ՀԱՅԵՐԸ ԴԱՐԵՐ ԵՏՔ
Երէկ խօսեցանք ընդհանուր հայ ազգի դժբախտ վիճակի մասին, իսկ այսօր մեզի որպէս նիւթ պիտի վերցնենք լեզուն, որ նոյնքան դժբախտ ու անյոյս վիճակի մէջ է՝ ինչքան հայ ազգի ապագան:
Տասնամեակներ առաջ Ֆրանսայի մէջ Անդրանիկ անունով մարդ մը կը մարգարէանար ըսելով. «Արեւմտահայ լեզուն դատապարտուած է կորստեան: Տխուր է, բայց այս այսպէս է: Թերեւս ան տեւէ չորս դար, հինգ դար, բայց պիտի ցամքի, կամաց կամաց պիտի կորսուի անխուսափելիօրէն»: Մեր թուականէն 48 տարի առաջ՝ 1974 թուականին ըսուած այս խօսքը մարգարէական կը կոչենք, որովհետեւ կը հաւատանք անոր ճշդութեան, սակայն չորս-հինգ դար սպասելու կարիքը չըլլայ հաւանաբար… Դար մը բաւարար պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի կողքին մահուան դատապարտելու նաեւ արեւելահայերէնը եւ անխուսափելի պիտի ըլլայ անոնց կորուստը:
Մայրենի լեզուին վիճակը ցաւալի է թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ. որոշ ժամանակ կը կարծուէր, թէ միայն արեւմտահայերէն լեզուն վտանգուած է, սակայն ներկան կը փաստէ, որ նոյն վիճակին մատնուած է նաեւ արեւելահայերէնը:
Հայաստանի մէջ յաճախ կը խօսակցիմ երիտասարդներու հետ, որոնք իրենց խօսակցութեան ընթացքին բազմաթիւ ռուսերէն բառեր կը գործածեն. ռուսերէն չգիտնալս յայտնելով կը խնդրեմ, որպէսզի այդ բառերուն համարժէք հայերէնները գործածեն եւ իսկական զաւեշտը այդտեղ սկիզբ կ՚առնէ: Արեւելահայ հայը կը սկսի մտածել, թէ այս կամ այն բառին հայերէնը ինչ է, որովհետեւ իր մէջ հաստատուած ու բոյն դրած է ռուսերէնը՝ քան հայերէնը: Լեզու մը կը սկսի մահանալ, երբ լեզուին տէրերը սկսին օտարին լեզուով ու մտածողութեամբ մտածել ու այդ մէկը հայերէնի թարգմանել փորձել։ Այս երեւոյթը առկայ է նաեւ արեւմտահայերէնի պարագային՝ մանաւանդ արաբական երկիրներու մէջ ապրողներուն, որոնք արաբերէն կը մտածեն, սակայն հայերէն կը փորձեն արտայայտուիլ:
Չեմ գիտեր ինչու, յանկարծ հայրենիքի մէջ արեւելահայը սքանչելի «կամուրջ» բառը ձգած «մոսթ» բառը կը գործածէ, իսկ աւելի ցաւալին՝ շատ անգամ «մոսթ»ը հայերէն ըլլալ կը կարծէ: Վերջերս արեւելահայ մը կը վիճաբանէր, թէ «կարտոֆիլ» բառը մաքուր հայերէն բառ է՝ դպրոցներու մէջ դասաւանդուող:
Երեւանի փողոցներուն մէջ կը տեսնեմ զբօսաշրջիկներ (բոլո՛րն ալ հայեր), որոնք իրենց թոռներուն կամ զաւակներուն հետ անգլերէն կամ ռուսերէն լեզուով կը խօսին: Այս բոլորին դիմաց ահազանգ կը հնչեցնենք, որովհետեւ վստահ գիտենք, որ հայերէն չգիտցող այդ սերունդին յաջորդները նոյնպէս եւ վստահաբար հայերէն պիտի չգիտնան եւ կամաց կամաց Անդրանիկի գուշակութեամբ պիտի ունենանք սերունդ մը, որ կը մտածէ օտարին մտածողութեամբ, կ՚արտայայտուի օտարին լեզուով՝ սակայն «հայ» է…:
