ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ
«Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ ամենակալ Հօր Աստուծոյ աջին բազմեցաւ» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19)։
Քրիստոսի մարմինը Յարութեան պահէն սկսեալ փառաւորուեցաւ, որուն ապացոյցներն են այն նոր եւ գերբնական յատկութիւնները, զորս այսուհետեւ մշտապէս կը վայելէ Անոր սուրբ Մարմինը։
Սակայն քառասուն օրերու ընթացքին Իր աշակերտներուն հետ մտերմաբար ուտելու խմելու եւ զանոնք Արքայութեան մասին ուսուցանելու միջոցին, Անոր փառքը պիտի մնայ տակաւին քօղարկուած՝ սովորական մարդու դիմագիծին տակ։
Յիսուսի վերջին երեւումը կ՚աւարտի անոր մարդկայնութեան անյետադարձ մուտքով աստուածային փառքին մէջ, զոր կը խորհրդանշեն ամպն ու երկինքը՝ ուր այսուհետեւ Ան կը բազմի Հօր Աստուծոյ առջեւ։
Եւ իսկապէ՛ս, բացառաբար եւ եզական ձեւով միայն՝ Ան պիտի յայտնուի Պօղոս Առաքեալի «իբրեւ անարգ մէկու մը…» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 8), վերջին երեւումով մը, որ զինք առաքեալ կը կացուցանէ։
Այս ժամանակամիջոցին՝ Յարուցեալին փառքին, քօղարկուած բնոյթը կ՚երեւի Մարիամ Մագդաղենացիին ուղղած անոր խորհրդաւոր խօսքէն. «Ես դեռ Հօրս մօտ չեմ բարձրացած։ Բայց դուն գնա՛ Իմ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց.- Ահաւասիկ Ես կը վերանամ դէպի Իմ Հայրս եւ ձեր Հայրը. դէպի Իմ Աստուածս եւ ձեր Աստուածը» (ՅՈՎՀ. Ի 17)։ Ասիկա յայտնումի տարբերութիւն մը ցոյց կու տայ յարուցեալ Քրիստոսի եւ Հօր աջակողմը վերացած Յիսուս Քրիստոսի փառքին միջեւ։
Համբարձումին պատմական եւ միանգամայն վերանցական իրադարձութիւնը կու գայ մատնանշել անցքը մէ՛կ փառքէն միւսը։ Եւ այս վերջին հանգրուանը կը մնայ սերտօրէն միացած առաջինին հետ, այսինքն՝ Մարդեղութեամբ իրականացած երկինքէն էջքին։ Միա՛յն «Հօրմէն ելլող»ը կրնայ «վերադառնալ Հօր», այսինքն՝ Քրիստոս։
«Ո՛չ ոք երկինք ելաւ, այլ միա՛յն Մարդու Որդին, որ երկինքէն իջաւ» (ՅՈՎՀ. Գ 13), կը վկայէ Յովհաննէս։ Իր բնական ուժերուն ձգուած մարդկութիւնը մուտք չունի դէպի «Հօր Տունը»՝ դէպի Աստուծոյ կեանքն ու երանութիւնը։
Եւ միա՛յն Քրիստոս կարողացաւ այս մուտքը բանալ մարդուն առջեւ, որպէսզի այսպէս՝ «մենք Անոր անդամները՝ կարենանք ունենալ յոյսը դիմելու հոն ո՛ւր Ինք, մեր Գլուխը եւ մեր Սկիզբը, կանխեց մեզ։ «Երբ երկրէն բարձրանամ, բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քաշեմ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 32)։
Այս իմաստով, բարձրացումը Խաչին վրայ՝ կը նշանակէ եւ կ՚աւետէ Համբարձումին երկինք բարձրացումը։ Մէկը միւսին սկիզբն է։ Ուստի Յիսուս Քրիստոս, մեր Տէրը եւ Փրկիչը, միակ ուղեցոյցը եւ ուսուցիչը նոր եւ յաւիտենական ուխտին, «մտաւ ո՛չ թէ մարդու ձեռակերտ սրբավայրի մը մէջ, այլ երկինք, որպէսզի երեւնայ Աստուծոյ առջեւ, ի նպաստ մեզի» (ԵԲՐ. Թ 24)։
