ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ

Անցնող ամիսներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցաւ մեծ կորուստ մը, որ մեծ վիշտ ու կսկիծ պատճառեց Հայաստան եւ ի սփիւռս ապրող հայ ժողովուրդին: Այդ բօթով հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր յայտնի դէմքերէն մէկը, որուն ներկայութիւնը կենսական գոյութիւն էր մեր իրականութենէն ներս:

Ողբացեալը՝ Անկախութիւն Ազատեանը սարսափելի երկունքի մը ծնունդն էր, որ լոյս աշխարհ եկաւ կատաղի մաքառումներով, անձնուիրութեամբ, նուիրումով ու նահատակութեան դափնեպսակով: Նախապէս բժիշկներ յայտնած էին. կա՛մ զինք ծնողները պիտի ապրէին եւ ինք երբեք չծնէր, եւ կամ ծնէր ինք՝ որուն համար պարտաւոր էին զինք ծնողները մեռնիլ: Սակայն իր ծնողները եսամոլ չգտնուեցան ու գերագոյն անձնուրացութեամբ լոյս աշխարհ բերին իրենց որդին՝ Անկախութիւնը՝ որուն այսօր սրահի մը մէջտեղ (գուցէ ազգային ժողովին) խոշոր սեղանի մը վրայ անշնչացած դիակը կը հանգչի:

Հոգեհանգստեան պաշտօնին հաւաքուած են շատե՜ր. եւ անհասկնալին... հո՛ն են նաեւ զինք սպաննողներն ու մահուան գիրկը յանձնողները. նստած են առաջին կարգերը՝ իրենց սպաննած վաղամեռ երիտասարդի անկենդանութեան համար ցաւակցութիւններ ու վշտակցութիւններ ընդունելու: Հիմա արդէն դահիճները եւս սկսած են իրենց զոհերուն թաղման արարողութեան մասնակցիլ:

Յանկարծ ոտքի կ՚ելլէ նոյն այդ դահիճներէն մէկը դամբանական մը խօսելու պատրաստակամութեամբ եւ տակաւին մահէն մի քանի օրեր առաջ անտեսուած Անկախութիւնը յետ մահու այնքա՜ն կը ներբողուի, որ շատեր կ՚ուզեն դագաղը աւելի՛ մօտէն տեսնել՝ ապացուցելու որ արդեօք ճի՞շդ թաղման կը մասնակցին թէ ո՛չ: Դահիճին բերնին մէջ կ՚աստուածանայ Անկախութիւնը, անոր կորուստը ծանրակշիռ վիշտի մը կեղծ կերպարանքը կը ստանայ:

Շատեր իրապէ՛ս կու լան, որովհետեւ կեանքի օրէնքն է ճշմարտութեան մը արժէքը գիտնա՛լ զայն կորսնցնելէ ետք, որովհետեւ միայն կորսնցնելէ ետք կը գիտնայ մարդ, որ կորսուածը ա՛լ չի վերադառնար: Եւ անոնք կը գիտակցին, որ այդ դիակը նոյնիսկ մի քանի վայրկեան ետք յաւերժօրէն պիտի չտեսնեն. կենդանութեան «երեսը չնայած» բազմութիւն մը այժմ կ՚ուզէր վերջին բախտը ունենալ անոր անշնչացած դիակը տեսնելու. ի՜նչ տարօրինակ է մարդ արարածը:

Իր չճանչցած ծխականին թաղման արարողութեան հանգուցեալին մասին քարոզող քահանայի ինքնավստահութեամբ բոլո՛րը խօսք կ՚առնեն. ի՜նչ ճարտար է մարդ խօսելու այն բանին մասին՝ որ երբեք ո՛չ ճանչցած եւ ո՛չ ապրած է:

Հակառակ բոլոր թատերական կեղծութեան կային իրապէս Անկախութեան կորուստը սգացողները, որոնք կ՚ուզէին հանգուցեալ դիակը տանիք բարձրացնել...:

Ի՞նչ ընել հիմա. հողին յանձնե՞լ թէ՛ սպասել:

