ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

«Ինծի հանդէպ սուտ խօսած ըլլալդ չէ՛ որ զիս կը վիրաւորէ, այլ այն՝ որ այլեւս քեզի պիտի չհաւատամ, ահաւասիկ, ա՛յս է որ զիս կը սարսափեցնէ»։

FRİEDRİCH NİETZSCHE

Friedrich Nietzsche (1844-1900). իր այս տողերով յատկապէ՛ս կը մատնանշէ բարեկամութեան մէջ անկեղծութեան, ուղղամտութեան, ճշմարտախօսութեան եւ հաւատարմութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեա՛ն հիմնականութիւնը։

Արդարեւ, հոն ուր կեղծաւորութիւն, սուտ եւ անվստահութիւն կայ, հոն երբեք բարեկամութիւն չկայ, բարեկամութեան ազնուութիւնը կը պակսի, եւ մինչեւ իսկ կ՚անհետանայ՝ անհետ կը կորսուի։ Եւ ի՜նչ մեծ յուսախաբութիւն է բարեկամներէ լքուիլ, բարեկամութեան պահանջած հաւատարմութիւնը եւ անկեղծութիւնը չտեսնել, ի՜նչ վիրաւորանք է բարեկամներէ խաբուիլ եւ վստահութիւնը կորսնցնել։

Մահը իր վճռականութիւնը ունի. երբ հասնի՝ նոյնհետայն կը վերջանայ կեանքը, եւ այլեւս ո՛չինչ կը շարունակուի։ Բայց ի՛նչ որ նախընթաց է մահուան երբեմն, թերեւս յաճախ, աւելի՛ ահաւոր է քան՝ մա՛հ. մահէն աւելի՛ մա՛հ։ Եւ մարդ երբ կը տեսնէ ամէն ժխտականութիւն իր շուրջը՝ անտարբերութիւն, անիրաւութիւն, կեղծաւորութիւն, կուրութիւն, խաբէութիւն, եւ մինչեւ իսկ դաւաճանութիւն՝ կը տեսնէ եւ կ՚ապրի մահէն առաջ մա՛հը։

Ո՜վ պիտի չնախընտրէր յայտնի թշնամիէ մը զարնուիլ քան «բարեկամ»է մը մատնը-ւիլ։

Այս ալ մա՛հ է. մահէն աւելի՛ մահ։ Բարեկամ մը, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ բարեկամ կարծուած մը, որ կը խաբէ, կը դաւէ, անհաւատարմօրէն կը վատանայ, եւ սէրը՝ այդ ամենէն ազնիւ եւ վեհ զգացումը կը մսխէ, եւ իր սիրտը կը ցամքեցնէ ամէն նուիրական զգացումէ… մահէն աւելի մեծ կսկիծ, աւելի ծանր վիշտ կը պատճառէ։

Մենք գիտենք, որ Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ. ո՛չ, սիրելի՜ներ Յիսուս մեռաւ տաճարին գաւիթին մէջ, Գեթսեմանիի մէջ, կրկին եւ կրկին անգամներ վիրաւորուած, խոցոտուած մեղաւոր ընկերութեան մը պատճառած յուսախաբութեան հատու հարուածներէն եւ իր բարեկամներուն վատ եւ վեհերոտ վերաբերմունքէն։ Եւ դարձեալ Աւետարանը կը վկայէ թէ՝ ո՛չ Յիսուսի տագնապին եւ ոչ իսկ անոր մահուան բաժնեկից եղան իր այն բարեկամները՝ որոնք կրկին եւ կրկին իրենց սիրոյն եւ հաւատարմութեան յայտարարութիւնը ըրեր էին։ Եւ բոլոր այդ բարեկամները հեռացան, լքեցին Յիսուս, եւ նոյնիսկ ուրացան զԻնք, մերժեցին Անոր բարեկամութիւնը։ Ուստի Քրիստոսը մեռցուցին նախ Իր բարեկամները, որոնք միշտ կը խօսէին սիրոյ եւ հաւատարմութեան մասին։ Քրիստոսը մեռցուցին նա՛խ իր բարեկամները եւ ապա՝ հեթանոսները… եւ առաջին «մահ»ը աւելի՛ մահ էր քան երկրորդը, մահէ մա՛հ։

Բարեկամին կեղծը աւելի վտանգաւոր է եւ վնասակա՛ր քան յայտնի թշնամիին հարուածը։ Եւ այս իմաստով, նախընտրելի է անկեղծ թշնամի ունենալ քան կեղծ եւ կարծեցեալ բարեկամ։

Եւ կ՚արժէ խորհիլ, թէ երբ կը վկայեն Քրիստոսի կրկին մահուան, արդեօք վայրկեան մը կ՚անդրադառնա՞նք մեր անձերուն՝ հասկնալու համար, թէ արդեօք մենք ալ պարտաւո՞ր ենք թէ անպարտ՝ Քրիստոսի կրկնամահ փորձառութեան։