Յաճախ այսպիսի յօդուածներու դիմաց կայ տրամաբանելու տկար խումբ մը, որ միշտ առաջարկ ու լուծում կ՚ուզէ տեսնել. հայոց լեզուն պահպանելու ամենէն կարեւոր ու հիմնական լուծումը հայերէն լեզուի չգիտութիւնը որպէս սովորական ու բնական երեւոյթ չտեսնելն է։ Ամերիկեան եւ եւրոպական դպրոցներու մէջ, դադարներուն մանուկներ իրարու հետ հայերէն լեզուով չեն արտայայտուիր, դպրոցէն դուրս իրենց անձնական հանդիպումներու ընթացքին հայերէն լեզուով չեն արտայայտուիր եւ տեղ մը մենք այս բոլորը կը սկսինք որպէս բնական եւ սովորական երեւոյթ տեսնել: Մայրեր եւ հայրեր իրենց զաւակներուն այս կամ այն բառին ճի՛շդ հայերէնը սորվեցնելու փոխարէն կը սկսին իրենք օտարին լեզուով արտայայտուիլ, որպէսզի «պզտիկ»ը հասկնայ:
Ի՜նչ մեծ հպարտութեամբ հայր մը իր զաւակին մասին կ՚ըսէր. «Հայերէն կը հասկնայ՝ բայց չի խօսիր…»: Հայերէն հասկնալը հայապահպանման համար մե՜ծ զոհողութիւն մը կը կարծեն՝ առանց նկատի առնելու, որ այդ մէկը պարզապէս պարտաւորութի՛ւն մըն է՝ սեփական արիւնին նկատմամբ:
Մեր լեզուն պիտի կորսուի, որովհետեւ սրբագրելու անկարող՝ մենք եւս կը սկսինք սխալներ գործել. այսօր Հայաստանի մէջ ակամայ ես ալ «մոսթ», «կարտոֆիլ», «սամալյոթ» բառերը կը գործածեմ, որովհետեւ անոնց հայերէն տարբերակը գործածելու պարագային շուարած ինծի պիտի նային:
Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդը հասկնալու եւ հասկցուելու դժուարութիւն ունեցաւ տեղացի օտարներուն հետ: Այն անձը, որ այդ օրերուն անգլերէն կամ ֆրանսերէն կը խօսէր, կը դիտուէր որպէս զարգացած ու իմաստուն։ Այսօր պատկերը հակառակն է։ Զարմանքով ու հիացումով կը դիտուի այն հայը, որ Եւրոպա ապրելով կը շարունակէ հայերէն խօսիլ: Այսօր սփիւռքի շատ մը գաղութներու մէջ գործող կազմակերպութիւններ եւ կուսակցութիւններ գումարի դիմաց ատենադպիր կ՚աշխատցնեն, որովհետեւ իրենց ժողովներուն խօսուածը նոյնիսկ հայերէն լեզուով գրելու անկարող են:
Համաշխարհային հայկական կազմակերպութեան մը մէջ աշխատած եմ երկար տարիներ։ Հայապահպանման նպաստելու կոչուած կազմակերպութիւններ իրենց ատենագրութիւնները կը ղրկէին արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, իսկ աւելին՝ չեն զգար, որ տարօրինակ բան մը կայ այստեղ… Հայապահպանման նպաստելու կոչուած կազմակերպութեան ղեկավարները երբ հայերէն չգիտնան… ալ ո՜ւր մնաց հայապահպանում եւ հայութիւն:
Յաճախ կը հետեւիմ օտար երկիրներու մէջ տեղի ունեցած հայկական սկաուտական բանակումներուն. այդտեղ միա՛կ հայկական բանը, որ կայ՝ Հայաստանի դրօշն է եւ վերջ:
Այս բոլորին առաջքը առնելու համար պէտք է գիտակցինք, որ լեզուն պարզապէս հաղորդակցելու միջոց մը չէ. շա՛տ աւելին, ինքնութեան երաշխիք մըն է՝ հայ զգալու եւ ապրելու:
Հաւանաբար բախտաւոր ենք, որ տակաւին հայերէն լեզուին վերջին բեկորները «վայելելու» առիթը ունինք, որովհետեւ այս ընթացքով պիտի գայ սերունդ, որ հայոց այբուբենին պիտի նայի սեպագիրի տպաւորութեամբ՝ ամբողջութեամբ անծանօթ, ամբողջութեամբ օտարացած:
Շահնուր աւելի քան կէս դար առաջ կը յայտարարէր՝ «կը նահանջէ լեզուն»… Թող յիսուն տարիներ ետք գայ, դարձեալ տեսնէ լեզուին վիճակը, ըսելու համար, որ «մեր ժամանակ աւելի՛ լաւ էր». եւ եթէ լաւ եղած ժամանակ Շահնուր լեզուի նահանջը կ՚ազդարարէր, ներկան տեսնելով լեզուին բօթը կը տարածէ, որովհետեւ ալ նահանջելու տեղ չմնաց. հասանք անդունդի եզրին:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -27-
Ցաւ ի սիրտ, Եւրոպայի մէջ ներկայ եղայ ժողովի մը, ուր կը քննարկուէր շրջանի միակ հայկական դպրոցին խնդիրը: Ժողովականներ (գրեթէ օտարացած հայեր) երկրի տնտեսական վիճակը նկատի առնելով եւ նիւթական մեծ ծախսերը որպէս պատճառ բռնելով՝ կ՚առաջարկէին փակել դպրոցը եւ աւելին՝ վարձու տալ օտարներուն, տեղ մըն ալ շահ ապահովելու միտումով:
Մի քանի սրտցաւ հայեր՝ ներառեալ շրջանի առաջնորդ սրբազան հայրը փորձեց համոզել, որ դպրոցը տեղ մը շահաբեր հաստատութիւն ըլլալէ աւելի իր մէջ ունի բարոյական կարեւորութիւն մը եւ երկրի մը միակ դպրոցը փակել՝ այդ գաղութի մահը յայտարարել կը նշանակէ:
Հակառակ սրբազան հօր հայրենասիրական ու խելացի յորդորներուն, մնացին անդրդուելի. իրենց համար հայկական դպրոցը հայապահպանման կարեւոր կենդրոն մը ըլլալէ աւելի շահութաբեր հաստատութիւն մըն էր, որ պարտէր տարեկան լաւ գումար մը տրամադրել գաղութին:
Արդի՞ւնք. սրբազանը ժողովականներուն որոշումին հակառակելուն «ժողովուրդին թշնամի» յայտարարուեցաւ եւ որոշ ժամանակ ետք դուրս դրուեցաւ թեմէն՝ ազատութեամբ գործադրելու թշնամիին ծրագիրներուն նպաստող իրենց քայլերը:
***
Յունաստանի մէջ նորապսակ հայ զոյգեր երբ զաւակ ունենան, կը փորձեն յունարէն խօսիլ՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ «յունարէնը կարեւոր է... Յունաստան պիտի ապրի, հայերէնը ինչի՞ն է պէտք»: Նման ընտանիքները կը փորձէի համոզել, որ այսպէս թէ այնպէս, հայկական դպրոց չյաճախելու իբր հետեւանք մանուկը արդէն իսկ լաւապէս պիտի տիրապետէ յունարէն լեզուին: Կը փորձէի բացատրել, որ հայերէն խօսելով լեզու մը աւելի կը գիտնայ մանուկը եւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «ինչքա՛ն լեզու գիտես՝ այնքան մարդ ես»:
Տարիներ ետք նոյն գոյգը կը զարմանայ, թէ ինչպէ՞ս իրենց զաւակը հայերէն չի հասկնար եւ կը սկսին հպարտանալ իրենց զաւակին յունարէնի գիտութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