ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Վիճաբանութիւն»ը անհրաժեշտօրէն կը փորձէ մարդկային բնաւորութիւնը, եւ մարդ պարտի զգուշանալ «հակաճառութեան» այն ոգիէն՝ որ է «իր իսկ դատաւորը եւ իր իսկ դահիճը» ըլլալ, ինչպէս կ՚ըսէ Լայթֆուտ։ Անշուշտ, անհրաժեշտ է «ուրիշ խորհուրդ» մը վիճաբանութեան մէջ, սակայն պէտք է պահել պաղարիւն եւ չափաւոր նկարագիր։
Այն մարդը, որ կը նետուի վիճաբանութեան ծովուն մէջ, առանց ունենալու անոր համար ո՛չ բնական յարմարութիւն, եւ ոչ ալ իմացական պատրաստութիւն, բաւական է զգուշացնել զինք սա խրատով՝ թէ պէտք չէ արթնցնել այն դեւը՝ եթէ կարող չէ մարդ զգետնել զայն։ Ուստի բարկացոտ բնաւորութեան տէր մէկը պէտք չէ մտնէ վիճաբանութեան մէջ։
Արդարեւ ծիծաղելի է եւ անարդարութիւնը՝ բարկանալ մէկու մը, որ մեզմէ տարբեր կը մտածէ։ Մարդ չի կրնար աւելի մեծ սխալ քայլ մը առնել, եւ կամ հակառակորդին ամենամեծ առաւելութիւն մը տալ իր վրայ, քան երբ կը զայրացնէ։ Զայրոյթը արգե՛լք մըն է առողջ վիճաբանութեան։ Այս իմաստով պէտք է զգուշանալ նախանձախնդիր կերպով անկարեւոր վիճաբանութիւններէ, որոնք արդիւնաբեր չեն։
Հոգեւոր իմաստով «վիճաբանութիւն»ը այն մեղքն է՝ որ կը նմանի «հակառակութեան»։ Հակառակութիւն կը նշանակէ՝ հակառակելով խօսիլ, դէմ կանգնիլ, մերժել, չընդունիլ որեւէ խօսք, տեսութիւն կամ մտածում։ Հակառակելու ոգին շատ յայտնի եւ բնորոշ է մարդ էակին, քանի որ ան դժուարութեամբ կ՚իջնէ իր հասած բարձունքներէն, եւ չի զիջանիր վար իջնելու իր գրաւած դիրքէն, այսինքն՝ հակառակութիւնը խոնարհութեան պակասին կամ բացակայութեան եւ ուրեմն ինքնահաւանութեան եւ մեծամտութեան հետեւանք է։ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, թէ Պօղոս առաքեալ, նախքան իր դարձը, ո՛չ միայն խօսքով, այլ իր կեցուածքով եւ գործով կը հակառակէր Յիսուսին։ Բայց Յիսուսի մէկ խօսքը՝ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, բաւական եղաւ կոտրելու անոր հակառակութիւնը։
Եւ այսօր ալ տեսարանը նոյնն է. շատ հակառակողներ ամենեւին չե՛ն կոտրուիր ողջմիտ մարդոց «անզօր» խօսքերէն եւ «տկար» վկայութիւններէն, իսկ Յիսուսի խօսքերէն, Աւետարանի ճշմարտութիւններէն ամէն հակառակութիւն կը կոտրուի ի վերջոյ։ Արդարեւ կարեւորը խօսքը չէ՛, այլ խօսքին արտայայտութեան կերպը եւ ոճը…։
Ինչպէս ըսինք, վիճաբանութիւնն ալ կը նմանի հակառակութեան, անոր նման ինքնահաւանութեան, ինքնահաստատման, ինքզինք ապացուցանելու ձեւ մըն է, երբ վիճաբանող մարդ կը ձգտի ցոյց տալ իր առաւելութիւնները, յատկութիւնները ուրիշի մը նկատմամբ։
Մարդ ինչպէս ալ հիմնաւորէ իր վիճաբանելու ջերմ հակումը, միեւնոյնն է, ի վերջոյ ընդունելու եւ ստացուելու է, որ ի՛նչ-որ մէկը ճիշդ է, իսկ ինչ-որ մէկ ուրիշը՝ սխա՛լ։ Մինչդեռ երբ որեւէ մէկը կ՚ըսէ, թէ ի՛նք ճիշդ է, արդէն այդ սխա՛լ է։ Արդարեւ, մարդ երբեք չի կրնար ըլլալ, չէ եղած «ճիշդ» ու «ճշմարտացի», քանի որ ճիշդը ու ճշմարտացին մէ՛կ է, ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Ապա ուրեմն, երբ մէկը կը զղջայ ու կը խոստովանի իր մեղքերը, վիճաբանութեան պարագային՝ որքա՜ն սխալած եւ որքա՜ն գործեր կատարած է առանց Յիսուսի եւ Աւետարանի, եւ այդ զանցառութեան պատճառով մեղք է գործած։
Սուրբ Գիրքը, նոյնպէս կը պատուիրէ ուղղակի հեռո՛ւ մնալ ամէն տեսակ վէճերէ. «Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին» (Բ. ՏԻՄՈԹ. Բ 23)։ Եւ իրապէս, շատ անգամ վիճաբանութիւններ պատճառ կ՚ըլլան կռիւներու. ուրիշ խօսքով՝ կռիւի մը նախաքայլն է վիճաբանութիւնը ընդհանրապէս…։ Եւ դժբախտաբար այդ կռիւներն ալ յաջորդաբար պատճառ կ՚ըլլան բաժանումներու, պառակտումներու։
