ՏԱՆԹԷԻՆ ԵՒ ՇԻՐԱԶԻՆ
Տարիներ առաջ մեծն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը աշխարհ կը հրաւիրէր Տանթէն, որպէսզի անոր նկարագրած դժոխքէն տարբեր ու շօշափելի դժոխք մը ցոյց տար ու Շիրազ այնքան վստահ էր այդ երկու դժոխքներու տարբերութեան, որ կը հաւատար, թէ Շիրազի ցոյց տուած դժոխքը տեսնելով Տանթէ պիտի մոռնայ իր դժոխքը: Շիրազի հրաւէրը բանաստեղծութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերով.
«Իջիր մի վայրկեան, պաղատում եմ քեզ,
Իջիր քեզ տանեմ այնպիսի դժոխք,
Որ դու մոռանաս դժոխքը երգիդ...»:
Տանթէի նկարագրած դժոխքը կրակով, իսկ Շիրազի նկարագրած դժոխքը արիւնով լեցուն է. սակայն այն դժոխքը որ այսօր ես պիտի ներկայացնեմ ո՛չ կրակ ունի եւ ո՛չ արիւն. սակայն այդ մէկը ձեզի թող չխաբէ, որովհետեւ մերօրեայ դժոխքը չունի կրակ ու արիւն, սակայն նոյնքան եւ աւելի դաժան է՝ ինչքան անոնց նկարագրածը:
Աստուածաբանական դասընթացքներէն կը յիշեմ, թէ շատեր կը հաւատային, թէ մերօրեայ երկիր մոլորակը նոյնինքն դըրախտն է. այդ աստուածաբանները եթէ տեսնէին մերօրեայ աշխարհը, գուցէ զղջային նման բանի մը հաւատացած ըլլալնուն համար, որովհետեւ մերօրեայ աշխարհին մօտ դժոխքը նոյնիսկ սրբավայր մը կը մնայ:
Դո՛ւն ալ իջիր Շիրազ, իջի՛ր ու տես դժոխքը հայուն, ու թէ՛ զոհը եւ թէ՛ դահիճը հայ է եւ ո՛չ օտարը: Իջիր ու տես մերօրեայ վիճակը ու պահ մը զղջայ, որ քու նկարագրած դժոխքդ վերջը չէ՛ եղած մեր ազգին. ազգի մը՝ որ օտարին հարուածներէն ողջ մնաց, սակայն ապրիլը ընտրելու փոխարէն ինքնասպան ըլլալ որոշեց ու հիմա ակամայ կը մտածեմ. աւելի լաւ չէ՞ր օտարին ձեռքով ոչնչանալ՝ քան սեփական ձեռքերով ոչնչանալ:
Իջէ՛ք, որպէսզի տեսնէք այն դժոխքը, որուն մէջ կ՚ապրինք այսօր։
Այդ 14-ամեայ կիսամերկ պարմանուհին կը տեսնէ՞ք. հա՛յ մըն է, սակայն ի զարմանս շատերու զինք մերկացնողը, առանց դադար առնելու երեսին վրայ թուքողը եւ պարմանուհիին քոյրերը այդ խեղճին վրայ միզել ստիպողն ու այդ բոլորը տեսագրողը դարձեալ հայ մըն է: Հայ ըլլալէ անդին, հարազատ պարմանուհիի հարազատ մայրն իսկ է. այո՛, մայր, որուն մասին բազմաթի՜ւ էջեր գրեցիր: Քու նկարագրած մայրերդ առասպել մըն է այսօր մեզի համար, որովհետեւ մօր հարազատ զաւակին ըրածը թշնամին իր թշնամիին չէր ըներ:
Այդ արիւնլուայ վիճակով գետինը պառկած կինը կը տեսնե՞ս. կեցի՛ր. կնոջական զգեստը թող ձեզ չխաբէ, իրականութեան մէջ հայ տղամարդ մըն է ան. ձեր ժամանակ միթէ չկայի՞ն հայ տղամարդիկ՝ տղամարդու զգեստով: Ինչո՞ւ համար արիւնլուայ վիճակի մէջ է. այլ հայ երիտասարդ մը դանակահարած է զինք ու դիակը խանձելով դիմած է փախուստի:
Այդ ձերբակալուած հայրը կը տեսնէ՞ք. տակաւին մի քանի օր առաջ յղիացուցած է իր հարազատ 12-ամեայ իր դուստրը. ես ալ ձեր նման ինչքա՜ն պիտի ուզէի, որ այդ պարմանուհիի փորը գերութեան պատճառով ցցուած ըլլար, սակայն ճշմարտութիւնը հեռու է այդ յոյսերէն: Ձեր ժամանակ դուստրը իր հօր կողմէ չէ՞ր յղիանար:
