«ԵՍ»ԻՆ ԴԷՄ ԱՆՎԵՐՋ ՊԱՅՔԱ՛Ր

Մարդկային էութեան մէջ, ինքն իր «Ես»ին դէմ պայքարը ամենամեծն է մղուած բոլոր պայքարներուն նկատմամբ։ Արդարեւ, ամենէն դժուարն է պարտել «Ես»ը, քանի որ ան ներքնապէս կը դիմադրէ արտաքին ամէն ազդեցութեան եւ կ՚ուզէ միշտ յաղթական ելլել այդ պայքարէն եւ երբեք չի նահանջեր եւ զիջողութիւն ցոյց չի տար այդ մասին։ Եւ այս պատճառով, ամենէն դժուար եւ ծանր պայքարն է մարդուս ինքն իր «Ես»ին հանդէպ պայքարը։ Մշտնջենաւոր, անվերջ պայքար մըն է «Ես»ին հանդէպ մղուած այս պայքարը՝ որմէ յաղթական դուրս գալ իրապէ՛ս մեծ յաջողութիւն է։

Շատեր կը պարտուին այս բարոյական ներքին պայքարին մէջ եւ գերի կը դառնան իրենց կիրքերուն, որ կու գայ իրենց «Ես»էն։ Արդարեւ, ամենէն դաժան եւ անտանելի գերութիւնը՝ մարդուս իր իսկ «Ես»ին գերի դառնալն է, ուր կը կորսուի բանականութիւն, իմացականութիւն եւ ամէն բարոյական բարձր արժէք։ «Ես»ին պարտուիլ եւ գերի դառնալ անոր, պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ կորսնցնէ իր իսկ ինքնութիւնը եւ գրեթէ հաւասարի «անբան» եւ անխորհուրդ, անգութ էակի մը…։

Ի՞նչ է ամենազօրաւոր եւ ազդու բարոյական զէնքը՝ որով կարելի պիտի ըլլայ պարտել «Ես»ը եւ յաղթական դուրս գալ այդ մշտնջենաւոր պայքարէն։ Արդարեւ, Աստուծոյ խոստումն է. «Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, երբ ձեր բոլոր սրտովը փնտռէք զԻս», (ԵՐԵՄ. ԻԹ 13)։

Այս խոստումը կ՚ենթադրէ կատարեալ եւ անկեղծ նուիրո՛ւմ։ Ուստի պէտք է որ մեր սիրտը բոլորովին Աստուծոյ տանք, ապա թէ ոչ մեր մէջ բնաւ տեղ չի կրնար ունենալ այն «փոփոխութիւն»ը՝ որով Անոր նմանութեամբը պիտի վերանորոգուինք։ Սա պէտք է խոստովանինք, թէ ընդհանրապէս բնութեամբ «օտարացած» ենք Աստուծմէ։ Սուրբ Հոգին սա խօսքերով կը նկարագրէ մեր շատերու վիճակը. «Յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ մեռած», «բոլոր գլուխը հիւանդ, եւ բոլոր սիրտը մարած», «բնաւ ողջ տեղ չկա՛յ»։

Սատանային որոգայթէն բռնուած ենք՝ «իր կամքին ծառայելու …», (ԵՓ. Բ 1), (ԵՍ. Ե 6), (Բ ՏԻՄ. Բ 26)։ Աստուած կը ցանկայ բժշկել, ուղղել մեզ՝ ազատե՛լ մեր կապանքներէն։ Բայց որովհետեւ ասիկա ամբողջական փոխակերպութիւն մը կը պահանջէ՝ վերանորոգում մը մեր համակ բնութեան, պէ՛տք է որ մենք մեզ ամբողջովին յանձնենք՝ ամբողջ մեր էութեամբ նուիրուինք։

Որպէսզի իր անձը բոլորովին Աստուծոյ կամքին հպատակեցնէ, մարդ կռուելու՝ պայքարելու պէտք ունի. բայց իր հոգին պարտի Աստուծոյ հնազանդիլ՝ սրբութեամբ նուիրուելէ առաջ։

