ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Ե.)
ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԴԵՌԱՀԱՍՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ չորս շրջաններէն ետք կու գանք տեսնելու արդէն իսկ մանկութենէն պատանեկութիւն անցնող մեր զաւակները, որոնք կու գան անցնելու իրենց կեանքի ամենէն կարեւոր ժամանակաշրջանէն մին, որ ամբողջութեամբ տարբեր է նախորդ չորսէն:
Ե.- ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԴԵՌԱՀԱՍՈՒԹԻՒՆ (12-17 տարեկան). իւրաքանչիւր հանգրուանի տեսանք, թէ ինչպէս մանուկին միտքը կը զարգանայ, սակայն այս ժամանակաշրջանը զարգացման ամենէն կարեւոր շրջաններէն մին է: Այս ժամանակաշրջանին մանուկը կը սկսի բարդ խնդիրներու մասին մտածել, փիլիսոփայական եւ բարոյական հարցերու շուրջ երկընտրանքներու մէջ կը գտնէ ինքզինք եւ կը սկսի մտածել վերացական խնդիրներու մասին, ինչպիսիք են՝ աշխարհի ստեղծագործութիւն, ծնունդ, մահ եւ այլ երեւոյթներ:
Այս ժամանակաշրջանին պատանի դարձած մանուկը կը յաջողի հսկել ու յստակ արտացոլացնել իր սեփական մտածողութիւնը, որոշումներ կայացնել եւ լաւապէս հասկնալ ու ըմբռնել իրենց կատարածներուն ու խօսածներուն իմաստն ու հետեւանքները: Անոնք լաւապէս կ՚ըմբռնեն, որ մանկութեան ժամանակաշրջանին որպէս «բնական» թուացող այս կամ այն արարքը իրենց ներկայ տարիքին ընդունելի չէ եւ հետեւաբար իրենց շարժումները շատ աւելի գիտակցուած կ՚ըլլայ:
Պատանեկութեան ժամանակաշրջանը անհատականութիւնը ձեւաւորելու ամենէն կարեւոր շրջանն է. այս ժամանակաշրջանին անոնք իրենց լսածները որպէս ճիշդ ընդունելու փոխարէն փնտռտուքի մէջ կ՚ըլլան եւ կ՚ուզեն հաստատել իրենց սեփական ինքնութիւնը: Այս ժամանակաշրջանին անոնք կամաց կամաց կը սկսին նժարի վրայ դնել մանկութեան շրջանին իրենց փոխանցուած արժէքներն ու համոզումները եւ այս բոլորին մէջ կարեւոր դեր կը գրաւէ անոնց ընկերային կեանքը. մանկութեան ժամանակ մանուկի մը յարաբերութիւնը իր հասակակիցներուն հետ, սակայն այս ժամանակաշրջանը այս գծով շատ աւելի կարեւոր ու նուրբ հարցի կը վերածուի. օրինակի համար, մանկութեան շրջանին հասակակիցի մը դիմաց մօր կողմէ ստացած բարկութեան խօսքերը պատանեկութեան շրջանին տարբեր ազդեցութիւն կ՚ունենան անոր վրայ: Անոնք աւելի գիտակցութիւնը կ՚ունենան թերութիւններուն եւ առաւելութիւններուն, ինչ որ շրջանի մէջ իրենց ԵՍ-ի կազմութեանը կ՚օժանդակէ:
Պատանեկութեան այդ ժամանակաշրջանին անոնք աւելիով կը սորվին կառավարել իրենց յուզական աշխարհը. այդ յուզական աշխարհին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ անոնց ֆիզիքական փոփոխութիւնն ու սեռական կեանքի ծանօթութիւններն ու բացայայտումները, ինչ որ պատանիէ պատանի տարբեր դրսեւորումներ կ՚ունենայ: Անոնք կ՚ունենան հորմոնային փոփոխութիւններ, սեռական յատկանիշներու զարգացում։ Մանչերը կը նկատեն մազի աճ՝ մարմնի զանազան մասերու վրայ, իսկ աղջիկները յստակ փոփոխութիւնը կը զգան կուրծքերու աճով: Սովորական թուացող այս երեւոյթը սակայն նոր պատանիներուն համար այնքան ալ պարզ չեն, որովհետեւ տակաւին նոր պիտի սորվին ու ապրին այդ հանգրուանները: Անոնց վրայ կու գայ աւելնալ մարդկային երեւոյթները. ինչպէս՝ դաշտանը, սերմաթափութիւնը եւ այլն:
Վերոյիշեալ բոլորը իրարու հետ գումարելով, անոնք կ՚ապրին նաեւ հոգեկան ու զգացական զարգացում։ Հորմոններու փոփոխութեան հետ միասին, անոնց մօտ կամաց կամաց ի յայտ կու գայ ախորժելու եւ սիրելու իմացութիւնը: Այս տարիքին է, որ որոշ յոյզեր իմաստ կը ստանան անոր մօտ եւ կամաց կամաց կը սորվի այդ յոյզերը կառավարել:
Յոյզերու կառավարումը սակայն դարձեալ անձէ անձ տարբերութիւն կրնայ կրել. օրինակի համար, կայ մանուկ, որ իր յոյզերը բացայայտ ձեւով կ՚ապրի. անկաշկանդ իր տխրութիւնը ցոյց կու տայ եւ անդին ուրիշ մը այդ բոլորը աւելի թաքուն կը փորձէ ապրիլ, որ դարձեալ կրնայ կապ ունենալ նախորդ շրջաններուն ստացած դաստիարակութեան ու կազմաւորման հետ: Այս ժամանակաշրջանին է, որ նախորդ շրջաններուն համեմատած պատանի դարձած մանուկը կը գիտակցի «անձնական» հասկացողութեան ինչութեան եւ նախորդ շրջաններուն չտեսնուած վերաբերմունք մը կ՚ունենայ:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ այս ժամանակաշրջանը միւս բոլոր շրջաններէն շատ աւելի վտանգաւոր շրջան մըն է, որովհետեւ ամենէն շատ այս ժամանակաշրջանին մէջ պատանիներ վատ սովորութիւններ կրնան ձեռք բերել. ինչպէս՝ ծխել, ոգելից ըմպելիքներ օգտագործել եւ այլն, որովհետեւ այդ բոլորը անծանօթ ըլլալով իրենց տարբեր հետաքրքրութիւն մը կ՚ունենան անոնց հանդէպ՝ մանաւանդ որ այդ մէկը իրենց «արիգլուած» վիճակի մէջ կը գտնուի եւ արգիլուածը կատարելը որոշ «մեծութեան» զգացում մը կ՚արթնցնէ անոնց մէջ եւ այդ բոլորով իրենց անկախութիւնն ու որոշում կայացնելու ինքնավարութիւնը հաստատել կը փորձեն:
Այդ իսկ պատճառով ամէն ժամանակէ աւելի այս շրջանին պէտք է ծնողքը ուշադրութիւն դարձնէ իր բոլոր արարքներուն, որոշումներուն ու խօսքերուն, որովհետեւ կամաց կամաց անոնց մէջէն կը վերանայ նաեւ վախի հասկացողութիւնը եւ այդ է պատճառը, որ այսօր աշխարհը լեցուն է տունէն փախչող եւ փողոցները մնացող պատանիներով՝ որոնք ամէն տեսակ վատ սովորութեան թիրախ դառնալու ընդունակութիւնը ունին:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -376-
Պատանեկութիւնը մարդկային կեանքին ամենէն կարեւոր հանգրուաններէն մին է, որովհետեւ մեր երիտասարդութիւնը պատանեկութեան վրայ կը հիմնուի:
Եթէ այսօր մինչեւ օրս հրատարակուող աշխարհի ամենէն հին օրաթերթին մէջ գրելու բախտաւորութիւնը կ՚ունենամ, պատանեկութիւնը վստահաբար մեծ դեր ունի անոր մէջ: Կը յիշեմ, երբ իմ առաջին քննադատութիւնս, որ առանց իմացութեանս թերթին մէջ հրատարակուած էր, տակաւին 13 տարեկան էի: Պատանեկութեանս ընթացքին այդ արթնցած սէրը մղեց, որպէսզի շարունակեմ գրել եւ ահաւասիկ աւելի քան 16-17 տարի կը փորձեմ բաներ մը գրել:
Այդ իսկ պատճառով կը հաւատամ, որ պատանիները ի վիճակի են իրենց փոքր տարիքէն իրենց նախասիրութիւնները զարգացնելու եւ ապագայի համար պատուանդան դառնալու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024