Հիմա արդէն ժամանա՛կն է մեր գիտցած ու չգիտցած բոլոր աղօթքները շուկայ հանելու, Քրիստոնէականն ու հեթանոսականը իրար խառնելու, սրտապատառ արցունքներով խնդրելու յարալէզի մը ողորմութիւնը, որոնց մասին պատմիչը պիտի գրէր. «Կենդանիս ոմանս, որք լիզեալ զԱրա կենդանացուցին...»: Շամիրամի արցունքներու մէջ խեղդուած հրամայեց Արայի դիմակը տանիք դնել, որպէսզի յարալէզ աստուածները լիզեն անոր վէրքերը եւ կենդանացնեն զայն... սակայն աւարտը այնքան ալ յուսադիր չէր. պատմութիւնը կ՚ըսէ. «Բայց Արա Գեղեցիկ չողջնցաւ»:

***

Վերոյիշեալ արարողութիւնը կրնայ տեղի ունենալ շա՜տ մօտ ապագային՝ եթէ ազգով շարունակենք այսպէս՝ ազգային բոլոր արժէքները մոռնալով անձնական շահերու եւ ինքնասիրութեամբ տարուիլ: Անտարբերութեան հետեւանքով կամաց կամաց կը կորսնցնենք գուցէ երբեք ալ գոյութիւն չունեցած «Անկախութիւն»ը: Շահնուր կը գրէ. «Հայը ունեցած է ազատութիւններ, երբե՛ք՝ անկախութիւն», որովհետեւ մեր անկախութիւնը ուրիշ բան եղած չէ՝ եթէ ոչ ծածուկ հպատակութիւն մը օտարին եւ միա՛յն օտարին շահերուն:

Այսօր բոլորս կոչուած ենք Ինտրայի նկարագրած Խաչին ըլլալու, որ «մաղազայի աշխատաւոր, տունի տղայ, իր բոլոր աշխոյժը կը գործածէ, կը տրամադրէ սրտագին իր տեարց հրամաններուն: Հաստատ նպատակ մ՚ունի, այն է ստրկութեան ճամբով անկախութեան հասնիլ, ուշադիր է միշտ ամէն ինչ բանի որ շուրջը տեղի կ՚ունենայ»։

Միայն անկախանալու նպատակ ունեցող ժողովո՛ւրդ մը կրնայ կերտել իր անկախութիւնը: Օտարամոլութիւնը արգե՛լք է այդ նպատակին, որովհետեւ օտարամոլութիւնը մեր ոսկորներու ծուծը թափանցած է:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԵՂԻՇԷ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ
(1870-1936)

Մեր թուականէն 151 տարիներ առաջ՝ 24 սեպտեմբեր 1870-ին Վաղարշապատի մէջ ծնած է գեղանկարիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր արուեստի գործիչ Եղիշէ Թադէոսեան:

Թադէոսեան կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Տէր-Յակոբեան ուսումնարանէն ներս, ուրկէ անցած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարան եւ ուսանած գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն եւ ճարտարապետական ուսումնարաններուն մէջ: Աւարտելով ուսումը, երկու տարի՝ 1894-1895 թուականներուն դասաւանդած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ:

Եղիշէ երիտասարդ տարիքէն սկսած է իր գործերով մասնակցութիւն բերել զանազան ցուցահանդէսներու. 1896-ին մասնակցած է «Գեղարուեստական շրջիկ ցուցահանդէսներու ընկերութեան» կազմակերպած ցուցահանդէսին  եւ իր «Կէսօրուայ ճաշ» եւ «Քարոզ ուղղադաւաններուն» գործերուն համար արժանացած է մրցանակի:

Թադէոսեան 1916 թուականին եղած է Թիֆլիզի մէջ ստեղծուած Հայ Արուեստագէտներու միութեան հիմնադիրներէն մէկը, ապա անոր նախագահը: Նոյն ընկերութեան շնորհիւ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կազմակերպած է: Եղած է նաեւ հիմնադիրներէն Վրաստանի Գեղարուեստի կաճառին, ուրուն առաջին ուսուցիչներէն եղած է:

Գեղանկարիչին գործերը ցայսօր կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի պետական թանգարանի, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի պետական թանգարանին մէջ: Այժմ Երեւանի մէջ գոյութիւն ունի Թադէոսեանի անունով մկրտուած փողոց, Էջմիածնի մէջ գեղարուեստի դպրոց: Անոր կիսանդրին կանգնած է Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ: 

Եղիշէ Թադէոսեան մահացած է 22 յունուար, 1936-ին, Թիֆլիզ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021