ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կեանքը քանի որ պայքար մըն է, ուրեմն այդ պայքարէն յաղթական դուրս գալու համար պէտք է քա՛ջ ըլլալ։ Քաջութիւնը արիութիւն է՝ անվեհերութիւն, աներկիւղութիւն, որուն մէջ են համարձակութիւն, անվհատութիւն, հաստատամտութիւն եւ յարատեւութիւն։ Արդարեւ, քաջութիւնը զօրացնող զգացումը յո՛յսն է։ Ան որ յոյս ունի՝ քա՛ջ է։

Ուրեմն, քաջութեան եւ յոյսի այս ներքին կապակցութեան պատճառով, «քաջութիւն»ը հասկնալու համար նախ պէտք է տեսնել, թէ ի՛նչ է յոյսը։

Յոյսը ընդոծին այն առաքինութիւնն է, որուն միջոցով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ լաւ կեանք մը, անվտանգ եւ ապահով, վստահութիւնը դնելով բարձրագոյն սկզբունքներու, հաւատալիքներու եւ համոզումներու, եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն եւ կարողութիւններուն, այլ՝ գերազանց Զօրութեան մը օգնութեա՛ն։ Յոյսին առաքինութիւնը կ՚ընդառաջէ երանութեան տենչանքին, զոր ընդաբոյս է, տեղ կը գրաւէ ամէն մարդու սրտին մէջ։ Ան կը ստանձնէ յոյսերը, որոնք կը ներշնչեն մարդոց գործունէութիւնները, փոխյարաբերութիւնները եւ արարքները, կը մաքրէ զանոնք եւ կը հունաւորէ դէպի բարին։ Այս իմաստով, յոյսը, մարդը կը պաշտպանէ վհատութենէն, յուսալքումէն, ան որ անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն, յուսահատութեան պահերուն, կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը յաւիտենական երանութեան։ Եւ ահաւասիկ, այս տրամադրութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ քաջութեա՛ն։

Յոյսին տուած թափը, զօրութիւնը մարդուս մէջ կը ստեղծէ ինքնավստահութիւն, եւ զերծ կը պահէ «եսասիրութենէն» եւ կ՚առաջնորդէ սիրոյ երանութեան։ Ուրեմն մարդ պահանջքը ունի յուսալու. ան պէտք է յուսայ, թէ բարձրագոյն եւ գերազանց Զօրութիւնը իրեն կարելիութիւնը եւ կարողութիւնը պիտի տայ գործելու այնպէս որ յաղթական ելլէ ամէն նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ եւ յաղթական նաեւ՝ կեանքի մշտնջենական պայքարէն։ Յոյսը՝ վստահութեամբ սպասումն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։ Ան նաեւ երկիւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։ Յոյսին դէմ գործուող մեղքեր են՝ յուսահատութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը։

Արդարեւ, քաջութեան ամենամեծ արգելքն է յուսահատութիւնը։ Յուսահատութեան մատնուած մէկը բացարձակապէս քաջ չի կրնար ըլլալ։ Յուսահատութեամբ մարդ կը դադրի յուսալէ, եւ երբ դադրի յոյսը, այլեւս վերջ կը գտնեն ամէն օգնութիւն, ապահովութիւն եւ վստահութիւն։

Անյոյս մարդը դասալիք կ՚ըլլայ. ան կ՚ընդդիմանայ Բարութեան, Արդարութեան եւ Հաւատարմութեան, քանի որ կը կորսնցնէ իր վստահութիւնը։

Ուրեմն, կեանքը քաջութիւն կը պահանջէ։

Քաջութեան համար պայման է ներքին կատարելութիւն։ Իսկ ներքին կատարելութեան հիմը սէ՛րն է։ Աստուած սէր է եւ ուրեմն ներքին կատարելութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ եւ ընկերոջ զոյգ եւ անբաժան սէրերուն մէջ։ Այն որ սէր ունի իր սրտին մէջ, քա՛ջ կ՚ըլլայ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Կատարելութիւնը ըստ էութեան, անձին մէկ յատկութիւնն է։ Վիճակը որուն մէջ «անձ» մը դրուած է, այդ անձին համար կատարելութեան վիճակն է։ Սիրոյ կատարելութիւնը կ՚որոշուի իր ծաւալումէն։ Սիրոյ առաջին արտայայտութիւնը ուղղուած է դէպի անձերը, ինչպէս, զոր օրինակ, բարեկամները եւ թշնամիները։ Ուղղուած է նաեւ դէպի գործերը, այսինքն կատարումը պարտականութիւններուն եւ խորհուրդներուն։ Այս անձնական կատարելութիւնը չի նշանակեր «վիճակ» մը, բոլորովին զերծ ամէն սխալներէ, այլ յարմար մարդկային հիւանդութեան եւ յանցանքներուն, որոնք կը մտնեն մարդուն մէջ այդ հիւանդութիւնը, հակառակ հաստատ կամքին եւ որ չ՚ուզեր կամաւորապէս որեւէ յանցանք։

Արդարեւ, յարատեւութիւնը եւ անդուլ աշխատանքը եւ ջանքը կատարելութեան՝ կատարելութի՛ւն կը համարուի։ Կատարելութեան աշխատանքը, կատարեա՛լ ըլլալ։ Ուրեմն այս է կատարելութեան բնոյթը՝ որմէ կը ծնի քաջութիւնը։

Քաջութեան կոչուած ենք ամէնքս, եւ այս կատարելութեան հասած ըլլալու ենք երբ կը սկսի կեանքի պայքարը մեզի համար։ Մեզի շնորհուած կեանքը ապրելու համար քա՛ջ ըլլալու ենք, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. «Բայց ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս ինծի հետ է։ Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Քա՛ջ է ան, որ պատուիրանները կը պահէ եւ գիտակցութիւնը ունի իր ապրած կեանքին, թէ «պայքա՛ր» մըն է։

Վերջացնենք Լանոնի հետեւեալ խօսքերով.

«Ան որ գործ մը գլուխ կը հանէ վարձատրութեան յոյսով. կամ պատիժի վախէն, կամ գրգռուած զգացումներու տակ, եւ կամ վտանգին ի՛նչ ըլլալը չգիտնալով, հասարակ կարգի քաջութիւն է ատիկա. եւ քաջ կոչուելու արժանի չէ՛ այդ մարդը։ Ճշմարիտ քաջութիւնը իրեն առջեւը կը դնէ մեծ նպատակ մը, կը չափէ վտանգները, եւ ասպարէզ կը նետուի անվախ կերպով, եւ ի՛նչ ալ ըլլայ արդիւնքը կամ հետեւութիւնը, հանդարտութեամբ եւ հաստատամտութեամբ կ՚ընդունի…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 21, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019