Երկինքի մէջ Քրիստոս մշտապէս կը կատարէ Իր «քահանայութիւն»ը՝ «քանի որ միշտ կենդանի է, որպէսզի Ան միջնորդէ ի նպաստ անոնց, որոնք Իրմով կը քալեն դէպի Աստուած» (ԵԲՐ. Է 25)։
Եւ իբրեւ «քահանայապետ հանդերձեալ բարիքներուն» (ԵԲՐ. Թ 11), Քրիստոս երկինքի մէջ Հօր ի պատիւ մատուցուող ծէսին կեդրոնն է եւ գլխաւոր ծիսակատարո՛ղը։
Այսուհետեւ Քրիստոս կը բազմի Հօր աջակողմը. «Հօր աջակողմն ըսելով, մենք կը հասկնանք փառք եւ պատիւն աստուածութեան, ուր որ բոլոր ժամանակներէն առաջ գոյութիւն ունէր իբրեւ Աստուած եւ համագոյակից Հօր, այժմ մարդանալէն եւ Իր Մարմինին փառաւորուելէն ետք, նստաւ մարմինո՛վ», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Դամասկացի։ Արդարեւ, «Հօր աջին բազմիլ»ը՝ Մեսիայի Թագաւորութեան սկզբնաւորիլը կը նշանակէ եւ Մարդու Որդիին մասին, Դանիէլ Մարգարէին տեսիլքին կատարումը. «Անոր տրուեցաւ իշխանութիւն, պատիւ եւ թագաւորութիւն, եւ բոլոր ժողովուրդները, ազգերը եւ լեզուները Անոր պիտի ծառայեն։ Անոր իշխանութիւնը ցմիշտ է եւ անա՛նց. իսկ Անոր Թագաւորութիւնը՝ անկործանելի՛» (ԴԱՆ. Է 14)։
Այս պահէն սկսեալ, առաքեալները վկաները դարձան «անվախճան թագաւորութեան»։
Արդարեւ, Համբարձումը՝ Քրիստոսի երկրի վրայ վերջին երեւումն է։
Այսպէս կարելի է, ահաւասիկ, ժամանակի ընթացքին ի յայտ բերել, թէ Աստուած Իր ամենազօր նախախնամութեամբ կարո՛ղ է Իր արարածներուն պատճառած չարին հետեւանքներէն բարիք քաղել, նոյնիսկ բարոյական չարիքէն. «Դուք չէ՛ք որ զիս հոս ղրկեցիք, այլ Աստուա՛ծ։ Գէշութիւնը զոր ինծի ընել ծրագրած էիք, Աստուած՝ զայն բարիքի փոխեց, փրկելու համար բազմաթիւ կեանքեր» (ԾՆՆԴ. ԽԵ 8, Ծ 20)։
Հակառակ այս բոլորին՝ չարը չի՛ փոխուիր բարիքի։ «Ամէն ինչ կը գործակցի բարիքին անոնց, որոնք կը սիրեն Աստուած» (ՀՌՈՄ. Ը 28)։
Այս իմաստով, Աստուծոյ Որդիին մերժումը եւ խաչելութիւնը եղաւ գործուած ամենամեծ բարոյական չարիքը՝ որ իրականացաւ ամբողջ մարդկութեան մեղքերուն պատ-ճառով, եւ Աստուած Իր շնորհքին բազմայորդութեամբ յառաջ բերաւ բարիքներուն ամենամեծը՝ փառաւորումը Քրիստոսի եւ մարդկութեան Փրկութիւնը։
Ուստի, ինչպէս Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Յարութեան, նաեւ Համբարձման յիշատակը կը տօնուի եւ կը հանդիսակատարուի Եկեղեցւոյ կողմէ, որպէս պատուիրեալ տօնի գլխաւոր օր։ Արդարեւ, Համբարձումը իր մէջ կը բովանդակէ քրիստոնէութեան ամբողջ խորհուրդը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստի եւ վերջին դատաստանի խորհուրդները։ Նաեւ ան բացայայտ ապացոյց մըն է՝ մարմինով յարութեան խորհուրդին, թէ ժամանակներու վերջաւորութեան, բոլոր հանգուցեալ հաւատացեալներ յարութիւն պիտի առնեն իրենց մարմինով եւ պիտի ենթարկուին դատաստանի։
Համբարձումը վաւերացո՛ւմն է Յարութեան, վաւերացումը եւ հաստատո՛ւմը բոլոր ճշմարտութիւններուն՝ որ քարոզուեցաւ Քրիստոսի կողմէ, նաեւ հաստատումը աստուածային այն խոստումին, թէ՝ իւրաքանչիւր անհատ պիտի արժանանայ յաւիտենական կեանքը ապրելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 20, 2017, Իսթանպուլ