ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԸ

Հայ Ե­կե­ղե­ցին Սուրբ Խա­չը կը տօ­նէ բազ­մա­թիւ ա­ռիթ­նե­րով։ Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ յի­շուե­ցաւ՝ «Խաչ­վե­րաց», «Գիւտ Խաչ», «Ե­րեւ­ման Խաչ» եւ «Վա­րա­գայ Խաչ», ո­րոնք ու­նին ի­րենց պատ­մա­կան հի­մե­րը։

Այս խա­չի տօ­նե­րէն, Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի տօ­նը, այս տա­րի կը տօ­նուի 25 ՍԵՊ­ՏԵՄ­ԲԵՐ, Կի­րա­կի օր։

Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի տօ­նը պատ­մա­կա­նօ­րէն կա­պուած է Ս. Հռիփ­սի­մէ կոյ­սի հետ։ Ու­րեմն կ՚ար­ժէ յի­շել նախ Ս. Հռիփ­սի­մէ եւ իր հետ նա­հա­տա­կուող կոյ­սե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ հասկ­նալ Վա­րա­գայ Խա­չին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ի­մաս­տը։

Ըստ Ք. Հ. Հան­րա­գի­տա­րա­նի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, որ հե­ղի­նա­կուած է Լե­ւոն Սարգս­յա­նի կող­մէ, Ս. Հռիփ­սի­մեանց եւ Ս. Գա­յա­նեանց կոյ­սեր՝ քրիս­տո­նեայ վկա­յուի­ներ, նա­հա­տակ­ներ են։ Հռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րը ա­ռա­քի­նա­զարդ վա­նա­կան կեանք կը վա­րէին Հռո­մի մէջ, ի­րենց մայ­րա­պե­տի՝ Գա­յիա­նէ կոյ­սի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Հռո­մէա­կան Դիոկ­ղէ­տիա­նոս կայս­րի (284-305) հա­լա­ծանք­նե­րէն խու­սա­փե­լով՝ ի վեր­ջոյ ա­պաս­տա­նած են Հա­յաս­տան՝ Վա­ղար­շա­պա­տի Հնձանք կո­չուած վայ­րը։

Ա­ւան­դու­թիւ­նը, հա­լա­ծանք­նե­րու պատ­ճառ կը հա­մա­րէ այն՝ որ կոյ­սե­րէն գե­ղեց­կա­գոյ­նը՝ «երկ­նա­ւոր հարս» Հռիփ­սի­մէն հրա­ժա­րած է Դիոկ­ղէ­տիա­նոս կայս­րի ա­ռա­ջարկ­նե­րէն՝ դառ­նա­լու ա­նոր կի­նը եւ Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան թա­գու­հին։

Ուս­տի կայս­րը լուր կը ղրկէ հա­յոց Տրդատ Գ Մեծ թա­գա­ւո­րին, որ գտնէ Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նած կոյ­սե­րը եւ վե­րա­դարձ­նէ Հռոմ, բայց ե­թէ կ՚ու­զէ, կրնայ կնու­թեան առ­նել Հռիփ­սի­մէն։ Տրդատ թա­գա­ւոր կը գտնէ կոյ­սե­րը եւ տես­նե­լով Հռիփ­սի­մէի գե­ղեց­կու­թիւ­նը, ինքն ալ կ՚ու­զէ կին առ­նել զայն։

Հռիփ­սի­մէ կը հրա­ժա­րի դար­ձեալ։

Եւ այս պատ­ճա­ռով Հռիփ­սի­մէ կ՚են­թար­կուի չար­չա­րանք­նե­րու, կը կտրուի լե­զուն, աչ­քե­րը կը փո­րուի եւ մար­մի­նը կ՚այ­րուի։

Հռիփ­սի­մէ կոյ­սին նա­հա­տա­կու­մը, այս կեր­պով կը պա­տա­հի Վա­ղար­շա­պատ՝ 301 թուա­կա­նին։

Այս հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւ­նէն յե­տոյ, տես­նենք, թէ ի՞նչ կ՚ը­սէ Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, Վա­րա­գայ Խա­չի մա­սին՝ իր «Ծի­սա­կան բա­ռա­րան»ին մէջ։

