ԱՆՄՈՌԱՑ ԴԷՄՔԵՐ

Կը շարունակենք ներկայացնել անմոռաց դէմքեր, որոնք յիշել եւ յիշեցնել պարտականութիւն մը կը համարինք, քանի որ անոնք միտք եւ հոգի փոխանցած են մեզի աւելի եւս ընդարձակելով մեր մտային եւ հոգեւոր հորիզոնները եւ սահմանները։

Ահաւասիկ շարք մը եւս անմոռաց դէմքերու։

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ. Եղիշէ Չարենց-Սողոմոնեան, հայրենի բանաստեղծը ծնած է 1897 թուականին՝ Կարս։ Յետոյ մեկնած է Մոսկուա։

Չարենց, 1920-ին վերադառնալով Հայաստան՝ վայելած է լուսաւորութեան նախարար Ն. Աղբալեանի գուրգուրանքը։

Միջազգայնական հեռանկարներով խանդավառ՝ խորհրդայնացումէն ետք՝ բուռն մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի գրական-մշակութային կեանքին, արտադրելով բանաստեղծութիւն, վէպ, ակնարկ եւ յօդուած։

1930-ական թուականներուն՝ նուազ գործօն է, վարչակարգէն կրած ծանր յուսախաբութիւններու պատճառով։ Չարենց մահացած է 1937 թուականին։

Ճոխ է Չարենցի գործը, ծաւալուն, ընդարձակ, թէեւ ո՛չ միշտ զուտ եւ հաւասար։ Սկզբնական շրջանի քնարական մեղմութենէն, ապա հռետորական շեշտէն ետք, աշուղական-արեւելեան կնիքով գործեր, վերջին շրջանին, պիտի ծառայէին արտայայտելու ազգային-մարդկային իր իմաստութիւնը։

ՍԻԱՄԱՆԹՕ - ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ. Սիամանթօ ծնած է 1878 թուականին՝ Ակն, փոքր տարիքին փոխադրուած է Պոլիս, ուսանած է Պէրպէրեան վարժարան, ապա՝ 1896-էն մինչեւ 1908-ը՝ ապրած Եւրոպա՝ Փարիզ եւ Ժընեւ, աշխատակցած է «Դրօշակ» թերթին բանաստեղծութիւններով։ 1908-ին դարձած է Պոլիս։

Յաջորդաբար, եւ մինչեւ համաշխարհային պատերազմ, հրատարակած է «Դիւցազնօրէն», «Հայորդիներ», «Հոգեվարքի եւ Յոյսի զոհեր», «Հայրենի հրաւէր», «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» եւ «Սուրբ Մեսրոպ» չափածոյ ժողովածոները։

Սիամանթօ մահացած է 1915 թուականին։

Ան հզօր թափով, լեզուական միջոցներով եւ մանաւանդ երեւակայութեամբ այն բանաստեղծն է՝ որուն գրիչը, հեռու անձնական ապրումներէ, ժողովուրդին տառապանքը եւ պայքարը երգելու կոչումով։

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ. Ուիլիըմ Սարոյեան ծնած է 1908-ին՝ Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ, Պիթլիսէն գաղթած ընտանիքէ մը։

Մանկութիւնը եւ պատանութիւնը անցուցած է աղքատութեան մէջ, զարգացած է առաւելաբար ինքնաշխատութեամբ։

Սարոյեան թէեւ հայախօս, գրած է անգլերէն լեզուով։ Ան գրել սկսած է 1933-ին։

Մինչեւ 1970-ական տարիները, Սարոյեան արտադրած է մեծաթիւ գործեր՝ պատմուածք, վէպ, թատերակ, պատուաւոր տեղ մը բանալով իրեն՝ ամերիկեան գրականութեան մէջ։ Այստեղ կարելի է յիշել Ուիլիըմ Սարոյեանի մի քանի գործերը. «Անունս Արամ է», «Մարդկային կատակերգութիւն», «Տղաք եւ աղջիկներ», «Սիրտս լեռներն է», «Կեանքիդ ժամանակը»։

