ԹԶԵՆԻԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Պաղեստինի մէջ ընտանի ծառ մըն է թզենին՝ (ԾՆՆԴ. Գ 7), (Բ ՕՐ. Ը 8), լայն եւ հովանաւոր տերեւներով (Գ ԹԱԳ. Դ 25)։ Թզենին մարտ ամսոյ մէջ կը բողբոջի (ԵՐԳ. Բ 13), եւ զանազան տեսակներէն տարին երեք անգամ պտուղ կ՚առնուի։ Առաջին պտուղը կը հասի յունիս ամսուան վերջերը. ընտիր համ ունի եւ ընդհանրապէս դալար, այսինքն չչորցած կ՚ուտուի. (ԵՐԵՄ. ԻԴ 2)։
Արդարեւ, Սուրբգրային հատուածներու մէջ՝ աստուածաբանական տեսութեամբ, թզենին, «մեղքը ծածկող ծառ»ը կը խորհրդանշէ։ Այս կը հետեւի այն իրողութենէն, թէ Ադամ եւ Եւա երբ անհնազանդութեան պատճառով մեղանչեցին եւ այդ պահուն անդրադարձան թէ մերկ են, եւ իրենց մերկութիւնը ծածկելու համար թզենիի տերեւներ օգտագործեցին։ Այսինքն իրենց մեղքը փորձեցին թզենիի տերեւներով ծածկել։
Եւ մենք ալ, որպէս «մեղաւորներ» յաճախ կը ծածկենք Աստուծոյ տեսութենէն, կարծելով թէ Աստուած պիտի չտեսնէ մեր մեղքերը։ Սակայն Աստուած՝ որ ամենատես է, կը տեսնէ ամէն ծածուկ բան, որմէ խուսափիլ անկարելի՛ է։ Իւրաքանչիւրս «թզենիի մը շուքին» ապաւինելով կը փորձենք հեռու մնալ Ամենատես տեսողութենէն։
«Հետեւեալ օրը Յիսուս Գալիլիա երթալ ուզեց եւ Փիլիպպոսը Բեթսայիդայէն էր. Անդրէասին եւ Պետրոսին քաղաքէն։ Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը եւ կ՚ըսէ անոր.- Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին։ Ու Նաթանայէլ ըսաւ անոր.- Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ։ Ըսաւ անոր Փիլիպպոս.- Եկուր ու տես։
«Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար.- Ահա իրաւցնէ Իսրայէլացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ։ Նաթանայէլ ըսաւ անոր.- Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր.- Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ։ Պատասխան տուաւ Նաթանայէլ ու ըսաւ անոր.- Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը։ Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոր.- Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս։ Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես։ Ու ըսաւ անոր.- Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի.- Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ՚ելլեն ու կ՚իջնեն Որդի Մարդոյ վրայ». (ՅՈՎՀ. Ա 43-51)։
Սիրելի՜ներ, Աստուծոյ ամենատեսութենէն զերծ չենք ո՛չ մէկս։ Ահաւասի՛կ, Նաթանայէլ թզենիին շուքին տակ նստած, ըստ սովորութեան Սուրբ Գիրք կը կարդար, բայց չ՚անդրադարձաւ Յիսուսի, եւ ըսաւ, թէ Նազարէթէն աղէկ բան չ՚ելլեր, երբ Փիլիպպոս զգաստացուց զինք։ Որովհետեւ Նազարէթ անտեսուած, լքուած եւ անխնամ թողուած քաղաք մըն էր։ Բայց կարեւոր չէ, թէ մէկը ո՛ւրկէ է, կարեւորը ա՛նձն է իր ինքնութեամբ եւ ընդհանուր նկարագրով…
Յիսուս միշտ պատրա՛ստ է մեզ կանչելու՝ թզենիէն դէպի «Կենաց ծառ»։ Նաթանայէլի օրինակով, մենք նստած՝ թզենիին տակ, կը փորձենք ծածկել մենք զմեզ, Յիսուս մեզ կը կանչէ փրկութեան, սրբութեան՝ շուքին խաւարէն դէպի լո՛յս։ Թզենիին խորհուրդով մենք պէտք է իմանանք եւ հնազանդինք այդ կոչին՝ Յիսուսի ձայնին։ Ան միշտ կը կանչէ անոնք, որոնք կոչուած են Իր փրկարար շնորհներուն։
Փիլիպպոսին կանչը Նաթանայէլին, պատճառ եղաւ որ Յիսուս կանչէ Նաթանայէլը։ Ուստի, իրարու օգնենք այս փրկարար կանչը լսելու, անդրադառնալու այդ Ձայնին։ Որովհետեւ Քրիստոս լա՛ւ կը ճանչնայ իւրաքանչիւրս ինչպէս ճանչցած էր Նաթանայէլը։ Փիլիպպոսի կանչը պէտք է ընենք բոլորս՝ մեր շուրջինները արթնցնելու թզենիին շուքին տակ մրափելէ, եւ ուղղուինք դէպի Անոր՝ Կենաց ծառին։ Եւ պէտք է հետեւինք Յիսուսի՝ ինչպէս անդրադարձաւ եւ հետեւեցաւ Նաթանայէլ։
Այս կը նշանակէ կանգնիլ Յիսուսի առջեւ, քանի որ Նաթանայէլի նման բոլորս ալ թզենիի մը շուքին տակ, կը կարդանք Գիրք մը՝ որուն խորհուրդներուն չենք կրնար թափանցել չենք կրնար, քանի որ շուքի մէջ ենք եւ ծածկուած հոգեպէս, մտապէս։
Ուստի, մեր մեղաւոր բնութիւնը միայն կրնայ սրբել Յիսուս՝ որ իսկական «Կենաց Ծառ»ն է, Նաթանայէլին պէս պատրաստ ըլլանք եւ մօտենանք այդ Ծառին, եւ հետեւինք Անոր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 24, 2024, Իսթանպուլ