«Խա­չի հրա­շա­լի ե­րե­ւում­նե­րէն Յու­նաց Ե­կե­ղե­ցին ու­նի Ե­րու­սա­ղէ­մի ե­րե­ւու­մը 351-ին, իսկ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին Վա­րա­գայ ե­րե­ւու­մը 653-ին։

«Մենք ալ կը կա­տա­րենք Ե­րեւ­ման Խա­չին տօ­նը, եւ Յի­նանց Ե. կի­րա­կին՝ Զատ­կէն 28 օր ետ­քը։

«Իսկ Վա­րա­գայ ե­րե­ւու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ներ­սէս Գ. Շի­նող Կա­թո­ղի­կո­սի օ­րով, որ այդ ե­րեւ­ման տօնն ալ հաս­տա­տեց։

«Ս. Հռիփ­սի­մէ իր հետ ու­նե­ցած է բուն Խա­չա­փայ­տէն մաս մը՝ զոր ի վեր­ջոյ պա­հած է Վա­րա­գէն վեր գտնուող Գա­լի­լիա կո­չուած ժայ­ռին մէջ։ Եւ այդ Խա­չա­փայ­տի մա­սը՝ լու­սա­ւոր տա­ճա­րի տե­սիլ­քով յայտ­նուած է Թո­դիկ ճգնա­ւո­րին, եւ տե­ղէն ել­լե­լով՝ ե­կած հանգ­չած է Վա­րա­գայ վան­քին ե­կե­ղե­ցին, ու ա­ռաջ Թո­դիկ ու Յո­վէլ ճգնա­ւոր­նե­րը եւ յե­տոյ բո­լոր շրջա­կայ գիւ­ղե­րէն եւ Վան քա­ղա­քէն ե­կող ուխ­տա­ւոր­ներ տես­ած ու պաշ­տած են։

«Խա­չա­փայ­տին գիւ­տը 327-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ. իսկ Ս. Հռիփ­սի­մէի մար­տի­րո­սու­թիւ­նը 301-ին կա­տա­րուած ըլ­լա­լով՝ Խա­չի գիւ­տէն ա­ռաջ Խա­չա­փայ­տի մա­սուն­քին գո­յու­թիւ­նը կրնայ մեկ­նուիլ կրկին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով։ Ո­րով­հե­տեւ թէ՛ Տեառ­նեղ­բայր Յա­կո­բոս ա­ռա­քեա­լին հա­մար կ՚ը­սուի թէ կրցած է մաս մը ձեռք ձգել Վե­րաց­ման ա­տեն, եւ թէ՛ Պատ­րո­նի­կէ դշխո­յի հա­մար կը պատ­մուի թէ Կղո­դիոս կայ­սեր օ­րով (41-54) Խա­չա­փայ­տի մաս­նա­ւոր գիւտ մը ը­նել յա­ջո­ղած է։

«Վա­րա­գայ վան­քին մէջ հանգ­չող Խա­չա­փայ­տը ա­ւե­լի սո­վո­րա­կան կեր­պով կո­չուած է Սուրբ Նշան, եւ Սուրբ Նշա­նի մա­սուն­քը մին­չեւ 1021 մնա­ցած է Վա­րագ, եւ նոյն տա­րին փո­խադ­րուած է Սե­բաս­տիա, 1026-ին դար­ձեալ Վա­րագ բե­րուած, 1651-ին Խո­շաբ տա­րուած, իսկ 1655-ին Վա­նայ Ս. Տի­րա­մայր Մայր-ե­կե­ղե­ցին դրուած՝ որ այ­նու­հե­տեւ կո­չուե­ցաւ Սուրբ Նշան։ Հոն եր­կար ժա­մա­նակ մնաց Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չը։

«Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի տօ­նը կը կա­տա­րուի Վե­րաց­ման Խա­չէն 15 օր ետ­քը, այ­սինքն Սեպ­տեմ­բեր 25-էն մին­չեւ Հոկ­տեմ­բեր 1 հան­դի­պող կի­րա­կին»։­

Ու­րեմն, յայտ­նի է, թէ ի՛ն­չու Ս. Հռիփ­սի­մէ կոյ­սը եւ Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չը կա­պակ­ցու­թիւն ու­նին պատ­մա­կա­նօ­րէն, եւ մա­նա­ւա՛նդ թուա­կա­նի տար­բե­րու­թիւն մը կը գրա­ւէ մար­դուս ու­շադ­րու­թիւ­նը…։

