ԿԱՆԱՅԻ ՀՐԱՇՔԸ
«Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն» (ՅՈՎՀ. Բ 11)։
Աւետարանական այս հատուածը կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսի երկնային կեանքի առաջին հրաշքը՝ Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ, հարսանիքի մը ընթացքին։ Հարսանիքի հրաւիրուած էին նաեւ Յիսուս, մայրը՝ Մարիամ Աստուածածին եւ աշակերտները։ Խրախճանքի ընթացքին յանկարծ կը վերջանայ գինին։ Սուրբ Կոյսը կը դիմէ Յիսուսի եւ կ՚ըսէ. «Գինի չունին»։ Յիսուս, կը պատասխանէ՝ թէ տակաւին իր ժամանակը հասած չէ։ Աստուածամայրը, կարծես Յիսուս այդպիսի պատասխան մը չէ տուած, սպասաւորներուն կը պատուիրէ. «Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք» (ՅՈՎՀ. Բ 5)։
Եւ Յիսուս կ՚ըսէ՝ թէ ջրամաններուն մէջ ջուր լեցնեն սպասաւորները։ Ահաւասիկ, այսպէ՛ս կը պատահի Յիսուսի առաջին հրաշքը երբ ջրամաններու մէջ դրուած ջուրը կը վերափոխուի անուշահամ գինիի։ Եւ անուշահամ գինին կը տարուի սեղանապետին։
Այս հրաշքը կը բացայայտէ երկու տեսակ հաւատք եւ կը ներկայացնէ մարդկային հետաքրքիր եւ հաւատքի՝ մարդկային բնութեան յատուկ երեւոյթներ, որոնք խտացուած են Քրիստոսի աշակերտներուն, ապա եւ Սուրբ Կոյս Աստուածածնի կերպարներուն մէջ։ Ուստի եթէ ուշադրութեամբ կարդացուի հատուածը, կը բացայայտուի թերահաւատ եւ երկմիտ նկարագիրներու գոյութիւնը։
Աւետարանը կը վկայէ թէ՝ աշակերտները տեսան հրաշքը եւ Աստուծոյ փառքը եւ «հաւատացին Քրիստոսի»։
Այս կը նշանակէ, թէ որպէս հաւատքի սիւներ ճանչցուած աշակերտները, աւելի առաջ կասկածամտօրէն կը վերաբերուէին Քրիստոսի «Աստուածութեան»ը։ Ուստի անոնք հաւատացին Քրիստոսի միայն եւ միայն այն դէպքէն յետոյ, երբ Ան իրենց առջեւ հրաշք գործեց եւ ականատես եղան անոր։
Արդարեւ, այս իրողութիւնը օրինաչափ մըն է նաեւ ներկայ ժամանակներու, մերօրեայ «հաւատացեալ»ներուն՝ մեզի համար։ Ուստի մենք ալ յաճախ թերահաւատ ենք հոգեւոր, աստուածային, կրօնական հարցերու շուրջ, եւ աւելի դիւրին կը հաւատանք բամբասանքներու, անհիմն լուրերու, տարաձայնութիւններու, քան Աստուծոյ ամենազօր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, աւելի հեշտ կը հնազանդինք մարդկային տրամաբանական կամ անտրամաբանական, անիմաստ հրահանգներուն եւ պահանջներուն, քան Աստուծոյ կամքին։ Յաճախ մենք ալ Յիսուսի աշակերտներուն նման կը փորձենք տեսակ տեսակ «նշան»ներ փնտռել, յաճախ գերբնական երեւոյթներ կ՚ակնկալենք, հրաշքներ, որոնք, կ՚ուզենք որ յայտնուին մեր աչքին, մեր անձին շուրջ, մեր «Ես»ի շուրջ եւ ապացուցանեն Աստուծոյ փառքը՝ որպէսզի հաւատանք, վստա՛հ ըլլանք…։
