե­սակ բոյս կայ, եւ զայն աշ­խարհ ը­նողն ալ այդ է, ինչ­պէս՝ նե­ղու­թիւն­ներ եւ բա­րու­թիւն­ներ կեան­քը «կեանք» կ՚ը­նեն…։

Եւ երբ նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու մա­սին կը խօ­սինք, յա­ճախ կը յի­շենք Յսիու­սի խօս­քը, թէ՝ աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նանք, բայց պէ՛տք է քա՛ջ ըլ­լալ, քա­ջա­լե­րուիլ, քա­նի որ Ան իսկ նե­ղու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ բայց յաղ­թե՛ց աշ­խար­հին։

Ու­րեմն նե­ղու­թիւն­ներ եւ դժուա­րու­թիւն­ներ բնա­կան են՝ ո­րոնց­մէ զերծ մնալ կա­րե­լի չէ՛ ո­րե­ւէ կեն­դա­նի էա­կի հա­մար, որ կ՚ապ­րի ամ­խար­հի վրայ։ Բայց կա­րե­ւո­րը սա է, ան­շուշտ մարդ էա­կին հա­մար՝ ի՛նչ­պէս որ ալ ապ­րի ան, գէթ ա­ռանց Աս­տու­ծոյ չապ­րի։

Կը պատ­մուի, թէ ի­մաս­տա­սէր մը, իր ա­շա­կերտ­նե­րով շրջա­պա­տուած կը քա­լէր՝ ա­նոնց պատ­մե­լով կեան­քի գաղտ­նիք­նե­րը եւ հո­գե­ւոր հիմ­քե­րը։ Ճամ­բուն վրայ ա­նոնց կը հան­դի­պի «վա­տա­համ­բաւ» կին մը։ Ան կը մօ­տե­նայ ի­մաս­տա­սէ­րին եւ կ՚ը­սէ. «Ու­սու­ցի՛չ, դուն ամ­բողջ կեան­քիդ, քու ա­շա­կերտ­նե­րուդ կ՚ու­սու­ցա­նես, կը սոր­վեց­նես ի­մաս­տու­թեամբ եւ ա­նոնց ցոյց կու տաս ճշմար­տու­թիւնն ու ի­մաս­տու­թիւ­նը։ Կը հո­գաս ա­նոնց՝ որ կա­տա­րեալ բա­րի եւ մա­քուր ըլ­լան, եւ ա­նոնք բնա­կա­նա­բար կը հե­տե­ւին քե­զի։ Սա­կայն ակ­նար­կով մը իսկ երբ մօտս կան­չեմ՝ ա­նոնք քեզ այն­տեղ մի­նակ կը թո­ղուն եւ կը վա­զեն, որ­պէս­զի ին­ծի հե­տե­ւին, ե­տե­ւէս կը վա­զեն»։­

Ի­մաս­տա­սէ­րը ան­մի­ջա­պէս կ՚ըն­դու­նի տխրահռ­չակ կնոջ ը­սած­նե­րը, սա­կայն կ՚ա­ւելց­նէ. «Դուն ճի՛շդ կ՚ը­սես, բայց քու տե­սա­կէ­տիդ մէջ կէ­տի մը շուրջ կը սխա­լիս, ես իմ ա­շա­կերտ­ներս կը մղեմ ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի՛ վեր բարձ­րա­նալ, իսկ դուն ա­նոնց կրնաս միա՛յն ա­ռա­ջար­կել վա՛ր գլո­րիլ, տա­պա­լիլ, բայց իջ­նե­լը ա­ւե­լի դիւ­րին է եւ հեշտ, քան բարձ­րա­նա­լը»։­

Եւ յի­շենք Ա­ւե­տա­րա­նի խօս­քը. «Զգո՛յշ ե­ղէք սուտ մար­գա­րէ­նե­րէն, ո­րոնք կը մօ­տե­նան ձե­զի ոչ­խա­րի կեր­պա­րան­քով, մինչ ներք­նա­պէս յափշ­տա­կիչ գայ­լեր են…» (ՄԱՏԹ. Է 15)։­

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 6, 2016, Գնա­լը կղզի

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016