Ու­րեմն Վա­րա­գայ Խա­չի մա­սին խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նենք Նա­րեկ Ա­բե­ղայ Ա­ւա­գեա­նի քա­րո­զով։

«Խաչ քո ե­ղի­ցի մեզ ա­պա­ւէն, Տէ՛ր Յի­սուս…»

«Տէ՛ր Յի­սուս, քու Խաչդ թող ա­պա­ւէն ըլ­լայ մե­զի…»։

(ԺԱ­ՄԱ­ԳԻՐՔ, Ա­ռա­ւօ­տեան ժամ)

«Սի­րե­լի­ներ, այ­սօր Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նէ փրկչա­կան Խա­չին նուի­րուած չորս տօ­նե­րէն վեր­ջի­նը՝ Վա­րա­գայ Ս. Խա­չի տօ­նը։

«Ս. Խա­չին նուի­րուած չորս տօ­նե­րէն ե­րե­քը կը նշեն քրիս­տո­նէա­կան միւս ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, իսկ Վա­րա­գայ Ս. Խա­չի տօ­նը յա­տուկ է միայն մեր ե­կե­ղե­ցիին։ Այն հաս­տա­տուած է 653 թ., երբ Թո­դիկ եւ Յո­վէլ ճգնա­ւոր­նե­րը, Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թեամբ Վա­րա­գայ լե­րան վրայ գտան Քրիս­տո­սի մա­սուն­քը։

«Կլավ­դիոս կայ­սեր կի­նը՝ Պատ­րո­նի­կէ թա­գու­հին, ըն­դու­նե­լով Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր Ա­ռա­քեա­լի ձեռ­քէն Խա­չա­փայ­տի սուրբ մա­սուն­քը, այն կը տա­նի Հռոմ։ Որ­մէ յե­տոյ այդ սուրբ մա­սուն­քը, սե­րուն­դէ սե­րունդ ժա­ռան­գա­բար փո­խան­ցուե­լով, վեր­ջա­պէս կը հաս­նի սուրբ կոյս Հռիփ­սի­մէին։ Սուրբ կոյսն ալ իր պա­րա­նո­ցէն մշտա­պէս կա­խած կը պա­հէ այդ սուրբ մա­սուն­քը՝ ո­րուն վրայ թա­փուած էր Տի­րոջ Ա­րիւ­նը։

«Այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն էր, երբ Դիոկ­ղէ­տիա­նոս կայս­րը կա­մե­ցաւ ի­րեն կնու­թեան առ­նել սուրբ Հռիփ­սի­մէն, բայց ան հրա­ժա­րե­լով՝ եօ­թա­նա­սուն կոյ­սե­րու հետ միա­սին, ի­րենց քա­հա­նա­նե­րով հան­դերձ, Ե­գիպ­տոս փախ­չե­լով փրկուե­ցան, ա­պա՝ այն­տե­ղէն Ե­րու­սա­ղէմ եւ ի վեր­ջոյ հա­սան Հա­յաս­տան։

«Վաս­պու­րա­կա­նի մէջ՝ Վա­նի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան կող­մը՝ Վա­րա­գայ լե­րան լան­ջե­րուն, ա­նոնք գտան ի­րենց ա­ռա­ջին ա­պաս­տա­նը։

«Լե­րան գա­գա­թին ամ­փո­փե­ցին սուրբ Նշա­նը՝ որ­պէս մեծ պար­գեւ՝ թող­լով Հա­յաս­տա­նին։ Եւ այդ ի­րենց կամ­քով չը­րին, այլ՝ Աս­տու­ծոյ Նա­խախ­նա­մու­թեամբ։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք մնա­ցին լեռ­նա­գա­գա­թը՝ սպա­սա­ւո­րե­լու սուրբ Նշա­նին, իսկ սուրբ Գա­յիա­նէ եւ սուրբ Հռիփ­սի­մէ, ե­րեք քա­հա­նա­նե­րով եւ քա­ռա­սուն կոյ­սե­րով, Սուրբ Հո­գիի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ գա­ցին Վա­ղար­շա­պատ, եւ ուր նա­խա­տա­կուե­ցան։

