«ԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ»

Ֆրանսացի անուանի բանաստեղծ Ժաք Փրէվէրը (1900-1977) գեղեցիկ պատկերացումով մը կը ներկայացնէ մանուկներ՝ որոնք իբր թէ թուաբանութիւն կը սորվին ձանձրալի դասարանի մը մէջ։

Իր այս բանաստեղծութեամբ, բանաստեղծը կ՚ուզէ մեզի ներկայացնել եւ զգալի դարձնել մանուկներուն հոգին, ընդհանրապէս աշակերտի հոգեվիճակը, անոնց կարողութիւնը, զգացումները եւ մտածումները։ Ան կ՚ուզէ ներկայացնել նաեւ աշակերտներու տարողութիւնը, երազելու, երեւակայելու, մտային հորիզոններու հասնիլ փափաքելու եւ վերջապէս բնութեան մօտ ըլլալու կարողութիւնը։

Բանաստեղծը, արդարեւ, նպատակ ունի ո՛չ թէ ծուլութիւնը, ամլութիւնը գովել, այլ մանաւանդ, ցոյց տալ՝ թէ ինչո՛ւ պզտիկները ընդհանրապէս մտքով կը փախչին, անտարբեր կ՚ըլլան երբեմն, չըսելու համար միշտ եւ մէկ խօսքով՝ «կը ցրուին»։

Եւ վերջապէս, բացատրել կարիքը, պահանջքը անոնց համար, աւելի հետաքրքրական՝ կեանքին եւ բնութեան աւելի մօտ դպրոցի եւ զարգացումի։

Այս առումով կը յիշենք արդիական թեքնիք առարկաներու ցուցահանդէս մը՝ որուն անմիջապէս մուտքին սապէս գրուած էր. «Անոնց համար՝ որոնք զարմանալը դեռ չե՛ն մոռցած»։

Վերջին դարերուն, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, սա կարգախօսը նորոյթի կարգ էր անցած. «Մարդ, ո՛չ մէկ բանի վրայ պէտք է զարմանայ»։

Մինչդեռ «զարմանալ»ը սորվելու, գիտութեան տէր ըլլալու, միտքով զարգանալու, կատարելագործուելու անհրաժեշտ տարրն է. մարդ առանց զարմանալու չի կրնար յառաջդիմել, գիտնալ եւ զարգանալ։

«Մարդ, ո՛չ մէկ բանի պէտք է զարմանայ»։ Ասիկա, սակայն, ժամանակի գաղափարախօսներու թիւր մէկ ըմբռնումը եւ համոզումն է, որովհետեւ այնտե՛ղ ուր մարդ կը զարմանայ, ուր մարդ կը հիանայ եւ որուն հետեւանքով ալ հարցումներ կ՚ընէ, ահա, այնտեղ կը սկսի յատկապէս, իր «մարդ», «բանաւոր էակ» ըլլալու հանգամանքը։

Եւ ինչո՞ւ արդեօք, որովհետեւ մարդ էակը ո՛չ թէ բնազդային եւ անասնական արարած մըն է լոկ, այլ՝ անբան անասուններէն շա՜տ գերիվեր գոյացութիւն մը՝ օժտուած բանաւոր հոգիով…։

Սակայն, հակառակ իր այս գերադաս վիճակին, ամէն մարդ, բանաւոր կեանք մը չի՛ յայտնաբերեր իր մէջ։

Արդարեւ, Փալթըն Թին անուանի քարոզիչը սապէս կ՚ըսէ. «Մարդոց միայն 15 տոկոսը կը մտածէ, 25 տոկոսը կը կարծէ թէ կը մտածէ եւ գրեթէ 60 տոկոսը կը գոհանայ պատկերներ դիտելով, այսինքն, իր հոգեւոր սնունդը կը ստանայ պատկերազարդ թերթերէ, շարժանկարի ժապաւէններէ եւ հեռատեսիլի սփռումներէ…»։

Հասուն եւ գիտակից մարդ մը սակայն, պէտք է «զարմանալ»ը, «խորհիլ»ը, «խորհրդածել»ը սորված ըլլայ, որպէսզի կարենայ իր քննադատական դատաստանը կտրել։

Գալով խորհելու կամ պատճառաբանելու հարցին. մարդուս ծանօթութիւնները այլազան են, որոնց վերլուծումով միայն, ան ուղիղ եզրակացութիւններու պիտի կարենայ հասնիլ։

Այս ծանօթութիւններու առաջինը «զգացական ծանօթութիւն»ն է, որ է մարդուս շրջապատին ծանօթութիւնը իր առօրեային մէջ, այսինքն՝ իրերը կը տեսնէ այնպէ՛ս, ինչպէս որ անոնք իրեն կ՚երեւին։

Երկրորդ՝ որոշ ծանօթութիւն մը, մարդուս ջանքերուն շնորհիւ, այսինքն, ենթակայականէն առարկայական տեսութեան ծանօթութեան թափանցել՝ որուն արդիւնքն է գիտութիւնը։

Երրորդ՝ գիտական ճիւղերու նկարագրութենէ վերջ՝ մարդ կը փափաքի գիտնալ նաեւ իրերու սկզբնապատճառը, նպատակը եւ անոնց գոյութեան իմաստին թափանցել կը ջանայ։ Ահաւասիկ, այս կ՚անուանուի, ընդհանրապէս «աշխարհահայեացք»։

ԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ԺԱՔ ՓՐԷՎԷՐ

«Երկու առաւել երկու՝ չորս.
չորս առաւել չորս՝ ութ.
ութ առաւել ութ՝ տասնվեց…
Կրկնեցէ՛ք», կ՚ըսէ ուսուցիչը։ 
«Երկու առաւել երկու՝ չորս. 
չորս առաւել չորս՝ ութ…»։

*

Բայց ահա քնար - թռչնիկը, 
որ կ՚անցնի երկինքէն։
Պզտիկը զայն կը տեսնէ. 
կը լսէ…
կը կանչէ. «Ազատէ զիս,
հե՛տս խաղցիր, թռչո՛ւն»։

*

Եւ թռչունը կ՚իջնէ,
ու պզտիկին հետ կը խաղայ։
«Երկու առաւել երկու՝ չո՛րս…
Կրկնեցէ՛ք…», կ՚ըսէ ուսուցիչը։
Եւ պզտիկը կը խաղայ,
թռչունը իր հետ կը խաղայ…
«Չորս առաւել չորս՝ ութ.
    ութ առաւել ութ՝ տասնվեց…
տասնվեց առաւել տասնվեց՝ քանի՞…»
Տասնվեց առաւել տասնվեց
    հաւասար է՝ ոչինչ…

*

Պզտիկը պահած է թռչունը
    իր գրասեղանին տակ,
ու բոլոր մանուկները երգը կը լսեն…
Տասնվեց եւ երեսուներկու՝
    կը կորսուին կ՚երթան…
ութ առաւել ութ, չորս առաւել չորս եւ 
    երկու առաւել երկու կծիկը կը դնեն
Եւ քնար - թռչնիկը կը խաղայ, 
եւ պզտիկը կ՚երգէ, 
իսկ ուսուցիչը կը պոռայ.
    «Վերջ տուէք խեղկատակութեան…»

*


    Բայց հիմա բոլոր մանուկները
            եղանակը մտիկ կ՚ընեն…
Եւ դասարանին պատերը
կամաց մը կը փլին - կ՚իյնան.
Ապակիները աւազ կ՚ըլլան կրկին,
մելանը՝ ջուր,
գրասեղանները՝ ծառ,
կաւիճը՝ ժայռ,
գրչակոթն ալ՝ թռչուն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2022