ԿԻՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ

«Ան որ կը պաշտպանէ իր կնոջ իրաւունքները՝ կը պաշտպանէ երեխայի իրաւունքները, ուրիշ խօսքով՝ կը պաշտպանէ ապագան»։

ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ

Աստուծոյ ծրագրին մէջ, այրը եւ կինը կոչումը ունին երկրին «տիրելու». (ԾՆՆԴ. Ա 28) իբրեւ «տնտեսներ» Աստուծոյ եւ գործակատար Անոր ծրագրին։ Այս գերիշխանութիւնը պէտք չէ ըլլայ կամայական եւ գործ մը՝ դժուարակամ եւ տիրապետութիւն մը կործանարար։ Ըստ նմանութեան Արարչին՝ «որ կը սիրէ ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի» (ԻՄՍ. ԺԱ 24), այրը եւ կինը կոչուած են իրարու եւ միւս արարածներուն հանդէպ մասնակցելու եւ գործակից ըլլալու «աստուածային Նախախնամութեան»։ Անկէ կը ծագի անոնց պատասխանատուութիւնը հանդէպ աշխարհին՝ զոր Աստուած վստահած է անոնց։ Արդարեւ, ստեղծուած «միատեղ», այրը եւ կինը մին «միւսին համար» տրամադրուած են Աստուծմէ։ Աստուծոյ խօսքը Աստուածաշունչին զանազան անցքերով զայն մեզի կը հասկցնէ։

«Լաւ չէ, որ մարդը ըլլայ առանձին։ Հարկ է որ Ես տամ անոր օգնական մը նման անոր». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։ Ուստի, անբան անասուններէն ո՛չ մէկը կրնայ մարդուն համապատասխան ըլլալ։ Երբ Աստուած մարդուն կողէն «կին»ը կը կերպարաւորէ եւ զայն մարդուն կը տանի, հիացումի աղաղակ մը, սիրոյ եւ հաղորդակցումի բացագանչութիւն մը կը բարձրանայ «մարդ»ուն մէջէն. «Ասիկա ոսկորն է իմ ոսկորներէս եւ մարմին՝ իմ մարմինէս». (ԾՆՆԴ. Բ 23)։

«Մարդ»ը կը յայտնագործէ «կին»ը իբրեւ իր միւս «ես»ը՝ նո՛յն մարդկութեամբ։

Այրը եւ կինը եղած են «մին միւսի համար», սակայն ո՛չ թէ Աստուած զանոնք «կիսատ» եւ «անկատար» ստեղծեց, այլ Աստուած ստեղծեց զանոնք անձերու հաղորդակցութեան համար, որ մէկը միւսին «օգնական» ըլլայ, զիրար ամբողջացնեն, որովհետեւ անոնք թէ՛ իրարու հաւասար են իբրեւ անձ («ոսկոր՝ իմ ոսկորներէս…») եւ թէ՛ զիրար լրացնող են իբրեւ արու եւ էգ։ Եւ ամուսնութեան մէջ Աստուած զանոնք իրարու կը միացնէ այնպիսի ձեւով մը՝ որ կազմեն «միայն մէկ մարմին». (ԾՆՆԴ. Բ 24) եւ կարենան փոխանցել մարդկային կեանքը. «Աճեցէ՛ք, բազմացէք եւ լեցուցէ՛ք երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 28)։

Այրը եւ կինը իբրեւ ամոլներ ե՛ւ ծնողներ, միայատուկ ձեւով կը գործակցին Արարչին գործին եւ արարչական ծրագրին, մարդկային կեանքը իրենց սերունդներուն փոխանցելով։ Աստուծոյ արարչական ընդհանուր ծրագրին մէջ, այրը՝ այր-մարդը եւ կինը՝ կին-մարդը կոչուած են աշխարհը միասի՛ն կառավարելու իբրեւ գործակիցներ եւ գործակատարներ Աստուծոյ։ Անոնք աշխարհը կը կառավարեն Աստուծոյ իմաստութեան եւ սիրոյն շնորհիւ՝ Անոր հովանաւորութեան ներքեւ։

Առաջին մարդը ստեղծուեցաւ ո՛չ միայն բարի, այլ նաեւ հաստատուեցաւ իր Արարչին հետ բարեկամութեան եւ մտերմութեան մը մէջ, ինչպէս նաեւ իր անձին եւ շուրջի արարչութեան հետ ներդաշնակութեան մը մէջ, որոնց գերազանցեց միա՛յն նոր արարչագործութեան փառքը՝ Յիսուս Քրիստոս։

Արդարեւ, մարդուն՝ այր կամ կին, առաջնակարգ կոչումն է՝ իրերօգնութի՛ւնը։ Եւ իրերօգնութեան կարեւոր մէկ եզրը կը կազմէ դաստիարակութիւնը՝ միտքը զարգացնել եւ հոգին ազնուացնել։ Եւ ասիկա կը կատարէ կի՛նը թէ՛ որպէս «կողակից»՝ ընտանիքի արժանաւոր անդամը, եւ թէ՛ իբրեւ «մայր»՝ աստուածային ստեղծագործութեան գործակատարը երկրի վրայ։ Ուստի, մեր նախածնողները՝ Ադամ եւ Եւա, հաստատուեցան «սրբութեան եւ սկզբնական արդարութեան» վիճակի մը մէջ։ Սկզբնական սրբութեան այս շնորհքը «մասնակցութի՛ւն մըն էր աստուածային կեանքին»։

Յայտնութեան Աստուածային ծրագիրը կ՚իրագործուի միանգամայն «արարքներով եւ խօսքերով, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու եւ փոխադարձաբար զիրար կը լուսաբանեն եւ կը դաստիարակեն»։ Ան կը բովանդակէ «աստուածային յատուկ մանկավարժութիւն մը՝ դաստիարակութիւն» մը։ Աստուած աստիճանաբար կը հաղորդէ ինքզինք մարդուն, զայն հանգրուաններով կը պատրաստէ ընդունելու գերբնական Յայտնութիւնը, զոր Ինքն իր մասին կ՚ընէ եւ որ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի մարդացեալ-մարմնացեալ Բանին Յիսուս Քրիստոսի Անձին եւ առաքելութեան մէջ։

Աստուած մարդուն տուած է այլազան կարողութիւններ, որոնց գլխաւորներն են՝ դաստիարակելու եւ առաջնորդելու իր նմանները՝ սկսեալ իր մերձաւորներէն՝ ընտանիքէն։ Արդարեւ, դաստիարակութիւնը առաջնորդող դեր մը ունի մարդուս մտային եւ հոգեւոր կեանքի՝ բովանդակ կեանքի ընթացքին։ Ան, ներշնչարանն է յառաջդիմական ամէն արարքի, զարգացման եւ կատարելագործութեան։

Մարդկային երջանկութեան միակ ճամբան՝ դաստիարակութեամբ զարգանալու մէջ կը կայանայ, ինչ որ «կին»ը որպէս ընտանիքի անդամ, որպէս մայր, լաւագոյն կերպով կ՚իրականացնէ, հասցնելով զաւակներ, կերպով մը կը կերտէ եւ կը ձեւաւորէ ապագա՛ն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2022