«Հա­յոց երկ­րի մէջ գի­տէին, թէ Վա­րա­գայ լե­րան վրայ պա­հուած է սուրբ Նշա­նը, բայց մին­չեւ իշ­խան­նե­րու իշ­խան մեծն Վարդ պատ­րիկ Ռշտու­նի եւ Ներ­սէս Շի­նող Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րը չէին կրցած գտնել զայն։ 653 թ. Թո­դիկ ա­նու­նով կրօ­նա­ւոր մը, իր սրբա­սէր ա­շա­կեր­տին՝ Յո­վէ­լի հետ միա­սին կ՚եր­թան ճգնե­լու Վա­րա­գայ լե­րան վրայ եւ կը հաս­տա­տուին այն­տեղ՝ ուր բնա­կած էին սուրբ կոյ­սե­րը։ Ա­նոնց փա­փաքն էր գտնել սուրբ մա­սուն­քը։ Եր­կար ճգնու­թե­նէ յե­տոյ ա­ւե­լի կը բոր­բո­քի ա­նոնց սիր­տը Քրիս­տո­սի սի­րով եւ սուրբ Նշա­նի փա­փա­քով։

«Եւ ճգնա­ւոր­նե­րը ա­ւե­լի եւս կը խստաց­նեն ի­րենց ճգնու­թիւ­նը եւ տաս­ներ­կու օր շա­րու­նա­կուող ծո­մա­պա­հու­թեամբ կը խնդրեն Տի­րոջ­մէ՝ տես­նել ի­րենց փա­փա­քա­ծը։

«Եւ մար­դա­սէրն Աս­տուած, որ կը կա­տա­րէ Ի­րեն հա­ւա­տա­ցող­նե­րուն կամ­քը, կը լսէ զա­նոնք գի­շե­րա­մի­ջին, երբ ա­նոնք կ՚ա­ղօ­թէին, լե­րան գա­գա­թէն, ուր պա­հուած էր սուրբ Նշա­նը, ա­հա­ւոր ձայ­նով ա­նոնց նշան կու տայ, որ­մէ զար­մա­ցած, ճգնա­ւոր­նե­րը կը նա­յին դէ­պի լե­րան գա­գա­թը եւ այն­տեղ կը տես­նեն պայ­ծառ լոյս մը։

«Լոյ­սը իր չա­փով եւ ձե­ւով այն­պի­սի էր, ինչ­պէս՝ այն­տեղ գտնուող մա­սուն­քը։

«Ճգնա­ւոր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն զար­մա­ցած նա­յիլ լոյ­սին, որ աս­տի­ճա­նա­բար կը պայ­ծա­ռա­նար եւ կը լու­սա­ւո­րէր ամ­բողջ լե­ռը, ա­ռա­ւել քան ա­րե­գա­կի լոյ­սը, ո­րով սքան­չա­նա­լով կը փա­ռա­ւո­րեն զԱս­տուած։ Ա­պա կը տես­նեն լոյ­սի տաս­ներ­կու սիւ­ներ՝ ո­րոնք վեր կը խո­յա­նա­յին երկ­րէն մին­չեւ եր­կինք։ Ամ­բողջ լե­ռը կը լե­ցուի ա­նու­շա­հո­տու­թեամբ ու հրեշ­տակ­նե­րու օրհ­նու­թեան եր­գե­րով։

«Մինչ կրօ­նա­ւոր­նե­րը կը վա­յե­լէին այդ սքան­չե­լի­քը՝ որ տե­ւեց կէս­գի­շե­րէն մին­չեւ օ­րուան վե­ցե­րորդ ժա­մը, սուրբ մա­սուն­քը իր մաս­նա­տու­փով հան­դերձ կ՚ել­լէ վէ­մէն եւ լոյ­սե­րու մէջ վեր բարձ­րա­նա­լով ու ցո­լար­ձա­կե­լով՝ կու գայ ու կը կանգ­նի սուրբ Սե­ղա­նի վրայ՝ լոյս ճա­ռա­գայ­թե­լով վե­ցե­րորդ ժա­մէն մին­չեւ ին­նե­րորդ ժա­մը։ Մինչ ճգ­­նա­ւոր­նե­րը զար­ման­քի մէջ էին, խա­չա­նիշ լոյ­սէն ա­նոնց կը հաս­նի ձայն մը, որ կ՚ը­սէ.- Քրիս­տոս հա­ճե­ցաւ բնա­կիլ սուրբ Նշա­նի մէջ՝ Հա­յոց աշ­խար­հի պահ­պա­նու­թեան եւ փրկու­թեան հա­մար։