Եւ մէկ խօսքով՝ կը փորձուինք փորձել զԱստուած, որպէսզի հաւատանք Իրեն։
Բայց երերուն, ժամանակաւոր, անցողիկ եւ անհիմն է այն հաւատքը՝ որ կը հիմնուի եւ կը ծնի նշաններէ եւ հրաշքներէ։
Եւ այն նոյն աշակերտները՝ որ Տիրոջ հաւատացին հարսանիքի ժամանակ, աւելի վերջ առանձին թողուցին զԱյն Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ եւ մինչեւ իսկ ուրացան զԱյն խաչելութենէն առաջ։ Հրաշքով հաւատացողներ՝ նեղութեան ատեն լքեցին զԱյն։ Եւ մենք ալ, յաճախ, մեր հաւատքը կը հիմնենք աւազի վրայ, փոխանակ ամուր ժայռի, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. (ՄԱՏԹ. Է 24-27), եւ առաջին իսկ վտանգի, նեղութեան կամ դժուարութեան, ինչպէս առաքեալները, կը լքենք Քրիստոսը, կ՚ուրանանք մեր հաւատքը, կը տարակուսինք, երբ ձեռք բերուած է հաւատքը «հրաշք» տեսնելու պատճառով։
Առաքեալները ուրացան եւ լքեցին Յիսուս իր նեղութիւններուն մէջ իր երկրային կեանքի վերջի օրերուն եւ մենք ալ նոյնը կ՚ընենք երբեմն, երբ դժուարութիւններու հանդիպինք եւ անօգնական զգանք մենք զմեզ։ Բայց իրական հաւատքը այս չէ, ինչ որ Քրիստոսի աչքին որեւէ արժէք չի ներկայացներ։
Կը պատմուի, թէ մարդ մը կը լսէ, որ վանքի մը մէջ վանականներ չտեսնուած եւ չլսուած հրաշքներ կը գործեն, եւ կ՚որոշէ ամէն գնով այցելել այդ վանքը եւ ամրանալ հաւատքի մէջ։ Երկար ճամբորդութենէ մը վերջ ի վերջոյ կը գտնէ վանքը եւ որպէս ուխտաւոր կը հաստատուի այնտեղ։ Օրեր կ՚անցնին, բայց հրաշք չի պատահիր, ուստի ան կը դիմէ վանահօր, մտահոգութեամբ թէ ինչո՞ւ չէ պատահած հրաշք այդ օրերուն։
Վանահայրը կը պատասխանէ.
«Մարդիկ կը կարծեն, թէ հրաշքը այն է, որ Աստուած կը լսէ եւ կը կատարէ մարդու կամքը, սակայն իրական հրաշքը այն է՝ որ մարդը ինք կը կատարէ Աստուծոյ կամքը»։ (Սկզբնաղբիւր.- «Սարկաւագագիրք». Կանայի Հարսանիքը. Յովհ. Բ 1-11)։ Հոս շեղում մը ընենք եւ տեսնենք՝ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը։ Արդարեւ, պատուիրանները պահել՝ համապատասխանել է Աստուծոյ իմաստութեան եւ կամքին, որ արտայայտուած է անոր արարչագործութեան մէջ։ Մարդ երբեմն կը հակադրուի կացութիւններու, որոնք բարոյական դատաստանը կը դարձնեն նուազ ապահով եւ որոշումը՝ դժուա՛ր։ Բայց մարդ պէտք է միշտ փնտռէ ի՛նչ որ արդար է եւ բարի, եւ ջոկէ Աստուծոյ կամքը, որ արտայայտուած է աստուածային օրէնքին մէջ։
Ուստի ամէն մարդ, որ Քրիստոսի Աւետարանը եւ Անոր Եկեղեցին չճանչնալով հանդերձ՝ կը փնտռէ ճշմարտութիւնը եւ կը կատարէ Աստուծոյ կամքը իր գիտցած չափով, անիկա կրնայ փրկուիլ։ Կարելի է ենթադրել, թէ նման անձեր պիտի ճանչնային եւ կատարէին Աստուծոյ կամքը, եթէ անոր անհրաժեշտութեան տեղեակ ըլլային եւ պիտի հաւատային կատարեալ հաւատքով։
