Ո՞Վ Է ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ

Մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 9 յուլիս 1951-ին Ամերիկայի Պետական քարտուղար Տին Աշսըն կոչ կ՚ուղղէ հայ ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան ըսելով.- «Ամերիկայի Ձայնը յետ այսու ձեր հետ պիտի խօսի հայերէն լեզուով եւ ձեզի պիտի տեղեկացնէ ազատ աշխարհի անցուդարձը ճշմարտութեան եւ իրականութեան լոյսին տակ»: Այլ խօսքով, Ամերիկայի պետութիւնը կ՚որոշէ իր ամենէն յայտնի ալիքներէն՝ «Ամերիկեան Ձայն»ով հայերէնով լուրեր ձայնասփռել, որպէսզի կարենայ հասկնալի դառնալ տեղի հայութեան:

Տասնամեակներ ետք ի՞նչ փոխուեցաւ, որ հայացող ձայնասփիւռէն անցանք հայերէն չհասկցող երիտասարդութեան. ինչպէ՞ս եղաւ որ միա՛յն հայերէն լեզուն գիտցող գաղութ մը դարձաւ հայերէն չգիտցող գաղութի:

Մեր թուականէն 102 տարիներ առաջ՝ 2 յունուար 1920-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած «Ասպարէզ» եռօրեայ թերթը իր «ԺԲ. տարի, թիւ 606» թիւին մէջ հրատարակած մէկ գրութեան մէջ կ՚ըսէ.- «Վերջերս Ամերիկայի օրաթերթերը եւ պարբերական հանդէսները լուրջ ուշադրութիւն սկսած են դարձնել օտարահպատակներու եւ օտարալեզու հրատարակութեանց: Ցաւով կը նշմարեն, թէ իրենց կարծածին չափ արագ եւ կատարեալ ձուլում մը յառաջ չէ եկած եւ թէ կղզիացումի քաղաքականութիւնը հետզհետէ արմատացած է օտարազգի շրջանակներուն մէջ, որոնք օգտուելով երկրին մամուլի անկաշկանդ օրէնքներէն՝ փոխանակ ամերիկայանալու՝ աւելի թունդ ազգայնականներ դարձած են իրենց ծննդավայր հայրենիքին ջատագովութիւնը ընելով, ի վնաս Ամերիկայի շահերուն»:

Նոյն օրերուն ամերիկեան թերթերէն մին «Ո՞վ է յանցաւորը» խորագրով գրութեան մը մէջ, մտահոգուելով այս հարցին դիմաց կը գրէ. «մեր առջեւ ճակատաբաց կը մնայ երկու բան. կա՛մ ներգաղթը արգիլել խիստ օրէնքներով եւ կա՛մ գործի լծուիլ, կամքով ու ջանքով, վերահաստատելու համար ճշմարիտ Ամերիկայանացում»:

Դար մը ետք արդէն իսկ դերերը փոխուած են. հիմա մե՛նք է, որ կը հարցնենք, թէ ո՞վ է մեղաւորը եւ վերոյիշեալ ամերիկացիին նման մեր առաջ ճակատաբաց կը մնայ երկու բան. կա՛մ հայեցի դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը ամրապնդել ու տարածել եւ կա՛մ ամբողջութեամբ յոյսը կտրել Ամերիկայի «հայկական» գաղութէն, որ դար մը ետք ամբողջութեամբ կորսուած պատկեր մը պիտի ունենայ այդ ընթացքով: Ամերիկան պարզապէս օրինակ մըն է, որովհետեւ նոյն ճամբան ընդօրինակած են բազմաթի՜ւ այլ երկիրներ, ուր հայերէնի տեղ արաբերէնը, թրքերէնը, ֆրանսերէնը, յունարէնը տեղ կը գրաւեն:

Ամերիկացի «մտահոգ» հրապարակախօսը իր գրութեան մէջ կը յիշէ, թէ պէտք չէ՛ մեղադրել օտարազգիները, այլ պէտք է մեղադրել ամերիկացին ըսելով. «մենք միայն պատասխանատուն ենք տիրող վիճակին. Ամերիկացիները մեղադրելի են: Կա՛մ պէտք է որ մեր դուռները փակենք օտարականին առջեւ եւ կամ պէտք է ամերիկայացնենք զանիկա: Երկուքէն եւ ո՛չ մին ըրած ենք»:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ Ամերիկայի մէջ կամաց կամաց հայութենէն հեռացող հայութեան վիճակը ո՛չ թէ ճակատագրի մէկ խաղն է, այլ մտածուած ու ծրագրուած ազգայնութեան ձուլում մըն է, որ մարդուն մէջէն կը մեռցնէ բոլո՛ր այն արժէքները՝ որ կը պատկանի իր արմատներուն: Ամբողջութեամբ ազատամտութիւն քարոզող պետութիւն մը ի՛նք եւս կը հետաքրքրուի իր «մշակոյթ»ով ու ստեղծած գաղափարականներով. շատ անգամ այդ բոլորը բնական կը թուին մեզի, կեանքի բնական ընթացք մը կը կարծենք, որ իրականութեան մէջ այդպէս չէ:

