ԽԱՂԱՂ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՊՐԻԼ

Ներքին խաղաղութիւն ունենալ, ներքին խաղաղութեամբ ապրիլ կեանքը՝ ամենամեծ հարստութիւնն է մարդուս համար։ Արդարեւ, յաճախ կը հարցնեն՝ թէ մարդ եթէ նոյնիսկ կատարելապէս առողջ ըլլայ, մարմնապէս, բայց ներքին խաղաղութիւն չունենայ, կրնա՞յ երջանիկ ըլլալ եւ կրնա՞յ կատարեալ նկատել ինքզի՛նք։

Անշուշտ որ առողջութիւնը երջանկութեան համար անհրաժեշտ է։ Բայց մարմնական առողջութեան պէտք է համընթաց ըլլայ հոգեկան առողջութիւնը՝ որ է ներքին խաղաղութիւն, կատարեալ անդորրութի՛ւն։ Ուստի, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ երբ մարդ առողջ է, բայց ներքին խաղաղութիւն չունի, ի վերջոյ կրնայ կորսնցնել իր առողջութիւնը եւ վատթարանալ, քանի որ հոգեկան վիճակը կ՚ազդէ նաեւ մարմնական-ֆիզիքական կեանքին վրայ։

Այս ուղղութեամբ, ֆիզիքական կեանքին համար խաղաղ կեանքը խղճի կատարեալ անդորրութիւնն է։ Մարդ եթէ իր շուրջիններուն եւ ինքն իրեն հանդէպ խղճի հանդարտութիւն ունի, ան մարմնապէս ալ հանդարտ է, խաղաղ եւ հանգիստ է։ Այս հանդարտութիւնը կարելի է բացատրել երջանկութեամբ։ Բայց երջանկութիւնը կատարեալ կ՚ըլլայ երբ մարմնականին միանայ նաեւ հոգեկանը։

Ներքին խաղաղութիւնը, հոգեկան կեանքի մէջ ձերբազատումն է ֆիզիքական պահանջներէ, ցանկութիւններէ եւ մուտքը՝ երկնային երջանկութեան մէջ, որ է՝ երանութիւն։ Ահաւասիկ այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ երկու առաքինութիւններ՝ որոնք կը նպաստեն մարդուս թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեկան կեանքին։ Այս երկու առաքինութիւններն են՝ ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆ։

Անշուշտ երբ «չափաւորութիւն» եւ «պարզութիւն» կ՚ըսենք, այս մեծ մասամբ կ՚ենթադրէ մարմնականին եւ հոգեկանին ներդաշնակութիւնը, այսինքն հաւասարա-կըշռութիւնը մարմնին-ֆիզիքականին եւ հոգիին-բարոյականին։

Ֆ. Նիչէ երբ կ՚ըսէ, թէ «Աստուած մեռած է», կը մատնանշէ նիւթականացած աշխարհ մը՝ ուր կարեւորը միայն նիւթն է՝ տեսանելի եւ շօշափելի աշխարհը։ Մերօրեայ աշխարհը նիւթականացած աշխարհ մըն է եւ մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚անտեսեն բարոյական աշխարհը՝ հոգեկան ամէն արժէք, քանի որ անոնք տեսանելի չեն…։

Բայց գոյութիւն ունենալու համար պայման չէ՛ տեսանելի եւ շօշափելի ըլլալ։ Տեսանելի ըլլալ եւ շօշափելի երեւոյթ ունենալ գոյութեան նշաններ չեն, քանի որ կա՛ն նաեւ անտեսանելի եւ անշօշափելի արժէքներ, որոնք գոյութիւն ունին եւ յաճախ կը յայտնեն իրենց էութիւնը։ Այդ յայտնութեան սակայն կ՚անդրադառնան միայն անոնք՝ որոնք գիտեն «հոգեւոր աչք»ով դիտել եւ տեսնել ճշմարտութիւնները։