Այս իմաստով, Սուրբ Պատարագը, որովհետեւ փրկութեան խորհուրդը կատարող խորհուրդ մըն է, կը վերջանայ մասնակից հաւատացեալներու արձակումով, որպէսզի անոնք իրենց տուները երթան եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը կատարեն։ Ուստի «հաւատացեալ» է ան՝ որ կը կատարէ Աստուծոյ կամքը։
Ահաւասիկ, այս կէտին կը ներկայանայ հաւատքի երկրորդ տեսակը. որպէս հակադրութիւն աշակերտներու թերահաւատութեան, Սուրբ Աստուածածնի վեհ եւ օրինակելի տիպարը։
Սուրբ Աստուածածինը, մարդկութեան պատմութեան մէջ եղաւ այն բացառիկ անձերէն, որ անկասկած կերպով հաւատաց Աստուծոյ, հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին։ Ան եղաւ այն բացառիկ մայրը, որ յօժարակամօրէն իր Որդին յանձնեց Խաչին, որպէսզի փրկուի ամբողջ մարդկութիւնը։ Քանի որ ա՛յս էր Աստուծոյ կամքը։ Եւ Կանայի հարսանիքին ժամանակ՝ հաւատալով որ միայն Փրկիչը կարող է հարսանիքի տէրը դուրս բերել նեղ կացութենէն՝ դիմեց իր Որդւոյն եւ իր Արարչին խնդրանքով եւ բարեխօսութեամբ։
Եւ հրաշքը տեղի ունեցաւ։
Հրաշքը տեղի ունեցաւ, հակառակ անոր որ Քրիստոսի ժամանակը տակաւին չէր հասած։ Եւ ինչպէս կը տեսնուի, Քրիստոս չմերժեց իր մօր խնդրանքը, չմերժեց, քանի որ իրեն խնդրողը մէկն էր, որ կատարելապէս կը հաւատար Աստուծոյ. մէկն էր, որ մշտապէս Աստուծոյ կամքի մէջ էր։ Եւ… ջուրը գինի եղա՛ւ։
Մենք ալ, յաճախ, ջուրի նման անհամ, անհոտ, երբեմն անգոյն եւ միշտ սովորական ենք կեանքի մէջ։ Կը հոսինք ջուրի պէ, բայց մեր հաւատքը կը թողունք բաժակի մը մէջ՝ կը լճանանք եւ կը նեխինք շատ անգամ։
Քրիստոս կ՚ուզէ որ միշտ փոխուինք, բարեփոխուինք շնորհքով։ Հաւատքի մէջ փոխուիլ, հաւատքի մէջ զօրանալ, ամրանալ եւ կատարելագործուիլ. այս է Աստուծոյ կամքը։
Եւ ջուրի նմանող մեր կեանքը փոխուի՝ գինիի նման, արդիւնաւոր, ուրախացնող, հոգեւոր դրական միջավայր ստեղծելով։ Իսկ ասիկա կարելի է միայն ու միայն Աստուծոյ կամքը կատարելու ճամբով, որ միակ միջոցն է։
Մէկ խօսքով. ճշմարիտ եւ կատարեալ հաւատք ունի այն, որ պատրաստակամօրէն կը կատարէ Աստուծոյ կամքը առա՛նց տարակուսելու։
Փորձենք հարցնել մենք մեզի, թէ արդեօք մենք այդպիսի հաւատք մը ունի՞նք, թէ ոչ։
Եթէ տարակուսանքի մէջ ենք, յիշենք այն խօսքը՝ որ հայր մը ըսաւ Յիսուսի իր զաւկին բժշկութիւն խնդրելու ժամանակ եւ կրկնենք զայն այդ հաւատացեալ հօր հետ.
«Տէ՛ր, կը հաւատամ քեզի, օգնէ՛ անհաւատութեանս…» (ՄԱՐԿ. Թ 23), որովհետեւ ամէն ինչ կարելի՛ է հաւատացողին համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 14, 2019, Իսթանպուլ