Արդարեւ Աստուծոյ տնտեսութիւնը կամ կառավարութիւնը հիմնուած չէ՝ ինչպէս Սատանան կ՚ուզէ ցոյց տալ՝ կոյր հպատակութեան մը եւ անխորհուրդ վերհսկումի մը վրայ։ Ան մտքին ե՛ւ խղճին կոչ կ՚ընէ. «Հիմա եկէ՛ք վիճաբանինք», (ԵՍ. Ա 18)։

Ահա՛ հրաւէրը, զոր Արարիչը կ՚ուղղէ Իր ստեղծած էակներուն։ Աստուած բանականութեամբ օժտելով ստեղծեց մարդը, եւ անշուշտ, Ան կ՚ուզէ, որ մարդը գործածէ իր բանականութիւնը, այլապէս ի՞նչ բանի պիտի ծառայէր անգործ, ամուլ բանականութիւն մը…։

Աստուած չի՛ բռնադատեր Իր արարածներուն կամքը. ազատ կը թողու զայն, որ մարդ շարժի բանականութեամբ եւ ազատ կամքով։ Եւ ահաւասիկ, «Ես»ի հանդէպ պայքարն ալ սկիզբ կ՚առնէ այս իրողութենէն, բանականութեան, խղճի, ազատ կամքի եւ կիրքերու հակադրութենէն։

Մարդ «ազատ կամք»ով կը շարժի, բայց եւ այնպէս, պէտք է հակակշռէ իր ազատութիւնը խղճով եւ բանականութեա՛մբ։

Աստուած երբեք չ՚ընդունիր մեծարանք մը՝ որ չի մատուցուիր անկեղծութեամբ՝ յօժարամտութեամբ եւ իմաստնօրէն։ Ուստի լո՛կ բռնի հնազանդութիւն մը պիտի արգիլէր մտքի եւ նկարագրի ամէն ճշմարիտ զարգացում՝ պարզապէս մեքենայի մը վերածելով մարդը։ Բայց մարդ մեքենայ չէ՛ ստեղծուած, այլ ունի զգացում, խիղճ, բանականութիւն եւ ազատ կա՛մք։

Արարիչ Աստուծոյ նպատակը չէ եղած երբեք իր «ծրագիր»ին մէջ մարդը ստեղծել որպէս մեքենայ մը՝ անզգայ, անբան եւ ամէն բարոյական արժէքէ զուրկ էակ մը։ Ան կը ցանկայ, որ մարդը՝ Իր արարիչ զօրութեան եւ կարողութեան գլուխ-գործոցը, հասնի՝ որքան կարելի է՝ ամենաբարձր զարգացման։ Չէ՞ որ Ան մարդը ստեղծեց Իր նմանութեամբ եւ Իր պատկերով։ Ան մարդուս առջեւ կը դնէ երանութեան բարձրութիւնը՝ որուն կ՚ուզէ, որ հասնին մարդիկ Իր շնորհքով։

Աստուած, ուրեմն, մեզ կը հրաւիրէ մեր անձը յանձնել Իրեն՝ որպէսզի Իր կամքը կարենայ կատարել մեր մէջ։ Ապա ուրեմն, մեզի կը մնայ ընտրել մեղքին եւ ընդհանրապէս սխալին ծառայութենէն ազատումը՝ մասնակցելու համար Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր եւ երանելի՜ ազատութեան։ Ուստի մարդ իր «ազատ կամք»ը պէ՛տք է օգտագործէ ա՛յս ուղղութեամբ։

Մենք ալ Աստուծոյ յանձնուելով՝ նուիրուելով, պարտինք թողուլ ամէն ինչ որ մեզ կը հեռացնէ եւ կը բաժնէ Անկէ։ Եւ այս պատճառով է, որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար Իմ աշակերտս ըլլալ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 33)։

Ուստի «Աստուծոյ որդի»ներ չենք դառնար, մինչեւ որ բոլորովին Անոր չյանձնուինք եւ չնուիրուինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 21, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018