«Եւ ա­նոնք ա­ռաջ գա­լով՝ մեծ ա­հով ու դո­ղով կը տես­նեն սուրբ Նշա­նը՝ սուրբ Սե­ղա­նի վրայ լոյ­սով պա­րու­րուած։ Ա­պա վերց­նե­լով, կը բարձ­րաց­նեն ի­րենց ձեռ­քը՝ ար­տա­սուա­լից կը համ­բու­րեն ու կը գո­հա­նան Տի­րոջ­մով։

«Այս ա­մե­նէն յե­տոյ Ներ­սէս Գ. Տա­յե­ցի (Շի­նող) հայ­րա­պե­տը կարգ կը սահ­մա­նէ՝ ա­մէն տա­րի ա՛յդ օ­րը տօ­նել - Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի տօ­նը՝ Քրիս­տո­սի եւ Ա­նոր սուրբ Խա­չին փառ­քի հա­մար։ Ա­պա տաս­ներ­կու ե­կե­ղե­ցի­ներ կը կա­ռու­ցուին՝ տաս­ներ­կու լոյ­սե­րով սիւ­նե­րու ե­րեւ­ման տե­ղը, իսկ այն ե­կե­ղե­ցին՝ ուր ե­կաւ եւ հանգ­չե­ցաւ սուրբ Նշա­նը, ըն­դար­ձա­կե­լով կը նո­րո­գեն եւ նոյն տե­ղը վանք կը հիմ­նեն։

«Ա­հա, այ­սօ­րուայ տօ­նի հա­կիրճ պատ­մու­թիւ­նը։

«Սի­րե­լի­ներ, աս­տուա­ծա­յին ո­րե­ւէ հրաշք ինք­նան­պա­տակ չէ, այլ կը ծա­ռա­յէ ո­րո­շա­կի նպա­տա­կի, ա­ռա­ջին հեր­թին՝ մար­դու փրկու­թեա­նը։ Երբ աշ­խար­հաս­տեղծ Աս­տուած կ՚ու­զէ ան­հա­ւատ­նե­րը հա­ւատ­քի բե­րել, իսկ թե­րա­հա­ւատ­նե­րը հա­ւատ­քի մէջ հաս­տա­տել, ա­պա Իր ա­մե­նա­կա­րող զօ­րու­թեամբ, իբ­րեւ երկ­նա­յին ո­ղոր­մու­թիւն ու պար­գեւ, կը հրա­շա­գոր­ծէ։ Այդ հրաշք­ներն ալ կը դառ­նան այն ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րը՝ ո­րոնք ներ­քուստ մար­դի­կը կը մղեն դէ­պի ա­պաշ­խա­րու­թիւն, դէ­պի դարձ առ Աս­տուած։

«Խա­չը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, հաշ­տու­թեան նշանն է մեր եւ Աս­տու­ծոյ մի­ջեւ (ԿՈ­ՂՈՍ. Ա 19-20)։ Քա­նի որ Խա­չի մա­հով Յի­սուս բա­ցաւ եր­կին­քը, որ փակ էր այն օ­րուը­նէ, երբ նա­խաս­տեղծ­նե­րը՝ Ա­դա­մը եւ Ե­ւան ճա­շա­կե­ցին ար­գի­լուած պտու­ղը եւ զրկուե­ցան աս­տուա­ծա­յին շնորհ­նե­րը վա­յե­լե­լէ եւ մա­հը աշ­խարհ մտաւ։