Եւ դարձեալ, կ՚արժէ անդրադառնալ, թէ մենք որպէս «բարեկամ»ներ, արդեօք պատճառ եղա՞ծ ենք մեր բարեկամներուն բարոյական մահուան։ Արդեօք շեղա՞ծ ենք անկեղծութենէ, անհաւատարմութեամբ եւ անտարբերութեամբ վիրաւորա՞ծ ենք մեր բարեկամները, մեր սիրելիները եւ մահէն աւելի մահուան մատնած ենք զիրենք։ Ո՜վ գիտէ թէ որքան ստութիւն, կեղծաւորութիւն, անհաւատարմութիւն եւ վատութիւն, յայտնի եւ գաղտնի մեղքեր բոյն են դրած մեր հոգիներուն մէջ։ Մի գուցէ մենք ալ կը պատկանինք դասակարգին այն մարդոց, որոնց «վա՜յ»ը տուաւ Յիսուս, եւ որոնց նմաններէն սպաննուեցաւ նախ հոգիովը, եւ ապա՝ խաչին վրայ մարմինովը…։

Անհաւատարմութիւնը եւ ապերախտութիւնն է որ կը վիրաւորէ բարեկամը եւ անոր բարոյապէս, հոգեպէս մահուանը պատճառ կ՚ըլլայ։

Եւ մենք, ո՛չ թէ չենք ճանչնար Յիսուս Քրիստոսը, եւ ո՛չ թէ չենք հաւատար, եւ Անոր սորվեցուցած սկզբունքներուն եւ վարդապետութիւններուն ընտանի չենք, ո՛չ, սիրելի՜ներ, լա՛ւ կը ճանչնանք Տէրը եւ Իր փրկութեան լոյս Աւետարանը, բայց մեր ունեցած ծանօթութիւնը, հաւատքը չենք մշակեր, չենք օգտագործեր, չենք վայելեր. ծանօթն է որ կ՚անտեսենք, անտարբեր կը գտնուինք կամ կը մոռնանք, եւ յաճախ կ՚ուրանանք…։ Եւ դժբախտաբար ապերա՛խտ ենք ընդհանրապէս մեր ունեցածին, մեր ընդունածին, մեզի տրուածին համար։

Աստուած ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ իր ապերախտ եւ ապիրատ զաւակներուն, որպէս մարդ դժուա՛ր է ըմբռնել։ Եւ մարդ կ՚անտեսէ այն ճշմատութիւնը՝ թէ ի՛նչ որ ունի եւ կ՚ընդունի իր ծնած օրէն մինչեւ իր վերջին օրը՝ Աստուծոյ պարգեւներն են, ուստի ամէն օր Աստուծոյ երախտապարտ զգալու է մարդ։ Եւ «երախտագիտութիւն» կը նշանակէ տեւակա՛ն հոգեւոր կապ՝ բարիքներու եւ կեանքի Աղբիւրին հետ, որ է Աստուա՛ծ։

Եւ Յիսուս մերժուեցաւ իր բարեկամներէն՝ «իրեններ»էն։ Անոր ցաւին եւ յուսախաբութեան արմատը այդտեղ չէ։ Եթէ «օտար»ներէն մերժուէր՝ «օտար»ները մերժէին եւ ուրանային զԻնք -ինչպէս որ մերժեցին եւ ուրացան- թերեւս այնքան խորունկ վիշտ եւ յուսախաբութիւն չի զգար Յիսուս։ Բայց իր հոգւոյն մէջ խռովեցաւ Ան երբ Գեթսեմանիի իր քրտնաթոր եւ արիւնաթոր տագնապին մէջ Իրեն հանդէպ «անտարբեր» գտնուեցան Իր բարեկամները։ Մահու եւ կենաց ճգնաժամու մը մէջ մինչ Յիսուս աղօթքով կը մարտնչէր Հօր Աստուծոյ հետ, անդին՝ անհոգ եւ անտարբեր կը քնանային իր աշակերտները՝ որոնք «բարեկա՛մ» կոչած էր։

Եւ մենք ալ պէտք է քննենք մենք զմեզ, թէ ո՞րքան «բարեկամ» ենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի։ Պարզապէս «բարեկամ» ըլլալ չի բաւեր, պէտք է զայն գործով արտայայտել՝ բարեկամի պէս վարուիլ, բարեկա՛մ ապրիլ, բարեկամութիւն ընել, եւ կատարել այն ի՛նչ որ բարեկամութիւնը կը պահանջէ։ Եւ մենք, երբեմն ո՜րքան կը շեղինք ճշմարիտ բարեկամութեան բարեբեր ուղիներէն…։

Ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամութիւնը կը ստեղծուի երբ մէկը իր անձնասիրութենէն կը պարպուի եւ կը լեցուի դիմացինին անձովը, կամ կը նոյնանայ անոր հետ։ Բարեկամութեան այս սահմանումին կենդանի լուսաբանութիւնը կարելի է տեսնել անշուշտ մարդոց մէջ այն ատեն, երբ բարեկամներ զիրար չեն խաբեր, չեն ստեր, ամէն մէկը իրենը եւ միայն իրենը չի փնտռեր, ընդհակառակը կու տայ ի՛նչ որ ունի, անվերապահօրէն եւ առանց փոխարէնի ակըն-կալութեան։

Եւ այս իմաստով, ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամութեան տիպա՛րն է Տէր Յիսուս Քրիստոս որ կ՚ըսէ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13), եւ Յիսուս կենդանի տիպարը եղաւ ճշմարիտ բարեկամութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 18, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020