ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՐԱՑՈՅՑՆԵՐԸ
Կեանքի յարացոյցները, այսինքն կեանքի իտէալը եւ մտատիպարը երկինքի չափ բարձր են։ Ուրիշ խօսքով՝ անմարմին են եւ անհասանելի։ Եւ հոգին կը հիւսէ՝ զանոնք կենդանի ներշնչումներով այն երազանքներուն՝ որոնց անձնատուր կ՚ըլլայ շնորհիւ իր երեւակայութեան։
Բայց պէտք է խոստովանիլ, թէ՝ մարդ միշտ դժգոհ է իրականութեան բիրտ տպաւորութիւններէն։ Այդ իսկ պատճառով է– որ քիչե՜ր իրապաշտ են, եւ մարդիկ ընդհանրապէս կը նախընտրեն երեւակայականը, ենթադրականը՝ փոխանակ ճշմարտութեան։ Քանի որ ճշմարտութիւնը անփոփոխ է՝ ի՛նչ որ է, ա՛յն է. ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։
Ահաւասիկ այս պատճառով կ՚ըսենք, թէ կեանքի յարացոյցները՝ «idéal»ները բարձր են։ Շատ անգամ վե՛ր իրականութենէ, ապրումնե՜րէ…։
Ուստի մարդկային կեանքը եւ բոլոր ապրող՝ կենդանի էակներու կեանքը հիմնուած է երկու բնազդներու վրայ. մին՝ գոյապահպանում, կամ ինքնապահպանում, իսկ միւսը՝ գոյատեւում, կամ էութեանը շարունակականութիւնը։ Եւ անոնք կ՚ապրին ու կը շարժին ըստ այս երկու հիմնական բնազդին։
Ուրեմն «ապրիլ»ը անընդհատ եւ անվերջ երկունք մը, պայքար մըն է։ Կեանքը կ՚ընթանայ այս պայքարի միջավայրին մէջ, եւ եթէ իրերը, իրողութիւնները եւ երեւոյթները շիտակ դատուի եւ ճիշդ մեկնաբանուի՝ մարդ կրնայ հասնիլ իր իտէալին։
Այս իմաստով կեանքը ապրիլ, կը նշանակէ՝ նեղութիւններու, ցաւերու, դժուարութիւններու, վիշտերու, անգութ ուժերու, եւ այս բոլորէն ետք, մահուա՛ն դէմ պայքա՛ր մըն է՝ գոյապահպանման ե՛ւ գոյատեւման։
Առտուանց կանուխ՝ մութնուլուսուն թռչուններու ճռուողիւնին մէջ, մարդ կը նշմարէ նաեւ անձկութեան շե՛շտ մը։ Երբ նոր օրը կը ծագի՝ իրեն հետ կը բերէ նոր մտահոգութիւն մը՝ թէ այս արարածները ո՛ւր պիտի գտնեն իրեն ուտելիքը եւ խմելիքը, եւ կը սկսի ահաւասիկ «կեանքի պայքար»ի նոր ընթացք մը իրենց համար։ Եւ ամէն օր կը շարունակէ ասիկա։
Մարդոց համար ալ նո՛յնն է. ամէն առաւօտ երբ նոր օրի մը սեմին կը գտնուի մարդ, մտահոգութեամբ կը հարցնէ ինքնիրեն. «այսօր ի՞նչ պիտի ընեմ կեանքս պահպանելու եւ տեւականացնելու համար…»։ Անձայն կերպով կը կրկնուի այս հարցումը ամէն օր. «այսօր ի՞նչ պիտի ընեմ…»։ Կարծեմ ապրելու իմաստը այս է. «պայքարի՜լ օր մը եւս ապրելու համար…»։
Թռչուններէն կ՚առնենք օրինակը։
Այս թռչուններէն շատեր պարտաւորուած են ո՛չ միայն իրենք զիրենք կերակրելու՝ հապա նաեւ՝ իրենց ձագուկները՝ որոնք անօթի եւ անհամբեր կը սպասեն իրենց մայրերուն, որպէսզի կշտացնեն զիրենք։
Մարդն ալ այս կեանքի պայքարին մէջ կարօտ է միշտ իր նմանին՝ ուրիշ մարդու մը, եւ առաւելապէս՝ իր ծնողքին, մանաւանդ իր մօ՛ր։ Եւ կեանք պայքարին մէջ առանձին մնալ, կը նշնակէ՝ պարտութեան պատրաստ ըլլալ, քանի որ մա՛րդ չի կրնար առանց օգնութեան յաջողիլ կեանք պայքարին մէջ՝ գոյապահպանուիլ եւ գոյատեւել երկար ժամանակ։