«Հո­գե­ւոր աշ­խար­հի դռ­­նե­րը բա­ցուե­լով, Յի­սուս սկզբնա­ւո­րեց հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ եւ մար­դու մի­ջեւ։ Վերց­նե­լով մեր բնու­թիւնն ու այն գա­մե­լով խա­չին Քրիս­տոս սպան­նեց մեղ­քը (ՀՌՈՄ. Զ 6-7), Իր մա­հուամբ յաղ­թեց մա­հուան, ա­պա Իր մա­հուամբ ու յա­րու­թեամբ կեն­սա­գոր­ծեց մեր բնու­թիւ­նը՝ ա­նոր տա­լով յա­ւի­տե­նա­կան կեանք, իսկ յե­տոյ համ­բար­ձաւ՝ տա­րաւ զայն եր­կինք ու նստե­ցուց Հօր աջ կող­մը (ԵԲՐ. Ա 3)։ Այդ­պի­սով, ա­հա­ւա­սիկ, խա­չը մա­հուան գոր­ծի­քէն վե­րա­ծուե­ցաւ Կե­նաց ծա­ռի։

«Իսկ այ­սօր, սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, Վա­րա­գայ Ս. Խա­չի տօ­նի ընդ­մէ­ջէն, Տէ­րը կը վե­րա­հաս­տա­տէ Ե­կե­ղե­ցին եւ մեր մէջ հաս­տա­տու­թեան կնիք կը տպա­ւո­րէ, ո­րով ինչ­պէս Ինք յաղ­թեց մա­հուան ու դժոխ­քին, այդ­պէս ալ մենք յաղ­թենք աշ­խար­հին ու սա­տա­նա­յին, քա­նի որ խա­չին կաշ­կան­դուե­լով կա­պուե­ցաւ բան­սար­կուն եւ ա­զա­տուե­ցաւ բռնուած­նե­րը ա­նոր կող­մէ։

«Խա­չը նա­հա­պետ­նե­րու ցան­կու­թիւնն է, մար­գա­րէ­նե­րու կան­խա­սա­ցու­թիւ­նը, ա­ռա­քեալ­նե­րու քա­րո­զու­թիւ­նը եւ հայ­րա­պետ­նե­րու դա­ւա­նու­թիւ­նը։

«Խա­չը մար­տի­րոս­նե­րու պսա՛կն է եւ նա­հա­տակ­նե­րու յաղ­թու­թիւ­նը։ Խա­չը կե­նաց ծառն է եւ ան­մա­հու­թեան պտու­ղը։ Խա­չը ան­մեղ­նե­րու խրատն է եւ մե­ղա­ւոր­նե­րու քա­ւի­չը։ Խա­չը մո­լո­րուած­նե­րու ճա­նա­պարհն է եւ խա­ւա­րած­նե­րու ճա­ռա­գայ­թը։

«Սի­րե­լի­ներ, դժուար է խա­չի ճա­նա­պար­հը, փշոտ ու նեղ, բայց այն մեզ դէ­պի փրկու­թիւն կը տա­նի, ինչ­պէս պատ­մու­թեան մէջ, երբ մեր ազ­գը քա­լեց այդ նեղ ճա­նա­պար­հով՝ յաղ­թա­նա­կի ու ձեռք­բե­րում­նե­րու նշա­նա­կե­լի դրուագ­ներ ար­ձա­նագ­րեց իր կեան­քի շրջա­գի­ծէն ներս։

«Մե­զի հա­մար կեն­սա­կա­նօ­րէն ա­մե­նա­ծանր եւ տա­ժա­նե­լի ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն ան­գամ, հայ ազ­գը կա­րո­ղա­ցաւ տո­կալ եւ յա­րա­տե­ւել, նոյ­նիսկ ա­ւե­լին՝ ապ­րիլ ու ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ նաեւ կա­րո­ղա­ցաւ չտրտնջալ, այլ միշտ փառք տալ աշ­խար­հաս­տեղծ Աս­տու­ծոյ եւ կրե­լով կեան­քին ի­րեն բա­ժին հա­նած խա­չը՝ ը­սաւ.- Տէր Աս­տուած Դուն մե­զի քար եւ հող տուիր, իսկ մենք այդ քա­րէն ու հո­ղէն Քե­զի հա­մար տա­ճար եւ վանք կեր­տե­ցինք եւ խաչ ու խաչ­քար տուինք, Դուն մե­զի փայտ ու կա­շի տուիր, իսկ մենք Քե­զի մա­գա­ղաթ ու թուղթ տուինք։