Ասոր հակառակ, Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ վիճիլ Աստուծոյ հետ՝ փոխանակ մարդոց, որպէսզի փարատի ամէն կասկած ու տարակուսանք։
«Երանի՜ թէ մարդ կարենար վիճաբանիլ Աստուծոյ հետ, ինչպէս կը վիճաբանի իր ընկերոջ հետ», կ՚ըսէ Յոբ (ՅՈԲ, ԺԶ 21)։ Քանի որ Աստուծոյ հետ ունեցած վէճէն կը շահի մարդը, որովհետեւ ազատուելով իր կասկածներէն եւ տարակուսանքներէն՝ կը մարքուի, կը սրբանայ եւ կը դառնայ ձիւնի պէս ճերմակ, ինչպէս կ՚ըսէ Եսայի մարգարէ. «Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ՚ըսէ Տէրը, եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան, եւ եթէ որդան կարմիրի պէս են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (ԵՍԱՅԻ, Ա 18)։ (Ծանօթ. «ասր» կը նշանակէ՝ ոչխարի կտրուած եւ մաքրուած բուրդ՝ ազնիւ ու սպիտակ։ Նաեւ ասրէ պատրաստուած զգեստ)։ Ուստի վիճաբանութեան ոգին, ընկերային կեանքի մէջ վնասներու պատճառ կը դառնայ՝ ընկերային ներդաշնակութիւնը, խաղաղութիւնը կը խանգարուի, վրդովումներու, խաթարումներու պատճառ կրնայ ըլլալ։
Անշուշտ կարեւոր է վիճաբանութեան ընթացքին վիճաբանողին բուն նպատակը, վիճաբանելու կերպը, ոճը եւ մանաւանդ մարդկային արժանապատուութիւնը չվիրաւորելու բծախնդրութիւնը…։
Ուստի ուժը վատնելու է միայն այն հարցերուն վրայ, որոնց մէջ կը համաձայնին բոլոր ողջամիտ մարդիկ։
Սնամէջ նիւթերու կատաղի կռիւները մարդս ամլութեան կը մատնեն։ Արդարեւ ի՞նչ են այն հարցերը, որոնց շուրջ մարդիկ կը տարբերին իրարմէ, կը հակառակին իրարու, երբ բաղդատեն զանոնք աստուածային խորունկ խնդիրներուն հետ։ Բայց պէտք չէ՛ նկատել այս ըսուածները իբրեւ վարկաբեկում բանաւոր պնդումներու եւ զօրաւոր արտայայտութիւններու այն սկզբունքներուն շուրջ, որոնցմով կը զատուին, կը տարբերին ողջախոհ մարդիկ իրարմէ։ Պէտք է մտածել՝ թէ ինչո՞ւ անոնք պիտի չներկայացուին այնպիսի ոգիով մը, որ շահին հիացումն ու ակնածանքը այն մարդոց, որոնք կրնան, սակայն, տարբեր խորհիլ մեր եզրակացութիւններուն նկատմամբ։
Այսպէս, մտածումներ պէտք չէ՛ սահմանափակուին որեւէ տրամաբանական բացատրութեամբ, ծայրայեղութիւն մը՝ որ հազիւ թէ աւելի քիչ յանձնարարելի է, քան հակառակ տրամադրութիւնը, ըմբոշխնելու տրամաբանական խոյանքներ, երբ կարեւոր է ունենալ հանդարտ եւ հաստատ պատճառաբանութիւն…։
Արդարեւ, ընթերցողներ կամ ունկնդիրներ կը սիրեն լուսաբանութիւններ, կը գնահատեն բառերուն զգոյշ եւ տպաւորիչ ընտրութիւնը եւ կ՚ախորժին ճարտասանական ելեւէջներէն։ Բանականութիւնը եւ տրամաբանութիւնը միայն չեն կրնար ընթերցող կամ ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւել, բայց մարդիկ ո՜րքան կը գնահատեն տրամաբանութեան միացումը եւ ներդաշնակութիւնը ճարտասանութեան հետ։ Կարեւորը, որեւէ լուսաբանութեան թողած տպաւորութիւնն է ընթերցողին կամ ունկնդրողին վրայ։ Ընթերցողին կամ ունկնդրին վրայ ձգած զօրաւոր եւ խորունկ տպաւորութեան մէջ կը կայանայ բացատրութեան մը ճշմարիտ արժէքը։
Այս ուղղութեամբ պէտք չէ կարծուի, թէ ճշմարտութիւնը կը դատուի եւ վիճաբանողներ «փորձուած պաշտպան փաստաբաններ» են այդ դատին։
Դատը պաշտպանուելու պահանջքը չունի, քանի որ դա՛տն է, որ պիտի պաշտպանէ մարդը։
Ուրեմն խօսքով կամ գիրով բացատրութիւն մը կամ լուսաբանութիւն մը գործածութեան յարմարութիւն ունենա՛յ եւ ճշմարտութեան ըմբռնումը արագացնէ՛։ Եւ պէ՛տք է յառաջացնէ համոզումը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2015, Իսթպանուլ