Եւ մարդկային կեանքին մէջ, հետզհետէ, ծնողքին դերը կը ստանան ընկերներ, բարեկամներ, մանաւանդ ընտանիքի անդամներ։
Եթէ մարդ ունի հաւատարիմ ընկեր, բարեկամ կամ ընտանիքի անդամներ՝ երանելի՜ պէտք է նկատէ ինքզինք, քանի որ կեանք պայքարին մէջ առանձին չէ, ի՛նչ որ կը նշանակէ, թէ պիտի կարենայ շարունակել իր պայքարը, եւ պիտի կարենայ գոյապահպանե՛լ ու գոյատեւե՛լ ժամանակի մը համար տակաւին։
Բայց մարդ, անպայմա՛ն, օր մը պիտի պարտուի այս պայքարին մէջ, եթէ ո՛չ ուրիշ որեւէ բանի, բայց միա՛յն մահուան…։
Մահը, մարդուս կեանքի պայքարին մէջ, վերջին հարուածն է, որ ի վերջոյ պարտութեան կը մատնէ զինք։ Կեանքի պայքարի վերջնական պսակաւորը միշտ մա՛հն է։
Բայց մահուան զօրութիւնը միայն եւ միայն պահ մըն է՝ մահուան պահը, եւ յետոյ մահն ալ կը պարտուի անմահութեան՝ իրեն յաջորդող յաւիտենական կեա՛նքին։
Կեանքի մտահոգութիւնները կը մնան այս աշխարհի կեանքին նեղ սահմաններուն մէջ, եւ յետոյ կու գայ մահը՝ սահմանները կը բացուին եւ կը սկսի յաւիտենական կեանքը՝ ուր ո՛չ ցաւ, ո՛չ վիշտ, ո՛չ նեղութիւն գոյութիւն ունի՝ միա՛յն անվերջ երանութիւն եւ ուրախութի՛ւն։ Ուրեմն մտահոգութիւններ կը պատկանին այս աշխարհի կեանքին միայն, կերպով մը երկունք՝ պատրաստուելու եւ ապրելու համար երկնային երանութիւնները։
Մարդիկ ինչո՞ւ կ՚ապրին։ Պայքարելու համար։ Հապա ինչո՞ւ կը մեռնին։ Յաւիտենական կեանքի երանութիւններով անմահանալու, երջանկութեամբ պսակուելու համար։
«Մահը վերջի հարուածն է», ըսինք, հարուած մը՝ որ մարդը կը փոխադրէ յաւիտենական կեանքի երանելի աշխարհը՝ ուր ան պիտի վայելէ իսկական երջանկութիւնը, ա՜յն ինչ որ չէր գտած իր աշխարհային կեանքին մէջ՝ հակառակ որ իր յարացոյցն էր՝ իտէալը, նպատակը՝ երկրային կեանքին։
Ապա ուրեմն, մարդ ինչո՞ւ վախնայ մահէն, քանի որ անոր իշխանութիւնը միայն պահ մըն է, եւ հարուածը՝ մղում մը դէպի անմահութի՛ւն։ Այս պատճառով՝ մահը պէտք է վախնայ մարդէն, քանի որ ան անմահութեան կ՚անցնի՝ ուր մահը այլեւս որեւէ զօրութիւն եւ իշխանութիւն չի կրնար ունենալ։
Այս աշխարհի մէ՛ջ է պայքարը, երկունքը՝ այն ուժերուն դէմ, որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն մարդուս կեանքը դառնացնել, դժուարացնել, վտանգել, նեղութեան մատնել, եւ մեռցնե՛լ։ Մարդ կ՚ապրի, բայց ինչպէ՜ս կ՚ապրի, ապրողը միայն գիտէ…։ Ուստի հասարակաց փորձառութիւն մը բացատրելու փորձը աւելորդ է…։
Բայց ի՛նչպէս որ ալ կ՚ապրի մարդ, գէթ առանց Աստուծոյ չ՚ապրիր։ Աստուած կեանքը չի փոխեր, պաշարող ցաւերը, վտանգները չի բառնար, եւ ոչ ալ մահը կը խափանէ, բայց ատոնց դէմ մարդուս պայքարը անվհատ քաջութեամբ մղելու կարողանալու համար՝ մարդուս հարկաւոր զօրութիւնը կու տա՛յ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 16, 2016, Գնալը կղզի