«Եւ մի­թէ Քրիս­տո­սի խա­չին հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւատ­քով չէ՞ր, որ մեր նախ­նի­նե­րը կա­րո­ղա­ցան ան­մար պա­հել մեր հա­ւատ­քի հայր Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի, Ա­րա­գա­ծի կա­տա­րին զե­տե­ղուած կան­թե­ղի խորհր­դա­խոր­հուրդ Լոյ­սը, եւ մի­թէ Քրիս­տո­սի խա­չին հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւատ­քով չէ՞ր, որ Օ­շա­կա­նի Սուր­բը, այ­բե­նաս­տեղծ ու գրա­գիւտ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց Վար­դա­պե­տը փրկեց մեր ազ­գը ձու­լուե­լու ա­հա­սար­սուռ վտան­գէն, եւ մի­թէ Քրիս­տոս խա­չին հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւատ­քով չէ՞ր, որ Վար­դա­նը եւ ա­նոր զի­նա­կից­նե­րը կա­րո­ղա­ցան խոր­տա­կել յազ­կեր­տեան սպառ­նա­լիք­նե­րը։

«Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, այս ա­մէ­նը մենք ու­նինք այ­սօր, որ­պէս նախ­նի­նե­րու ժա­ռան­գու­թիւն, քա­նի որ մեր ե­րա­նե­լի՜ նախ­նի­նե­րը հա­ւա­տա­ցին եւ կրե­ցին կեան­քին ի­րենց բա­ժին հա­նած խա­չը։ Այ­սօր մենք՝ ապ­րող­ներս կրե­լու ենք այդ խա­չը, քա­նի որ Խա­չեա­լին հան­դէպ ու­նե­ցած մեր հա­ւատքն ու սէ­րը մի­միայն զո­հո­ղու­թեան այդ ձե­ւով կրնանք ար­տա­յայ­տել։

«Ու­րեմն ե­կէք, միաս­նա­բար, ա­մուր կառ­չած մնանք Տի­րոջ փրկչա­կան խա­չին, որ­պէս­զի խա­չի զօ­րու­թեամբ ա­ւե­րենք դժոխ­քի վե­րա­ծուած մեր երկ­րա­ւոր կեան­քը, որ­պէս­զի խա­չի վրայ թա­փուած Աս­տուա­ծոր­դիին փրկչա­կան Ա­րեան մի­ջո­ցով, մուտք ու­նե­նանք դէ­պի դրախտ, որ­պէս­զի խա­չի օրհ­նու­թեամբ երկ­նա­յին շնորհ­ներ բաշ­խենք մարդ­կու­թեան եւ որ­պէս­զի խա­չով սաս­տենք եւ հե­ռու վա­նենք դե­ւե­րը։

«Թող մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի փրկչա­կան խա­չը հա­նա­պազ պա­հա­պան եւ հո­վա­նի ըլ­լայ մե­զի, մեր բո­վան­դակ կեան­քի ըն­թաց­քին, որ­պէս­զի եր­բեք չշե­ղինք աս­տուա­ծա­հա­ճոյ ճա­նա­պարհ­նե­րէն եւ կա­րող ըլ­լանք Տի­րոջ կամ­քը կա­տա­րել երկ­րի վրայ՝ ա­ղօթ­քով խնդրե­լով Աս­տուծ­մէ.

«Տէ՛ր Յի­սուս, Քու խաչդ թող ա­պա­ւէն ըլ­լայ մե­զի։

«Շնորհք, սէր եւ խա­ղա­ղու­թիւն ե­ղի­ցին ընդ ձեզ եւ ընդ ա­մե­նե­սեանս. Ա­մէն»։

­Նա­րեկ Ա­բե­ղայ Ա­ւա­գեան

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, կը տես­նուի, որ Խա­չը որ­քան կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ մեր կեան­քին մէջ։ Անդ­րա­դառ­նանք Խա­չին զօ­րու­թեան եւ ար­ժէ­քին, այն ա­տեն կեան­քը ա­ւե­լի՛ դիւ­րա­տար պի­տի ըլ­լայ բո­լո­րիս հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016