Այս իմաստով, մարդկային կեանքի մէջ կարելի չէ նկատել մտաւոր եւ հոգեւոր կատարելութիւն։ Եւ մարդկային ընդհանուր դատումով աշխարհի վրայ չկայ այդ կատարելութիւնը իր վրայ մարմնաւորող անձ մը։ Մարդ ունի միշտ մարդկային թերութիւններ, տկարութիւններ՝ որոնք զինք կ՚ընեն անկատար։ Ուստի իւրաքանչիւր անհատ, ամէն մէկ անձ ունի իր թերի եւ տկար կողմերը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ամէն մարդ սխալելու, մեղանչելու ատակ է։

Քրիստոնէական վարդապետութեան համաձայն մեղքի բալասանը ապաշխարութի՛ւնն է։

Ի՞նչ է ապաշխարութիւնը ուրեմն։

Ապաշխարութիւնը գործուած մեղքին համար զգացուած ցաւն է, վի՛շտն է։ Արդարեւ մեղանչել կը նշանակէ Աստուած վշտացնել։

Արդարեւ, ո՜վ կ՚ուզէ Աստուած վշտացնել, ո՜վ կ՚ուզէ հակառակիլ ճշմարտութեան… բայց իր արարքներով մարդ կը վշտացնէ զԱստուած եւ հակառակ կը գործէ ճշմարտութեան։

Ուստի, ապաշխարութիւնը կեանքին բարեփոխուած, նորոգուած ձեւն է։ Ուրիշ խօսքով ապաշխարութիւնը անդրադարձումն է ճշմարտութեան, արդարութեան եւ բարձրագոյն բարիին, եւ այս իմաստով՝ սրտի եւ մտքի փոփոխութիւնն է դէպի լաւը, դէպի բարին, դէպի ճշմարիտը։ Իրաւ հաւատացեալ մը իր մեղքին սրբագրութեան համար երբեք պէտք չէ ամչնայ եւ նկուն, զօրաւոր զգայ ինքզինք, ինչպէս հիւանդը բժշկուելու, առողջանալու համար կը դիմէ ամէն միջոցի առանց ամօթ զգալու։

Ապաշխարութեան համար անշուշտ, մեղանչողը պէտք է նախ անդրադառնայ իր սխալին, իր մեղքին, եւ յետոյ ցաւ զգայ մեղանչած ըլլալուն համար եւ ամենէն կարեւորը՝ այնուհետեւ ջանայ չկրկնել իր չար արարքը, անշուշտ կարելի միջոցներով, քանի որ ինչպէս գիտենք, մարդ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, որոնք արգելք կը հանդիսանան իր մտադրութիւնը գործադրելու։ Ապաշխարողը եւ մեղքը չկրկնել մը-տադրողը մօտ է Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան։ Ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատացեալը Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան մէջ կը գտնէ միայն իր ուրախութիւնը, իր խաղաղութիւնը, իր անդորրութիւնը, եւ ի վերջոյ իր երջանկութիւնը։

Քրիստոս որպէս Արդար աշխարհ եկաւ անարդարները՝ մեղաւորները արդարացնելու։

Ուստի արդար ըլլալու համար պէ՛տք է որ մարդ ներդաշնակէ իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր կեանքը, չափաւորութեամբ եւ պարզութեամբ հաւասարակշռէ արտաքին եւ ներքին աշխարհները. նիւթականը եւ բարոյականը համընթաց եւ անբաժանելի արժէքներ նկատէ իր երկրաւոր ժամանակաւոր կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Արդարեւ, ժողովրդական իմաստութիւնը իմաստալից առածով մը բացայայտած է չափաւորութեան կարեւորութիւնը, երբ կ՚ըսէ՝ թէ չափաւորութիւնը կէս Աստ-ւած է։

Եկեղեցիին դռները միշտ բա՛ց են մեղաւորներուն։ Մեղաւորը եկեղեցի կու գայ, կ՚աղօթէ, կը զղջայ իր սխալներուն համար, կը մաքրագործուի եւ արդարացած դուրս կ՚ելլէ։ Արդարեւ, մեղաւորին համար մի՛շտ արդարացման ճամբաներ կան, բա՛ւ է որ ան անդրադառնայ իր սխալներուն՝ զղջայ եւ խոստանայ չկրկնել զանոնք, անշուշտ կարելի չափով՝ չափաւորութեամբ եւ պարզութեա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 31, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019