Այդ «Քրիստոնէական» աղանդը կը տեսնէ՞ք, բոլորն ալ հայեր են... սակայն իրենց «Քրիստոնէութիւն»ը ձեզ թող չխաբէ. Հայաստանի մէջ կը քարոզեն մանկապղծութեան, ինքնասպանութեան, խմբակային յարաբերութեան եւ այլ պղծութիւններ: Աղանդի անունն ալ ձեզ չխաբէ. «Աստուծոյ Զաւակներ»ը կամ «Ընտանիք»ը՝ ո՛չ Աստուծոյ հետ զաւակ ըլլալու եւ ո՛չ ալ ընտանեկան արժէքներու հետ աղերս ունի: Այդտեղ հետեւող աւելի քան 500 մարդիկը կը տեսնէ՞ք. անոնք եւս հայեր են: Աստուծոյ անուան տակ մանկապղծութեամբ ու պոռնիկութեամբ կը զբաղուին եւ մենք լուռ ու հնազանդ կը հանդուրժենք այդ բոլորը:
Այդ կամուրջէն վար նետուիլ փորձող 16 տարեկան պատանին կը տեսնէ՞ք. ան այլ հայ մըն է, որ իր պատանեկութիւնը վայելելու, անոր պատճառած անհոգութիւնն ու ուրախութիւնը ըմբոշխնելու փոխարէն, վերջ կ՚ուզէ տալ իր կեանքին: Անոր անմեղ հոգիին մէջ դժոխքը ցանողը դարձեալ հայ մըն էր:
Մայթին մէկ անկիւնը մութին մէջ կեցած այդ պարման-պարմանուհիները կը տեսնէ՞ք. անոնք արդէն գերին են թմրանիւթին. այդ աղջիկներէն քանի՜ն իր կուսութիւնը զոհ կը դարձնէ՝ թմրանիւթ մը ձեռք ձգել յաջողելու համար. այդ պատանիներէն քանինե՜ր գողութիւններ կը գործեն, որպէսզի կարենան ձեռք բերել այդ թոյնը. տեսա՞ծ էիք իր կեանքը թունաւորելու համար այսքան տանջուող երիտասարդութիւն:
***
Այս բոլորը պզտիկ պատկերներ են մեր առօրեայէն. ասոնց եւ ասոնց նման բազմաթիւ դէպքեր օրական դրութեամբ մեր հայկական իրականութեան մէջ կը պատահին։ Գուցէ տասնամեակներ առաջ նման Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ կամ Եւրոպայէն նման լուրեր լսելով զարմանայինք, սակայն այդ բոլորը այլեւս մեզ չեն զարմացներ, որովհետեւ անբաժան մասը կը կազմեն մեր առօրեային: Սակայն պատկերը յուսադրիչ չէ, որովհետեւ այս դէպքերը վերջ գտնելու փոխարէն օրէ օր պիտի շատնան եւ աւելնան եւ կարծելով անոնց դէմ պիտի չկարենանք պայքարիլ. այդ բոլորը այնքա՜ն պիտի տարածուի, որ այլեւս բնական երեւոյթ որպէս պիտի ընդունինք:
Վերոյիշեալ բոլոր դէպքերը հայկական ընտանիքներուն մէջ կը պատահի՝ այն ընտանիքներուն, ուր արժէքներն ու սրբութիւնները «կենդանի» ըլլալ կը կարծենք: Կենդանի եղողը միայն դժոխքն է մեր կեանքին մէջ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -324-
Մի քանի օրեր առաջ Հայաստան աշխարհը ցնցեց համացանցի մէջ տարածուած մօր եւ իր դստեր ժապաւէնը, ուր մայրը անմարդկային ձեւով կը վարկաբեկէր իր հարազատ զաւակը եւ աւելին՝ միւս քոյրերը եւս մասնակից կը դարձնէր իր դժոխային զգացումներուն: Հայաստանի հանրութիւնը զայրոյթով լեցուեցաւ նման մօր մը նկատմամբ. այս մօր արարքը գուցէ մէկ տոկոսն է չտեսնուած ու չբացայայտուած միւսներուն մօտ։
Հայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ հօր կողմէ յղիացած պարմանուհին գուցէ մէկն է միւս բազմատասնեակներէն՝ որոնք չենք տեսներ: Այս բոլորին պատճառը գուցէ դաստիարակութեան պակասը չէ՞... օրէ օր կրթութիւնը կը կորսնցնէ իր արժէքը եւ կրթութիւն ըսելով նկատի չունինք մերօրեայ համալսարաններու կամ դպրոցներու մէջ տրուող դասաւանդութիւնները. մերօրեայ կրթարանները դարձած են դպրոց, մինչ մենք կարիքը ունինք կրթարաններու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան