ՍԽԱԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ
Ինչպէս յաճախ կը լսենք, թէ՝ մարդ սխալակա՛ն է, անշուշտ այս չի նշանակեր որ մարդ պատասխանատու չէ իր սխալներէն կամ գործած յանցանքներէն, օրէնքի դէմ թերացումներէն եւ մեղանչումներէն։
Արդարեւ, մարդ, որպէս բանաւոր էակ, պարտաւոր է եւ պատասխանատո՛ւ իր արարքէն։ Բայց «սխալական ըլլալ» որքան բնական է, նոյնքան պարտաւորութիւն է՝ սխալին անդրադառնալ, զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալ անոնց, որպէսզի չվնասուին ուրիշներ, քանի որ մարդ ընկերային-հասարակական կեանք մը կ՚ապրի եւ իր ամէն մէկ գործէն բնականաբար կ՚ազդուին իր շուրջինները եւ նաեւ ի՛նք, անշուշտ։ Ուստի մարդ չի՛ կրնար ըսել, թէ ինք անկախ է եւ իր ուզածը կրնայ ընել։
Մարդ կախում ունի «ուրիշ»էն, ուստի պարտաւոր է եւ պատասխանատու իր ամէն մէկ գործէն։ Նոյնիսկ պատասխանատու է այն գործերէն՝ որոնցմէ միայն ինք կ՚ազդուի, քանի որ մարդ անդամ է ընկերութեան եւ իր կրած վնասը, կերպով մը կը փոխանցուի ամբողջ ընկերութեան, անշուշտ որոշ չափով եւ համեմատութիւններով։
Այս կը նշանակէ՝ որ մարդ, որպէս անհատ պատասխանատո՛ւ է ինքն իրեն հանդէպ։ Եւ «ընկերային կեանքն» ալ, որ անբաժան է «անհատական կեանքէն», այս կը պահանջէ։ Մէկուն որեւէ արարքէն կ՚ազդուին ուրիշներ եւ ուրեմն զգոյշ ըլլալու է մարդ…։
Ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն պէտք է համարել՝ սխալին անդրադարձումը, որ հոգեւոր կեանքի մէջ «ապաշխարութեան» գաղափարով կ՚արտայայտուի։
Յիսուս երբ կը խօսի գայթակղութիւններու մասին, սապէս կ՚ըսէ. «Վա՜յ աշխարհին, քանի որ գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայմա՛ն պիտի պատահին. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։
Ուրեմն Յիսուս ալ կերպով մը կը յիշեցնէ այն իրականութիւնը, թէ մարդ, որ աշխարհի վրայ կեանք կ՚ապրի, ենթակայ է սխալանքներու, գայթակղութիւններու։ Եւ Յիսուս կ՚ըսէ նաեւ, թէ՝ եթէ չապաշխարեն մարդիկ, պիտի կորսուին (ՂՈՒԿ. ԺԳ 3)։ Ուրեմն Յիսուս, զգոյշ ըլլալու կը հրաւիրէ մարդիկ, որ եթէ նոյնիսկ սխալ մը գործեն, անդրադառնան իրենց սխալին։ Եւ այդ «զգուշութիւն»ն է, որ կը փրկէ մարդը եւ կ՚ազատագրուի իր սխալին վատ ու վնասակար հետեւանքներէն։
Ուստի «ապաշխարութիւն» կը նշանակէ՝ ցաւիլ, ափսոսալ, հեծել, ողբալ, մէկ խօսքով՝ զղջալ կատարուած յանցանքին կամ սխալին վրայ։
Բայց զղջալու համար, մարդ պէտք է նախ անդրադառնայ իր սխալին կամ գործած յանցանքին եւ ընդունի, թէ անիկա սխալ է եւ կամ յանցանք, այսինքն օրէնքի դէմ թերացում։
Ինչպէս ըսինք, մարդ արարածը մեղանչական է, քանի որ կատարեալ չէ՝ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի։ Ան կատարեալ չէ, բայց պէտք է ձգտի կատարելութեան։ Ամէն առաքինութեան բացարձակը՝ Աստուած է, մարդ ալ աստուածանման է եւ ուրեմն ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, բայց քանի որ «նման» է Աստուծոյ, այլապէս պէտք է իր «Ինքնատիպ»ին՝ բուն էութեան, սկզբնական վիճակին վերստին հասնելու համար ջանք ընէ, կարելին կատարէ, քանի որ մարդ կատարելութեան կոչուած է։
Մարդ պէտք է կատարեալ ըլլայ, քանի որ իր երկնաւոր Հայրը կատարեա՛լ է։
Քրիստոնեան, թէեւ «Մկրտութեան» եւ «Դրոշմ»ի խորհուրդներով սրբուած է իր մեղքերէն եւ որդեգրուած է Աստուծոյ, սակայն յաճախ կը մեղանչէ իր աստուածային որդեգրութեան պայմաններուն դէմ եւ երբ կ՚անդրադառնայ իր սխալներուն՝ մեղքերուն, կը զղջայ, կը ցաւի, այսինքն՝ կ՚ապաշխարէ, յետոյ Աստուած կը ներէ իրեն եւ կը վերահաստատուի իր «որդեգրութիւն»ը։ Մարդուս հոգեկան կեանքին մէջ կատարուած այս փոփոխութիւնը «խորհուրդ» է, քանի որ ապաշխարութիւնը մեղքերէն սրբուելու, սխալներ սրբագրելու միջոց է. մարդ կրնայ գիտակցաբար մեղանչել, յետոյ ապաշխարել եւ սրբուիլ, բայց այս կէտին կարեւոր դեր կը խաղայ անկեղծութեան եզրը։
Ուստի, մարդ թէեւ «գիտակցաբար» ալ մեղանչէ, դարձեալ գիտակցաբար եւ անկեղծութեա՛մբ պէտք է զղջայ, եթէ ոչ՝ գիտակցաբար մեղանչել եւ յետոյ կեղծ գիտակցութեամբ զղջալ, ուրիշ խօսքով՝ «զղջալ ձեւանալ» բաւարար չէ՛ սրբուելու։
Կան մարդիկ, որոնք սապէս կը խորհին. «կը մեղանչեմ, յետոյ կը զղջամ եւ կը սրբուիմ, անմեղ կը դառնամ…»։ Ասիկա ինքնախաբէութիւն է, քանի որ անկեղծութենէ զուրկ է, ինչ որ կարելի է համարել՝ մեղքը կամ սխալը կրկնապատկել, քանի որ սխալը՝ «սխալ»ով, մեղքը՝ «մեղք»ով կարելի չէ արդարացնել, բայց միայն՝ կրկնապատկել եւ ծանրացնել զայն։
Ուրեմն, զղջումը եւ ընդհանրապէս ապաշխարանքը, իր էութեան մէջ, պէտք է անկեղծ ըլլայ։
«Զղջացած ձեւացնել» արդէն իսկ մեղք է եւ ներելի չէ՛ որեւէ պարկեշտ մարդու։ Արդարեւ քրիստոնէական կրօնի սկզբունքն է՝ աստուածային որդեգրութեան շնորհը կենդանի պահել, վառ պահել միտքի եւ հոգիի մէջ։ Եւ եթէ քրիոտոնեան, հակառակ իր անկեղծ ջանքերուն, որեւէ կերպով մեղանչէ եւ զգայ, որ մեղքով արատաւորուած է, կեղտոտած է իր քրիստոնէական կեանքը եւ նկարագիրը, ապա կրնայ ապաշխարիլ եւ թողութիւն ստանալ։ Իսկ եթէ գիտակցաբա՛ր եւ դիտմամբ մեղանչէ, խորհելով թէ՝ կեղծ զգացումներով կ՚ապաշխարէ եւ ձեւականօրէն կը զղջայ, ապա չարաշահած, շահագործած կ՚ըլլայ Աստուծոյ ներողամտութիւնը՝ սէրը եւ գութը՝ որը ինքնին ծանր մեղք է եւ այս պարագային ապաշխարութիւնը «կե՛ղծ» կ՚ըլլայ եւ անընդունելի՛։
Արդարեւ, անսահման է եւ անբաւ Աստուծոյ սէրը եւ գթութիւնը։ Ան երբեք չի կամենար մեղաւորին «մահ»ը, կորուստը։ Բայց ասիկա պատճառ պէտք չէ համարուի, որ քրիստոնեան չարաչար սխա՛լ հասկնայ, թերացում ունենայ, թիւր կերպով մեկնաբանէ եւ շահագործէ «աստուածային գթութեան» նշանակութիւնը։ Ընդհակառակը՝ ան պարտաւոր է արթուն եւ պատրաստ գտնուելու ամէն մէկ պատահականութեան, փորձութեան դէմ՝ մեղքի հրապոյրներով չտարուելու համար։
Զգուշութիւնը նախնական պայմա՛ն է ապա կարենալ ապաշխարելու համար։ Մարդ պէտք է կարելին ընէ այս մասին, կարելին ըրած ըլլայ՝ որպէսզի ապաշխարելու իրաւունքը ունենայ։
Ուստի, պէտք է սրտանց զղջայ եւ մանաւանդ վճռէ, հաստատամիտ ըլլայ այլեւ չմեղանչելու։
Անկեղծութեամբ, երկիւղածութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ աղօթէ, խոստովանի Աստուծոյ առջեւ եւ իրապէս թողութիւն խնդրէ, քանի որ Աստուծոյ համբերութիւնը եւ քաղցրութիւնը առիթ կ՚ընծայեն մեղաւորին ապաշխարելու եւ արդարանալու, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ հռոմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ. (ՀՌՈՄ. Բ 4)։
«Անկե՛ղծ» ըլլալ ամէն բանի մէջ՝ իրեն հանդէպ, իր նմաններուն հանդէպ եւ Աստուծո՛յ հանդէպ…։
Ա՛յս է մարդուն կոչումը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 20, 2017, Իսթանպուլ