Ամերիկացին մեղաւոր օտարին հայրենասիրութեան մէջ մեղաւոր կը գտնէր ինքզինք. մենք ո՞վ մեղաւոր ճանչնանք մեր հայաթափութեան համար: «Ասպարէզ» կը նշէ, թէ 1920-ին 10.000 հայութեան համար լոյս կը տեսնէ հինգ թերթ. այսօր հայութեան թիւը տասնապատիկ աւելին է, իսկ տպագրուող մամուլի թիւը հինգէն շա՜տ աւելի պակաս: Ո՞վ է յանցաւորը:

Յանցաւորը եկեղեցին է, յանցաւորը կուսակցութիւններն են, յանցաւորը հայկական կազմակերպութիւններն են, յանցաւորը դպրոցներն ու գաղութի ղեկավարներն են. անոնք շատ անգամ լաւ գործունէութիւնը հարուստ կալուածներ կամ եկամուտներ ունենալուն մէջ կը կարծեն. ի՞նչ օգուտ եթէ եկեղեցին, կուսակցութիւնն ու կազմակերպութիւնները մեծամեծ գումարներու տէր ըլլան՝ սակայն հա՛յ ու հայկական չըլլան. պէտք է լրջօրէն մտածել, թէ ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է:

Յաճախ նման գաղափար երբ յայտնեմ, մարդիկ հարց կու տան, թէ ի՞նչ պէտք է ընել. Ամերիկայի նման երկիրներու համար նիւթական միջոցները չե՛ն պակսիր. Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տակաւին կարելի է գտնել փայլուն երիտասարդներ, որոնք հայերէնին ու հայութեան հանդէպ լեցուած են բարձր գիտակցութեամբ: Թող գտնեն զանոնք ու առիթ տան, որպէսզի գաղութին մէջ ազատ գործունէութիւն ծաւալէ՝ հայապահպանման նպատակներով:

Թող գտնեն այդպիսիները եւ տանինք իրենց մօտ եւ փոխանակ զի՛նք օտարացնեն, թող հայանան իրմով: Միջոցները շա՜տ են. մեր մօտ միայն կամքն է, որ կը պակսի:

Մէկ դար ետք այս է վիճակը... մեզմէ դար մը ետք՝ 2122 թուականին եթէ հայերէն խօսող ու գրող մնացած ըլլայ, թող համեմատականը կատարէ դարերուն:

Տայ Աստուած որ չգրէ, թէ դար մը առաջ Հայաստանի մէջ Հայերէն կը խօսուէր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՉԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
(1919-1998)

Մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 25 փետրուար 1919-ին Նոր Պայազիտ գաւառին մէջ ծնած է գրականագէտ եւ բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Վաչէ Նալպանտեան:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի նախնական դպրոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1936 թուականին եւ ընդունուած՝ Երեւանի համալսարանի բանասիրական կաճառի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1941-ին: Նալպանտեան ուսումը աւարտել ետք՝ 1941-1945 թուականներուն մասնակցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին, որմէ ետք, 1948-1950 թուականներուն եղած է Հայաստանի Կոմունիստական կոմիտէի քարտուղարը եւ ապա 1950-1952 թուականներուն կուսակցութեան բաժնի վարիչ: Նալպանտեան 1952-1953 թուականներուն ստանձնած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, 1956-1965 թուականներուն՝ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան կաճառի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ 1978 թուականէն մինչեւ իր մահը՝ 1998 թուականը ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրադարանի տնօրէնութեան պաշտօնը:

Նալպանտեանի գրական գործունէութիւնը նուիրուած է հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան պատմութեան. անոր յայտնի գործերէն են «Վարդանանց պատերազմը եւ Դ. Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ը» (1955), «Թբլիսցին Հայ մատենագրութեան մէջ»ը, որ լոյս տեսած է հայերէն, վրացերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, «Եղիշէ», «Սայաթ Նովա», «Գրիգոր Նարեկացի» եւ այլ աշխատութիւններ: Մասնակցած է «Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն» հսկայական աշխատանքի 4-րդ եւ 5-րդ հատորներու խմբագրման աշխատանքներուն: Աւելի քան կէս դար դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս. 1966 թուականին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ: Շնորհիւ իր ծառայութիւններուն՝ 1990 թուականին ստացած է Գիտութիւններու վաստակաւոր գործիչի կոչումը:

Նալպանտեան մահացած է 28 փետրուար, 1998 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022