ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՇՆԱՆԱՄՈՒՏ

«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։

23 սեպտեմբեր 2007 թուականը այս տրուպ, խոնարհ գրիչին համար աշնանամուտ մըն է, քանի որ այդ թուականին ան իր Երէցկինը՝ անձնուէր կրթական մշակ Աննիկ Գալփաքճեանը յաւիտենականութեան ուղարկեց հոն՝ ուր այլեւս մահ չկա՛յ եւ անմահութի՛ւնն է, որ կը տիրէ։

Սեպտեմբեր ամիսը աշնանամուտի ամիս է. այս պատճառով, ընդհանրապէս մելամաղձութիւն մը, մենամոլութիւն մը կը պատէ մարդը։ Բայց այդ մելամաղձութիւնը վերածուեցաւ աւելի եւս սեւամաղձութեան այս նուաստ գրիչին համար, երբ իր սիրելի Երէցկինը՝ իր կեանքի մասնակիցը անմահութեան ուղարկուեցաւ, եւ մենք մնացինք «մահականացո՛ւ»։

Շատեր ծանօթացած են Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի հետ։ Ան Երէցկին էր, միանգամայն իր կոչումին հաւատարիմ կրթական մշակ մը։

Մենք, ընդհանրապէս, չենք ախորժիր «յիշել» բառը գործածելէ, քանի որ «յիշել» կ՚ենթադրէ մոռնալ, որովհետեւ կը յիշուի ան՝ որ մոռցուած է։ Եւ մենք երբեք չենք մոռնար մեր սիրելիները եւ կ՚ապրի՛նք անոնք ամէն վայրկեան՝ մշտարծարծ։

Մահը կարող չէ բաժնել իրարմէ մարդիկը, քանի որ մահուամբ չի վերջանար հոգիի կեանքը։

Արդարեւ, խորհրդենական կեանքին վախճանին՝ մահուան օրը քրիստոնեային համար՝ աւա՛րտն է անոր Մկրտութեամբ սկսած «վերստին ծննդեան», Սուրբ Հոգիին օծումով ընձեռուած Որդիին պատկերին վերջնական «նմանութիւն»ն է, Հաղորդութեամբ սկսուած Արքայութեան կոչունքին մասնակցութիւնն է, նոյնիսկ եթէ վերջնական մաքրազտումներ դեռ անհրաժե՛շտ են անոր՝ հարսանեկան պատմուճանը հագնելու համար։

Ուստի, շատ հետաքրքրական է հայերէն «մահ» բառին ստուգաբանութիւնը. «մահ»ը՝ մարմին առանց հոգիի նշանակութիւնը ունի. «Մ»արմին «Ա»ռանց «Հ»ոգիի։ Այս իմաստով, մահուան քրիստոնեայ իմաստը յայտնուած է Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան՝ «Յարութեան խորհուրդ»ին լոյսին տակ, այն Քրիստոսին՝ որուն վրայ դրուած է մեր միակ յոյսը։ Քրիստոնեան որ կը վախճանի ի Քրիստոս Յիսուս. «կը թողու այս մարմինը եւ կ՚երթայ բնակելու Տիրոջ մօտ». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 8)։ Ուստի, մահը միա՛յն երկրաւոր կեանքին աւարտն է։

Մարդ արարածին կեանքը սահմանաւորուած է ժամանակի չափով, որուն ընթացքին ան փոփոխութիւն կը կրէ. կը ծերանայ եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի՝ երկրային կեանք ապրող էակներուն մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ բնական վերջաւորութիւնը երկրային կեանքին։

Մահուան այս բնոյթը անձկութիւն եւ շտապ կը ստեղծէ մարդուս կեանքին մէջ։ Մարդոց «մահկանացու» ըլլալու իրականութիւնը կը ծառայէ նաեւ անդրադառնալու, թէ՝ միայն սահմանափակ ժամանակ մը ունի մարդ իրագործելու եւ վայելելու իր երկրաւոր կեանքը։

Արդարեւ, կարեւորը երկար ապրիլը չէ, այլ՝ արդիւնալի եւ շուրջիններուն օգտակար ապրիլը, եթէ նոյնիսկ կարճ ըլլայ. եւ ատիկա իրականացուց Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան, թէ՛ ընտանեկան եւ թէ իր ընկերային կեանքով։

«Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկանութեանդ օրերուն… փոշին հողին՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած». (ԺՈՂՈՎ. ԺԲ 1, 7)։

Շնորհիւ Քրիստոսի, քրիստոնեայ մահը դրական իմաստ ունի. «Ինծի համար կեանքը Քրիստո՛ս է եւ մեռնիլը՝ շա՛հ». (ՓԻԼ. Ա 21), «Ճշմարիտ է այս խօսքը եթէ մեռանք Անոր հետ, Անոր հետ ալ պիտի ապրինք». (Բ ՏԻՄ. Բ 11)։ Ա՛յս է ահաւասիկ քրիստոնեայ մահուան էական նշանակութիւնը։

Այս գրիչը միջոց մը եւս, Աստուած գիտէ, պիտի ապրի իր «աշնանամուտ»ը։ Երէցկինը՝ մի՛շտ իր «գարուն»ը։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 21, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2024