Ուիլիըմ Սարոյեան մահացած է 1981-ին։

Հայկական հարցադրումներ նկատելի են Սարոյեանի գործերուն մէջ երբեմն։

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ. Միսաք Մեծատուրեան ծնած է 1886-ին, դեռ փոքր՝ Պոլիս փոխադրուած, պահած է հայրենի Ակն գաւառի զգայնութիւնը՝ գեղջկական ջերմութիւն, բնութեան պաշտամունք։

Մեծարենց կանուխ գրել սկսած է, փափուկ առողջութեան բերումով հարկադրուած է եղած՝ ամփոփուելու ինք իր մէջ։

Զինք շատ դեռատի՝ 1908-ին գերեզման տանող հիւանդութիւնը պիտի չարգիլէր, որ Մեծարենց հրատարակէ չափածոյ իր երկու գործերը. «Ծիածան» եւ «Նոր տաղեր»։

Անոնց մէջ կ՚երեւին իր ինքնատիպ խառնուածքը, ջերմ զգայնութիւնը։ Բնութեան սէր եւ քնարական մեղմութիւն կը լրացուին մարդապաշտ մտածումով մը՝ որ դեռատի գրողին գործը կ՚օժտէ արտասովոր խորութեամբ, իմաստութեա՛մբ։

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ. Պարոյր Սեւակ Ղազարեան, հայրենի բանաստեղծ եւ բանասէր, ծնած է 1924-ին եւ մահացած՝ 1971-ին։ Ան ուսանած է Երեւանի եւ Մոսկուայի համալսարաններուն մէջ, գրած եւ հրատարակած՝ 1942 թուականէն սկսեալ։ Հայ գրականութեան համար մնայուն արժէք են՝ իր «Երգ երգոց»,  «Անլռելի զանգակատուն»՝ որ Կոմիտասի նուիրուած է, «Այր մի Մաշտոց անուն», «Եռաձայն պատարագ» պոէմները, ինչպէս եւ քերթուածները՝ քերթուածներու «Եղիցի լոյս» ժողովածոն։ Ուսումնասիրութիւններէն՝ յատկապէս կ՚արժէ յիշել մեծարժէք «Սայաթ-Նովա»ն։

Իր յուզական եւ ըմբո՛ստ զգայնութեամբ, մարդկայնութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ, Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան) կը զանազանուի «խորհրդահայ բանաստեղծութեան» միջինէն։

Իր մահով, հետեւանք ինքնաշարժի «ենթադրեալ արկած»ի մը, հայ ժողովուրդը կորսնցուց մեծ բանաստեղծ մը եւ բացառիկ հայրենասէր օժտեալ իրա՛ւ մտաւորական մը։

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ. Ռուբէն Զարդարեան ծնած է 1874 թուականին՝ Սեւերէկ։ Կանուխէն փոխադրուած Խարբերդ՝ հոն կ՚ուսանի ծանօթ գրագէտ-ուսուցիչի մը՝ Թլկատինցիի դպրոցին մէջ։

Յետոյ ուսուցիչ է գաւառի զանազան դպրոցներու։ Աւելի վերջ կ՚անցնի Պուլկարիա՝ ուր քանի մը տարի կը զբաղի հրապարակագրութեամբ։ 1908 թուականին՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան՝ արդէն ծանօթ գրող-հրապարակագիր, կը վերադառնայ Պոլիս։ Կը հրատարակէ «Ցայգալոյս» հատորը։ Զարդարեան մահացած է 1915 թուականին։ Որպէս գրագէտ, Զարդարեանի մօտ յաճախ զգալի է ժողովրդական, իրապաշտ շեշտը։ Բայց շատ աւելի՛ յաճախակի են բանաստեղծական շունչը եւ թռիչքը։

***

Առանց որեւէ շարք կամ յաջորդականութիւն նկատի ունենալու կամ հետապնդելու՝ ջանացինք ներկայացնել անուանի մտաւորականներ, բոլորովին պատահական կերպով։

Անոնք ամէն մէկը աղիւս մը զետեղած են մտաւորականութեան հսկայ շէնքին պատերուն վրայ։ Եւ երանի՜ անոր որ այս գիտակցութեամբ եւ իր կարողութեան ու տարողութեան չափով աղիւս մը եւս կ՚աւելցնէ այդ հսկա՛յ շէնքին պատերուն վրայ՝ անխախտ պահելու համար զայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 20, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020